ԷԱԿԱՆԸ

Նստիլ արեւուն տակ։ Կենալ արեւուն մէջ։

Գտնել պահը, եւ չփախցնել զայն։

Ամենաիրական, ամենաէական ապրումը գուցէ. տաքցնել մարմինը, միս ու ոսկոր, արեւու շողերուն տակ։ Ուրիշ ի՞նչ է պէտք։ Կա՞յ այլ փորձառութիւն, որ նոյնքան ապրելու մասին է, ինչքան առնուիլը շողքին մէջ արեգակի։

Փոքր ու վիթխարի չափումներու հատման պահն է այդ փորձառութիւնը։ Փոքր՝ մարդուս էութիւնը պարուրող ու սահմանափակող մարմինը մէկ կողմի վրայ, վիթխարի՝ անջրպետի միւս ծայրին բազմած արեւը այն միւս կողմը։ Եւ այս երկու բեւեռներն են դէմ դիմաց։ Մէկը կ՚ապրեցնէ միւսը. փոքրը կը պաշտէ հսկան։ Կը պաշտէ բնազդաբար, մորթով ու արիւնովն իր, նոյնիսկ եթէ ոչ կրօնապէս, ինչպէս դարեր առաջ։

Տաքցնել մարմինը, միս ու ոսկոր, արեւու շողերուն տակ։ Ուրիշ ի՞նչ է էութիւնը մարդուն. խոհե՞ր, գրքե՞ր, յաջողակութիւ՞ն, պայքա՞ր, իմա՞ստ, կռի՞ւ, արժէ՞ք, իմա՞ստ, աշխատա՞նք, յաղթանա՞կ, իմա՞ստ, արդիւ՞նք, ապագա՞յ... մարմին է, միս ու ոսկոր, ծնունդ աշխարհի ու տիեզերական այլ հողակոյտերու դասաւորութեան, եւ փորձառումը էութեան այդ՝ աւելի մեծ ու երկարակեաց, քան ինքը՝ մէկ կեանքը մարդկային։ Արեւու ջերմութեան ըմպումը ամենաիրական ապրումներէն է կեանքի։

Նստիլ արեւուն տակ։

Կենալ արեւուն մէջ։

Գտնել պահը. չփախցնել զայն։

Յատկապէս՝ գարնան...

ԵՐԱՄ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2021