ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

ՍԱՏԱՆԱՆ ԻՆՉՈ՞Ւ ՉՄԵՌԱՒ

Հարցում. Եթէ մեղքին վարձատրութիւնը մահ է (Հռ 6.23), հապա սատանան ինչո՞ւ չմեռաւ, նկատի ունենալով որ առաջին մեղանչող արարածն է:

Պատասխան. Սատանային համար ըսուած մահը՝ յաւիտենական կորուստն է:

Իսկ մարդը, որովհետեւ իր բնութեան մէջ մարմին եւ հոգի կայ, ապա անոր մարմնական մահը՝ հոգիին մարմինէն բաժնուիլն է, ինչպէս նաեւ մեղաւորներուն յաւիտենական մահը:

Իսկ սատանան, մարմին չունի: Այդ պատճառով մարմնական մահ չունի:

Սակայն, ժամանակներու աւարտին յաւիտենական մահով պիտի մահանայ, այսինքն՝ յաւիտենական տանջանքով:

Այդ մասին Յայտնութիւն Յովհաննէսի գիրքին մէջ ըսուած է. «Իսկ Բանսարկուն, որ զանոնք մոլորեցուց, կրակի եւ ծծումբի լիճը ձգուեցաւ, ուր գազանը եւ սուտ մարգարէն արդէն ձգուած էին. այնտեղ պիտի չարչարուին գիշեր ու ցերեկ, յաւիտեանս յաւիտենից» (Յյտ 20.10):

ՍԱՏԱՆԱՅԻՆ ՀԱՄԱՐ Կ՚ԱՂՕԹԵ՞ՆՔ

Հ. Այս հարցումը հայրէ մը լսեցի, երբ Ռումանիա այցելած էի:

Կարելի՞ է սատանային համար աղօթել, հիմնուելով Տէր Յիսուսի խօսքին վրայ, որ կ՚ըսէ. «Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները…, բարիք ըրէք ձեզ նեղողներուն, եւ աղօթեցէք անոնց համար, որոնք չարիք կ՚ընեն ձեզի» (Մտ 5.44). որպէսզի մեր սիրտին մէջ ո՛չ մէկուն նկատմամբ ատելութիւն չըլլայ, նոյնիսկ սատանային նկատմամբ…:

Պ. - Առաջին. ի՞նչ է այս աղօթքին նպատակը: Սատանային փրկութեան համա՞ր է: Այս մէկը կարելի չէ, որովհետեւ Տէրը Իր դատը տուած է անոր կորուստին: Յովհաննու Յայտնութեան գիրքը կ՚ըսէ. «Իսկ Բանսարկուն, որ զանոնք մոլորեցուց, կրակի եւ ծծումբի լիճը ձգուեցաւ, ուր գազանը եւ սուտ մարգարէն արդէն ձգուած էին. այնտեղ պիտի չարչարուին գիշեր ու ցերեկ, յաւիտեանս յաւիտենից» (Յյտ 20.10): Իսկ Տէր Յիսուս ըսաւ. «Տեսայ սատանան՝ կայծակի նման երկինքէն վար ինկած» (Ղկ 10.18):

- Կամ աղօթքը սատանան ուղղութեան բերելու համա՞ր է: Ան, որ պիտի չզղջայ եւ դարձի չգայ, ինչպէս նաեւ պիտի չդադրի Աստուծոյ եւ Անոր Թագաւորութեան դէմ պատերազմելէ: Յայտնութեան գիրքը սատանային իր բանտէն արձակուելէն ետքի մասին, կ՚ըսէ. «Երբ հազար տարին լրանայ, սատանան ազատ պիտի արձակուի բանտէն: Անիկա պիտի ելլէ ու մոլորեցնէ երկրի չորս կողմը գտնուող բոլոր ազգերը» (Յյտ 20.7)։

- Կ՚ըսէ նաեւ. «Եւ պատերազմ տեղի ունեցաւ երկինքին մէջ: Միքայէլ եւ իր հրեշտակները կռուեցան վիշապին դէմ, որ իր կարգին իր հրեշտակներով կը պատերազմէր: Բայց վիշապը եւ իր հրեշտակները պարտուեցան: Այլեւս իրենց համար տեղ չմնաց երկինքի մէջ: Մեծ վիշապը, այն առաջին օձը, որ Բանսարկու եւ սատանայ կը կոչուի եւ որ ամբողջ աշխարհը մոլորեցուց, երկիր ձգուեցաւ: Անոր հրեշտակներն ալ միասին վար ձգուեցան» (Յյտ 12.7-9):

- Տակաւին, սատանային մեղքը ներում չունի, որովհետեւ մահուան մեղք է: Այս եւ ասոր նման մեղքերու մասին իրենց ենթարկուողներուն կողմէ գործուած, Սուրբ Յովհաննէս առաքեալը կ՚ըսէ. «Մահացու մեղքեր ալ կան, որոնց համար չեմ ըսեր որ աղօթէ» (Ա. Յհ 5.16):

- Իրապէս, կրնա՛ս թշնամիներդ սիրել, սակայն Աստուծոյ թշնամիները մի՛ սիրեր: Իսկ սատանան Աստուծոյ թշնամի է: Տէրը ըսաւ. «Ով որ իր հայրը կամ իր մայրը Ինձմէ աւելի սիրեց՝ Ինծի արժանի չէ» (Մտ 10.37), որ բնական սէր է: Հապա որքա՞ն աւելի սատանան: Կարելի չէ սիրել զինք եւ ո՛չ ալ անոր համար աղօթել:

- Եթէ սատանային համար աղօթեցինք, մեր աղօթքները Աստուծոյ կամքին համաձայն չեն ըլլար, որ զանոնք [սատանան եւ իր արբանեակները] կորուստի դատապարտեց, որոնք Իր Արքայութեան մէջ անհաշիւ աւերներ գործեցին: Իսկ մենք մեր աղօթքներուն մէջ կ՚ըսենք Անոր. «Քու կամքդ թող ըլլայ»:

- Տակաւին, եթէ սատանային համար աղօթենք, ապա ուրացողներ կ՚ըլլանք Միքայէլ Հրեշտակապետի սրբապատկերին, որ նիզակով մը կը հարուածէ սատանային, որ իր ոտքերով կոխած է, իսկ ձեռքին աստուածային արդարութեան կշիռքը կայ, որ սատանան կորուստի կը դատապարտէ:

- Եթէ սատանային համար աղօթենք, ապա սատանան նզովելու կարգին դէմ կ՚ըլլանք [ըստ Ղպտի քոյր եկեղեցւոյ արարողակարգին: Մեր պարագային մենք Հրաժարիմքի բանաձեւը ունինք, որ Սուրբ Խորհուրդի ժամանակ կ՚արտասանենք, հրաժարելով սատանայէն, անոր արբանեակներէն, գործակիցներէն, գործերէն…], որ կը կատարենք Սուրբ Մկրտութեն Խորհուրդի ընթացքին, որու ընթացքին կ՚ըսենք. «Կը նզովեմ քեզ սատանայ, եւ քու բոլոր չար գործերդ, ինչպէս նաեւ քու բոլոր զազիր եւ մոլորեցնող հնարքներդ, արբանեակներդ ու իշխանութիւնդ… կը նզովեմ, կը նզովեմ…»:

- Հետեւաբար, Տէր Յիսուսի թելադրութիւն [թշնամիները սիրելու] ճիշդ կերպով հասկնանք, ինչպէս նաեւ սէրն ալ ճիշդ կերպով հասկնանք՝ Աստուծոյ սիրոյն եւ Իր կամքին մէջ…:

ՍԱՏԱՆԱՅԻՆ ԻՅՆԱԼԸ

Հ. Տէր Յիսուս ըսաւ. «Տեսայ սատանան՝ կայծակի նման երկինքէն վար ինկած» (Ղկ 10.18): Անոր այս իյնալը իր չգոյութի՞ւնը կը նշանակէ:

Պ. Անշուշտ, ոչ: Սատանան գոյութիւն ունի եւ կը պատերազմի, եւ մինչեւ վերջին օրերը պիտի պատերազմի, մինչեւ որ Տէրը զինք կրակի եւ ծծումբի լիճը նետէ (Յյտ 20.10):

Սակայն, կայծակի նման ինկած, կը նշանակէ անոր իշխանութեան աւարտը զոհաբերութեամբ, այլեւս ան ուժ չունի՝ որ նախապէս ունէր, եւ շղթայուած եղաւ (տե՛ս Յյտ 20.1), մինչեւ որ շղթան անոր ձեռքերէն քակուի վերջին օրերուն, երբ ժողովուրդները պիտի մոլորեցնէ (տե՛ս, Յյտ 20, 7-8), եւ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը ըլլայ (տե՛ս, Բ. Թս 1-2 գլուխներ):

ՇԱՏ ԱՐԴԱՐ ՄԻ՛ ԸԼԼԱՐ

Հ. Ի՞նչ է իմատը Գիրքին ըսածին. «Շատ արդար մի՛ ըլլար»:

Պ. Գիրքին ըսածը՝ «խիստ շատ արդար մի՛ ըլլար: Ինքզինքդ չափէ դուրս իմաստուն մի՛ կարծեր» (Ժղ 7.16), չի՛ նշանակեր, որ մարդ հոգեւորապէս պէտք չէ աճի, ինչպէս նաեւ չի՛ նշանակեր, որ կայ վարքագիծ մը, թէ արդարութենէն բարձր ըլլայ՝ որ Աստուած մեզմէ կ՚ուզէ... Այլ կը նշանակէ, որ մարդ իր չափին մէջ ընթանայ, առանց ցատկռտելու աջակողմեան հարուածներուն նման...:

Հոգեւոր մարդը «չափէն աւելին չի՛ ցանկար, այլ՝ կը ցանկայ իմաստուն ըլլալու» (հմմտ. Հռ 12.3), ինչպէս նաեւ չափազանցութեամբ չ՚ընթանար, այլ՝ աստիճան առ աստիճան մինչեւ հասնի, որովհետեւ սատանային համար աւելի դիւրին բան չկայ քան աջակողմեան հարուածներով հարուածելը, որ մարդս կը մղէ այնպիսի աստիճանի մը, որ իր հոգեւոր ըլլալու հանգամանքը չի՛ կրնար տոկալ, ու չի՛ շարունակեր իր ընթացքը եւ տրտմութեան ու յուսախաբութեան մէջ կ՚իյնայ: Տակաւին, երբ քիչ կը գործադրէ իր [հոգեւոր] պարտաւորութիւնները, հպարտութեան մէջ կ՚իյնայ եւ ուրիշները դատելու, ինչպէս նաեւ տրտնջալու իր խոստովանահօր մօտ, այնպէս մը, որ կարծես թէ ան [խոստովանահայրը] իր կատարեալ ըլլալը չ՚ուզեր:

Հետեւաբար, դուն քու աչքիդ իմաստուն մի՛ ըլլար: Չափազանց իմաստուն մի՛ ըլար: Հանդարտ ընթացիր, համբերութեամբ՝ առանց ցատկումներու, որոնք պիտի չկարենաս շարունակել ու հոգեպէս պիտի նեղեն քեզ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2022