ԶԻ ԱՍՏՈՒԱԾ ԸՆԴ ՄԵԶ Է
«Երգս առեալ մատուցանեն զերաժշտականաց զերանաւէտ հոգեղէն հնչմունս,
քեզ ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ որ ծնար տղայաբար
եւ վերածեր զազգս մարդկան, հօր յորդեգրութիւն»
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ այս տարի եւս կը տօնենք Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։ Ամանորի խնջոյքներուն միացած եկեղեցական բազմապիսի ապրումները արդէն իսկ տակաւ առ տակաւ աւետել սկսած էին, տարուան առաջին տաղաւարին մասին նախապատրաստական պատգամներ փոխանցելով եւ վեր առնելով Ս. Ծննդեան եզակի խորհուրդը, որուն մէջ կայ Յիսուս Մանուկը, Ս. Մարիամ Աստուածածինը, Յովսէփ Աստուածահայրը, թիւով բազմաթիւ կենդանիներ, լուսաւոր աստղերով ճաճանչող երկինք մը եւ անշուք մսուր մը։
Հաւատացեալին համար որքա՜ն նուիրական պահ մըն է, որ յուսալից սրտով եւ սուրբ սպասումներով, իր հոգիին հայեացքը կ՚ուղղէ դէպի երկինք՝ աւետաբեր աստղին, բան մը որ կարող է Աստուածային խորհուրդներով ջերմացնել մեր ցրտահար սրտերը եւ յատկապէս զօրացնել մեր տկարացած հոգիները։ Ահա հասած է այն պահը, որ հեռաւոր սակայն միեւնոյն ժամանակ Բեթղեհէմ քաղաքէն քաղցր աւետիս մը հնչէ փոքրիկ մանկան մը ծննդեան մասին, որուն մէջ շեշտուելով կը շեշտուի, թէ ծնածը պարզ մանուկ մը չէ, այլ՝ «Էմմանուէլ՝ որ կը կոչուի Աստուած մեզի հետ է»։ (Ես. 7.14)։ Իսկ կա՞յ աւելի գեղեցիկ մեղեդի մը, քան «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն» (Ղկս. 2.14) երգը։ Կա՞յ աւելի շարունակական աւետիսի մը երգը, զոր Բեթղեհէմի երկնակամարին վրայ հնչած ըլլայ երկու հազար տարիներ առաջ եւ ամէն տարի յատկապէս Ս. Ծննդեան աւետաբեր տաղաւարին ձայնը աւելի զօրեղ արձագանգէ աշհարհի վերեւ։ Իսկ, բազմապիսի փորձութիւններու մէջ կորստեան մատնուելու եզրին հասած, լոյսէն յոյսը կորսնցնելով խաւարը որպէս փրկիչ դաւանած, հոգեկանին Աստուածախառն նշանակութիւնը կամայ եւ ակամայ թողլով նիւթական աշխարհին փառքերուն մէջ սողացող տկարներուս մօտ կա՞յ աւելի զօրաւոր ձայնով ղօղանջող զանգակատուն մը, որ հաւատք ու Աստուածային սէր գոչէ։
Պահ մը վերյիշենք Կ.Պոլսոյ երանաշորհ Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի տարիներ առաջ արձագանգ գտած յիշեցումներէն մին, որով Աստուածայայտնութեան սրբազան նպատակին եւ նշանակութեան անդրադարձ կը կատարուէր. «Աւետարանական պատմութեան բոլոր տուեալները, որոնց իրաւունքը սուրբ է մեզի համար, կը հաստատեն, թէ՝ Քրիստոսի հոգին անուշահոտ օծումը եղաւ ապականած մարդկութեան, աստուածախառն շունչ մը՝ որ թափանցեց քայքայուած ընկերութեան մը խոնարհագոյ այն խաւերուն մէջ, ուր անիրաւուած աղքատներ կային, ուր վիրալից ու սգաւոր սիրտեր կը հեծկլտային, ուր գերիներ կային ամբարիշտ լուծերու տակ գրաստացած, ուր լոյսի կարօտ կոյրեր կային կը խարխափէին թանձրացած մութի մը մէջ։ Այդ բոլոր դժբախտներուն նոր թուական մը աւետեց Ան, արեւափառ շքեղութեամբ տօնելու համար Աստուծոյ հաճելի «տարեկան»ը»։ (Հմձյն Ես. 61.1)։
Արդեօք, տարիներ որքանո՞վ արդարացուցած են Քրիստոսի, որպէս Մարդացեալ Փրկիչ յայտնութեան եւ աշխարհի խաւարին դիմաց որպէս լուսաշող աստղ տեսնուելու իրականութիւնը։ Պատմութեան այնքան երկար սակայն նոյնքան ինքզինք կրկնող էջերուն մէջ, քանիցս արդարացած են Յիսուսի ծննդեան եւ որպէս Մեսիա յայտնութեան նշանակութիւնը։ Պատերազմներով, հիւանդութիւններով, անձնասիրութիւններով, նիւթապաշտութիւններով, պէսպէս ձախորդութիւններով լի աշխարհի իրականութեան մէջ, միշտ կարիքաւորին մօտ կանգներ է Փրկիչը, ըսելու համար՝ որ Աստուած մեզի հետ է։ Էմմանուէլ. Ալէլուիա. Ալէլուիա. Ալէլուիա։
Երկու հազար տարիներ առաջ, բարի եւ խոնարհ հովիւներ լսած էին հրեշտակներու երգը։ Անոնց լսած երգին մէջ էր, որ Էմմանուէլ բառը այնքան խորունկ նշանակութեամբ կը թնդար, քանի Աստուած իր անսահման բարձրութենէն իջնելով ամենայն խոնարհութեամբ կը մօտենար Իր այնքան սիրելի արարածին, ցոյց տալու համար, թէ Աստուած մարդկութեան հետ է։ Յատկապէս խաւարին մէջ տկարութեան ամենաբարձր մակարդակին մէջ աշխարհ գալով ցոյց տալ կ՚ուզէր, թէ Աստուած մեզի հետ է, որպէսզի մեզ Իր ճշմարտութեան գիտութեան մէջ առաջնորդելով հասցնէ «խաւարէն դէպի լոյս, մահէն դէպի կեանք, ապականութենէ անապականութիւն»։
Յատկապէս, քորոնա համավարակով նիւթապէս եւ բարոյապէս ցնցուած աշխարհի իրականութեան մէջ, արդեօք դոյզն կարեւորութիւն մը պիտի չունենա՞ր այս աւետիսը, որուն ճշմարտութեան հաւաստիքը նոյնինքն Աստուած է, որ կը յայտնէ։ Առանձնութեան զգացումով տկարացած մարդկութիւնը, իր թախանձագին կեանքին մէջ արդեօք, Էմմանուէլէն աւելի զօրաւոր բարեկամ, հայր, ապաւէն եւ աւելին՝ Փրկիչ մը կրնա՞յ գտնել։ Չէ՞ որ այս աշխարհը պայքարի աշխարհ է եւ ոչ մէկը ունի աշխարհի իրականութիւններէն հեռանալու եւ առասպելական կեանք մը ապրելու։ Այս ուղղութեամբ, երանաշորհ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի մտային պաշարէն ճայթած խորհրդախառն տողերով անգամ մը եւս վերյիշենք Աստուածայինի եւ մարդկայինի, լոյսի եւ խաւարի, կեանքի եւ մահու պայքարը։ Այսպէս, իրազեկ կը դառնանք, թէ չկայ կեանք մը առանց պայքարի, իսկ հակառակին մասին մտածել իսկ կը մնայ դիւցազներգական գրականութիւն մը միայն. «Արդարեւ շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար մեզի համար, եթէ կարենայինք աշխարհէն դուրս ելլել զԱստուած գտնելու համար միայն, եթէ Աստուած չթողուր, որ ո՛չ կրկէսին փոշին շնչենք եւ ոչ ալ լսենք պայքարին ժխորը, եթէ կարենայինք»։
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին՝ կը հրաւիրուինք Աստուծոյ եւ մեր միջեւ եղած յարաբերութիւնը քննելու։ Այս առումով «Ողորմէ՛ ինծի, ո՜վ Աստուած, ողորմէ՛ ինծի, որովհետեւ քեզի՛ ապաւինեցայ. քու թեւերուդ հովանիին տակ պիտի ապաստանիմ, մինչեւ անցնի պատուհասը։ Բարձրեալ Աստուծոյ կ՚աղաղակեմ. Աստուծոյ՝ որ իր օգնութիւնը կը ղրկէ ինծի։ Երկինքէն օգնութիւն կը ղրկէ եւ կը փրկէ զիս»։ (Սղմ. 57.1-3)։ Ուրեմն պատրա՞ստ ենք մեր սիրտը Քրիստոսընկալ Բեթղեհէմ քաղաքի վերածելու եւ մեր միտքը՝ հրեշտակագոչ երկինքի վերածելու։ Եկէ՛ք, այս տագնապալից օրերուն՝ Տիրոջ ծննդեան արշալոյսին հետեւինք շարականագրին ներշնչողական տողերով, գովենք անունը Մարմնացեալ Փրկչին ու աղերսենք Իր ողորմութիւնը. «Բազմերամք վեհագունիցն հոյլքըն յոգնախումբ եղանակէին. Երգս առեալ մատուցանեն զերաժշտականաց զերանաւէտ հոգեղէն հնչմունս, քեզ ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ որ ծնար տղայաբար եւ վերածեր զազգս մարդկան, հօր յորդեգրութիւն» (Հանգստեան Մեծ., ԴՁ)։
Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առթիւ, կ՚աղօթեմ առ Աստուած, որպէսզի Իր շնորհները առատացնէ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի սփիւռս աշխարհի Իր զաւակներուն համար 2022 տարին դառնայ Ս. Միւռոնաբոյր տարի։ Աստուած ընդունի մեր աղօթքներն ու խնդրանքները եւ իրականացնէ բոլորիս բարի փափաքները։ Տիրոջ փառաւոր ծնունդը, մեր անհատական, եկեղեցական, դպրոցական, ընկերային կեանքին համար ըլլայ վերակազմակերպման առիթ, որպէսզի հետեւինք բարիին, գեղեցիկին ու ճշմարիտին։ Ս. Հոգին Աստուած ներշնչէ իւրաքանչիւրիս մաշած հոգիներուն, որպէսզի մենք իսկ կատարենք Աստուածահաճոյ գործեր, ունենանք Քրիստոնեայի արժանավայել հաւատքի կեանք եւ այս բոլորին մէջ զգանք թէ, Աստուած մեզի հետ է, մեր տկարութեան եւ կարողութեան պահերուն։
ՁԵԶ ԵՒ ՄԵԶ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Յունուար 2022, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին