ՍԷՐԸ ԵՒ…

Գիրքը բացաւ, բացիկը ձախ ձեռքով քնքշօրէն բռնեց, աջով գոց գիրքը տեղաւորեց գզրոցին մէջ, բազմեցաւ իր անկիւնը, շունչը պահեց ու կարդաց տասնեակ տարիներ առաջ գրուած իր միակ սիրոյն ձեռագիրը՝ «Կը սիրեմ քեզ»:

Պարզ ու կարճ նախադասութիւն մը, հզօր պարզութիւն մը ընդգրկող՝ «սէր», որ ամէն օր, ամէն ակնթարթ կ՚աճի իր մէջ. «սէր»՝ ձեռագիրը կրողին, անոր հետ եւ առանց անոր ապրածներուն եւ ապրելիքներուն... ամէն, ամէն ինչի նկատմամբ:

«Սէր»ը «Այո»ին ամբողջ պատասխանատուութիւնը, ծանրութիւնը, թեթեւութիւնը կրելով աճած ու յաւերժութեան մը վերածուած է կարծես իրեն համար եւ ամէն անգամ, երբ զգայ նուազումը՝ կու գայ այս գզրոցին քով, կը մօտենայ, աչք մը կը նետէ գիրքին, նոյնիսկ երբեմն առանց բացիկը հանելու՝ ուժը կը վերականգնէ անոր բոյրին ու ներսի բառին զօրութիւնը յիշելով: Յորդոր մըն է կարծես, խոստումի մը վերյիշումը նաեւ, որ իր մէջ բան մը անխախտ կը պահէ:

Տարիները փայլքը աճեցուցած են բացիկին, որուն վարդագոյնին մէջ կը պսպղան վարդափունջն ու զոյգ մը մոմը. ոչ մէկ խամրում, ոչ մէկ գունաթափում, միայն ներսիդին զետեղուած չոր, գինեգոյն վարդին հպման կէտերը թեթեւ, դեղնաւուն երանգ մը ստացած են, իսկ վարդին թաւշեայ հրապոյրը կը շողայ ու «սէր»ին հետ հաղորդակցելով կը սփռուի ամէն անգամ երբ բացուի բացիկը:

Վաթսունհինգամեայ տիկին Սեմային առաջին բացիկն ու վարդն էր, զորս ստացած էր երկար տարիներ առաջ որպէս սիրոյ խոստովանութեան խորհրդանիշ, որպէս առաջին սիրոյ խոստում ու մեկնաբան:

Խոհերը կ՚ընդհատուին հեռատեսիլէն լըս-ւած հնչիւններով՝

-«Խաչը քեզ ողջոյն զարկէ՛»:

-«Ո՛ղջ մնաս»:

Սուրբ Սարգիսի ծոմապահութեան ընթացքին ատենին օգտագործուող բարեւի ձեւն է, որ կը լսուի հեռատեսիլի հաղորդումէն: Տիկին Սեմա ձախ ձեռքին մէջ բացիկը պահած, հետաքրքրութեամբ կը շարունակէ հետեւիլ հաղորդումին, հակառակ անոր որ վերջերս հեռատեսիլը միայն որպէս ձայնընկեր բաց կը թողու, մանաւանդ երբ Բանակի Օրուան առիթով կը ցուցադրուէին Շուշիի ազատագրութեան նուիրուած երգեր, Արցախին մերը ըլլալուն մասին հիւսուած երգեր, կարծես ոչինչ պատահած է ու ամէն ինչ իր բնականոն ընթացքին մէջ է:

Հաղորդումէն կը լսուին անուշ ժողովրդական մեղեդիներ նուիրուած արագահաս սուրբին՝

«Սուրբ Սարգիսն էր մեծ զօրաւոր,
Ջահել-ջիւան, ինք ձիաւոր,
Տուշմընին յաղթող՝ իր սուրբ հաւտով,
Զինք ձենողին՝ շուտ հասնող,
Քըզի մեռնիմ, ով սըրբ Սարգիս»։

Սպիտակ ձիով զօրավարը լախտը ձեռքը, Մարտիրոսը գիրկը, քամիի արագութեամբ կը հարուածէ, կը շպրտէ չարը դէս ու դէն եւ իր լոյսով բարիին յաղթանակը կը դրոշմէ:

Սուրբ Սարգիսի արագահաս զօրութեան կը հաւատային բոլորը: Սուրբը եղած է բերքի հովանաւոր. աշնանացանին՝ ցորենի ցանքի պահուն գիւղացիք արագահաս սուրբին կ՚աղերսէին, որ ձմրան ցուրտէն պահէ հատիկները, ինչպէս որ կը պահէ Մարտիրոսը իր գիրկը, եւ գարնան զանոնք աճեցնէ: Սուրբը կը հասնէր նաեւ ծննդկան մայրերուն, բոլոր հիւանդներուն, կային նաեւ «Գէլկապի աղօթքներ», որոնցմով սուրբին կը դիմէին, երբ ձմրան ճամբայ ելլէին, որպէսզի սուրբը պաշտպանէ զիրենք եւ առաջնորդէ, անփորձանք տեղ հասցնէ: Սուրբին կը դիմէին նաեւ գերիներուն վերադարձին համար: Սուրբ Սարգիսը ընտանիքներ կազմելու բարերար հովանաւոր է նաեւ, որմէ կու գայ այսօրուան պահպանուած աւանդութիւնը՝ ծոմապահութենէն ետք աղի բլիթներու ճաշակումը...:

«Մեր թագւորներն ելան սարեր,
Սուրբ Սարգիսը իջաւ սարէն.
Քառսուն աղբիւր բխաւ քարէն.
Օրհնեց թագւոր իւր թագուհին»:

Կը լսուի շարականանման մեղեդին, որ կը տեղեկացնէ Սուրբին աճիւնը փոխադրողներուն կանգ առած քառասուն տեղերէն հրաշքով աղբիւր բխիլը: Հաղորդումը կ՚աւարտի:

Տիկին Սեմա ամբողջ հաղորդման կը հետեւի, ապա աղօթողի երկիւղածութեամբ, իր բառերով, իր հաւատքով, բացիկը ձախ ձեռքին սեղմած կը դիմէ Սուրբին եւ հազիւ լսելի ձայնով՝

«Գերիներուն եւ կորսուածներուն ողջ ու առողջ վերադարձ, նահատակներուն ծնողաց մխիթարութիւն եւ հայրենիքին լուսաւոր, իմաստուն վերելք» կը խնդրէ...

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2021