ՍԷՐԸ… ԲԱ՞Ռ ՄԸ
«Աստուած երկինքէն իջեցուց Ղուրանը մարդոց համար, ինչո՞ւ զայն երկրագունդի Օրինագիրքը չընել»:
Այաթուլլահ Խումէյնի
Ամէն կրօնք ինք իր մէջ ամբողջութիւն մըն է. նոյն բանը կրնայ ըսել պրահմանականը, պուտտայականը, զրադաշտական մը եւ ինչո՞ւ չէ մովսիսականն ու քրիստոնեան:
Քրիստոնէութիւնը կանխած է մահմետականութիւնը վեց դարեր, եւ որքան պրպտենք ու խորանանք, այդքան կ՚ընդարձակուինք ու կը խորանանք ե՛ւ մտածողութեան մակարդակով, ե՛ւ ընդհանուր կեանքի ապրելակերպով:
Քիչ թէ շատ Նոր Կտակարանի ծանօթ անձինք, վստահաբար Պօղոս Առաքեալի Բ. Կորնթացւոց 13-րդ գլուխէն ի հարկէ տեղեակ են, որ սիրոյ գլուխն է. ի՞նչ չէ ըսած.- ամբողջական ու կատարեալ. բայց եկուր տես, որ աշխարհի մէջ ա՛յնքան գործածուած ՍԷՐ բառը, որքան չարչարուած է եւ խաչուած, ու կը մնայ հոն, խաչուած եւ արիւնլուայ:
Որքա՜ն դիւրին է շրթերու համար ՍԷՐ բառը, քիչ մը աւելի դժուար՝ սիրտին համար. իսկ անկարելիութիւն՝ իրագործման մէջ՝ եթէ առնենք իր ամբողջական գործածութեան շրջանակին մէջ, որ մեզ պիտի տանի ա՛յլ համարի մը:- «Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ. այլ՝ զօրութեան, սիրոյ եւ զգաստութեան», այս երեքին համերաշխ ներդաշնութեամբ է, որ կ՚իրագործուի իրական սէրը, եւ սակայն տիրականն է, անձնասիրութիւնը, որ պէտք է սանձուի զգաստութեամբ, որու համար ներքին, կամքի զօրութեան կը կարօտի…։
Այլ տեղ, որ կը գտնուի Ղուկասու Գ. գլուխ 10-11.- «Եւ ժողովուրդները կը հարցնէին իրեն ու կ՚ըսէին: Ուրեմն ի՞նչ ընենք: (11) Պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց, ով երկու հանդերձ ունի, թող մէկը չունեցողին տայ, եւ ով որ կերակուր ունի, նոյնպէս ընէ: (14) Զինուորներն ալ կը հարցնէին անոր ու կ՚ըսէին, եւ մենք ի՞նչ ընենք: Ըսաւ անոնց, մէ՛կը մի՛ հարստահարէք եւ մարդու վրայ զրպարտութիւն մի՛ ընէք, ու ձեր թոշակովը բաւականացէք:
Ի՜նչ լաւ պատուէրներ… երկհազարամեայ, որ տակաւին կը սպասուի իրագործումի… յանուն համերաշխ ապրելակերպի հայրենի հողի վրայ:
Կա՞յ հայ մը, որ հայրենասէր չըլլայ…։ Բայց գանք իրողականին, ուր հայրենասիրութեան ճամբաները անթիւ են, որոնք իրական եւ ամբողջական հայրենասիրութեան ամբողջութիւնը չեն լրացներ:
Կան կուսակցութիւններ, որոնց անդամներուն համար՝ իրենց կուսակցութեան ակօսէն կ՚անցնի հայրենասիրութիւնը:
Կան միութիւններ, որոնք տարբեր չեն… վերջապէս հայ-մարդ ենք եւ զիրար կը պայմանաւորենք:
Կայ կղերական դասը, որու հայրենասիրութիւնը պէտք է անցնի Քրիստոսի խաչին արիւնով ու Ղեւոնդեան ոգիով, բայց փաստօրէն այդպէս չէ:
Վերջապէս պետական աւագանին, որ բարձրերը ընկողմանած անհաղորդ է զինք ընտրող ժողովուրդին մակարդա- կով, որու մէկ անուն պէտք է տալ.- տառապանքով, մինչ ինք շուայտութեամբ կը յղփանայ, օրէ օր տնտեսապէս պարարտանալով ժողովուրդին հաշւոյն, որու համբերութիւնը, ինչպէս ամէն պարագաներու, պայթելու առիթ կը ստեղծէ եւ կամ նման առիթ մը սատարելու. յուսալով, դարձեալ յուսալով, որ մի գուցէ աւելի լաւը պատահի…։
Զգաստութեան հրաւէր է ամէն բողոք ու շարժում:
Սէրը բառ մը չէ միայն. առանձին չի կրնար ապրիլ, պէտք է լիցքաւորուի բանականութեամբ, զգաստութեան իբր հրաւէր, զօրութեամբ եւ ապա՝ իրագոր- ծելով: Բան մը, որ հազարամեանկներէ կը կրկնուի ու… տակաւին կը սպասուի:
Յոյս: Յոյսը, որ կ՚ապրեցնէ... թէ պիտի օր մը իրականանան երազները անհասանելի:
Երկիր մը ինք իր մէջ ամբողջութիւն մը ըլլալով, ժողովուրդ-պետութիւն ներդաշնակութեամբ պիտի զօրանայ: Որպէսզի չկրկնենք Լաօ Ցէի հետեւեալ խօսքը.- «Ժողովուրդը սոված է, քանի որ տուրքերը կը հնձեն ցորենի արտերը»: (75)
Յ.Գ. Ինծի այնպէս կը թուի, թէ մեր՝ սփիւռքահայերուս հայրենասիրութիւնը կը նմանի սիրահարուածներու կամ նշանուածներու յարաբերութեան… մինչդեռ անոնք՝ որոնք պապենական հողը իրենց ոտքերուն տակ ունին, պետութիւնը իրենց վերեւ, մանաւանդ երբ այս վերջինը անտարբեր կը մնայ իր պատասխանատուութեան հանդէպ, դժբախտաբար պատահարի առիթ կու տայ՝ վտանգելով Հայրենիքի ու ինչպէս նաեւ Սփիւռքի համակրանքը…։ Չմոռնանք Արցախը… եւ դեռ կ՚երգենք «պիտ հասնինք Սասուն»…։
Ի՞նչպէս:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք»
Հարթակ
- 12/02/2024