40 ՕՐ ՄԱՀՈՒԱՆ ԵՒ ԱՒԵՐԻ. ՈՒՔՐԱՅՆԱ ԱՐԻՒՆՈՎ ԿԸ ՎՃԱՐԷ ՍԵՒ ՓՈՐՁԱԴԱՇՏ ԸԼԼԱԼՈՒ ԳԻՆԸ

Անցնող քառասուն օրերուն աշխարհը իր «աքցան»ին մէջ առած Ուքրայնայի պատերազմը կը շարունակուի։ Կը շարունակուի, գուցէ տարբեր առաջնահերթութիւններով, բայց եւ այնպէս, ռազմական գործողութիւններու մեծ թափը իր տեղը տուած է տարբեր մակարդակի պայքարներու։ Իբր այդ, բաւականին ուշագրաւ է, որ Ուքրայնայի տարբեր քաղաքներու, բայց մասնաւորապէս՝ երկրի արեւելեան հատուածին մէջ լսուող թնդանօթներու հռնդիւնէն հազարաւոր քիլօմեթրեր հեռու եւրոպական զանազան մայրաքաղաքներու մէջ ռուս դիւանագէտները կ՚ենթարկուին քաղաքական «գրոհներ»ու, մինչեւ իսկ կը վտարուին այդ երկիրներէն. ինչպէս կատարուեցաւ Սպանիոյ եւ Փորթուգալի պարագային։

Այս բոլորէն անդին աւելի քան յստակ է, որ ռուսական զօրքերու ուղղութիւնը եւ զինուորական թիրախը առաջուան համեմատած վերափոխուած է։ Մեծ թիւով ռազմական փորձագէտներ յանգած են այն համոզման, որ ուքրանական զօրքերու ռուսաց բանակին դէմ ցուցաբերած ուժեղ դիմադրութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Մոսկուա հրաժարի Քիեւ ներխուժելու իր նախնական ծրագիրներէն։

Անշուշտ, տակաւին յստակ չէ, որ այսօր ռուսական զօրահրամանատարութեան գերագոյն նպատակները ի՞նչ են, սակայն յայտնի է, որ ռուսական ուժերուն ուշադրութիւնը ուղղուած է դէպի Տոնպասի մարզ, ուր ռազմեր տեղի կ՚ունենան Ուքրայնայէն իրենց անկախութիւնը հռչակած մարզ-հանրապետութիւններուն՝ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի մէջ։ Մինչ այդ, երկու կողմերուն համար կորուստները ամեհի են եւ նոյնիսկ ցաւատանջ, բայց եթէ հաշուի առնենք Ռուսաստանի ունեցած թէ՛ մարդկային, թէ՛ ռազմական եւ թէ տնտեսական տեսակէտէ գերակայութիւնը, ապա արդէն յստակօրէն պիտի ընդգծուի, որ այլեւս Ուքրայնան Ռուսաստանին համար առաջուան խորհրդաւորութիւնը կամ վտանգաւորութիւնը չունի։ Փաստ է նաեւ, որ Ուքրայնայի ռազմական ուժը կամ կանոնական բանակը կրած է մեծ վնասներ եւ կարճ ժամկէտներու վրայ այդ բանակը վերակազմակերպելու խնդիրը շատ բարդ, գրեթէ անիրականանալի է։

Ամէն պարագայի, այս բոլորի կողքին, բանակցութիւններու ընդհանուր մթնոլորտն ալ արդէն կը յուշէ, որ ռազմական գետնի վրայ կարծես Մոսկուա բաւարարուած է այսքանով եւ ծունկի բերելու չափ ընկճելէ ետք հակառակորդ-թշնամի՝ Զելենքսիի իշխանութիւնը, հիմա արդէն իսկ պատրաստ է նստելու բանակցութեանց սեղանին։ Ի հարկէ, պէտք չէ մտահան ընել այն պարագան, որ նոյնիսկ պատերազմի ամենաթէժ օրերուն Ռուսաստան երբեք չհրաժարեցաւ բանակցութիւններու սեղանէն, ի հեճուկս ամէն տեսակի գրոհներու։ Գուցէ այդ էր նաեւ գաղտնիքը, որ Ռուսաստան ցոյց կու տար երկար դարերու արմատներով դիւանագիտութեան ճարտարութիւնը։

ՆՈՐ «ԴՐՕՇԱԿ» ՄԸ՝ ՊՈՒՉԱ

Վերջին օրերուն այս պատերազմին մէջ նոր մակարդակ մը յայտնուեցաւ, երբ ուքրանական կողմը՝ գլխաւորութեամբ երկրի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի յայտարարեց, թէ ռուսական ուժեր սպանդ գործած են Պուչա քաղաքին մէջ եւ զայն պէտք է համարուի «ցեղասպանութիւն»։ Զելենսքի, որ այս նիւթը բարձրացնելէ ետք շտապեց հասնիլ Պուչա, աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրեց այդ կէտին վրայ եւ պահանջեց, որ զինք հովանաւորողները՝ գլխաւորաբար Միացեալ Նահանգները, այս խնդրով հետաքրքրուելէ անդին երթալով՝ համաձայնին իր հետ եւ դատապարտեն դէպքերը։ Զելենսքի սակայն յուսախաբ եղաւ, երբ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն նկատել տուաւ, որ դէպքերը կարելի է «պատերազմական ոճիր» համարել, սակայն երբեք ցեղասպանութիւն։

Դէպքերու մասին Արեւմուտքի մօտեցումները լաւապէս քննարկելէ ետք՝ տեղ մը կարելի է համոզուիլ, որ ընթացող «խաղ»ը, որ տեղի կ՚ունենայ մարդկային շատ մեծ եւ սարսափելի կորուստներով, արիւնով, աւերով ու աղէտահար վիճակներ ստեղծելով, կը կատարուի «զիրար հասկնալու» եւ «խաղ»ը ճիշդ հասկնալու յարաբերակցութեամբ։ Կան որոշակի կշիռներ, ինչպէս բոլոր կողմերուն համար արգիլուած է կորիզային խաղի մը սկսիլ, նոյնպէս ալ կան կարմիր գիծեր, որոնք որոշակիօրէն կը բանան այս խաղը եւ աշխարհին ի ցոյց կը դնեն, որ ամերիկացիք շատ լաւ գիտեն, թէ մինչեւ ո՛ւր կրնան «մխրճուիլ» այս պատերազմին մէջ։

Գուցէ շատ շատեր ճիշդ չէին հաշուառած, թէ Ռուսաստանի մօտ Ուքրայնայի խնդիրը ինչքան վճռական փուլի մը մէջ է, ինչպէս որ ինք՝ Ռուսաստան չէր պատրաստուած, որ ներքին փոթորիկներու բովէն անցած Քիեւը ունի այդքան մեծ ներուժ՝ ապահովելու համար մայրաքաղաքի անվտանգութիւնը։ Ուքրանացիք կռուեցան կատաղիօրէն, որուն համար ալ անոնք որոշակի միաւորներ ունեցան ու դարձան Արեւմուտքի համար կարեւոր կենսափորձ մը, հասկնալու համար ռուսական կողմի ուժեղ եւ թոյլ կողմերը։

Այս մէկը փաստ է, սակայն գերագոյն հարցումը կը մնայ հետեւեալը. արդեօք արժանի՞ էր Ուքրայնան այսքան արեան, պահու մը համար դառնալով Արեւմուտքի գործիք եւ արիւնոտ «խաղալիք», կերպով մըն ալ Ռուսաստանի համբերութիւնը փորձարկելով։ Միւս կողմէ, կրկին անգամ քննութենէ անցընելու, որ առանց Ռուսաստանի ներուժին՝ անհնար է, որ Եւրոպան իր գործերը առաջ տանի։

Դասերը անշուշտ մեծ գին ունին, իսկ այս պարագային առաջին զոհը եւ առաջին մահը մարդկային արժէքաւոր կեանքի «անարժէք» դառնալու մեծ ահն է։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2022