ԿՈՐԵԿԸ
Ռուս բանաստեղծ Մայակովսկի, լենինեան յեղափոխութեան երգիչը գրութիւն մը ունի, ուր կ՚ըսէ. «Մենք կը հասնինք ու կ՚անցնինք»… ի հարկէ, խօսքը ուղղելով դրամատիրական աշխարհին:
Խորհրդային Հայաստան ուսանած ընկերներէս մին, այս խօսքին վերաբերեալ ըսաւ, թէ Հայաստանի մէջ կ՚ըսեն. «Հասնինք, հոն մնանք», այսինքն պիտի չհասնինք: Առաջինը բանաստեղծական թռիչք, երկրորդը իրողական կեանք է:
Կարդալով «Ամերիկեան բարքեր»ը վերոնշեալը յիշեցի:
«Պետական անուղղակի ճնշում», ի հարկէ եղելութիւններ եւ բացատրութիւններ՝ սակայն, թէ կը կրկնուի «Ժողովուրդի կառավարութիւն մը, ժողովուրդով եւ ժողովուրդի համար» («A government of the people, by the people, for the peple») կանոնագրութիւնը, հիացուց զիս ու ըսի կեանքը մեզի, այսինքն՝ Լիբանանին, ե՞րբ պիտի ընդունուի նման ժողովրդավարութիւն մը այս երկիրին մէջ, որ կիրարկելի ըլլայ նաեւ, այլապէս անարժէք օրինակարգի կը վերածուի:
Հոգ չէ թէ երբեմն օրէնքը կ՚ընկալուի իբրեւ անուղղակի ճնշում, ինչ որ օրէնքի եւ զայն գործադրողի հարց է:
Ժամանակին տեսած եմ «Twenty thosand Leagues under the sea» ֆիլմը։ Ընդծովեայի անձնակազմէն մին անձ մը փրկեց մահէ. սակայն ան դարձաւ ու յանդիմանական ըսաւ. «Կեանքս փրկեցիր, ԻՆՉՈ՞Ւ»։ Ահաւասիկ մօտեցում մը: Այս ալ կարելի է ճնշում որակել փրկող անձին կողմէ…։
Ամէն ոք իրեն յատուկ ապրած վիճակն ունի ու կրնայ մտաբերել, բայց ուրկէ՞ սկսիլ։
Առաւօտեան կանուխ ինքնաշարժի ճչակէ՞ն, դեռ լոյս չծագած, թէ անոր միատեղ անձի մը կանչէն, որ իր ընկերոջ կը սպասէ որսի երթալու։
Դրացիին շան հաջոցէ՞ն, որ տունը վերածած է փոքրիկ անասնատան ու լակոտներ կը խնամէ որպէսզի վաճառէ…։
Ինքնաշարժի մէջէն ձայնասփիւռին բարձր եղանա՞կը, որ կը խլացնէ մթնոլորտը, կէս-գիշերին պայթուցիկնե՞րը՝ հարսանեկան, տօնախմբութեան կամ այլ հաւաքի ընթացքին, երբ որ որոտընդոստ կը ցատկես անկողինէդ:
Մայթե՞րը՝ որոնք աւելի կը գործածուին շուները ճեմելու եւ անոնց աղիքները հանգստացնելու…։
Գալով այլ պարագայի մը, քսանհինգ տարիներ անցեր են, տակաւին ելեկտրական հարցը «լուծուած» է հսկայ generator-ներով, որոնց մուխն ու աղմուկը ապրողը գիտէ:
Եւ դեռ՝ վերջին տարիներուն, մանաւանդ այս տարի, աւելի շեշտուած անլուծելի աղբերու հարցը, գուցէ երկրի նախագահ ընտրուելուն սպասէ…։
Իսկ եթէ… տանտէրներու տանք խօսքը, անշուշտ հին… ըսելիք չունին՝ անտեղեակ ըլլալով մանրամասնութիւններէ, բայց վարձքերու հարցով անպայման անարդար ԲԱՆ ՄԸ ԿԱՅ:
Կարելի է գուցէ երկարել, սակայն փափաքելի չէ ունենալ ժողովրդավարութիւն մը, ինչպէս նշուեցաւ քիչ առաջ… բայց կրկնել՝ հաճելի է… «A government of the people, by the people, for the people», թէեւ մարդկային խառնուածքին համար դժգոհութիւնը բնորոշ է, ուստի ժողովրդավարութեան մէջ անգամ «ճնշում» տեսնել… սպասելի է: Հակառակ անոր՝ ԿՈՐԵԿԸ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ին, Լիբանանին եւ աշխարհի ոչ-ժողովրդավար երկիրներու:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան
Հարթակ
- 12/02/2024