ԱՆԲԱՌԱՑԻ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՐՄՆԱՅԻՆ ԼԵԶՈՒ
Ժամանակակից արհեստագիտութեան ընձեռած հաղորդակցութեան միջոցներու կողքին, մեր դէմքի արտայայտութիւնը, շարժուձեւերը, կեցուածքը, ձայնին թոնը հաղորդակցութեան ազդու միջոցներ են, առանց որոնց բան մը պակաս կ՚ըլլայ մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ: Պարզ է, որ մարդոց միջեւ հաղորդակցութեան առաջին միջոցները եղած են նշուածները, որոնք, հակառակ օրէ օր ինքզինք գերազանցող արհեստագիտութեան, անժամանցելի եւ անփոխարինելի են: «Հելթ Կայտ» կայքը հրատարակած է յօդուած մը՝ հետաքրքրական եւ օգտակար բացատրութիւններով:
*
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱՐԴԱԼ ԵՒ ԳՈՐԾԱԾԵԼ ՄԱՐՄՆԱՅԻՆ ԼԵԶՈՒՆ
Ի՞ՆՉ Է ՄԱՐՄՆԱՅԻՆ ԼԵԶՈՒՆ
Թէեւ անձնական եւ մասնագիտական յարաբերութիւններու մէջ յաջողութեան գրաւականը լաւ հաղորդակցելու ձեր ունակութիւնն է, բայց եւ այնպէս աւելի ազդեցիկ կը համարուին ոչ թէ ձեր գործածած բառերը, այլ ձեր ոչ խօսքային նշանները կամ մարմնային լեզուն (body language), որ ֆիզիքական վարքի, արտայայտութիւններու եւ ընդհանրապէս վարքագիծի գործածութիւնն է անբառացի (nonverbal) հաղորդակցութեան համար, որ յաճախ կը կատարուի ոչ թէ գիտակցաբար, այլ բնազդաբար: Անկախ անկէ, թէ դուք ատոր տեղեակ կ՚ըլլաք, թէ ոչ, երբ կը հաղորդակցիք ուրիշներու հետ, դուք անընդհատ կու տաք եւ կը ստանաք անխօս ազդանշաններ:
Ձեր բոլոր ոչ խօսքային վարքագիծերը՝ ձեր կատարած շարժուձեւերը, կեցուածքը, ձայնի թոնը եւ տեսողական հաղորդակցութեան չափը ուժեղ պատգամներ կ՚ուղարկեն: Անոնք կրնան հանգստացնել մարդիկը, ստեղծել վստահութիւն եւ գրաւել ուրիշները դէպի ձեզ, կամ կրնան վիրաւորել, շփոթեցնել եւ խաթարել այն, որ դուք կը փորձէք յայտնել: Այս պատգամները չեն դադրիր, երբ դուք կը դադրիք խօսելէ: Նոյնիսկ երբ դուք կը լռէք, դուք դեռ կը հաղորդակցիք անբառացիօրէն:
Որոշ պարագաներու, ձեր բերնէն դուրս եկածը եւ այն, որ դուք կը յայտնէք մարմնային լեզուով՝ կրնան ըլլալ երկու բոլորովին տարբեր բաներ: Եթէ դուք կ՚ըսէք բան մը, բայց ձեր մարմնային լեզուն կ՚ըսէ այլ բան, ձեր ունկնդիրը հաւանաբար կը զգայ, որ դուք անազնիւ էք. օրինակ՝ եթէ դուք կ՚ըսէք «այո՛», բայց գլուխը շարժելով՝ ոչ:
Նման խառն ազդանշաններու առջեւ ունկնդիրը պէտք է ընտրէ՝ հաւատայ ձեր բառացի՞, թէ՞ անբառացի յայտնածին: Քանի որ մարմնային լեզուն բնական, անգիտակցական լեզու է, որ կը հաղորդէ ձեր իրական զգացումներն ու մտադրութիւնները, անոնք հաւանաբար կ՚ընտրեն անբառացի յայտնուածը:
Այդուհանդերձ, բարելաւելով, թէ ինչպէս կը հասկնաք եւ կը գործածէք անբառացի հաղորդակցութիւնը, դուք կրնաք արտայայտել այն, որ իրականութեան մէջ նկատի ունիք, աւելի լաւ կապ հաստատել ուրիշներու հետ եւ կառուցել աւելի ամուր, աւելի արդիւնաւէտ յարաբերութիւններ:
ԱՆԲԱՌԱՑԻ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Ձեր անբառացի հաղորդակցութեան ազդանշանները՝ ինչպէս կը լսէք, կը նայիք, կը շարժիք եւ կ՚արձագանգէք, ձեր հաղորդակիցին կը պատմեն այն, որ խօսուածը արդեօք ձեզ կը հետաքրքրէ՞, թէ ոչ, արդեօք դուք անկե՞ղծ էք, եւ որքա՞ն լաւ կը լսէք դիմացինը:
Երբ ձեր ոչ խօսքային ազդանշանները կը համընկնին ձեր ըսած բառերուն, ատոնք կը մեծցնեն վստահութիւնը, յստակութիւն կը բերեն եւ կ՚ամրապնդեն յարաբերութիւնները: Երբ անոնք այդ չեն ըներ, անոնք կրնան յառաջացնել լարուածութիւն, անվստահութիւն եւ շփոթ:
Եթէ կ՚ուզէք աւելի լաւ հաղորդակցող դառնալ, կարեւոր է աւելի զգայուն ըլլալ ոչ միայն ուրիշներու մարմնային լեզուին եւ անբառացի նշաններուն, այլ նաեւ ձեր սեփականին նկատմամբ:
ԱՆԲԱՌԱՑԻ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՆԱՅ ՀԻՆԳ ԴԵՐ ԽԱՂԱԼ
- Կրկնութիւն
Անիկա կը կրկնէ եւ յաճախ կ՚ամրապնդէ ձեր անբառացի հաղորդագրութիւնը:
- Հակասութիւն
Անիկա կրնայ հակասել այն պատգամին, որ դուք կը փորձէք յայտնել՝ այդպիսով ցոյց տալով ձեր ունկնդիրին, որ դուք չէք ըսեր ճշմարտութիւնը:
- Փոխարինում
Անիկա կրնայ փոխարինել բառացի պատգամը: Օրինակ՝ ձեր դէմքի արտայայտութիւնը յաճախ աւելի վառ պատգամ կը հաղորդէ, քան բառերը երբեւէ կրնան:
- Լրացում
Անիկա կրնայ աւելցնել կամ լրացնել ձեր բառացի պատգամը: Որպէս ղեկավար, եթէ գովասանքի կողքին կը շոյէք աշխատողին կռնակը, այդ կրնայ մեծցնել ձեր ուղերձին ազդեցութիւնը:
- Շեշտադրում
Անիկա կրնայ շեշտել կամ ընդգծել բառացի պատգամը: Սեղանին հարուածելը, օրինակ, կրնայ ընդգծել ձեր ուղերձին կարեւորութիւնը:
ԱՆԲԱՌԱՑԻ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԱԿՆԵՐԸ
Կան տարբեր տեսակներ այս ձեւի հաղորդակցութան կամ մարմնային լեզուին.
Դէմքի արտայայտութիւններ. Մարդուն դէմքը չափազանց արտայայտիչ է, կը կարողանայ դրսեւորել անթիւ յոյզեր՝ առանց որեւէ բառ ըսելու: Եւ, ի տարբերութիւն ոչ անբառացի հաղորդակցութեան որոշ ձեւերու, դէմքի արտայայտութիւնները ընդհանուր են: Երջանկութեան, տխրութեան, զայրոյթի, զարմանքի, վախի եւ զզուանքի դէմքի արտայայտութիւնները տարբեր մշակոյթներուն մէջ նոյնն են:
Մարմնի շարժում եւ կեցուածք. Մտածեցէ՛ք, թէ մարդոց մասին ձեր ընկալումներուն վրայ ինչպէ՛ս կ՚ազդէ անոնց նստուածքը, քալւածքը, կանգնիլը կամ գլուխը բռնելը: Այն, թէ ինչպէս դուք կը շարժիք եւ կը վարուիք, շատ մեծ տեղեկութիւն կը հաղորդէ աշխարհին: Անբառացի հաղորդակցութեան այս տեսակը կը ներառէ ձեր կեցուածքը, ընթացքը եւ ձեր կատարած նուրբ շարժումները:
Շարժուձեւեր. Շարժուձեւերը հիւսուած են մեր առօրեայ կեանքի հիւսուածքին մէջ: Դուք կրնաք թափահարել, ցոյց տալ, նշան տալ կամ գործածել ձեր ձեռքերը վիճելու կամ բացատրելու ատեն՝ յաճախ արտայայտուելով շարժուձեւերով՝ առանց մտածելու: Այդուհանդերձ, որոշ շարժուձեւերու նշանակութիւնը կրնայ շատ տարբեր ըլլալ զանազան մշակոյթներու մէջ: Թէեւ, օրինակ, ձեռքով կատարուած «օքէյ» նշանը սովորաբար դրական ուղերձ կը հաղորդէ անգլիախօս երկիրներու մէջ, անիկա կը նկատուի վիրաւորական Գերմանիոյ, Ռուսաստանի եւ Պրազիլի մէջ: Այսպիսով, կարեւոր է զգոյշ ըլլալ, թէ ինչպէ՛ս կը գործածէք շարժուձեւերը՝ սխալ մեկնաբանութիւններէ խուսափելու համար:
