Ո՞ՒՐ ԵՒ ԻՆՉՈ՞Ւ…


Օրերս «Տարաժ» հանրայայտ հարթակին վրայ իր ստորագրած յօդուածով փորձագէտ Վիգէն Չթըրեան գրած է, որ Ատրպէյճան Մերձաւոր Արեւելքի խնդիրները կը բերէ Հարաւային Կովկաս։ Յօդուածը, որ մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի տարբեր փուլերը՝ պատկերը հասցնելով մինչեւ մեր օրերը, կը վրիպի կարեւոր հարցով մը եւ ճիշդ այդ վրիպումն է, որ «վերածուած» է վերնագրի։ Չթըրեան շատ լաւ շարադրած է ամէն ինչ՝ մանաւանդ, որ արաբական լսարանին համար կարեւոր դեր եւ տեղ ունեցող «Տարաժ» կայքը մեծ լսարան ունի ու ան շատ ճիշդ ըրած է ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարեւոր փակագիծերը բանալով։ Խնդիրը Արցախի հարցը ներկայացնելու դիտանկիւնէն շատ լաւ ձեւակերպուած է, սակայն, կայ մեծ որոգայթ մը, ըստ որուն եւ ըստ դարձեալ մեր յօդուածագրին «Ատրպէյճան Միջին Արեւելքի խնդիրները կը բերէ Կովկաս»։ Չթըրեան պահ մը կորսցնելով ճիշդ վերլուծումներ կատարողի իր «առաքելութիւն»ը, ինկած է այդ ծուղակին մէջ ու այդպէսով ալ փորձած՝ շփոթ յառաջացնել արաբական եւ առհասարակ իր ընթերցողներու շրջանակին մէջ։

Ի՞նչ կապ ունի Մերձաւոր Արեւելքը Լեռնային Ղարաբաղի հետ ու արդեօք Ռուսաստան թոյլ պիտի տա՞յ, որ Մերձաւոր Արեւելքի մեծ վէրքերը Կովկաս բերուին ու իր «դրան տակ» քնանան։ Պատասխանը ոչ է։ Բաց աստի Չթըրեան կը մոռնայ ու յաճախ ալ անտեսելու կու տայ, որ Արցախի հարցը, պատերազմը եւ պատերազմի Ալիեւի ի նպաստ եղած արդիւնքը հիմնապէս վերածուեցան քաղաքական բաղադրիչի ու այդ արդիւնքներով ալ Ալիեւ դարձաւ Ատրպէյճանի «յաղթող նախագահ»ը։ Մեզի՝ հայերուս համար անմարսելի է այս «իրականութիւն»ը, ո՛չ միայն անմարսելի, բայց նաեւ անընդունելի, սակայն, այդ մօտեցումէն զուրկ պէտք է ըլլայ վերլուծող մարդը, որուն գործը ճիշդ վերլուծում եւ ճշդապահ խօսք տեղ հասցնելն է։ Ի վերջոյ ի՞նչ պիտի բերէ Ալիեւ դէպի Կովկաս, կամ ի՞նչ կրնայ բերել։ Կամ առանձինն է այս «խաղ»ին մէջ, կամ արդեօք զինք հովանաւորող գլխաւոր կողմը՝ Անգարան ունի՞ այդ մտադրութիւնը, որ հազար օճախ ու վէրքի գլուխ ունեցող Մերձաւոր Արեւլքի խնդիրները Կովկաս տարուին։ Վստահ չեմ, անշուշտ, այս բոլորէն, սակայն, շատ լաւ կ՚ընկալեմ, թէ այնքան ժամանակ, որ ռուս-թրքական գործակցութիւնը այսքան խորքային արմատներ ունի, այնքան ժամանակ ալ Հարաւային Կովկասի այսօր ստեղծուած դրութիւնը պիտի մնայ իր նոյն հունին մէջ, առանց յաւելեալ լարումներու։

Կրնա՞յ պատահիլ, որ ռազմական փոքր ընդհարումներ ըլլան։ Այո՛, կրնայ պատահիլ, սակայն, ո՛չ Մոսկուային, ո՛չ ալ Անգարային այս պահուն որեւէ ձեւաչափի պատերազմ «ընդունելի» չէ ու այդ առումով ալ աւելի տեղին ու շահեկան կ՚ըլլայ, որ անհիմն վերագրումներ ու եթէական խօսքեր տարածելու փոխարէն ճիշդ դիտարկուի այսօրուան Կովկասը, Հայաստանի վիճակը, Ատրպէյճանի մենապետին հռետորաբանութիւնը, բայց մանաւանդ՝ Թուրքիա-Ռուսաստան «կարմիր գիծեր»ու ընդհանուր ուղղութիւնը։ Այս բոլորէն անդին, իր ուշագրաւութեան բերումով այստեղ կը ներկայացնեմ Վիգէն Չթըրեանի արաբերէնէ թարգմանուած յօդուածը ամբողջութեամբ։

*

Անցեալ տարուայ 27 սեպտեմբերին, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը սանձազերծեցին յարձակում մը Արցախի ճակատի առաջնագիծին վրայ: 44 օր ետք, Իլհամ Ալիեւ շահեցաւ գրաւը զոհելով հազարաւոր երիտասարդ զինուորներ ու արձանագրեց ռազմական յաղթանակ հայկական ուժերուն դէմ: Ան ոչ միայն «վերադարձուց» այն հողերը, որոնք հայերը նուաճած էին Արցախի առաջին պատերազմին (1991-1994), այլ նաեւ գրաւեց հայերու բնակած շրջանները. ինչպէս՝ Հադրութ եւ ի մասնաւորի խորհրդանշական Շուշին (Շուշա ատրպէյճանցիներուն մօտ):

Ատրպէյճանի յաղթանակը պայմանաւորուած չէր միայն իր գերակշռող ուժերով, զինամթերքի կարողութիւններով կամ ճարտարագիտական առաւելիութիւններով՝ ներառեալ ԱԹՍ-ներն (Անօդաչու թռչող սարք) ու արդիական հրթիռները, այլ նաեւ Ատրպէյճանի համար եղած Թուրքիոյ բացայայտ ռազմական նեցուկով՝ Հայաստանին դէմ իր պատերազմին մէջ:

Հակառակ այս բոլորին, վերջին խօսքը Ռուսաստանը ըսաւ միայն ժամեր ետք Հայաստանի ռազմակայանէն դէպի Ղարաբաղ ռուսական ռազմական տեղաշարժէն, եւ երբ Ատրպէյճան ռուսական ուղղաթիռ մը վար առաւ, յայտարարուեցաւ 2020-ի 9 նոյեմբերի համաձայնագիրին մասին:

Հիմա որ արդէն մէկ տարի անցած է պատերազմը սկսելուն եւ 11 ամիս անոր վերջանալուն, հակամարտութեան պատկերը եւ կողմերու դիրքորոշումները հիմնականօրէն փոխուած են։ Պատերազմը վերջ չդրաւ հակամարտութեան, պարզապէս փոխակերպեց զայն:

Հայաստանի ղեկավարութիւնը արմատապէս փոխեց իր հռետորաբանութիւնը։ Փաշինեանի վարչակազմը պատերազմէն առաջ որդեգրած էր հռետորաբանական այն ոճը, թէ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ», նպատակ ունենալով ատրպէյճանական ռազմատենչ յայտարարութիւններուն հակադարձել հայկական նոյնքան յարձակողական յայտարարութեամբ: Եւ այս քաղաքականութիւնը՝ փոխանակ հակամարտութեան երկու կողմերուն միջեւ հաւասարակշռութիւն ստեղծելու, պարզապէս բացայայտեց, որ 26-ամեայ բանակցութիւնները հասած են փակուղի:

