ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԸ. «ՏԵՍԷ՛Ք, ԹԷ Ի՛ՆՉ ԱԶԳԻ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴՆԵՐ ԷՔ, Ի՛ՆՉ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՏԷՐ ԷՔ…»
Երբ 1994-էն մինչեւ 2008 տարին քանի մը անգամ գործի բերմամբ Հայաստան եւ Արցախ կ՚այցելէի, առիթը չէի փախցներ շրջագայելու Հայաստանի եւ Արցախի ամէն մէկ անկիւն, ուր կային մեր պատմութեան հետքերը. չէի բաւականանար սոսկ շրջապտոյտի ելած անձի որոշ չափով մակերեսային, հապճեպ այցելութիւններով, այլ կ՚երթայի քիչ ծանօթ տեղեր եւ շրջաններ, նոր պեղուող տեղեր, նոր ազատագրուած տարածքներ՝ միշտ յարգելով տեղւոյն իշխանութեան օրէնքներն ու ստանալով համապատասխան թոյլտուութիւնները:
Ականատես եղած էի Արցախի Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի ամբողջացման, Գանձասարի վանքի համալիրին մէջ կատարուած նորոգութիւններուն եւ նոր համալիրի իրագործումին: Այդ օրերու վանահայրը՝ Տէր Յովհաննէսը, պատմած էր, թէ ինչպէ՛ս գրաւի եկած էր Պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի հետ, իր բազուկներով բարձրացուցած էր ինքնաշարժը եւ գրաւը շահած, նաեւ՝ գիւղը օժտած էր արբանեակային «ափսէ»ով: Տեսած էի Ստեփանակերտի փողոցներու եւ շէնքերու նորոգութիւնն ու նոր շէնքերու շինարարութիւնը: Տարիներ ետք, երբ Շուշի բարձրանալու ճամբուն վրայ կը տեսնէի Ստեփանակերտի լուսաւոր շէնքերն ու փողոցները, սիրտս կը լեցուէր հրճուանքով, որ արցախցին վերջապէս սկսած էր վայելել իր արեամբ վաստկած ազատութեան բարիքները: Բոլորս ալ մոռցած էինք պատերազմին ձգած աւերներն ու ցաւերը, որբերէն շատեր արդէն հասակ առած էին, իրենց կարգին դարձած էին հայրեր եւ մայրեր. իրենց սեփական կեանքին կողքին, կը ծաղկեցնէին նաեւ իրենց պապերէն ժառանգած երկիրը:
2019-ին, ընդառաջելով կրտսեր զաւկիս փափաքին, իր պսակադրութիւնը կատարեցինք մայր հայրենիքի մէջ. ժամանակը կարճ ըլլալով, բոլոր հարսնեւորներուն հետ միասին Արցախ այցելելու ծրագիրս չիրականացաւ: Սակայն չէի կրնար Հայաստան այցելել եւ Արցախ չայցելել, հետեւաբար, չորս օրուան համար կարճ այցելութիւն մը տուի, հանդիպելու հին ծանօթներու եւ բարեկամներու, որոնք քանի մը տարիէ ի վեր չէի տեսած:
Առաջին օրը ուզեցի այցելել Տիգրանակերտ քաղաքը, ուր, ինչպէս ծանօթ է, վերականգնած է պատմական բերդը: Վերջին անգամ հոն եղած էի 2000-ի սկիզբները, բարեկամի մը հետ, երբ տակաւին նախնական աշխատանքները տեղի կ՚ունենային: Ուզեցի տեսնել, թէ ի՞նչ վիճակի հասած էր զբօսաշրջութեան կեդրոններէն մէկը հանդիսացող այդ վայրը: Կէսօրուան մօտ հասանք Տիգրանակերտ. իբրեւ զբօսաշրջիկ, խնդրեցի առաջնորդ մը, որովհետեւ նախորդ այցելութեանս օրերուն ո՛չ պաշտօնական գրասենեակ կար, եւ ոչ ալ նման սպասարկութիւն:
