ՍԻՒՆԻՔԻ ՄԱՐԶԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՔԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՍԻՐՏԸ

Քաղաքական ու մանաւանդ՝ անվտանգութեան բաւական բարդ այս շրջանին ապագայի համար նետուած խարիսխները մեծապէս կրնան օգտակար ըլլալ, որպէսզի Հայաստանի հանրութիւնը եւ առհասարակ աշխարհով մէկ տարածուած ու երկրի հարցերով ապրող հայութիւնը ի վերջոյ գիտակցին, թէ հզօր պետութիւն մը կերտելու համար հիմնարար է ուժեղ տնտեսութիւն ունենալը։ Հայաստանի ներուժը արդիական միջոցներով իսկական ու մնայուն դրամագլուխի մը վերածելը կենսական է։ Այս առումով նորութիւն չէ, որ Հայաստանի անվտանգ աճի ապահովման համար մեծ նպաստ մը կրնայ բերել հանքարդիւնաբերութեան ոլորտը։ Բաւական մեծ անցեալով՝ այս ոլորտի կարեւոր պարունակներէն մին Զանգեզուրի հանրայայտ հիմնարկը կարողացած է ո՛չ միայն կայուն զարգացման պատուհաններ բանալ, այլեւ քայլ պահել արդիականութեան հետ։

Զանգեզուրի Պղինձամոլիւպտենային ընկերութեան (ԶՊՄԿ) կայուն զարգացման գծով տնօրէն եւ համանուն բարեգործական հիմնադրամի ղեկավար Արմէն Ստեփանեանի հետ արժեւորեցինք Հայաստանի տնտեսութեան ուժն ու աղբիւրը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր մօտեցումներուն սղագրութիւնը։

*

-Ձեր տնօրէնութիւնը ի՞նչ աշխատանքներ կը համակարգէ:

-Մենք կը տնօրինենք բնապահպանական, ընկերային պատասխանատուութեան, աշխատանքային ու արտադրական անվտանգութեան եւ արտաքին ու ներքին հաղորդակցութեան միջոցներու ուղղութիւնները: Այս չորս հիմնական ուղղութիւնները համակարգելով՝ մենք որդեգրած ենք սոյն ոլորտներու ծրագիրներն ու աշխատանքները համապատասխանեցնել Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեան: Ընկերութիւնը մեծ աշխատանք կը տանի շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան, աշխատանքային անվտանգութեան ուղղութեամբ, կարեւորելով նաեւ ամենագլխաւորը՝ մեր աշխատակիցներու անվտանգութիւնն ու առողջութիւնը: Մենք չենք սահմանափակած մեր գործունէութիւնը այդ աշխատանքները համապատասխանեցնելով միայն տեղական, այսինքն՝ Հայաստանի օրէնսդրութեան, մենք նաեւ ստանձնած ենք պատասխանատուութիւն ու կամք դրսեւորած ենք, որպէսզի բոլոր այդ ծրագիրները համապատասխանեն միջազգային չափորոշիչներու: Այս շարքին մէջ են, օրինակ, Միջազգային ելմտական միութեան չափանիշները, որոնք կ՚երեւի մեր ոլորտէն ներս ամենատարածուածներն են։ Կան նաեւ այլ միջազգային չափանիշներ, որոնց համապատասխան կը գործենք, բայց ամենայայտնին այս նշածս է, միւսները անոր զուգահեռ են:

-Յատկապէս 2020-ի պատերազմէն վերջ շատ բան փոխուած է երկրին մէջ, ուր այսօր գերխնդիր է սահմանային իրավիճակը, Զանգեզուրի գործարանը կը գտնուի սահմանամերձ Սիւնիքի մէջ։ Ի՞նչ մտահոգութիւններ ունիք եւ անվտանգային ինչպիսի՞ խնդիրներ կը դիմագրաւէք՝ մանաւանդ, որ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի սիրտը Սիւնիքն է:

-Այո՛, հանքարդիւնաբերութեան սիրտը Սիւնիքի մէջ է եւ այսօր Սիւնիքին նկատմամբ ուշադրութիւնը ոչ միայն հանքարդիւնաբերական տեսանկիւնէ է, այլեւ մնացեալ բոլոր տեսանկիւններէն ու այդ ուշադրութիւնը հետզհետէ աւելի կը մեծնայ, իսկ Սիւնիքը իսկապէս այդ բանին կարիքը ունի: Այսօր մարզը պէտք է բոլորի ուշադրութեան կեդրոնը ըլլայ ո՛չ միայն 2020 թուականի պատերազմի տեսանկիւնէն, այլեւ մանաւանդ՝ Արցախի վերջին իրադարձութիւններէն յետոյ: Ու այսօր, բարեբախտաբար, նկատելի է, որ Սիւնիքի նկատմամբ ուշադրութիւնը օրէ օր աւելի կը մեծնայ: Ներկայիս, բոլոր հարցերուն առընթեր, կարեւորութիւն կը ցուցաբերուի նաեւ մեր աշխատակիցներու անվտանգութեան նկատմամբ։ Անոնք կ՚ապրին եւ կ՚աշխատին ժողովրդական լեզուով սահմանին բերանը: Մեր մնացեալ բոլոր աշխատանքներուն հետ, անոնց անվտանգութիւնն ալ մեր առաջնահերթութիւններէն մին է:

Ես կը տնօրինեմ նաեւ բարեգործական հիմնադրամը ու նշեմ, որ մեր բարեգործական ուղղութիւններէն կը հանդիսանան՝ սահմանամերձ հատուածներու կարգ մը աշխատանքները: Այս ուղղութեամբ բոլոր ծրագիրները մենք կը համաձայնեցնենք մարզպետարանի, տեղական ինքնակառավարման միւս մարմիններուն հետ։ Մենք համատեղ շատ գործ կ՚ընենք, անմասն չենք մնար ընդհանուր աշխատանքէն, ի հարկէ, այդ մասին միշտ չենք յայտարարեր:

Օգնելով սահմանի կառոյցներուն՝ մենք օգնած կ՚ըլլանք նաեւ թէ՛ մեր աշխատակիցներուն, որոնք կ՚ապրին այնտեղ եւ թէ՛ ընդհանրապէս սահմանամերձ գօտիներու բնակչութեան: Անվտանգային աւելի մեծ հարցեր, պարզապէս, չենք կրնար լուծել՝ չունինք իրաւասութիւն ու հնարաւորութիւն:

-Վերջին շրջանին յաճախ կը խօսուի կայուն զարգացման մասին։ Ի՞նչ յառաջընթաց կայ:

-Կայուն զարգացման դասական սահմանումն է, որ աղբիւր մը օգտագործելու պարագային՝ պէտք է այնպէս մը ընել, որ ապագայ սերունդները նոյնպէս օգ-տըւին այդ մէկէն: Հանքարդիւնաբերութեան մէջ սա քիչ մը տարբեր մեկնաբանութիւն ունի։ Մենք կրնանք անընդհատ խօսիլ արդիւնաբերութեան, արտադրունակութիւնը մեծցնելու մասին։ Յամենայնդէպս, այսպէսով մեծ հաշուով հարց չենք լուծեր։ Այսինքն, սա յառաջընթաց չի համարուիր, այլ կը համարուի ուղղակի արտադրունակութեան աճ։ Իսկ յառաջընթաց արձանագրելու համար պէտք է ապացուցանենք, թէ արտադրունակութիւնը շատցնելով՝ այդ բանը կ՚ընենք բարոյապէս ճիշդ: Այսինքն, մենք պէտք է ապացուցանենք, թէ արդիւնաբերութիւնը զարգացնելով եւ արտադրունակութիւնը բարձրացնելով մենք չենք ապականեր շրջակայ միջավայրը, սերունդներուն կը ձգենք մաքուր բնութիւն եւ այս բոլորը պատշաճ ձեւով կ՚ընենք։

Կայուն զարգացման տեսանկիւնէն մենք ամէն տարի ցոյց կու տանք. արդեօք մենք բարոյագիտական առումով ճի՞շդ կը շահագործենք մեր ընդերքը, ճի՞շդ կը կազմակերպենք մեր արտադրութիւնը եւ այլն՝ թողելով մեր սերունդներուն մաքուր շրջակայ միջավայր մը: Մենք այս հարցերու լուծման վրայ շատ լուրջ միջոցներ կը ծախսենք՝ արտադրութիւնը այնպէս մը կազմակերպելով, որ մենք մեզմէ գոհ ըլլանք: Իսկ այս բանը կարելի է չափել։ Տեսէ՛ք, թէ ինչպէս. եթէ մենք կը շահագործենք ընդերքը եւ մեր աշխատանքները կը համապատասխանեցնենք շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան վերաբերեալ օրէնսդրական խնդիրներուն, պահանջներուն, աշխատանքային անվտանգութեան, ապա այսքանը ապահովելով կանգ չենք առներ։ Պարտաւորութիւն կը ստանձնենք, աշխատանքները նաեւ միջազգային չափանիշներուն համապատասխանեցնելու եւ այդպէսով ա՛լ աւելի չափելի ու տեսանելի կը դառնայ մեր աշխատանքը:

«Կայուն զարգացում» արտայայտութիւնը շատ լայն կիրառկուած եզր մըն է այսօր ամբողջ աշխարհի մէջ՝ նամանաւանդ հանքարդիւնաբերութեան պարագային։ Սա այն շրջանակն է, որով մենք կ՚առաջնորդուինք: Բայց այսօր «կայուն զարգացում» բանաձեւումը նահանջ կ՚ապրի։ Փոխարէնը կ՚օգտագործուի «բնապահպանական, ընկերային եւ կառավարման» հասկացութիւնը: Սա նոյնինքն՝ կայուն զարգացման հիմքն է, որ կ՚ընդգրկէ այդ երեք ուղղութիւնները: Եւ իրականացնելով բնապահպանական, ընկերային եւ կառավարման ուղղութիւնները՝ արդէն իսկ կայուն զարգացումը ապահովուած է:

-Այս բոլորին բերումով ԶՊՄԿ աւելի դիւրին ձեռք կը բերէ՞ միջազգային գործընկերներ։

-Հանքարդիւնաբերութիւնը այնքան մեծ ձեռնարկատիրութիւն մըն է, որ գործընկերները այսպէս թէ այնպէս շատ են: Այսօրուան աշխարհին մէջ շատ կարեւոր է, որ գործընկերդ այդ շղթային մէջ ըլլայ՝ միջազգային կամ գոնէ տեղական չափորոշիչներուն համապատասխան կազմակերպութիւն մը, այսինքն համապատասխանելով այդ չափորոշիչներուն մենք այդ առումով ալ գործընկերներ կ՚ունենանք։

-Սփիւռքին լաւ կը բացատրուի՞ հանքարդիւնաբերութեան նշանակութիւնը։

-Ես հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ եմ արդէն աւելի քան 16 տարիէ ի վեր եւ սփիւռքի կողմէ նկատած եմ զանազան դրսեւորումներ: Սփիւռքը ունի մաս մը, որ Հայաստանին կը նայի՝ իբրեւ «Տիզնիլենտ» կամ «Ուոնտըրլենտ», կը տեսնէ իբրեւ երկիր մը, ուր պէտք չէ ըլլայ հանքարդիւնաբերութիւն: Ես կոչ կ՚ուղղեմ, որպէսզի լքեն այդ մօտեցումը: Հայաստանին այդ ձեւով նայիլ՝ կը նշանակէ պատրանքներու մէջ իյնալ եւ ապրիլ իրականութենէ կտրուած: Զարգացած երկիր մը եւ զարգացած տնտեսութիւն մը ունենալու համար մենք պէտք է ունենանք զարգացած հանքարդիւնաբերութիւն: Կը շեշտեմ՝ յատկապէս զարգացած բառը, որովհետեւ արդի զարգացած հանքարդիւնաբերութիւնը կ՚ենթադրէ կայուն զարգացման բոլոր ուղղութիւններու իրականացում։ Այս մէկուն կարեւորութեան մասին արդէն նշեցի: Այո՛, մեզի պէտք չեն հանքավայրեր, որոնք կ՚ապականեն շրջակայ միջավայրը։ Այս հարցով ես համակարծիք եմ բոլորին հետ, բայց նաեւ վստահ եմ, թէ կարելի է հանքարդիւնաբերութիւնը կազմակերպել՝ մաքուր պահելով բնութիւնը։ Վստահ, ուղիղ նայելով բոլորի աչքերուն՝ կրնամ ըսել, որ մենք կը կարողանանք ընել այդ բանը:

Սփիւռքահայութեան մէջ կայ մաս մը, որ համակարծիք է ինձ հետ այն առումով, թէ պետութիւնը պէտք է ունենայ ուժեղ տնտեսութիւն, իսկ այդ մէկը ուղղակիօրէն կապուած է հանքարդիւնաբերութեան հետ: Եւ ես այս գիտակից հատուածէն կը խնդրեմ՝ այս հարցերը աւելի բարձրաձայնեն սփիւռքի զանազան շրջանակներու մէջ։ Սփիւռքը բազմաշերտ է եւ անհրաժեշտ է զանազան խումբերու, զանազան երկիրներու մէջ ամէն առթիւ միշտ կարեւորել Հայաստանի այս ոլորտը, ողջունել նոր հանքերու բացումը, որովհետեւ նոր հանքը կը բերէ նոր գիտարուեստներ, նոր գիտելիքներ, նոր փորձառութիւններ, նոր կարողութիւններ երկրին համար։ Այս բոլորը այսօր անհրաժեշտ է: Խօսքը միայն Զանգեզուրի պղնձամոլիւպտենային ընկերութեան մասին չէ, միայն այս մէկով պիտի չբաւարարուինք։ Պետութեան ապագան պէտք է կառուցենք ուժեղ տնտեսութեամբ, ուժեղ կրթութեամբ, հզօր բանակով: Այս բոլորը իրարու հետ շաղկապուած է:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2023