Փաշինեանի աշխատակազմը զարմացուց շատերը ոչ միայն պարտութենէն փրկուելով, այլ անկէ ետքն ալ արտահերթ ընտրութիւններուն յաղթելով: Եթէ ընտրութիւնները որոշ չափով մեղմացուցին ներքաղաքական լարուածութիւնը, բայց եւ այնպէս, վերջ չդրին երկրին մէջ տիրող ճգնաժամին, մասնաւորապէս այն ​​պատճառով, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ձախողեցան բացատրելու հանրութեան, թէ ինչո՛ւ պատերազմը սկսաւ եւ ինչո՛ւ Հայաստանը մինակ դիմագրաւեց զայն ու պարտութիւն կրեց եւ ինչու փոխեցին իրենց հռետորաբանութեան ոճը մարտահրաւէրներ նետելէ խաղաղութեան կոչերու Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ:

Հայաստանի իշխանութիւնները փոխեցին իրենց պաշտօնական դիրքորոշումը, սակայն Ատրպէյճան այդպէս չըրաւ: Պատերազմէն առաջ Իլհամ Ալիեւ մեծ դժուարութիւններ դիմագրաւեց բանակցութիւններու միջոցաւ հասնելու ղարաբաղեան հակամարտութեան հանգուցալուծման: Քաղաքականութեան մէջ նուազ հմուտ ըլլալու պատճառաւ, ան չկրցաւ համոզել ընտրազանգուածը՝ երթալու փոխզիջումներու: Ղարաբաղի առաջին պատերազմը պատճառ դարձաւ Ատրպէյճանի նախկին երկու նախագահներու՝ Այազ Մութթալիպովի եւ Էպուլֆէյզ Էլչիպէյի տապալումին, նաեւ Հայտար Ալիեւը (Իլհամի հայրը) փորձելով բանակցութիւններ վարել Երեւանի հետ՝ գրեթէ մօտեցած էր համաձայնութեան, երբ հանդիպեցաւ իր անմիջական գործընկերներու բուռն ընդդիմութեան:

Անկասկած, որ բանակցութիւններու ընթացքին լուծումի որեւէ առաջարկ կը նկատուի ամենէն վտանգաւոր քայլը, որ կ՚առնէ Պաքուի ղեկավար մը: Այդ իսկ պատճառով Իլհամ Ալիեւ երբ յաջորդեց հօրը 2003-ին, շատ լաւ գիտէր, որ որեւէ փոխզիջման առաջարկ զինք պիտի դնէր տկարի դիրքին մէջ ու երկրի ներքին վիճակը տանէր անկայունութեան, հետեւաբար Ալիեւ ընտրեց ծայրայեղ տարբերակը ու նաւթի եկամուտի միլիառները ծախսեց ռազմական ոլորտին վրայ, միեւնոյն ատեն բարձրացնելով սպառնալիքներու ոճը ու զօրաւոր պահելով բանակցութիւններուն մէջ իր դիրքը:

Ցեղային-տարածքային հակամարտութեան վերաբերեալ Ալիեւի կարծր դիրքորոշումը ներքին խիստ քաղաքականութեան հետ զուգահեռ, տկարացուցին ո՛չ միայն ատրպէյճանական ընդդիմութիւնը, այլ նաեւ անկախ կազմակերպութիւնները՝ ինչպէս մարդու իրաւունքներու պաշտպանները կամ լրատուական միջոցները:

2020-ի պատերազմէն ետք, Իլհամ Ալիեւ առաջին անգամ ըլլալով իշխանութիւն գալէն ի վեր ունեցաւ քաղաքական օրինականութիւն եւ լայն ժողովրդականութիւն, քան որեւէ նախկին Ատրպէյճանի նախագահ երբեւիցէ ունեցած էր: Յաղթանակը Իլհամ Ալիեւին տուաւ ընտրելու կարելիութիւն, կա՛մ շարունակել հակամարտութիւնը եւ նոյնիսկ սրել զայն, եւ կա՛մ հեռատես ըլլալ ու փորձել փակել հակամարտութեան էջը եւ ձգտիլ խաղաղութեան: Բայց Իլհամ Ալիեւ նախընտրեց շարունակել հակամարտութիւնը: Ատրպէյճան իր զօրքերը ուղարկեց Հայաստանի սահմանային կարգ մը տարածքներ, ուր զինուորները կը կրակեն իրարու վրայ բարձր լեռներու կամ նոյնիսկ Արարատեան դաշտին ուղղութեամբ։

Ատրպէյճան կը շարունակէ պահել հայ ռազմագերիները եւ հայկական քաղաքներն ու գիւղաքաղաքները կը համարէ Ատրպէյճանի «պատմական» հողեր: Քաղաքական առումով Ալիեւ յայտարարեց, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը աւարտած է եւ Ղարաբաղի ապագայ կարգավիճակին վերաբերեալ քննարկելու որեւէ կէտ չէ մնացած, ինչ որ կը նշանակէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը, որ միջազգային հանրութեան կողմէ միջնորդ նշանակուած է այս հակամարտութեան մէջ, ըստ Պաքուին արդէն ժամանակավրէպ է:

Իլհամ Ալիեւի քաղաքական ընտրութիւնները սոսկ քայլեր չեն զիջումներ պարտադրելու Երեւանին վրայ կամ յետպատերազմեան իր ժողովրդականութիւնը երկրին մէջ աւելի երկար պահելու համար: Ալիեւ ունի գաղափարական եւ հոգեբանական դրոյթներ, ապա թէ ոչ ինչպէս կարելի է բացատրել Ղարաբաղի հայկական եկեղեցիներու ու տապանաքարերու ոչնչացումը կամ մայրաքաղաք Պաքուի մէջ «Յաղթանակներու պուրակ»ի մը կառուցումը, ուր ցուցադրուած են սպաննուած ու մահամերձ հայ զինուորներու արձանիկները:

Ատրպէյճանի ռազմատենչ դիրքորոշումները ստեղծեցին նոր լարուածութիւններ եւ խնդիրներ: ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի երեք համանախագահները՝ Ռուսաստանը, Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան կը շարունակեն համարել, որ հակամարտութիւնը աւարտած չէ եւ որ Ղարաբաղի կարգավիճակը պէտք է որոշուի, եւ իրենց լիազօրութիւնները, որպէս միջնորդներ դեռ աւարտած չեն: Այսինքն, անոնք գոհ չեն Ալիեւի յետպատերազմեան կեցուածքներէն:

Ուրիշ երկիր մըն ալ դժգոհ է ատրպէյճանական քաղաքականութենէն՝ Իրանը: Ատրպէյճանի կողմէ Իրանը Հայաստանի մայրաքաղաքին կապող հիմնական մայրուղին փակուելէ ու բեռնատարներու վարորդները ձերբակալուելէ ետք, Իրան զօրավարժութիւններ կատարեց Ատրպէյճանի հետ իր սահմանային շրջաններուն վրայ ու զանոնք կոչեց «Խայպարի գրոհողները»: Յամենայնդէպս, այս անունը չի վերաբերիր Խայպարի այն ճակատամարտին, երբ 628-ին իսլամները Արաբական թերակղզիին մէջ կռուեցան հրէական ցեղերու դէմ, բայց կ՚ակնարկէ, որ Իրան զայրացած է Իսրայէլի ռազմական ներկայութենէն Ատրպէճանի մէջ:

Ինչպէս 2020-ի պատերազմէն ետք Հայաստան ստիպուած եղաւ առաւելապէս ապաւինիլ Ռուսաստանին, այնպէս ալ պատերազմի ընթացքին ու անկէ ետք Ատրպէյճան գտնուեցաւ Թուրքիոյ ռազմական ազդեցութեան տակ: Թրքական ռազմական գործողութիւններն ու պատերազմական խաղերը շարունակական բնոյթ ստացած են: Ի՞նչ պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի, նաեւ Ղարաբաղի ու Հայաստանի վիճակը, եթէ Ռուսաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները վատանան եւ Կովկասը վերածուի զոյգ երկիրներուն միջեւ ստեղծուած հակամարտութեան դաշտի մը:

Փաստօրէն պատերազմը վերջ չդրաւ այս հակամարտութեան, ան միայն յաջողեցաւ բարդել արդէն իսկ բարդ Կովկասին վրայ Մերձաւոր Արեւելքի խնդիրները:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 6, 2021