ԶԱՆԱԶԱՆՔ

ՄԱՐԴՆ ՈՒ ՇՈՒՆԸ…

Երբ երեկոները քալելու կ՚երթամ մեր տան մօտակայ փողոցները՝ օրական մարզանքս կատարած ըլլալու գոհացումով, յաճախ կը տեսնեմ մարդիկ, որոնք կու գան իրենց շուներով։ Լաւ մը ուսումնասիրելէ ետք շուներուն վարուելակերպը, ինքզինքիս հարց կու տամ, թէ ո՞վ որուն կ՚առաջնորդէ։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ շունն է, որ յանկարծ կը կենայ, կը հոտոտայ չորս դին եւ կը շարունակէ իր ճամբան։ Իսկ մարդն է որ հլու հնազանդ կը հետեւի շունին եւ դադար կ՚առնէ ամէն անգամ որ շունը կենայ՝ իր բնական պէտքերը հոգալու համար։ Առաւել՝ ան պէտք է շան աղտոտութիւնը հաւաքէ, տոպրակի մը մէջ դնէ (տես նկարը) եւ հետը տանի, որպէսզի տան աղբի թիթեղին մէջ թափէ։

Ուրեմն՝ կ՚եզրակացնեմ, մարդն է որ սիրայօժար կ՚ենթարկուի շունի կամայականութեան։ Սա է՝ կ՚աւելցնեմ, ընտանի կենդանի պահելու անպատեհութիւններէն մին եւ կը բաւարարուիմ մտածելով, թէ լաւ որ ես ալ շունի մը տէր չեմ!

ՑԱՆԿՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ…

Ծնած եմ Երուսաղէմ եւ ընտանեօք կը բնակէինք Հայոց Վանքին մէջ։ Երբ դպրոցական տարիքս հասաւ, սկսայ յաճախել Վանքի Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանը։ Քանի որ տունս մօտ էր դպրոցին, կէսօրուան դադարին տուն կ՚երթայի ճաշ ուտելու։

Իսկ անոնք որոնք Վանքէն դուրս կը բնակէին եւ հեռուէն դպրոց կու գային, ստիպուած՝ կէսօրուան ճաշը իրենց հետ կը բերէին եւ դպրոցի շրջափակին մէջ կը մնային, ճաշելու համար։ Մինչեւ հոս անբնական ոչ մէկ երեւոյթ։ Սակայն եկուր տես որ մանկական նախանձ մը արթնցած էր մէջս, հանդէպ ճաշի համար դպրոց մնացողներուն։ Ինչո՞ւ, հաւանաբար որովհետեւ անոնք ընկերներով միասնաբար կը ճաշէին եւ ապա միասնաբար ալ կը խաղային։ 1948-ին ծագեցաւ արաբ-իսրայէլեան պատերազմը։ Շատեր զոհ գացին թնդանօթներով ռումբերուն եւ շատեր ալ դիմեցին արտագաղթի՝ դէպի Յորդանան, Լիբանան, Սուրիա եւ մինչեւ իսկ Եգիպտոս։

Մեր ընտանիքի ճակատագիրը մեզ տեղափոխեց Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը, ուրկէ մայրս հարս գացած էր Պաղեստին։ Հօրս համար ժամանակաւոր էր մեր տեղափոխութիւնը, սակայն ժամանակներու բերումով ան դարձաւ հիմնական եւ մենք մնացինք Հալէպ։

Հալէպի մէջ զիս արձանագրեցին Կրթասիրաց վարժարանը, որ բաւական հեռու էր Նոր Գիւղի մեր տունէն։ Ուստի ամէն օր ես տունէն կերակուր կը տանէի, որպէսզի կէսօրուան ճաշը դպրոցը ուտեմ։

Դպրոցը ուտելու ցանկութիւնս վերջապէս իրականացած էր, սակայն ես նորէն դժգոհ էի։ Այս անգամ՝ կը նախանձէի անոնց, որոնք կէսօրին տուն կ՚երթային ճաշելու… Մէկ խօսքով՝ այն եզրակացութեան հասայ, որ մարդ միշտ դժգոհ է իր իրավիճակէն եւ իր չունեցածը կը ցանկայ։

Ամերիկեան ասացուածքը այս երեւոյթը ճշգրտօրէն կը բնութագրէ հետեւեալ ձեւով, The grass is greener on the other side.

ՇԱՏԱԽՕՍՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ…

Մանչ զաւակս Լեւոն՝ համալսարանի փաստաբանական ճիւղը աւարտելէ ետք, պէտք էր պետական քննութիւն անցնէր՝ որպէսզի վկայուէր որպէս փաստաբան։

Իսկ վերոյիշեալ քննութենէն յաջողելէ ետք՝ տեղի կ՚ունենայ երդմնատուութեան արարողութիւն մը, որմէ ետք միայն ան կրնայ աշխատիլ որպէս փաստաբան։ Վերոյիշեալ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ մեր բնակած Փասատինա քաղաքի հանրային (civic auditorium) սրահին մէջ։ Խօսելու հրաւիրուած էին եօթ դատաւորներ, դատախազներ եւ փաստաբաններ: Զարմանալիօրէն՝ անոնց բոլորին յորդորական խրատները տեւեցին միայն 21 վայրկեան… Բայց՝ արդար ըլլալու համար պէտք է ըսեմ, որ անոնց խրատները թէեւ ամփոփ էին, սակայն խիստ կուռ եւ բովանդակալից էին։ Ուրեմն՝ դրօշակի արարողութեամբ, պատկառելի անձնաւորութեանց խօսքերով եւ երդմնատուութեամբ՝ բոլոր արարողութիւնը տեւեց կէս ժամ։

Այդ վայրկեանին՝ չէի կրնար չմտաբերել հայկական ձեռնարկները, ուր դասախօսներ՝ տասը վայրկեանի իրենց տրամադրուած ժամանակը կ՚երկարէին, մինչեւ որ ժողովուրդը ձանձրանար եւ կամաց-կամաց հեռանար սրահէն… Ահա քեզի տարբերութիւնը՝ երկու կենցաղներու!

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2020