Աչքի հաղորդակցութիւն. Քանի որ տեսողական զգայարանը գերիշխող է մարդոց մեծամասնութեան համար, աչքի հաղորդակցութիւնը անբառացի կապի յատկապէս կարեւոր տեսակ է: Ոեւէ մէկուն ուղղուած ձեր նայուածքը կրնայ շատ բաներ յայտնել, ներառեալ՝ հետաքրքրութիւնը, քնքշութիւնը, թշնամանքը կամ գրաւչութիւնը: Աչքի հաղորդակցութիւնը նոյնպէս կարեւոր է զրոյցի հոսքը պահպանելու եւ դիմացինին հետաքրքրութիւնն ու արձագանգը չափելու համար:
Հպում. Մենք շատ յաճախ կը հաղորդակցինք հպումի միջոցով: Մտածեցէ՛ք շատ տարբեր պատգամներու մասին, որոնք կու տայ թեթեւ ձեռնուիլը, ջերմ գրկախառնուիլը, թեւը սեղմելը, գլուխը շոյելը:
Տարածութիւն. Զրոյցի ընթացքին բնաւ անյարմար զգացա՞ծ էք, որովհետեւ դիմացինը շատ մօտ կանգնած էր: Մենք բոլորս ունինք ֆիզիքական տարածքի կարիք, թէեւ այդ կարիքը կը տարբերի՝ կախեալ մշակոյթէն, իրավիճակէն եւ յարաբերութիւններու մտերմութենէն: Դուք կրնաք գործածել ֆիզիքական տարածութիւնը բազմաթիւ տարբեր անբառացի պատգամներ հաղորդելու համար, ներառեալ մտերմութեան եւ սիրոյ, կռուազանութեան կամ գերակայութեան ազդանշանները:
Ձայն. Ասիկա միայն այն չէ, թէ ի՛նչ կ՚ըսէք, այլ այն, թէ ինչպէ՛ս դուք այդ կ՚ըսէք: Երբ կը խօսիք, ձեր խօսքերը լսելէ բացի այլ մարդիկ «կը կարդան» ձեր ձայնը: Այն բաները, որոնց անոնք ուշադրութիւն կը դարձնեն, կը ներառեն ձեր ժամանակն ու կշռոյթը, որքան բարձր կը խօսիք, ձեր թոնն ու ձայնի ելեւէջը, նոյնպէս հասկացողութիւն արտայայտող հնչիւններ, ինչպիսիք են՝ «ա՜հ»ը եւ «ո՜ւ»ն: Մտածեցէ՛ք, թէ ինչպէս ձեր ձայնին թոնը կրնայ ցոյց տալ հեգնանք, զայրոյթ, ջերմութիւն կամ վստահութիւն:
ԱՆԲԱՌԱՑԻ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐԵԼԻ՞ Է ԿԵՂԾԵԼ
Կան բազմաթիւ գիրքեր եւ կայքեր, որոնք խորհուրդներ կու տան, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ի նպաստ ձեզի գործածել մարմնային լեզուն: Օրինակ, անոնք կրնան ձեզի թելադրել, թէ ինչպէս պէտք է նստիլ որոշ ձեւով, մատներդ կամ ձեռքերդ սեղմել՝ ինքնավստահ երեւելու կամ գերակայութիւն հաստատելու համար:
Բայց ճշմարտութիւնն այն է, որ նման հնարքները, շատ հաւանաբար, չեն գործեր (եթէ դուք իսկապէս ինքնավստահ եւ պատասխանատու չէք զգար): Այդ պայմանաւորուած է անով, որ դուք չէք կրնար վերահսկել բոլոր այն ազդանշաններուն, զորս անընդհատ կ՚ուղարկէք այն մասին, թէ իրականութեան մէջ ինչ կը մտածէք եւ կը զգաք: Եւ որքան շատ կը փորձէք, այնքան աւելի անբնական կ՚ըլլան ձեր ազդանշանները:
Այդուհանդերձ, այս չի նշանակեր, որ դուք հակակշիռ չունիք ձեր անբառացի նշաններուն վրայ: Օրինակ, եթէ դուք համաձայն չէք կամ չէք հաւնիր մէկու մը ըսածը, դուք կրնաք գործածել մարմնի բացասական լեզուն՝ մերժելու անձին պատգամը. ինչպէս՝ ձեռքերը խաչաձեւել, խուսափիլ աչքերու հետ հաղորդակցութենէն կամ ոտքերը թեթեւօրէն գետին զարնել:
Անհրաժեշտ չէ, որ դուք համաձայնիք կամ նոյնիսկ հաւնիք ըսուածին, բայց արդիւնաւէտ հաղորդակցելու եւ դիմացինը պաշտպանական դիրքի վրայ չդնելու համար կրնաք գիտակցաբար ջանքեր գործադրել բացասական ազդանշաններ չուղարկելու բաց դիրքորոշում պահպանելով եւ իսկապէս փորձելով հասկնալ, թէ ի՛նչ կ՚ըսեն եւ ինչո՛ւ:
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՅ ՍԽԱԼ ԸԼԼԱԼ ԱՆԲԱՌԱՑԻ ՊԱՏԳԱՄԸ
Ձեր մարմնային լեզուով եւ անբառացի ազդանշաններու միջոցով հաղորդակցիլը կ՚ազդէ այն երեւոյթին վրայ, թէ ինչպէ՞ս ուրիշները կը տեսնեն ձեզ, անոնք որքա՞ն կը սիրեն եւ կը յարգեն ձեզ եւ կը վստահի՞ն ձեզի, թէ՞ ոչ:
Դժբախտաբար բազմաթիւ մարդիկ շփոթեցնող կամ անբառացի բացասական ազդանշաններ կ՚ուղարկեն, առանց նոյնիսկ ատոր տեղեակ ըլլալու: Երբ այդ տեղի կ՚ունենայ, յարաբերութիւններուն մէջ, կապը եւ վստահութիւնը կը վնասուին, ինչպէս կը շեշտեն հետեւեալ օրինակները.
ԺԱՔ
Ժաք կը կարծէ, թէ աշխատանքի ժամանակ ինք հիանալի կերպով կը հաղորդակցի իր գործընկերներուն հետ, բայց եթէ անոնցմէ ոեւէ մէկուն հարցնէք, անոնք կ՚ըսեն, որ Ժաք «կը վախցնէ» եւ «շատ պրկուած է»: Ձեզի պարզ նայելու փոխարէն, ան կարծես թէ ձեզ կը կլլէ իր աչքերով: Եւ եթէ ան բռնէ ձեր ձեռքը, կարծես կը ձգտի տեղէն հանել զայն, իսկ այնքան ուժեղ կը սեղմէ, որ ցաւ կը պատճառէ: Ժաք հոգատար տղայ է, որ թաքուն կ՚ուզէ, թէ աւելի շատ ընկերներ ունենար, բայց անոր անբառացի անյարմարութիւնը մարդիկը հեռու կը պահէ եւ կը սահմանափակէ աշխատանքի յառաջադիմութեան անոր կարողութիւնը:
ԱՐԼԻՆ
Գրաւիչ է եւ խնդիր չունի հանդիպելու տրամադրելի տղամարդոց, բայց ան կը դժուարանայ յարաբերութիւններ պահպանել քանի մը ամիսէն աւելի: Արլին հաճելի է եւ հետաքրքրական, թէեւ անընդհատ կը ծիծաղի եւ կը ժպտի, բայց լարուածութիւն կը ճառագայթէ: Անոր ուսերն ու յօնքերը նկատելիօրէն բարձրացած են, ձայնը զրնգուն է, իսկ մարմինը՝ կոշտ: Արլինի կողքին ըլլալը շատերուն կը ստիպէ տագնապիլ ու անյարմար զգալ:
ԹԵՏ
Կը կարծէր, թէ գտած էր կատարեալ համընկնում, երբ հանդիպեցաւ Շերոնին, բայց Շերոն այնքան ալ վստահ չէր: Թետ գեղեցիկ տեսք ունի, աշխատասէր եւ լաւ խօսող, բայց կը թուէր, թէ աւելի շատ կը մտածէր իր միտքերու մասին, քան Շերոնի միտքերը: Երբ Շերոնը բան մը ունենար ըսելու, Թետ միշտ պատրաստ էր կատաղի աչքերով եւ հերքումով հակազդելու, մինչեւ կ՚աւարտէր Շերոնի միտքը: Այս մղեց Շերոնին անտեսուած զգալ եւ շուտով ան սկսաւ հանդիպիլ այլ տղամարդոց: Թետ նոյն պատճառով հարցեր կը դիմագրաւէ նաեւ իր աշխատանքին մէջ: Ուրիշները լսելու անկարողութիւնը զայն մարդոցմէ շատերուն մօտ կը դարձնեն չսիրուած անձ մը:
Խելացի, լաւ մտադրութիւն ունեցող մարդիկ կը պայքարին ուրիշներուն հետ կապ հաստատելու իրենց փորձերուն մէջ: Ցաւալին այն է, որ անոնք անտեղեակ են իրենց դրսեւորած անբառացի հաղորդագրութիւններէն, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունին իրենց կեանքին մէջ:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան