ԻՐԱՆ-ԱՄՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ «ՍԱՐԵՐՈՒ ԵՏԻՆ ՉԷ»

Ամէն առիթով՝ երբ Իսրայէլի մամուլը կը գրէ Իրան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններու հարցով Թել Աւիւի ապրած «հիասթափութեան» մասին, կը սկսի հիմնաւորուիլ այն մօտեցումը, որ Վիեննայի մէջ այսօրերուն ընթացող բանակցութիւններուն յաջողութեամբ պսակուիլը «սարերու ետին չէ»։

Արդարեւ, հինգ ամսուան ձգձգումէ մը ետք վերջերս Վիեննայի մէջ ընթացք կ՚առնէին Իրան-ԱՄՆ միջուկային բանակցութիւնները։ Ուշագրաւը է այն, որ այս բանակցութիւններուն ընթացքին երեւութապէս արծարծուելիք հիմնական նիւթը Իրանի միջուկային գործարքն է, բայց այդ ընդհանուր խորագիր է։

Հարցը իր էութեամբ քաղաքական խորքայնութիւն ունի, որովհետեւ Իրանը մեծ հաշուով կը համարուի Մերձաւոր Արեւելքի գլխաւոր ուժերէն մին։

ԱՄՆ-ի «կողք»ին է Իրանը՝ իր ազդեցութեամբ, իր ներկայութեամբ եւ ընդհանրապէս ներուժով։

Անշուշտ, բանակցութիւններու ընդհանուր նիւթին մասին առաջին արձագանգները դրական են։ Բաց աստի, մամուլի հեղինակաւոր ներկայացուցիչներ դրական յոյսերու մասին սկսած են խօսիլ. բանակցութեան մասնակից երկու կարեւոր պաշտօնատարներ Անրիքէ Մորան եւ Ալի Պաքիրին յանգած են այն եզրակացութեան, որ այս բանակցութիւնները պիտի աւարտին (ի վերջոյ) դրական արդիւնքներով։ Հարցը, անշուշտ, միայն Իրանին առջեւ դրուած խնդիր մը չէ, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու ներկայ վարչախումբը առհասարակ դէմ է բախումի երթալու քաղաքականութենէն ու այսքան տարուան ճնշումներէ ետք ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան խոհանոցներուն մէջ սկսած է հիմնարար դառնալ այն մօտեցումը, որ Իրանի «հարցը» պէտք է լուծուի «փափուկ քաղաքակնութեան» միջոցներով։

Խօսելով ներիրանեան միջավայրին մասին, աւելի քան հետաքրքրական է Իրանի Իսլամական Յեղափոխութեան հոգեւոր առաջնորդ Այէթուլլահ Ալի Խամանէյի «խօսափող» համարուող «Քէյհան» թերթին վերջերս հրապարակած խմբագրականը, ուր կը խօսուի ո՛չ միայն բանակցութիւններու յաջողութեամբ պսակուելու կարեւորութենէն, այլեւ՝ որեւէ համաձայնութենէ։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ, որ վստահեցումներ կան, թէ ԱՄՆ պիտի չքաշուի այդ համաձայնութենէն։

Ամէն պարագայի, իրանցիներուն համար այս փուլին ամենաէականը ամերիկեան պատիժներուն ջնջուիլը, կամ առկայ իրավիճակին բարեփոխուելուն միտուած ճիգերու գործնական հարթակ տեղափոխուիլն է։ Մինչ այդ, ծանօթ է, որ Իրան Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներուն հետեւանքով կ՚ապրի բաւականին դժուարին օրեր ու ան «վերանորոգուած» իշխանակարգին համար՝ գլխաւորութեամբ նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի, ամենակարեւոր ձեռքբերումը եւ «յաղթանակ»ը պիտի արաձանգրուի, երբ Թեհրանին վզին սեղմուած Ուաշինկթընի «պողպատեայ» օղակը թուլացուի։

Իրապէս Իրանի դիրքերը շատ աւելի լաւ են, քան ինչ էին տարիներ առաջ, երբ Իրան իր ստորագրութիւնը դրաւ «5+1» խորագրով յայտնի դարձած միջուկային համաձայնութեան տակ։ Իբր այդ, իրավիճակը բոլորովին տարբեր է ո՛չ միայն անոր համար, որ այլեւս եւրոպացիք հարիւր տոկոսով համաձայն չեն ամերիկեան քաղաքականութեան հետ, այլ անոր համար, որ այդ երկիրները ունին համոզում, թէ Իրանի դէմ որեւէ ռազմական միջամտութեան փորձ աւելի մեծ տագնապներու դուռ կրնայ բանալ։

Խօսեցանք պատիժներու վերացման մասին, նաեւ պէտք է շեշտադրել, որ Արեւմուտքին, բայց մանաւանդ՝ Միացեալ Նահանգներուն համար մասնաւորապէս այս փուլին Իրանի կողմէ «միջուկային սահմանափակումներ»էն անդին՝ ամենակարեւորը այդ երկրի արդիական զէնքի խնդիրն է։ Այլ խօսքով՝ ԱՄՆ-ի համար շատ կարեւոր է, որ Իրան վերանայի իր արտաքին քաղաքականութիւնը ու կրճատէ Եմէնին եւ Լիբանանին պալիսթիք հրթիռներ տալու գործընթացները։

Ի հարկէ, երբ կը խօսինք եմէնցիներու մասին, պէտք է հաշուի առնել հուսիները, իսկ լիբանանցիներու պարագային պէտք է նկատի առնել «Հիզպուլլահ»ը։ Այս երկու հիմնական ուժերը (անշուշտ այս ուժերէն բացի կան Սուրիոյ եւ Իրաքի բաղկացուցիչները), որոնք շնորհիւ իրենց կազմակերպուածութեան վերջին շուրջ եօթ տարիներուն ընթացքին այնքան մը ուժեղացան, որ դուրս եկան սոսկ ռազմական ուժ ըլլալէ, նաեւ դարձան Իրանին համար քաղաքական գետին պատրաստող ուժեր։

ԻՍՐԱՅԷԼ «ՄՏԱՀՈԳՈՒԱԾ»

Գալով Թել Աւիւին՝ ան ուշի-ուշով կը հետեւի գործընթացներուն։ Ու եթէ Իսրայէլ մտահոգ է Իրանի միջուկային զէնք ունենալու խնդրով, ապա այդ մտահոգութիւնը մեծ հաշուով «շինծու» է։ Իսրայէլ մտահոգ է իր բանակով, մտահոգ է Լիբանանի հարաւային հատուածին վրայ «Հիզպուլլահ»ի ամբողջական տիրապետութեամբ, նաեւ մտահոգ է Սուրիոյ զարգացումներով։

Մենք շատ լաւ կը յիշենք, որ վերջին առնուազն հինգ տարիներուն Իսրայէլ «սիսթեմաթիք» կերպով կը շարունակէ հարուածի տակ պահել Սուրիան եւ զանազան առիթներով ալ ռազմական հարուած տալ՝ այդ երկրի մէջ ներկայութիւն հանդիսացող իրանեան «կէտեր»ուն։ Ի՞նչ պատճառով Թել Աւիւ կը դիմէ այդ քայլերուն՝ շատ պարզ է, որովհետեւ այդ քայլերով ու հարուածներով Իսրայէլ կը փորձէ թուլացնել «Հիզպուլլահ»ի ռազմավարական ողնաշարը, նաեւ Լիբանանի շիի բաղկացուցիչը «կտրել» իր բնական աղբիւրներէն։

Այս կէտին է, որ Իրան-ԱՄՆ որեւէ համաձայնութեան պարագային խաղի նոր կանոններու թելադրումը կրնայ դառնալ աւելի՛ իրատեսական եւ աւելի սպասելի։ ԱՄՆ-ի համար հիմնական խնդիրը Լիբանանի հարցը չէ, այլ խօսքով ամերիկացիներու հիմնական «տարտ»ը «Հիզպուլլահ»ի հզօրացումը չէ, այլ՝ Եմէն-Սէուտական Արաբիա հարցի հանգուցալուծումը։ Իբր այդ, Միացեալ Նահանգներ պիտի փորձէ ամէն ինչ ընել՝ նպատակ ունենալով հուսի տարրին «հանգստացում»ը։ Օգտագործել ի վերջոյ Իրանի գործօնը, որպէսզի այդ բարդ խնդիրը կամաց-կամաց հանգուցալուծուի ու ամենակարեւորը՝ Եմէնի վեց տարիէի ի վեր ընթացող պատերազմը ապահովէ «դրական ելք» մը Ռիատին համար։

Ամէն պարագայի, աւելի քան յստակ է, որ այսօր Իրան շա՛տ աւելի ուժեղ դիրքերու վրայ եւ շատ մօտ է համընդհանուր համաձայնութեան եզրագիծին։

Ի վերջոյ, իրանցիք՝ որոնց նորընտիր նախագահը փորձառու գործիչ մըն է, մեծ յոյսեր կապած են այս համաձայնութեան իրագործման վրայ ու այդ առումով ալ անոնք կը հաւատան, թէ դրական յոյսերու նոր փուլը անպայման պիտի երեւի։

Սպասենք…

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2021