ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ Ի՞ՆՉ ՍՊԱՍԵԼ ՖԱԽՐԻԶԱՏԷԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ՎԵՐՋ

Իսրայէլի տէրութեան համար գերագոյն նպատակ է ոչնչացնել Իրանի կորիզային կեդրոնները։

Այս «երազ»ը մշտական ծրագիր է Թել Աւիւի կառավարութիւններուն համար եւ նոյն առումով, ըստ ամերիկացի վերլուծաբաններու, Իսրայէլ ոչ միայն կը հետապնդէ այդ «երազ»ը, այլեւ ունի որոշ ռազմական ծրագիրներ, որոնց շնորհիւ ալ ան իր «նոր» դաշնակիցներուն հետ գործելով, պիտի կարողանայ զերոյի հանել Իրանի կորիզային նպատակները։

Այս առումով սակայն կայ մեծ յստակութիւն, որ Իրանի հետ երկարատեւ ռազմական գործողութիւն մը կատարելու որեւէ փորձ, նոյնիսկ եթէ դրական արդիւնքներ ձեռք բերէ, պիտի ըլլայ կործանարար ոչ միայն Իրանին, այլեւ ամբողջ արաբական կամ Պարսից ծոցին համար։ Այդ մեծ աւերածութիւնը պիտի ազդէ ոչ միայն նաւթ արտահանող երկիրներուն վրայ, այլեւ մեծապէս պիտի ազդէ ամբողջ աշխարհի տնտեսութեան վրայ։

Ուրեմն, այս վտանգներէն հեռու մնալու համար Իսրայէլ որդեգրած է այնպիսի ծրագիր մը, որուն ճամբով արագ հարուած պիտի տայ Իրանի կորիզային մի քանի կայաններու, որոնց ամենէն կարեւորները կը համարուին՝ Արակ, Ֆորու եւ յատկապէս Նաթանզ կայանները։ Այդ հարուածը՝ որ պէտք է ըլլայ շատ արագ, կրնայ մեծ հաշուով տապալել Թեհրանի «միջուկային մեծ երազ»ը կամ առնուզն տասն-տասնհինգ տարի ետ մղել իրանցի գիտնականներու գործադրած այն մեծ ճիգերը, որոնց շնորհիւ անոնք կարողացած են հասնիլ ուրանիումի հարստացման այսօրուան փուլին։

Այստեղ պէտք է անպայման արձանագրել, որ գիտական հիմունքներու համաձայն, կորիզային զէնք ստեղծելու համար Իրան պէտք է ուրանիում նիւթի «հարստացում»ը հասցնէ ամենաբարձր մակարդակի։ Ձեռնպահ մնալով կորիզային զէնքի մասին մասնագիտական տուեալներ ունենալու դրոյթէն՝ հարկ է բացատրել, որ երբ կը խօսինք ուրանիումի «հարստացման» մասին, ինչ որ կը նշանակէ այդ նիւթը հասցնել այնպիսի մակարդակի, որմէ ետք կարելի պիտի ըլլայ ստեղծել կորիզային զէնք։

Իսկ կորիզային զէնք ունենալ կը նշանակէ փոխել տարածքաշրջանի ռազմական ընդհանուր հաւասարկշռութիւնը, յատկապէս հիմա, երբ Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր բարեկամ եւ դաշնակից Իսրայէլ կը համարուի ոխերիմ թշնամին իսլամական աշխարհի եւ, մանաւանդ, Պաղեստինի դատի հիմնական պաշտպան՝ Իրանին։

«ԳԱՂՏՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ»

Վերջին օրերուն մասնաւորապէս արաբական հեղինակաւոր զանգուածային լրատուամիջոցներու հարթակներուն ուշագրաւ առիթ դարձած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահույի Սէուտական Արաբիա կատարած գաղտնի այցը։ Ի դէպ, այդ մասին առաջին անգամ գրեցին Իսրայէլի յայտնի լրագրողներ, իսկ Նեթանիյահու պատասխանելով իր Սէուտական Արաբիա տուած գաղտնի այցելութեան վերաբերեալ հարցումին՝ ո՛չ հերքեց եւ ոչ ալ ընդունեց տեղեկութիւնը։

Ըստ «Ալ Ճազիրա» կայանին, գաղտնի այս այցին ներկայ եղած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօ, որ այցէն ժամեր վերջ թուիթ մը կատարելով ըսած, է թէ հանդիպում ունեցած է՝ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելմանի հետ։ Բնականաբար բազմաթիւ վերլուծումներ կան այս այցի նպատակներուն շուրջ, սակայն ամենակարեւոր ենթադրութիւնը այն է, որ այցելութեան հիմնական նպատակը եղած է Իրանին արագ եւ անակնկալ հարուած մը տալու հնարաւորութիւնը։ Նման հարուած մը մեծ ռիսքեր կը պարունակէ, սակայն այդ բոլորը Թրամփին համար կարեւոր չեն։ Իսկ Մայք Փոմփէօ, որ Թրամփի վարչամեքենային ամենաերեւելի գործիչն է, նման շփումներով եւ նոյնիսկ արկածախնդրութիւններով կը հետապնդէ մէկ հիմնական նպատակ՝ Իսրայէլի «աչքը մտնել» եւ հայց ներկայացնել յառաջիկայ 2024 թուականի ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւններուն։ Փոմփէոյի մասին տակաւին առիթ կ՚ըլլայ գրելու, բայց աւելի քան պարզ է, որ Իսրայէլ շատ հաստատ քայլերով իր վերջնական փուլին կը տանի հակաիրանական արաբական դաշինք մը ձեւաւորելու դրոյթը, որ բաւականին վտանգաւոր կրնայ ըլլալ յատկապէս սիւննի արաբներուն համար։

Ի դէպ, եռակողմ հանդիպումը կայացած է Նաոմի մէջ, որ կը համարուի Սէուտական Արաբիոյ արդիականութեան խորհրդանիշ-քաղաք, ինչ որ կը փաստագրէ սէուտցի գահաժառանգին ամենակարեւոր թագաւորական թեկնածու դառնալու դրոյթը, որովհետեւ այդ քաղաքի հիմնադրման ու «Սէուտական Արաբիա 2030» նախագիծ-ծրագրի հիմնարար ձեռագիրը կը պատկանի Մուհամմէտ պին Սելման իշխանին։

«ՍՏՈՒԵՐԻ ՄԱՐԴ»Ը Ո՞Վ ԷՐ

Այս օրերուն, երբ բոլորին համար հիմնական նիւթ դարձած է ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ հաւանական նոր համաձայնութեան մը օրակարգը կամ, առնուազն, առկայ «կորիզային համաձայնութեան» վերակենդանացման հաւանակութիւնը, շատ կարեւոր ու վտանգաւոր զարգացում մը տեղի կ՚ունենար Թեհրանի մէջ։ Օր ցերեկով կը սպաննուէր Իրանի յայտնի գիտնական Մուհսէն Ֆախրիզատէ։ Անոր սպանութիւնը, մասնաւորապէս այս «կորսուած ժամանակ»ին, բազմաթիւ առումներով կը դառնար Իրանի քաղաքական կեանքին մէջ նոր «աշխուժութիւն» մը յառաջացնելու հիմնարար մեկնակէտ։ Սպանութեան լուրը իրանցիներուն մօտ կը ստեղծէր որոշ լարուածութիւն, որովհետեւ Մուհսէն Ֆախրիզատէ ոչ միայն «ստուերի մարդ»ն էր, այլ նաեւ կը տիրապետէր Իրանի կորիզային ծրագրի ամենամութ ծալքերուն եւ միով բանիւ կը համարուէր՝ Իրանի «կորիզային զէնք»ի հայրը։

Ո՞Վ ԷՐ ՄՈՒՀՍԷՆ ՖԱԽՐԻԶԱՏԷ

Հակառակ անոր, որ Թեհրանի կառավարութիւնը տարիներ շարունակ գաղտնի պահած էր գիտնական Մուհսէն Ֆախրիզատէի ինքնութիւնն ու անոր կատարած դերը՝ Իրանի կորիզային ծրագրին կապակցութեամբ, սակայն կարգ մը երկիրներ, յայտնաբերած են անոր գործունէութիւնը, որպէս Իրանի կորիզային ծրագրի հիմնական սիւներէն մին:

Ըստ ամերիկեան «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթին, Զատայի դերն ու կարեւորութիւնը բացայայտուած են, երբ զանազան առիթներով յաճախակիօրէն տեսնուած է, մանաւանդ վերջին շրջանին, Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամանէյի կողքին: Պարբերականը նշած է, որ Զատա պատասխանատուն եղած է Իրանի բանակին հետ կապուած բնագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնին, նաեւ մասնակցած է Իրանի ուրանիումի հարստացման առաջին գործարանի հիմնադրութեան:

«Քառնեկի» հաստատութեան գիտաշ-խատող՝ Քերիմ Սականպուր գիտնականի ահաբեկումը համարած է հարուած Իրանին, որովհետեւ Զատան ամենաիրազեկ գիտնականն էր երկրի կորիզային ծրագրին։

Իսկ Ուաշինկթըն կաճառի Միջին Արեւելքի հարցերու փորձագէտ՝ Սայմըն Հանտըրսըն համեմատած է Զատայի եւ զօրավար՝ Քասըմ Սիւլէյմանիի սպանութիւնները։ Ան շեշտած է, որ Իրանի երկու ծանրակշիռ անձնաւորութիւնները կը վայելէին բարձր հեղինակութիւն՝ տարբեր ոլորտներու մէջ:

Ըստ ՄԱԿ-ի Կորիզային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան եւ Ամերիկեան հետախուզական գործակալութեան, Զատա նախագահած է Իրանի կորիզային զէնքերու ծրագրին, որ փակուեցաւ 2003-ին:

Իրանի կորիզային ծրագրի դադրեցումէն ետք, Զատան մէկն էր այն ութ գիտնականներէն, որոնց նկատմամբ 2007-ին դրամատնային հաշիւներու սառեցում, նաեւ ճամբորդելու սահմանափակումներ կիրառուեցան ՄԱԿ-ի կողմէ, մասնաւորապէս՝ Իրանի պալիսթիք հրթիռներու հետազօտութիւններուն կապակցութեամբ:

Ըստ «Սքայ Նիւզ Արապիա» կայքին, Զատան ունեցած է երեք անձնագիր եւ յաճախ ճամբորդած է՝ տիրանալու համար կորիզային ուժանիւթի արդի նորութիւններուն:

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան 2020-ի զեկոյցին համաձայն, Իրանի կորիզային ծրագրի դադրեցումէն ետք իսկ Զատայի ղեկավարութեամբ շարունակուած է Իրանի ռազմական ծրագիրներ՝ «Ամատ» անուան տակ:

Կորիզային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան 2011-ի զեկոյցը Զատան համարած է «Ամատ»ի տնօրէնը, որ կորիզային ծրագրին տուած է ռազմական կարեւորութիւն։

Իրանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կայքէջը յայտարարած է, որ ուրբաթ՝ 27 նոյմբերին, մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ, ահաբեկիչները թիրախ դարձուցած են գիտնական Ֆախրիզատէի ինքնաշարժը. ան ծանր վիճակի մէջ փոխադրուած է հիւանդանոց, ուր կնքած է իր մահկանացուն:

ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ՀԱՐՈՒԱԾԻՆ ՎՏԱՆԳՆԵՐԸ ԵՒ... ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ

Առկայ վիճակին մէջ հայկական պատուհանէն նայելով կրնանք ըսել մէկ բան, որ Իրանի դէմ ուղղուած որեւէ գրոհ վնասաբեր է ոչ միայն Իրանին, այլ ամբողջ տարածքաշրջանին համար։

Պէտք է ամէն ինչ ընել հայկական այս կեցուածքը փարատելու համար։ Ճիշդ է, որ Արցախի պատերազմի ընթացքին Թեհրան շատ աւելի տարբեր, չըսելու համար հայանպաստ կեցուածք կրնար ունենալ, սակայն ինչ խօսք, երբ «թաւշեայ իշխանութիւններ»ը անճարակութիւնը ունեցան Իսրայէլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն հիմնելու եւ ատով զուարճանալու, մոռնալով ու մէկդի դնելով այն փաստը, որ Հայաստանի հանադէպ միշտ դրական մօտեցում ունեցող հարեւան Իրանը ունի պետական լրջագոյն աւանդոյթներ, որոնց շնորհիւ ալ դարձած է շրջանի ամենակարեւոր խաղացողներէն մին։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 5, 2020