ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏԱԳՆԱՊԸ ԵՒ … ԱՄԵՐԻԿԱ-ՖՐԱՆՍԱ ՄԵԾ ՊԱՅՔԱՐԸ
Պէյրութը ցնցած եւ այդ քաղաքի կարեւոր հատուածը աւերակած աղէտալի պայթումէն ետք երկիրը արագ քայլերով մտած է քաղաքական խմորումներու նոր փուլ մը, որուն հիմնական եւ նոյնիսկ առանցքային կէտը անշուշտ Գերմանիոյ մօտ Լիբանանի դեսպան Մուսթաֆա Ատիպի վարչապետի պաշտօնին նշանակումն է։
Աւելի քան յստակ է, որ վարչապետի նշանակման գործընթացը ունի արտաքին նեցուկ եւ յենարան, որովհետեւ այսքան «խառն» վիճակին մէջ, այսքան արագ նոր վարչապետ «ընտրել»ն ու այդ անունին շուրջ համաձայնութեան մը գալը Լիբանանի համար հեշտ բան մը չէ։ Եթէ հաշիւէն հանենք նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին անունը, ապա բացի անկէ, որեւէ անուան շուրջ դժուար թէ երկրի քաղաքական կողմերը համաձայնութեան մը գային։
Այս ընդհանուր վիճակին մէջ շատ յստակ է արդէն, որ Լիբանանի համար «գծուած» նոր ծրագիրը անցած է գործադրութեան փուլ, որուն յառաջատարը, ինչպէս անցնող շաբաթներուն ալ գրած էի, Լիբանանի համար երբեմնի «խնամատար» երկիր համարուող Ֆրանսան է։ Հոս է նաեւ, որ լիբանանեան խնդիրներուն համար կ՚ուրուագծուի նոր պայքար-մրցում մը, որուն մէկ կողմը՝ Միացեալ Նահանգներն են, իսկ միւս կողմը՝ Ֆրանսան։ Թերեւս այս երկու գերպետութիւնները տեղ մը համաձայնին որոշ ծրագրերու վրայ, բայց ակներեւ է, որ ունին եւ դեռ ալ կրնան ունենալ տարակարծութիւններ։
Ճիշդ այդ գործընթացներուն մասին խօսելու համար հեռավար զրոյց մը ունեցայ լիբանանահայ հասարակական գործիչ տքթ. Ռաֆֆի Փոլատեանին հետ։
*
-Կ՚ըսուի, թէ պայթումէն ետք Լիբանանի մէջ քաղաքական նոր իրավիճակ կը ստեղծուի, ի՞նչ են նախանշանները այդ նոր իրավիճակին:
-Պայթումի հետեւանքով նախանշաններ չէ, բայց որոշ իրականութիւններ կան արդէն։ Այդ իրականութիւնները, յետադարձ կատարելով, պէտք է համեմատենք 1982-ին տեղի ունեցած երեւոյթներուն, նաեւ 1860-1864 թուականներու միջեւ լեռնային Լիբանանի մէջ եղած «Մութասարրիֆիէ»ի (Օսմանեան խնամատարութիւն) օրերուն հետ։ Այդ օրերուն էր, որ Օսմանեան կայսրութիւնը համաձայնեցաւ, թէ իրենք դուրս պիտի գան այս շրջանէն եւ նշանակեն քրիստոնեայ, ոչ-մարոնիթ կամ ոչ-լիբանանցի անձնաւորութիւն մը, որ պիտի տնօրինէ լեռնալիբանանի կառավարումը։ Այդ շրջանին մենք գիտենք, որ խնամակալը մարոնիներուն համար Ֆրանսան էր, կաթողիկէներուն համար՝ Աւստրահունգարական կայսրութիւնը, յոյն ուղղափառներուն համար՝ Ձարական Ռուսիան, սիւննի այլազգներուն համար՝ Օսմանեան կայսրութիւնը, իսկ ինչ կը վերաբերի տիւրզի համայնքին, շատ ծիծաղելիօրէն, Մեծն Բրիտանեան էր, որ մինչեւ այսօր կը տնօրինէ եւ սերտ կապեր ունի տիւրզի համայնքի աւագանիին հետ:
-Բազմաթիւներու համաձայն, Լիբանանի տագնապը արագ քայլերով դէպի միջազգայնացում կ՚ընթանայ։ Միջազգայնացման առաջին նշանը կարծես նախագահ Մաքրոնի այցելութիւնն էր, որ ըստ շրջանառուած կարգ մը տեղեկութիւններու, ան Լիբանանի քաղաքական վերնախաւին առջեւ դրած է կարեւոր պայմաններ, որոնք եթէ չգործադրուին, Լիբանանի մէջ միջազգային միջամտութիւն պիտի ըլլայ ու Պէյրութը պիտի յայտարարուի զինաթափուած գօտի: Ի՞նչ կը մտածէք այս մասին. արդեօք կա՞յ այդ ենթագետինը Լիբանանի մէջ:
-Լիբանանեան տագնապը արդէն այն-քան հասունցած էր, որ բնական է անոր միջազգայնացման ճանապարհին վրայ ըլլալը։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ տեղական միջոցներով կարելի չեղաւ լուծել տագնապը եւ վիճակը աւելի բարդացաւ։ Եթէ յիշենք Մեծն Լիբանանի յայտարարումը («Լուպնան ալ քապիր»), որ տեղի ունեցաւ 1 սեպտեմբեր 1920-ին, զօրավար Կուրոյի յայտարարութեամբ, կը տեսնենք, թէ այսօր նոյն նախաձեռնութիւնը ձեռք առաւ մարոնիներու ներկայ պատրիարքը՝ Ռահին եւ դրական չէզոքութեան ճանապարհը վերցուց, այն ինչ, մենք շատ լաւ գիտենք, թէ 1947-48 թուականներուն Լիբանանը արդէն ձեռք ձգած էր այդ «դրական չէզոքութիւն»ը, երբ Պաղեստինի առաջին պատերազմի ժամանակ Լիբանանը, որ բաւական վնասներ կրած էր, դրական չէզոքութիւնը կիրարելով բաւական հեռու մնացած էր շրջանային մեծ տագնապներէն։ Հիմա կարծես նոյն բեմագրութիւնը պիտի կրկնուի եւ Ֆրանսա պիտի փորձէ իր հոգատարութիւնը տարածել երկրին վրայ։ Եւ Ֆրանսային զուգահեռ, արեւմտեան ու արաբական մեծ թիւով երկիրներ տարբեր տեսակի բժշկական օժանդակութիւններ ուղարկելէ բացի, ձեւով մը կարեւոր ներկայութիւն եղան լիբանանեան ջուրերուն մէջ։
-«Հիզպուլլահ»ի ընդհանուր քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլահ իր վերջին ելոյթին ընթացքին յայտարարեց, որ իրենք կողմ են համաձայնական կառավարութեան մը ստեղծման, մինչ ուրիշ կողմեր կը խօսին «թեքնոքրաթ» կամ առանց «Հիզպուլլահ»ի կառավարութեան մը ստեղծման մասին. ի՞նչ են հեռանկարները, արդեօք Լիբանան պիտի կարողանայ նոր կառավարութիւն մը կազմել, կամ այն պարապութիւնը, որ այսօր առկայ է, մինչեւ ե՞րբ կրնայ տեւել:
-Ինչ կը վերաբերի Հասան Նասրալլահի վերջին ելոյթին, ապա ըսեմ, որ անոր ուղերձին մէջ ակներեւ էր հանդարտութեան կոչը։ Սակայն մենք այսօր գիտենք, որ կայ երկու վարկած, որոնց մասին հետեւեալը կարելի է ըսել. առաջինը՝ եթէ նկատի ունենանք, որ պատահածը իսկապէս իսրայէլեան ահաբեկչութիւն մըն էր, ունինք երկու տուելաներ. պայթումի առաջին ժամերուն արդէն Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը թուիթ մը նետած եւ յայտարարութիւն տարածած էր, թէ իրենց յաջորդ թիրախը կրնայ Լիբանանի օդակայանը ըլլալ եւ այդ գրառումը ընդամէնը երկու ժամ անց ջնջուեցաւ։ Իսկ երկրորդը՝ պաշտօնական Թել Աւիւ միջազգային ընտանիքի ընդվզումէն խուսափելու համար Լիբանանին օգնութիւն առաջարկեց. այս երեւոյթը տարօրինակ էր, որովհետեւ մենք այսքան տարիէ ի վեր՝ 50-70 տարուան պատմութեան ընթացքին