ԳՐԻԳՈՐ ՄԱՐԱՇԵՑԻ (ԱՂՕԹԱԳԻՐՔ. ՎԱՅԵՐ, ՈՂԲԵՐ, ՄԵՂԱՆԵՐ)
Վերջերս Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ Գրիգոր Մարաշեցիի (Յեսուացի) (12-րդ դար) «Աղօթագիրք, վայեր, ողբեր, մեղաներ» խորագիրը կրող գիրքը: Գիրքի հրատարակութեան նախաձեռնած է Երեւանի Զօրաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Գրիգոր Քհնյ. Գրիգորեան: Գրաբարէ արեւելահայերէնի փոխադրումը կատարած է Գայիանէ Թերզեան: Այս գրութեամբ ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ այդ գիրքէն հատուած մը՝ արեւմտահայերէնի վերածուած:
Մեղա՜յ զարդասիրութեամբ: Մեղա՜յ թատրոնին մէջ նստելով: Մեղա՜յ շատախօսութեամբ: Մեղա՜յ անտեղի խօսելով: Մեղա՜յ ինքնահաւանութեամբ: Մեղա՜յ զեխութեամբ: Մեղա՜յ ճոռոմութեամբ: Մեղա՜յ անհամեստութեամբ եւ մեղա՜յ ան բոլորին համար, ինչ որ ասոնց նման է:
Մեղա՜յ բարկութեամբ: Մեղա՜յ սրտնեղութեամբ: Մեղա՜յ ցասումով: Մեղա՜յ խստասրտութեամբ: Մեղա՜յ նեղսրտութեամբ: Մեղա՜յ թշնամանալով: Մեղա՜յ տխրութեամբ: Մեղա՜յ անհեթեթ խօսքեր աղաղակելով: Մեղա՜յ մերձաւորին վրայ զուր տեղը բարկանալով: Մեղա՜յ ընդդիմախօսութեան համար: Մեղա՜յ մեղանչած եղբօր անարգելու համար: Մեղա՜յ մեռելները դատելու համար: Մեղա՜յ կռուարարութեամբ: Մեղա՜յ անհաշտութեամբ: Մեղա՜յ անզեղչ վարքի համար: Մեղա՜յ պարսաւելով: Մեղա՜յ ուրիշներու առաքինութիւնները ծաղրելով: Երրորդ՝ կամ վարքը, չորրորդ՝ արուեստը, հինգերորդ՝ շնորհը, վեցերորդ՝ կամ որեւէ մէկ այլ անպիտան բան: Մեղա՜յ տրտմութեան խորհուրդները ընդունելով, որոնք կ՚ուղեկցին ինծի առաքինութեան ճանապարհին: Մեղա՜յ ընդունելով այն խորհուրդները, որոնք տրտմութեան պատճառով կը յուզեն ու կը մտածեն ուրիշներուն վնասելու մասին: Մեղա՜յ, որ տգիտութեամբ կ՚ըսենք, թէ երբ մարդիկ մեզ կ՚անարգեն, ուրեմն Աստուած լքած է մեզ: Մեղա՜յ խոնարհութեան ու արդարութեան ճանապարհը փնտռել սորվելուն մէջ դանդաղելու համար: Մեղա՜յ չիմանալու համար, որ զայրացկոտ վարքէն գիշերային ցնորքներ ու երազներ կը պատահին, որոնց պատճառով ալ ողորմութիւնն ու համբերատարութիւնը կը դադրին, իսկ բարկութեան պատճառով՝ մարդասիրութեամբ խորհիլը: Մեղա՜յ ընդունելով այն խորհուրդները, որոնք ատելութեամբ կը հաւաքուին ու եղբօր դէմ դուրս կու գան անցողիկ իրերու պատճառով: Մեղա՜յ ընդունելով այն խորհուրդները, որոնք եղբօր դէմ կը բորբոքեցնեն ու աղօթքի պահուն ամօթահար կը ձգեն: Մեղա՜յ անզգամ անասունի պէս բարկանալով, որ միայնակեացին օտար է: Մեղա՜յ ընդունելով չար խորհուրդները, որոնք կ՚արգիլեն խոնարհութեամբ պատասխանել ու պատերազմիլ կը յորդորեն: Մեղա՜յ եղբայրներու մասին չարախօսելու եւ խորամանկ խորհուրդներով քօղարկել ջանալու համար: Մեղա՜յ ոխակալութեան խորհուրդներով, որոնք միտքը խռովքի կը մատնեն ու աղօթքի ժամանակ վրայ կը հասնին եւ կը խոչընդոտեն զայն: Մեղա՜յ այն խորհուրդներուն համար, որոնք կը խրատեն մեզի չար ու բարկացկոտ մարդոց հետ բարեկամանալ: Մեղա՜յ չցանկալով վերցնել բարկութեան պատճառները ուտելիքի կամ ունեցուածքի համար եւ անցաւոր փառքի համար բարկութիւնը սիրտէն չհանելով, ինչ որ կործանումի ու կորուստի պատճառ կը դառնայ: Մեղա՜յ ընդունելու համար դիւային խորհուրդները, որոնք բազմաթիւ հրապուրանքներով կը ջանան եղբայրներուն հանդէպ սէրը փոխել: Մեղա՜յ ինքնավստհաութեամբ խօսելու, սիրտի սրբութիւնը պղտորելու ու այդ մասին չիմանալու համար: Մեղա՜յ եղբայրներուն կարծիքներուն պատճառով խռովքի մատնուելուն համար: Մեղա՜յ թշնամին մտովի ատելու կամ անիծելու եւ կամ եղբօր զղջումով չբաւարարուելու, այլ՝ վրդովելու համար: Մեղա՜յ թշնամիներուս կործանումով չարախնդալով: Մեղա՜յ սիրոյ դրախտին անտեղեակ ըլլալով ու բարկութեան պատճառով զայն ծախելով: Մեղա՜յ եղբայրներուն սպասաւորութենէն դժգոհելու համար: Մեղա՜յ այն խորհուրդներւն համար, որոնք ատելութիւն կը ծնին ու միտքին մէջ եղբայրասպան կը դարձնեն: Մեղա՜յ դիւային խորհուրդներով, որոնք կը նախատեն ծառայութիւնս:
Մեղա՜յ ոխակալութեամբ: Մեղա՜յ չարակամութեամբ: Մեղա՜յ յիշաչարութեամբ: Մեղա՜յ զայրանալով: Մեղա՜յ քինախնդրութեամբ: Մեղա՜յ գազանաբարութեամբ: Մեղա՜յ սիրտին մէջ խռովքի մատնուելու համար: Մեղա՜յ խռովարարութեամբ եւ աղմկելով: Մեղա՜յ բարձր աղաղակելով: Մեղա՜յ թշնամութիւն սիրելով: Մեղա՜յ ուրիշները նախատելով: Մեղա՜յ նախագահութեամբ: Մեղա՜յ մեծախօսութեամբ: Մեղա՜յ նենգաւոր շրթներու համար: Մեղա՜յ սեփական անձը ձգած՝ ուրիշներուն յայտնապէս, ծածուկ եւ միտքով դատապարտելու համար: Մեղա՜յ մարդոց հանդէպ չարանալով: Մեղա՜յ չարակարծութեամբ դատելով: Մեղա՜յ ոմանց պատճառով միւսները պարսաւելու համար: Մեղա՜յ մէկուն յայտնապէս, ծածուկ կամ միտքին մէջ բամբասելով: Մեղա՜յ բամբասանք սիրելով: Մեղա՜յ չարախօսութեամբ: Մեղա՜յ չարախօսներուն լսել ցանակլուս: Մեղա՜յ չարին փոխարէն չար հատուցելով: Մեղա՜յ տրտնջալով: Մեղա՜յ փնթփնթալով: Մեղա՜յ գաղտնախօսելու, եւ մեղա՜յ բոլոր այն մանրուքներուն համար, որոնք ասոնց նման են, սակայն խօսքով չենք կրնար արտայայտել եւ որոնց համար թողութիւն կը խնդրենք:
Մեղա՜յ դատարկաբանելով; Մեղա՜յ արհամարհելով: Մեղա՜յ հայհոյելով: Մեղա՜յ ծիծաղելով: Մեղա՜յ կատակերգութեամբ: Մեղա՜յ գուսաններու տուն երթալուս համար: Մեղա՜յ թատերական խաղերով կամ լկտի երգի ձայներով միտքը գերելով կամ վերցնելով կամ ընդունելով կամ տեսնելով, եւ սատանայական միւս հմտութիւններուն համար: Մեղա՜յ պճնասիրութեամբ: Մեղա՜յ կրկնակի նման բաներ ունենալու համար: Մեղա՜յ ընկերոջ ունեցուածքը ցանկալով; Մեղա՜յ կամովին հպարտանալով: Մեղա՜յ անգթութեամբ: Մեղա՜յ ջանք գործադրած ժամանակս թուլամորթ ըլլալուս: Մեղա՜յ չարութիւններուն կամակին ըլլալով: Մեղա՜յ զիրար կծոտելու ու ուտելու համար: Մեղա՜յ զազրախօսութեամբ: Մեղա՜յ անիրաւութեամբ: Մեղա՜յ զրպարտութեամբ: Մեղա՜յ՝ գող ըլլալով: Մեղա՜յ մոլորութեամբ: Մեղա՜յ մեծամտութեամբ: Մեղա՜յ ինքնասիրութեամբ: Մեղա՜յ ծուլութեամբ: Մեղա՜յ անհաւանութեամբ եւ նման այլ մանրամսներով:
(Հատուած)
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
3 նոյեմբեր 2020, Վաղարշապատ