ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ-ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ (Գ.)

Անկախ միջազգային քաղաքական համակարգի բնոյթէն կամ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վարած միջազգային քաղաքականութենէն, իսկապէս եւ յայտնապէս ժողովրդավարութիւնը ամէն բնագաւառներու մէջ եւ բոլոր կողմերու (անհատ կամ պետութիւն, ժողովուրդ-ազգ կամ հաւաքականութիւններ) տեսակէտէ ուրանալի եւ անյարգալից արժէք չի կրնար համարուիլ:

Ժողովրդավարութիւնը շատ հին քաղաքական համակարգ եղած է՝ յոյներուն կողմէ ստեղծուած։ Անկախ արդի քաղաքական յարմարեցումներուն եւ նոյն ժողովրդավարութեան ներդաշնակութեան տնտեսական ազատ շուկայական, դրամատիրական եւ բաց հասարակարգերու հետ, համաձայնեցուած կէտ մը կրնանք վեր առնել ժողովրդավարութեան շուրջ. ժողովրդավարութիւնը զարգացած ընկերութիւններուն յարիր է: Ժողովրդավարութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, թէ՛ ընկերութիւններու զարգացման արդիւնքն է եւ թէ ժողովուրդները զարգացման տանողն է: Անկարելի է պատկերացնել ուրիշ փորձուած համակարգ մը ներկայ պետութիւններուն պատմութեան մէջ։ Այդ համակարգը ապահոված է անխափան եւ ամբողջական զարգացում, բարգաւաճում, լուսաւորութիւն եւ համեմատական անվտանգութիւն՝ բացի ժողովրդավարութենէ:

Հարկ է նշել, որ պատմական ու պատմագիտական բազում մօտեցումներ կ՚ըսեն, թէ պատմութեան ընթացքին չկայ «ժողովուրդ» հասկացութեան անկախ ու յստակ դրսեւորում: Եւ ըստ այդ մօտեցումներուն՝ «ժողովուրդն ու ժողովուրդները» կազմաւորուող, անվերջ փոխուող ու յարաշարժ հասկացողութիւններ են, որոնց շարժով կրնայ յառաջանալ ազգեր, պետութիւններ, կայսրութիւններ, թագաւորութիւններ եւ այլն:

 Ժողովուրդ-պետութիւն, պետութիւն-ժողովուրդ, ղեկավարութիւն-ժողովուրդ, ժողովուրդ-ղեկավարութիւն կապերը շատ հետաքրքրական կրնան սեպուիլ եւ տեւաբար սերտելի են: Ո՞ր կողմը գերակայ եղած է պատմութեան ընթացքին՝ դժուար է ըսել, բայց յստակօրէն կրնանք ըսել, թէ որոշ ժամանակաշրջաններու ընթացքին չեն եղած ժողովուրդներ, այլ եղած են ժողովրդական ալիքներ, որոնք երկար շաղուածութիւններէ ետք կազմած են հաւաքական կերպարներ, ազգեր եւ նոյնիսկ քաղաքական ու տնտեսական կառոյցներ: Եթէ ներկայ կտրուածքով նայինք, արդէն կը տեսնենք, որ գոյութիւն ունին աւելի քան 2500 ազգ ու ժողովուրդ աշխարհի վրայ: Բայց հոս շատ կարեւոր է միշտ նկարագրային, կերպարային ու անուանական գոյականութիւններ գտնելը, որպէսզի պարզուի որեւէ ժողովուրդի-ազգի կտրած ճամբուն վրայ հաւաքականութիւն մը ո՛վ, ինչպէ՛ս, ե՛րբ եւ ինչո՛ւ յայտնաբերած է եւ ո՛վ միւսին կամ միւսերուն տուած է կիրառելի եւ ընդհանուր միջազգային-տեղական համակոչումներ, անուններ եւ տեղ մըն ալ կոչումներ:

 Պատմական կտրուածքով կարեւոր հարց մը կը ծագի. արդեօք տէրութիւններ, զօրավարներ, կաճառներ եւ անոնցմէ յառաջացած ուսումնասիրողներ կամ անոնց մշակած քաղաքականութիւննե՞րն են, որոնք բնորոշած ու կարած են ժողովրդային տարազներ, ստեղծած են անուններ ու բանաձեւած՝ նկարագրական: Բնականաբար, պատասխանը՝ այո է, քանի որքան ալ ժողովուրդները ինքնեկ ու ինքնաբուխ կազմաւորուած ու զատորոշուած ըլլան՝ հասնելով ազգերու ու պետութեանց մակարդակներուն, անոնցմէ յատկապէս փոքր եղողները տեւաբար պէտք ունեցած են նուազագոյն կարգով պատմագիրի մը՝ առանց զանց առնելու վերոնշեալ կողմերը:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Փետրուար 6, 2024