Իսրայէլի կողմէ որեւէ փոխհատուցման կամ զիջելու քաղաքականութիւն չենք նկատած։ Կայ նաեւ երկրորդ վարկած մը, ըստ որուն նաւահանգիստի 9-րդ պահեստանոցին մէջ տեղի ունեցած էր առաջին պայթումը, որմէ ետք օդը ելած էր ամոնիումնիթրաթ պարունակող 12-րդ պահեստանոցը։ Սա կրնայ նշանակութիւն մը ունենալ եւ ջուրի երես կրնայ հանել պայթումին իրականութիւնը, պայմանաւ, որ դէպքը մանրամասն քննութեան ենթարկուի։ Կարեւոր է նաեւ նկատել, որ «Հիզպուլլահ» մինչեւ հիմա եղածը ահաբեկչական արարք չի համարեր, ինչպէս նաեւ կտրականապէս կը հերքէ, որ իրենք նաւահանգիստին մէջ զէնքի պահեստանոցներ ունին։ Եթէ «Հիզպուլլահ»ը ընդունի, որ եղածը իսրայէլեան ահաբեկչութիւն է, նախ պիտի ընդունի, որ իրենք ապահով շրջաններու՝ նաւահանգիստին մէջ փախստական զէնքերու մուտք ու ելք ունին, պահեստանոցներ ունին. երկրորդ՝ պիտի ընդունի, որ իրենք պետութեան մէջ պետութիւն են. իսկ երրորդ՝ պիտի նկատուի, որ Պէյրութի գլխուն եկածը պատասխան մըն էր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար՝ Սէյիտ Հասան Նասրալլահի այն սպառնալիքներուն, որոնք հնչած էին 2006 թուականի պատերազմին, երբ շիի առաջնորդը ըսած էր, որ իրենք կարողութիւնը ունին Թել Աւիւի ամոնիումի պահեստանոցները հարուածելու կամ Հայֆայի մէջ ռազմավարական նշականութիւն ունեցող կեդրոնները թիրախաւորելու։ Անշուշտ կար «Հիզպուլլահ»ի որդեգրած «Ակ ընդ ական, ատամ ընդ ատաման» մօտեցումէն հրաժարելու միտում մը, որովհետեւ ներկայ պահու դրութեամբ ան եթէ ընդունէր, որ այս ոճրային պայթումին հեղինակը Իսրայէլն է, ապա պիտի չկարողանային համապատասխան կերպով պատասխան-հարուած մը տալ։ Իսկ ամենակարեւոր կէտը՝ որ կ՚ուզեմ նշել, այն է, թէ շատ հաւանական է, որ երկու հիմնական ուժերուն՝ Իսրայէլի եւ «Հիզպուլլահ»ի միջեւ գոյացած է գաղտնի համաձայնութիւն մը, որու հիմամբ պայթումի նիւթը այսպէս պիտի փակուի, որովհետեւ երկու կողմերն ալ կարծես թէ պատրաստ չեն պատերազմի երթալու։ Իմ կարծիքով, հիմա տեղի կ՚ունենայ արկածի խմբագրումը, որու մէջ ամբաստանեալները գտնելու, դատելու, այսպէս ըսած, լիբանանցիներուն յանձնուեցաւ «թատրոնի խաղացողներ»ու դերաբաշխումը, ինչ որ արդէն չընդունեց պետութիւնը, որ ամերիկեան FBI-ին առաջարկեց, որպէսզի գան ու մեղաւորները «բացայայտեն»։ Անշուշտ, այս բոլորին զուգահեռ կայ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի միջեւ քաղաքական մակարդակով մեծ մրցակցութիւն մը։ Ըստ իս, ամերիկացիները կը նախընտրեն ամբողջական փոփոխութեան երթալ, ինչպէս անցեալին ըրին Իրաքի մէջ, ինչ որ կրնայ լրիւ քաոսի հասցնել Լիբանանի պետական համակարգը։ Իսկ Ֆրանսան կ՚առաջարկէ ստեղծել փոխանցման կառավարութիւն մը, որ պիտի ըլլայ Սաատ Հարիրիի գլխաւորութեամբ, որ պիտի կարողանայ երկու ամիս դիմանալ, որմէ ետք ալ կրնան տեղի ունենալ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան