ԳԵՐՄԱՆԵՐԷՆՈՎ «ԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՑԱՒ»Ը

Ըստ առասպելի մը՝ քաջ մարդոցմէ մին ամենակարող Աստուծոյ կը հարցնէ. «Մինչեւ ե՞րբ պէտք է տառապիմ»։ Աստուած կը պատասխանէ. «Որքան որ պէտք է ցաւ զգաս»:

Մարդկութեան գոյութեան ամենակարեւոր տարրը ազատութեան զգացումն է։ Ազատութիւնը բաց երկինքի տակ սեփական գոյութենէն երջանկութիւն զգալն է։ Այս պահուն ցաւը կը սկսի «մարիլ» եւ կը ծնի աննկարագրելի ուրախութիւն մը, որ անհատներու եւ հասարակութիւններու ազատութեան բերկրանքն է, սեփական ճակատագիրը կարենալ վերահսկելու երանութիւնը։ Ազատութիւնը փայլուն ուղի մըն է, որ բաց կը պահէ յիշողութեան եւ ժամանակներու միջեւ անցումները, ինչպէս նաեւ զայն սահմանող երեւոյթները։ Ցաւը՝ որպէս ճակատագիր, մահն ու պատերազմը չէ. եթէ ​​վերանայ ազատ կամքը, ժողովրդավարական գիտակցութիւնը, միջհամայնքային հաղորդակցութիւնը եւ մարդոց ազատ միասնականութիւնը՝ ապա հաւանական է, որ, «աշխարհային ցաւ»ը յաւերժանայ։

Գերմաներէնը ունի այնպիսի բառեր, որոնք երկար նախադասութիւններով կը նկարագրուին ուրիշ լեզուներու մէջ։ Իմ կարծիքով «weltschmerz»ը գերմաներէնի ամենաիմաստուն բառերէն մէկն է, որ կը նշանակէ «աշխարհային ցաւ», նաեւ կ՚ամփոփէ այն բոլոր տառապանքները, որոնք կը զգանք մեր կեանքի ողջ տեւողութեան։

Իրադարձութիւն մը երկար բացատրելու փոխարէն մէկ բառով համառօտել երբեմն մեզ կրնայ մղել աւելի լաւ հասկնալու՝ ապրուածը: «Weltschmerz» նոյնպէս այնպիսի բառ մըն է, որ կ՚օգնէ մեզի նկարագրել աշխարհի վրայ գոյութիւն ունենալու ցաւը։

Ես միշտ ազդուած եմ կեանքի իմ պատուհանէն դուրս մնացած վերոնշեալ այս բառէն։ Այդ իսկ պատճառով անհրաժեշտ նկատեցի նման յօդուած մը գրի առնել եւ ուզեցի նայիլ տառապանքի մեծ պատկերին, որովհետեւ կը կարծեմ, թէ մենք անձամբ պատասխանատու ենք մեր ապրածներուն՝ մեր տառապանքներուն, վիշտերուն, նաեւ ուրախութիւններուն համար։ Այստեղ խնդրոյ առարկան «աշխարհային ցաւ»ն է։ Այդ ցաւը նաեւ կը պարունակէ գոյութենական խնդիր մը՝ ապրելու ցաւը։ Հետեւաբար, այստեղ նպատակը ո՛չ թէ փիլիսոփայութեան եւ գրականութեան մէջ «աշխարհային ցաւ»ի իմաստն է, այլեւ՝ անոր ծագման դրդապատճառներն ու հիմնական շեշտը։

Թէեւ գերմանացի գրող Ժան Փոլ, որ յօրինած է այս բառը, փորձած է նկարագրել մեր փափաքած աշխարհի եւ իրականութեան անհամապատասխանութենէն բխող ցաւը։ Բայց եւ այնպէս, այս զգացողութեան ծագումը կապուած չէ միայն աշխարհային դաժանութիւններուն հետ, որովհետեւ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունենալը միայն մեր փափաքներու եւ իրականութեան միջեւ «անհամաձայնութիւն» չի նշանակեր։ Ապագայի անորոշութեան մէջ ապրիլն է մեզի ցաւ պատճառողը։ Մարդը, որ կը ճանչնայ իր ինքնութիւնը, կրնայ աւելի պատրաստակամօրէն ապրիլ, սակայն ան միշտ կը տենչայ խաղաղութեան եւ երջանկութեան։

Մարդիկ ցաւ կը զգան այնքան ժամանակ, որքան «կը վայելեն» կեանքը։ Կեանքն ու մահը ակամայ կը ստեղծեն ուրախութիւն եւ վիշտ: Սակայն անոնք անբնական, արհեստական ազդեցութիւն չեն թողեր մեր էութեան վրայ։ Բնականաբար, «weltschmerz» իր տեղը կը զբաղեցնէ մեր մարմնին մէջ՝ որպէս ամենամարդկային զգացումներէն մին:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2022