ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՍԵՄԻՆ
-Հո՛, հո՛, հո՛...
Կը լսուէր Կաղանդ պապուկին ձայնը իւրաքանչիւր դրան սեմին:
-Կաղանդ պապան եկեր է...
Կը շարունակէին Կաղանդ պապուկին հետ եկողներուն հնչիւնները՝ աւետիսը տարածելով շրջակայքը եւ ձայնին ալիքները կը հասնէին տնեցիներուն, որոնք կը դիմաւորէին եկողները եւ տան մանուկները մի առ մի նուէրները կը ստանային:
Կաղանդ պապուկը սակայն կ՚ուզէր լսել մանուկները՝ երգ մը, ոտանաւոր մը, ժպիտ մը...
Առաջին տան աղջնակը, ընդառաջելով Կաղանդ պապուկին խնդրանքին եւ քաջալերուելով մօրմէն, հանդիպակաց պատին կեդրոնը, ամուր գամի մը վրայէն կախ, լուսանկարին նայելով սկսաւ.
Գարուն ա, ձիւն ա արել...
Գետերը մեր երերման
Հոսեցին՝ երակի՜ պէս
Արունը ջուր ա դառել...
Կաղանդ պապուկը ափսոսաց իր խնդրանքին, ուզեց փոխել երգը.
-Երգէ՛ ուրախ երգ մը, ձագուկս,- ըսաւ եւ ինք սկսաւ առաջին հնչիւնները,- Զանգակնե՜ր, զանգակնե՜ր, սիրուն զանգակնե՛ր...
Աղջնակը չլռեց, կը շարունակէր ի՛ր գիտցածը՝ նայուածքը միշտ սեւեռած հանդիպակաց պատի լուսանկարին.
Ձորերը շիրիմ դարձան,
Վիհերը գերեզմանոց.
Ջուրը մեր տունն ա տարել...
Աղջնակը քարացած, նոյնիսկ անթարթ, շարունակեց, իսկ Կաղանդ պապուկը յանձնուած կը լսէր, կ՚ապրէր յուզումը ձագուկին.
Ամէն քար՝ լուռ մահարձան,
Ամէն տուն՝ վառման հնոց
Բնաւեր հաւք են դարձել...
Աւարտեց, կամ՝ ոչ, ապա Կաղանդ պապուկին դառնալով, առանց բառ մ՚իսկ արտասանելու, նուէրին տոպրակը վերցուց եւ ներս գնաց:
Տրուածը պատկեր մըն է Պռոշեան գիւղի եօթ տուներէն մէկուն: Մնացեալ տուներուն պատկերները աւելի սփոփիչ չէին: Ընդհանրապէս տուներու 2-3 մանուկներէն միայն մէկը կը ներկայանար, մնացեալը ելլել, Կաղանդ պապուկը տեսնելու փափաքն իսկ չունէին:
Բոլոր տուներուն պատերէն կախուած կամ երեւելի անկիւն մը, սեղանի մը վրայ դրուած երիտասարդ զոհուածի մը լուսանկարը կը խօսէր միայն, բան մը կը խնդրէր կարծես իրեն նայողներէն, մինչ դիտողները միայն կը յուզուէին:
Նահատակներուն մայրերը, կիները, հայրերը երբեմն զսպուած յուզումով, երբեմն արցունքը աչքերուն հազիւ կը խօսէին..., բայց եւ այնպէս մանուկներ ալ կային, որոնք ժպտիլ գիտէին, ուրախանալ, խանդավառուիլ, տոպրակը բանալով՝ պարունակութիւնը տեսնել...
Լիբանանահայ կնոջ մը առաջարկին հետեւանքով կազմուեցաւ վերոնշեալ այցելութիւններուն եւ նուիրատուութեան ծրագիրը՝ Ամանորեայ այս օրերուն ժպիտ պարգեւել զոհուած նահատակներու փոքրիկներուն: Ծրագրին համամիտ եղան մի քանի լիբանանահայ ընկերուհիներ: Մի քանիին գաղափարը սփռումով մը հասաւ տասի, տասնհինգի, քսանի, ընդգրկուեցան նաեւ բարեկամ սուրիահայ հայրենադարձներ: Եռանդով մը անոնք որոշեցին Նոր տարուան սեմին սփոփել նահատակներուն ձագուկները: Որոշումէն մի քանի օր ետք գնումները կատարուեցան, տոպրակները պատրաստուեցան: Պռոշեան գիւղէն բացի նուէրներ հասան նաեւ Կաբանի զոհուած հերոսներու զաւակներուն եւ ընտանիքներուն:
Նուէրները պատրաստուեցան ըստ մանուկներուն տարիքին եւ սեռին, իսկ այդ մասին, Պռոշեան գիւղի պարագային, տեղեկութիւններ տրամադրուեցան «New birds nest - Նոր թռչնոց բոյն» https://www.facebook.com/New-Birds-Nest բարեսիրական կազմակերպութեան անդամներէն, որոնցմէ երկուքը, Պռոշեանի այցելութեան ընթացքին, կ՚ընկերակցէին խումբին եւ կը ճանչնային բոլոր ընտանիքները: Իսկ Կաբանի պարագային Կաբան հաստատուող ծանօթ հայրենադարձ երիտասարդի մը միջոցով տրամադրուեցաւ մօտաւոր չորս տասնեակ մանուկներու անուն՝ տարբեր տարիքի եւ սեռի, որոնք դարձեալ նուէրներ ստացան:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան