ՄՈՍԿՈՒԱ «ԱՆՀԱՆԳԻՍՏ» ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ԿԱԼԱՆԱՒՈՐՄԱՄԲ. ՔՐԵՄԼԻՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ՞ «ՀԱԿԱԶԴԵԼ»
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորումէն ետք շատերու ուշադրութիւնը կը սեւեռուէր դէպի Ռուսաստան։ Այն առումով, որ Հայաստանի հիւսիսի դաշնակիցը ի՛նչ կեցուածք պիտի որդեգրէ այդ «անակնկալ» որոշումին առընթեր։ Գաղտնիք ալ չէ, որ Քոչարեան ցայսօր ալ կը համարուի Ռուսաստանի համար «սիրելի» գործիչ մը ու յատկապէս տնտեսական կարեւոր ու մեծ փոխկապակցուածութիւններ ունի Քրեմլինի «նեղ օղակ» համարուող տնտեսական ոլորտի յառաջատար պատասխանատուներուն հետ։ Երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը ստանձնէր երկրին ղեկը, առաջին իսկ առիթով կ՚ուղեւորուէր դէպի Ռուսաստան, ուր կ՚արժանանար ուշագրաւ ընդունելութեան եւ յարգանքի։ Յստակ չէ, որ Փաշինեան Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ի՛նչ նիւթերու մասին խօսած էր, սակայն ռուսական կողմը վստահաբար ակնարկներ ըրած էր Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ կայունութեան պահպանման մասին։ Բաց աստի, պէտք չէ մոռնալ, որ Փաշինեան բազմահազար ցուցարարներու առջեւ խօսք առնելով՝ վստահեցուցած էր, որ Հայաստանի մէջ «վենտեթա» պիտի չըլլայ. այսինքն՝ վրէժ պիտի չըլլայ։
Սա կը նշանակէր անշուշտ, որ երիտասարդ վարչապետը անհրաժեշտութիւն մը չի տեսներ բանալու «հին տետրակ»ները, ուր եղած ու պահուած «կեղտոտ լուացք»ը հանրայնացնելու։ Թէ ի՞նչ պատահեցաւ, որ Հայաստանի իրաւական մարմինները եւ յատկապէս Յատուկ քննչութեան ծառայութիւնը սկսան այդ տետրակները բանալ։ Ցարդ յստակ չէ, սակայն բացայայտ է, որ այս բոլորը կը կատարուին վարչապետ Փաշինեանի բարձր ղեկավարութեամբ։ Խօսելով այս քայլերուն Հայաստանի համար դրական կամ ժխտական ըլլալու հանգամանքներուն մասին, պէտք է հաշուի առնել, որ նման «ծայրայեղ» քայլեր միայն «տեղական» բնոյթ ունեցող քայլեր չեն համարուիր, այնքան ատեն, որ տեղի ունեցած զարգացումները կը փոխկապակցուին Հարաւային Կովկասի մէջ հիմնական դեր ունեցող ռուսական կողմին մէջ։
Ճիշդ է, որ Փաշինեան տասնեակ անգամներ յայտարարած է, թէ ինք «ռուսական գիծ»ին դէմ գործիչ մը չէ, սակայն Ռուսաստանի համար Հայաստանի մէջ կատարուող դէպքերը եւ Ռոպերթ Քոչարեանի բանտ «նետուիլ»ը բնականաբար պիտի ընկալուին՝ որպէս «հակառուսական քաղաքականութեան» մը բացորոշ քայլեր։
Այս մօտեցումին ապացոյցը անշուշտ ռուսաստանեան մամուլի վերջին հրապարակումներն են, որոնք հակառակ յաճախ իրենց «չափազանցուած» ընկալումներուն՝ կը մատնեն, որ Երեւանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները այդքան ալ «իրենց սրտովը եղած» դէպքեր չեն։
«ՔՈՄԵՐՍԱՆԹ»Ի ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄԸ «ՓԱԿԱԳԻԾՆԵՐ ԿԸ ԲԱՆԱՅ»
«Հայաստան կ՚անջատուի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ), Ռուսաստան դժգոհ է Հայաստանի նոր իշխանութիւններու գործողութիւններէն» վերնագրով Հայաստանի մասին ուշագրաւ յօդուած մը հրապարակած է մոսկովեան «Քոմերսանթ» պարբերականը: Վկայակոչելով Ռուսաստանի պետական կառոյցներուն մօտ իր անանուն աղբիւրները՝ «Քոմերսանթ» հրապարակած ծաւալուն յօդուածին մէջ գրած է, թէ վերջին ձերբակալութիւնները Հայաստանի մէջ տարաձայնութիւններ յառաջացուցած են հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ։ Այդ տարաձայնութիւնները, ըստ թերթի մեկնաբաններուն, կրնան աւելի խորանալ: «Քոմերսանթ»ի հեղինակներու փոխանցմամբ՝ Ռուսաստանը յատկապէս վրդովեցուցած է ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովին առաջադրուած մեղադրանքը: Դէպքը Մոսկուայի կարծիքով, լուրջ հարուած է ՀԱՊԿ-ի հեղինակութեան: Թերթը գրած է, որ Մոսկուան զայրացուցած է նաեւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորումը: «Քոմերսանթ» շեշտած է նաեւ, որ 2008 թուականի մարտի 1-ի իրադարձութիւններու գործով անցեալին ձերբակալուած էր Հայաստանի ներկայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ «այսօր կը պահանջէ պատասխանատուութեան կանչել բոլոր անոնք, որոնք 2008-ին պատնէշի միւս կողմն էին»: Ըստ թերթին, Մոսկուան յատկապէս զայրացուցած է Խաչատուրովին մեղադրանքի առաջադրումը, քանի որ Երեւան չէ զգուշացուցած Մոսկուան, որ կը պատրաստուի մեղադրանք ներկայացնել Ռուսաստանի համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող ՀԱՊԿ-ի գործող գլխաւոր քարտուղարին դէմ։ Աւելի՛ն, թերթը մէջբերած է ՀԱՊԿ-ին մօտ կանգնած անանուն աղբիւրներու խօսքերը այն մասին, թէ Խաչատուրովի գործի ետին տարածքաշրջանէն դուրս երրորդ խաղացողներն կան՝ ակնյայտօրէն ակնարկելով Արեւմուտքին:
Ռուսաստանի նախագահի վարչակազմի իր անանուն աղբիւրին ալ յղում ընելով՝ «Քոմերսանթ» գրած է․ «Հայաստանեան ներքաղաքական զարգացումները հսկայական վնաս կը հասցնեն կազմակերպութեան, եւ տարօրինակ է, որ Երեւանի մէջ այդ մէկը չեն հասկնար»: Ըստ թերթին, եթէ նոյեմբերին ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարները չհաստատեն Հայաստանի նոր ներկայացուցիչը, գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը պիտի անցնի Սպիտակ Ռուսիոյ։
Պարբերականը գրած է նաեւ, թէ Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ յառաջացած տարաձայնութիւններու պատճառով հարցականի տակ է 100 միլիոն տոլարի վարկով նախատեսուած՝ «Իսքանտար»ներու եւ «Սու-30» կործանիչներու մատակարարումը: «Այս վարկի եւ անոր շրջանակէն ներս նոր սպառազինութեան մասին Մոսկուայի հետ պայմանաւորուած էին Հայաստանի նախկին իշխանութիւնները, եւ հիմա այդ պայմանաւորուածութիւնը հարցականի տակ է», կը գրէ թերթը:
Ի դէպ, թերթի յօդուածը արտատպած են ռուսական շարք մը այլ լրատուամիջոցներ: Այստեղ հարկ է նշել, որ «Քոմերսանթ»ի կողմէ կատարուած այս հրապարակումը լոյսին կը տրուէր Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններէն անմիջապէս ետք, երբ նախարարը իր անհանգստութիւնը կը յայտնէր Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն կապակցութեամբ ու կը նշէր, որ Ռուսաստանի համար շատ կարեւոր է Հայաստան կայուն իրավիճակ մը ունենալը։
Շրջուելով դէպի Հայաստան, ապա պէտք է ըսել, որ հայաստանեան փորձագէտներէն շատեր հրապարակումը որակեցին միջամտութիւն՝ Հայաստանի ներքին գործերուն։ Ռուսաստանի տնտեսութեան նախկին նախարար, քաղաքական գործիչ Անտրէյ Նեչաեւի կարծիքով՝ Հայաստան վերջին երկու ամիսներուն անկախ քաղաքականութիւն կը վարէ, որու մասին կը վկայեն նախկին նախագահի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու դէմ յարուցուած քրէական գործերը։ «Եւ այդ անկախ քաղաքականութիւնը չի կրնար Ռուսաստանին հաճելի թուիլ», կ՚ըսէր ան:
Բաց աստի, Նեչաեւ կարծիք յայտնած է, թէ տեղին չէ Լաւրովի յայտարարութիւնը միջամտութիւն համարել՝ Հայաստանի ներքին գործերուն: «Սա դեռ ընդամէնը մտահոգութեան մասին յայտարարութիւն է, որ հնչեցուցած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը», ըսած է Նեչաեւ։ Անոր կարծիքով՝ Մոսկուա յառաջիկայ ամիսներուն կտրուկ քայլերու չի դիմեր եւ կը փորձէ իր մտահոգութիւնը տարբեր միջոցներով հասցնել Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն, նաեւ կը փորձէ պաշտպանել այն մարդիկը, որոնց նկատմամբ Հայաստանի մէջ քրէական գործեր յարուցուած են կամ պիտի յարուցուին։ «Քանի որ անոնք Ռուսաստանի իշխանութիւններուն հաւատարիմ դաշնակիցներն են», շեշտած է ան:
«Ի հարկէ, զուտ տեսականօրէն Մոսկուան կրնայ նաեւ հրահրել Պաքուն՝ յարձակողական գործողութիւններու սկսիլ Ղարաբաղի մէջ», ըսած է Նեչաեւ:
Ուշագրաւ է, որ «Քոմերսանթ»ի կողմէ կատարուած հրապարակումէն օր մը ետք, Հայաստան գտնուող Ռուսաստանի Պաշտպանութեան փոխ-նախարար Ալեքսանտր Ֆոմին կարեւոր յայտարարութեամբ հանդէս կու գար։ Ան Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ կը յայտարարէր, թէ ոչ հաւաստի է ռուսական լրատուամիջոցներու մէջ տարածուած տեղեկութիւնները այն մասին, թէ Ռուսաստան կրնայ դադրեցնել 100 միլիոն տոլարի վարկային համաձայնագրով Հայաստանին զէնք մատակարարելու գործընթացը:
Ան կ՚անդրդառնար նաեւ Խաչատուրովի դէմ յարուցուած գործին ու կ՚ըսէր, թէ Հայաստան արդարադատութիւն կ՚իրականացնէ։ Բան մը, որ զարմանք կը պատճառէր Հայաստանի այն կողմերուն համար, որոնք ռուսական կեցուածքին մէջ Քոչարեանն ու անոր «թիմակիցներ»ը պաշտպանելու միտումներ կ՚ուզէին տեսնել։
Ի՞ՆՉ ԿԸ ՄՏԱԾԵՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Վերջին օրերու դէպքերուն ու յատկապէս ռուսաստեան մէկէ աւելի աղբիւրներու կողմէ կատարուած մեկնաբանութիւններէն ի վեր, պաշտօնական Երեւան «կարեւոր» կամ ուշագրաւ յայտարարութիւններ չկատարեց։
Այսօր Երեւանի մէջ սպասողական իրավիճակ կը տիրէ ու յստակ է նաեւ, որ թէ՛ իշխանութիւնները եւ թէ ժողովուրդը շատ ալ դժգոհ չեն եղած զարգացումներէն։
Զգացական պատկերի վրայ «մեծ արժէք» ներկայացնող Ռոպերթ Քոչարեանի եւ անոր «շրջապատ»ի դէմ հնչած մեղադրանքները, Խաչատուրովի պարագան, նաեւ Հայաստանի նախկին առաջին փոխ-վարչապետ Արմէն Գէորգեանի «երկրէն չհեռնալաու վերաբերեալ» ստորագրութիւն տալու մասին վճիռը, անշուշտ, զուտ քաղաքական գործընթացներու զարգացումներ են։ Ու յստակ է նաեւ, որ Փաշինեան «ժամանակ ուզած է» Հայաստանի ժողովուրդէն, որպէսզի այս բոլորին մասին արտայատուի եւ իրերուն իրական գնահատական տայ յառաջիկայ 17 օգոստոսին։
Ու բնական է նաեւ, որ բացի հասարակութեան հետ «անկեղծանալէ», Փաշինեան պարտաւոր է այս խնդրի տարբեր շերտերը քննարկել Մոսկուայի հետ։
Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները «զգացական» հեռապատկերի վրայ ամրացուած կապեր չեն, անոնք ունին քաղաքական ու մանաւանդ ռազմավարական խորք։
Ռուսական կողմը մտահոգ է ու այդ մտահոգութեան առանցքներուն մէջ կայ տեսակէտ, որուն համաձայն Արեւմուտք կը փորձէ իր «քիթը խոթել» Հայաստանի մէջ ու յատկապէս Խաչատուրովը բանտարկելով փորձել ապտակ մը նետել Մոսկուային։ Անշուշտ խնդրոյ առարկայ կառոյցը ՀԱՊԿ-ն է. հոս է նաեւ, որ պաշտօնական Երեւան պէտք է հասկնայ, թէ Խաչատուրովը «պահելու» կամ Քոչարեանը բանտի ճաղերու ետին նետելու քայլերը՝ չեն կրնար սահմանափակուիլ Հայաստանի հասարակութեան «զգացական» «տոզա»ներ տալու ընկալումներով։ Այդ քայլերուն ու անոնց յաջորդող դէպքերուն ամբողջական պատասխանատուութիւնը ուսերուն կ՚իյնայ Հայաստանի երիտասարդ իշխանաւորներուն, որոնք պարտաւոր են ամէն գնով այս բոլորին մասին «բաց խօսիլ» Քրեմլինի վարիչներուն հետ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան