«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՕՐ ԴԵՐԸ ՄԻ՛ ՅԱՓՇՏԱԿԷՔ

-Եառոնտա. մարդիկ երբ սեւ սքեմ կը տեսնեն, կը սկսին իրենց ցաւերը, խնդիրներն ու մեղքերը յայտնել մեզի: Ինչպէ՞ս պէտք է վարուինք անոնց հետ:

-Երբ այդպիսիները ձեր մօտ կու գան իրենց խնդիրները լուծելու համար, հարցուցէք անոնց.

-Հոգեւոր հայր ունի՞ք:

Այն մարդիկ որոնք խուցս կու գան խրատ խնդրելով, կը հարցնեմ անոնց.

-Հոգեւոր հայր ունի՞ք. ես հոգեւոր հայր չեմ: Գացէ՛ք ձեր հոգեւոր հօր մօտ ու կատարեցէք այն ինչ կ՚ըսէ ձեզի:

Արդարեւ հոգեւոր հայրն է, որ կը լսէ անոնց խոստովանութիւնները, զղջումը եւ կ՚օգնէ անոնց, որպէսզի սատանային իրաւունքներ չտան: Կը հասկնամ, որ տարեց կրօնաւորուհի մը՝ որ բաւական յառաջացած է վանական կեանքի մէջ, լսէ ցաւող կնոջ մը, որ խնդիրներէ կը տառապի եւ ապա զայն հոգեւոր հօր մօտ ուղարկէ: Բայց, շարունակէ խօսիլ անոր հետ, այդ մէկը չեմ հասկնար: Եթէ յուսահատած կին է, գէթ մէկ անգամ չէ գացած խոստովանութեան, հանգիստ չէ զգացած հոգեւոր հօր, ապա կրօնաւորուհին մէկ անգամ թող լսէ զինք եւ ապա դարձեալ ուրիշ հոգեւոր հօր մը մօտ թող ղրկէ, ու ըսէ անոր. քեզի համար պիտի աղօթեմ: Կրօնաւորուհին պարտական չէ ուրիշներուն օգնել ու անոնց դժուարութիւնները լսել, մարդիկ այս կերպով զիրար չեն օգներ: Արդարեւ անոնք եռակի փոփոխութիւններէ կը տառապին. իրենք իրենցմէ, ուրիշներէն ու սատանայէն: Այդ պատճառով երբ այստեղ (Կրօնաւորուհիներու վանք) կու գան, անոնք մարդկային մխիթարութիւն կը գտնեն, որ երբ իրենց տուներ վերադառնան անմիջապէս կը վերանայ, որով կրկին անգամ իրենց նախկին սովորութիւնները կը գործեն:

Ճիշդ ու իմաստուն չէ, որ մարդիկ իրենց նեղութիւնները կրօնաւորուհիի մը դիմաց խօսին: Պէտք է փնտռեն հոգեւոր հայր մը, որովհետեւ անոնք կը կարծեն, թէ լաւ են ու կը հանգստացնեն իրենց մտածումները սուտ ու կեղծ կերպով, անհոգ գտնուելով հոգեւոր հօր մօտ երթալ: Այս միջոցը սատանայական է, որով զիրենք զերծ կը պահէ խոստովանութենէն:

Պէտք է հասկնաք ձեր առաքելութիւնը որպէս կրօնաւորուհիներ, եւ պէտք չէ քարոզողի դեր ստանձնէք: Մենք որպէս վանականներ պարտական ենք աղօթելու ուրիշներուն դժուարութիւններուն համար, եւ պարտական չենք անոնք դժուարութիւններուն մէջ խրելու: Այս բանը հոգեւոր հայրը կ՚ընէ եւ ան ամբողջական պատասխանատուութիւնը կը վերցնէ, քանի որ եկեղեցին անոր զօրութիւն տուած է՝ Խորհուրդին [ձեռնադրութեան] միջոցով (հոգեւոր հայրութիւնը քահանայութեան խորհուրդին մէջ թաքնուած է եւ քահանային լուսաւորութիւնն է՝ հոգեւոր հայր ըլլալու. արդարեւ, պարտադիր չէ, որ իւրաքանչիւր քահանայ հոգեւոր հայր [խոստովանահայր] ըլլայ), որովհետեւ կրնայ մօտէն հետեւիլ անոնց ու իրենց դժուարութիւններուն լուծում գտնել, եւ այս գործը վանականներուն մասնագիտութիւնը չէ: Մենք անոնց համար կրնանք աղօթք բարձրացնել:

ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՅՐԸ [ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՀԱՅՐԸ] ԵՒ ՄՕՏԷՆ ՀԵՏԵՒԻԼԸ

Մարդ ինչպէս ընտանեկան բժիշկին ուշադրութիւն կը դարձնէ, անոր մօտիկ ըլլալով, այդպէս ալ պէտք է հոգեւոր հօր ուշադրութիւն դարձնէ՝ անոր մօտիկ ըլլալով: Արդարեւ, բժիշկը հիւանդին մօտիկ ըլլալով կրնայ գործնականապէս օգնել անոր ու հետեւիլ անոր առողջական վիճակին, եւ եթէ կարիք զգացուի զայն մասնագէտ բժիշկի մօտ ղրկել:

Երբ Սանաթոր հիւանդանոցն էի (ուր բուժում կը ստանայի թոքերու լայնացումին դէմ), հետեւեալ երեւոյթը ուշադրութիւնս գրաւեց. հարուստներէն շատեր, որոնք հիւծախտէ (պալարախտ) կը տառապէին, իրենց տուները մնալով բուժում կը ստանային, որոնց առողջական վիճակին բժշկական համալսարանի ուսանողներ կը հետեւէին, սակայն բուժումը օգուտ չէր տուած, ինչ բանի պատճառով հիւանդանոցին մէջ անոնց յատուկ բաժին մը յատկացուցած էին՝ բուժելու համար զանոնք եւ մօտիկէն հետեւելու անոնց վիճակին:

Ըսել ուզածս այն է, որ բժիշկը հիւանդին մօտիկ ըլլալով, կրնայ գործնականապէս հետեւիլ դեղերու ազդեցութեան ու ունեցած կողմնակի ազդեցութիւններուն, ինչպէս նաեւ կրնայ փոփոխութիւններ մտցնել դեղերուն մէջ: Այդպէս ալ է հոգեւոր հայրը, պէտք է մօտիկէն հետեւի հոգիի բուժումին, որպէսզի գործնական օգնութիւն կարենայ տալ, որովհետեւ ժամանակի ընթացքին հոգին կ՚ենթարկուի ազդեցութիւններու եւ փոփոխութիւններու, զորս կարելի չէ հեռուէն բուժել անոնց ձգած հետեւանքները:

Անգամ մը դառն փորձութենէ անցնող կնոջ մը ըսի, այսինչ բանը ըրէ…, հնազանդեցաւ ինծի, որով յաջողութեամբ անցաւ այդ փորձութենէն: Որոշ ժամանակ մը ետք առաջին փորձութենէն ամբողջութեամբ հակառակ փորձութեան մը մէջէն անցած է, եւ զայն առաջինին նման դիմագրաւած է, որով վնասուած է: Կրնար նամակ մը ղրկել, կամ մարդ մը ղրկել, որով անոր կ՚ըսէի, թէ ինչպէս վարուի, եւ անոր ուրիշ դեղ մը եւ ուրիշ խրատ մը կու տայի: Սակայն ես հոգեւոր հայր չեմ եւ ասիկա իմ առաքելութիւնս չէ որպէս վանական՝ մարդոց հետեւելու: Այս պատճառով, այլեւս խրատներ չէի տար, եթէ ինծի դիմող մարդուն լաւապէս չէի ճանչնար ու անոր հետ մտերմութեան մէջ չէի: Ես ինքզինքս չեմ կապեր ո՛չ մէկուն հետ, որ հոգեւոր հետեւողութիւն կ՚ուզէ, այլ՝ կը խրատեմ աոնոր, որպէսզի հոգեւոր հայր մը փնտռէ, որ հետեւի անոր ու առաջնորդէ անոր հոգեւոր զարգացումը:

ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՅՐԸ [ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՀԱՅՐԸ] ԸՆՏԱՆԻՔԷՆ ՆԵՐՍ

-Եառոնտա. ո՞ր գիրքերն են, որոնք կրնան ամուսիններուն օգնել:

-Առաջին հերթին պէտք չէ անոնք իրենք զիրենք արդարացնեն: Եթէ այդ բանը կ՚ընեն, ապա հոգեւոր գիրքերը զորս կը կարդան, ո՛չ մէկ օգուտ պիտի տան անոնց: Եթէ անոնց նպատակը բարի է եւ հոգեւոր հօր կը հնազանդին, ապա անոնք դժուարութիւնները կը յաղթահարեն: Առանց հոգեւոր միջնորդի այդ հարցերը չեն լուծուիր:

Լաւ պիտի ըլլայ, որ ամուսինները նոյն հոգեւոր հօր դիմեն: Իւրաքանչիւր փայտ որ երկու տարբեր ատաղձագործներ կը փորեն - ամէն մէկը իր ձեւով - կը կարօտին յատուկ ուշադրութեան եւ ներդաշնակութեան: Ցաւալի է այսօր, որ ամուսինները տարբեր հոգեւոր հայրեր ունին, այդ պատճառով ալ անոնք զիրար չեն օգներ: Ամուսնական զոյգ մը կը ճանչնայի, որ մէկը միւսին կը մեղադրէր, վերջաւորութեան բաժնուեցան, որովհետեւ չունէին մէկ հոգեւոր հայր մը, որ օգնէր անոնց: Հակառակն ալ ճիշդ էր:

Լաւ պիտի ըլլայ նաեւ, որ ամբողջ ընտանիքը ունենայ մէկ հոգեւոր հայր, ով կը լսէ բոլորին, եղելութիւնները կը լուծէ ձեռքի տակ եղած միջոցներով: Այդ պարագային կրնայ զաւակները կանչել եւ եզրակացութիւն տալ ծնողներու ըսածներուն: Կրնայ ըլլալ ուղղութիւն կու տայ տիկնոջ, կամ ամուսինին, կամ օգնութիւն կը խնդրէ անոնց ազգականներէն կամ ծանօթներէն:

ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՅՐ [ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՀԱՅՐ] ՓՈԽԵԼԸ

-Եառոնտա. ենթադրենք, որ մէկը պարտադրուեցաւ իր հոգեւոր հայրը փոխելու, ապա դարձեալ պէտք է խոստովանի՞ նախապէս իր խոստովանածները:

-Այդ մարդը պէտք է իր հոգեւոր նոր հօր ներկայացնէ [իր վիճակը], -ինչպէս հիւանդ մը երբ բժիշկ կը փոխէ, նոր բժիշկին կը ներկայացնէ իր առողջական վիճակը, որպէսզի կարենայ օգնել իրեն:

-Եառոնտա. երբ մէկը ուզէ իր հոգեւոր հայրը փոխել ու մեզի հարցնէ եթէ ըրածը ճիշդ է, ի՞նչ ըսենք անոր:

-Լաւ չէ, որ մարդ դիւրութեամբ իր հոգեւոր հայրը փոխէ: Նոր կառուցուող շէնք մը մէկ սանթիմ անգամ առողջ կերպով չի՛ բարձրանար, եթէ անընդհատ ճարտարապետներն ու կառուղողները փոխենք:

Անցեալին, մարդիկ ծեր հայրերուն կը դիմէին՝ խրատ խնդրելով, որպէսզի օգնութիւն գտնեն: Այսօր նոյն բանը կ՚ընեն՝ ըսելու համար, թէ այսինչ ծեր հօր մօտ գացի, ու անկէ խրատ խնդրեցի: Կրնայ ըլլալ որ այդ մարդը դիմած է ծեր հօր, սակայն դուռը չէ բացուած անոր դիմաց, կամ ալ սուր վէճ ունեցած ըլլայ անոր հետ: Այդպիսով, անոնք դռնէ դուռ կը դառնան առանց հոգեւոր հաստատութեան, որով շփոթութեան մէջ կ՚իյնան:

Մարդիկ ալ կան, որոնք մեղք կը գործեն ու իրենց հոգեւոր հօր չեն դիմեր խոստովանելու համար զայն, այլ՝ ուրիշ հոգեւոր հօր մը մօտ կը խոստովանին: Որոշ ժամանակ մը ետք նոյն մեղքը կը գործեն, որով այլ հոգեւոր հօր մը կը դիմեն: Այսպէս շարունակ, որպէսզի ցոյց տան իրենց հոգեւոր հօր, թէ մէկ անգամ մեղանչած են, այդպիսով կը շարունակեն մեղանչել եւ անհաստատ կը դառնան:

Մարդիկ ալ կան, որոնք կը խուսափին իրենց հոգեւոր հօր որոշ բան մը ըսել, հակառակ որ վստահ են, թէ ան իրենց ըսածը պիտի չհրապարակէ, այլ՝ պիտի օգնէ անոնց: Իրենց ընկերներուն կ՚ըսեն, սակայն, որոնք իրենց լսածը ուրիշներուն պիտի պատմեն, եւ անոնք վստահաբար անկարող են օգնութեան ձեռք երկարելու:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 44

25 յունիս 2021, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 5, 2021