Առաջնորդս երիտասարդ, բարեդէմ օրիորդ մըն էր, որ կը տիրապետէր նաեւ անգլերէնին. բացատրեցի, որ կը նախընտրէի հայերէնը, մանաւանդ երբ կեանքիս մեծ մասը անցուցած էի օտար երկիրներ եւ յաճախ հարկադրուած էի հնադարեան վայրեր այցելութեան ընթացքին լսել օտար լեզու. հայրենիքիս մէջ մեծ հաճոյքով պիտի լսէի մայրենի լեզուս եւ իմ պատմութեանս մէկ էջին պիտի ծանօթանայի մայրենի լեզուով:
Առաջին սրահը մտնելով, առաջնորդս սկսաւ բացատրութիւն տալ տեղադրուած նմոյշներուն ու պատին վրայի պաստառներուն մասին: Չեմ յիշեր քանի՞ վայրկեան անցած էր, երբ յանկարծ սրահ մտան խումբ մը զինուորներ, իրենց խմբապետին հետ: Նորաբոյս պեխ-մօրուքները կը մատնէին, որ նոր զինուորագրուածներ էին, որոնք պիտի կատարէին իրենց ազգային պարտականութիւնը հայրենիքի նկատմամբ: Անոնք հաւաքուեցան սրահին միւս անկիւնը, իրենց առաջնորդին շուրջը, ու մինչ մեր առաջնորդը կը շարունակէր մեզի բացատրել, ականջիս հասաւ հետեւեալ նախադասութիւնը. «Տղէ՛ք, տեսէ՛ք, ի՛նչ ազգի ժառանգորդներ էք, ի՛նչ մշակոյթի տէր էք եւ ի՛նչ պատմութիւն ունէք…»: Ամբողջ մարմինս փշաքաղուեցաւ. օրիորդէն խնդրեցի, որ պահ մը կանգ առնէ, որպէսզի մտիկ ընէի այդ զինուորականին բացատրութիւնը: Ան պարտականութիւն յանձն առած էր իր զինուորներուն մէկ կողմէ զինուորական դաստիարակութիւն եւ կրթութիւն տալու, իսկ միւս կողմէ անոնց մէջ ամրապնդելու հաւատքն ու կորովը՝ գործնապէս ցոյց տալով, որ ինչպիսի՜ ժառանգութեան մը պաշտպանութեան լծուած են, ինչո՛ւ եւ ինչպէ՞ս պէտք է կռուին իբրեւ արժանաւոր ժառանգորդները այն ազգին եւ ժողովուրդին, որ դարերէ ի վեր կ՚ապրի եւ պիտի ապրի ազատ եւ անկախ իր պապենական հողին վրայ, օրինակ բերելով այն բոլոր թագաւորներն ու սպարապետները, որոնք նոյնը ըրած էին անցեալին, իսկ անոնց գործը պիտի շարունակեն ընել այս զինուորները՝ այսօր եւ վաղը:
Որպէսզի չտեսնէին յուզմունքս, դուրս ելայ սրահէն: Երբ իրենք ալ դուրս եկան, արտօնութիւն ստանալէ ետք, խնդրեցի, որ լուսանկարուիմ հետերնին, ընդառաջեցին…:
… Սեպտեմբեր 27-էն ի վեր մղուող պատերազմին օրը-օրին եւ ժամը ժամին հետեւելով, այսօր կը հասկնամ, թէ Արցախի ճակատներուն վրայ մարտնչող 19-20 տարեկան զինծառայողները ինչո՛ւ ա՛յսքան վճռակամօրէն դէմ կը դնեն ոչ միայն ազէրիին, այլ նաեւ սուրիացի եւ աֆղանիստանցի վարձկաններու, որովհետեւ անոնք քաջ գիտեն, թէ իրենք «ի՛նչ ազգի ժառանգորդներ են, ի՛նչ մշակոյթի եւ պատմութեան տէր, եւ ի՛նչն է որ կը պաշտպանեն»: Եւ ամէն օր, «Պիտի յաղթենք»ը նոր իմաստ կը ստանայ ինծի համար:
Անշո՛ւշտ որ ոեւէ հայու պէս ցաւ կը զգամ կորուստներուն ու քանդումներուն ի տես, սակայն գիտեմ, թէ Արցախի բնակավայրերը դարձեալ պիտի վերականգնին իրենց զաւակներուն ու բոլորիս ձեռքերով, ինչպէս որ եղաւ անցեալի պատերազմներէն ետք:
Փառք եւ պատիւ հայ զինուորին:
Փառք եւ պատիւ հայոց բանակն ու անոր թիկունք կանգնողներուն:
Փառք եւ պատիւ Արցախն ու Հայաստանը Ազատ եւ Անկախ պահողին:
ՅՈՎԻԿ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