ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԷՃ ԵՒ ՎԻՃԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Քանի մը օրէ ի վեր մեր պարտէզէն մինչեւ մեր փողոցի դուռը հասնող դրացիներուս աղմուկը, կամաց-կամաց հետաքրքրութիւնս սկսած էր շարժել: Իսկ այդ օր, կարծես ժխորի վերածուելով, առաւել եւս ստիպեցին, որ երթամ եւ անձամբ ստուգեմ: Որոշեցի պատճառը հասկնալ: Մարդ ենք...: Դրացի ենք՝ վերջապէս, թերե՞ւս կրնայի օգտակար դառնալ: Շուտով պարտէզ անցայ եւ ականջալուր դարձայ այդ աղմուկին: Այսպէս, պոռալ-կանչել, անարգական խօսքեր, եւ այս բոլորը հայերէնով եւ երբեմն ալ ռուսերէն բառերով: Ու առ ի հետաքրքրութիւն, ցանկապատիս ճեղքերէն գաղտագողի փորձեցի երկու կողմերն ալ դիտել: Հասկնալ:

Աստուա՛ծ իմ... ամէն բան թէ՛ յստակ էր եւ թէ՛ անհասկնալի:

Տարիներէ ի վեր իրարու պատկից երկու հարեւաններս՝ Սերկէյն ու Վալոտը, մէկը՝ Կիւմրիէն, միւսը՝ Կապանէն, իրենց բնակարաններու սահմանը պատող տախտակէ ցանկապատէն իրարու հետ բարձրաձայն կը վիճէին: Բայց ի՜նչ վէճ, ուղղակի բառերու տարափ: Անվայել խօսքերու «կռիւ»: Ինչպէս կ՚ուզէք որակեցէ՛ք: Իրարու ետեւէ շարուած.- վարչապետ, նախագահ, դաւաճան, ստախօս, արտահերթ ընտրութիւն, խաբէութիւններ, «Փրկութեան շարժում», բոլորը մէկիկ-մէկիկ, երկուքին բերաններէն ե՛ւ առատօրէն ե՛ւ անվայել, դուրս «կը թափուէին», ինծի համար անհասկնալի բառերով եւ հայհոյանքներով «զարդարուած», թունաւոր նետերու նման: Բառերու տեսակ մը հեղեղ: Ահաւասիկ նկարագիր: Ահաւասիկ հայրենիքի ֆիզիքական կորուստի կողքին, «Սփիւռքեան» բարոյական կորուստը:

Աչքերուս եւ ականջներուս չէի կրնար հաւատալ: Սակայն գուշակ ըլլալու կարիքը չկար: Այնքան զարմանալի, նոյնքան իրական: Երկինքէն ինկածի պէս, նախ շուարումէս՝ վախցայ: Մարմինս, պաղ քրտինք մը բռնած էր, անոր համար դէմքիս վրայ մեծ զարմանք մը բռնած, մտովի կ՚ըսէի, թէ «առանց կրակի, մուխ չէր կրնար ըլլալ»: Ուրեմն...: Յստակ էր, թէ մեծ եւ յստակ լարում մը կար երկուստեք: Անհանգիստ «բան» մը մթնոլորտին մէջ: Հայկական վէճ եւ վիճաբանութիւն, որուն գլխաւոր նիւթը մեր հայրենիքն ու անոր ներկայի ու անցեալի ղեկավարներն էին: Հարեւաններէս իւրաքանչիւրը կարծես իր գիտցածն ու կարդացածը կամ լսածը գոց սորված շարունակ բառերը կը կրկնէր թութակի նման: Երկուքին ձայներն ալ ուրիշ աշխարհէ կու գային: Կարծես իրարու անծանօթներ կամ աւելի ճիշդ՝ ոխերիմ թշնամիներ ըլլային:

Մեղա՜յ: Երեւանի հրապարակներուն կամ փողոցներուն վրայ կատարուած ցոյցերուն կրկնութեան տեսարանը կը թուէր ինծի: Երկուքն ալ ցնցուած էին իրենց կիրքերուն մէջ: Երկուքին աչքերն ալ բոցի գոյն առած էին: Զգացական պոռթկում: Երկուքն ալ շարունակ նոյն բառերը «կը ծամէին» եւ «կ՚որոճային»: Միայն, հո՛ս ոստիկանութեան միջամտութիւնը «կը պակսէր»: Իսկ ես, որոշած էի այդ դերը չստանձնել: Իսկապէս, որ անձնապէս ամիսներէ ի վեր, արդէն յոգնած էի նման կրկնուող բառեր լսելէն, ձեւերէն եւ «գունաւոր» տեսարաններէն:

Հաստատապէս, միտքերու խառնաշփոթ քարտէս:

Ինծի կը թուէր, որ երկուքն ալ իրենք զիրենք կամ վարչապետ կը կարծէին, կամ ալ բանակի հրամանատար եւ քաղաքական մեծ ղեկավար եւ կամ ալ նոյնիսկ կուսակցապետ: Վրաս գրէ՛...: Այնչա՞փ տեղեկութիւններ...: Կարծեմ, մեծ պետութիւններն նոյնիսկ տեղեակ չէին: Իրենք, «ամէն» բան գիտէին եւ մանրամասնօրէն: Բանակի, զէնքի եւ զինամթերքի, մարդկային կորուստներու եւ բազմազան տեսակաւոր վնասներու մասին «փաստերով» կը վիճէին: Հանդարտ խօսիլն ու հանդարտ համոզելը մոռցած էին: «Կաշառակերութիւն»,- կը պնդէր մէկը: «Դաւաճան»,- զսպուած թախիծով կ՚արտայայտէր միւսը: Ուղղակի տեսարան: Միայն պոռչտուք: Միտքերու քաոս: Անձնապէս քաղաքականութիւն ըսուած «բառէն» կը սարսափէի: Անոր համար ինծի անհասկնալի կը թուէր այս վէճը: Գլխուս մէջ կատարեալ շփոթ մը կար: Ուրեմն հայրենիքի ամէնօրեայ ընդհանուր մթնոլորտը հասած էր նաեւ մինչեւ մեր բնակարաններուն եւ ահա անկէ ընդօրինակուած ամօթալի տեսարան: Երկու հայերու միջեւ նորածին խռովութիւն:

Անմիջապէս կ՚անդրադառնամ ու կը փորձեմ «ռազմադաշտէն» հեռանալ:

Այս ի՞նչ վիճակ է: Որո՞ւ հաւատաս: Ո՞վ ենք մենք: Ո՞ւր եկած ենք: Դէպի ո՞ւր կ՚երթանք: Ո՞ւր հասած ենք այս ընթացքով եւ կամ ո՞ւր կ՚ուզենք հասնիլ այսպէս: Մենք, որ դարերու պատմական մեր ցնցումներէն տոկացած ենք ու կրցած ենք վերակենդանանալ, նայեցէ՛ք, այս օրերուն մեր իրավիճակը: Ո՞ւր մնացին հայրենի եւ սփիւռքեան մեր ազգային գիտակցութիւնը: Ինծի համար շատ ամօթալի իրականութեան դիմաց, վայրկեանին ուղեղս բան չէր հասկցած: Կարծես մօտս կը պակսէր տրամաբանութիւնը: Եղածն ու կատարուածը պարզապէս ժխտական երեւոյթ էր, որ կը կտրատէր երկու բարեկամ մարդոց միջեւ գտնուող յարաբերութեան կապը: Ուստի որոշեցի հեռանալ:

Երեւակայեցէ՛ք, նահապետական դարաւոր աւանդութեան մաս կը կազմէ մեր համերաշխ կենակցութիւնը: Մեր իրարու հետ հաշտ ապրիլը էական ու կենսական են ո՛չ միայն մեզի, այլեւ՝ մեր շրջապատին եւ յատկապէս մեր բոլորի միակ հայրենիքին համար ալ: Որովհետեւ, վերջ ի վերջոյ մենք՝ իբրեւ հայեր, բոլորս ալ ունէինք նոյն թշնամին եւ կամ հակառակորդն ու հակառակորդները: Ունէինք նաեւ մեր նոյն ազգային հարցերն ու խոչընդոտները եւ մանաւանդ՝ նոյն ճակատագիրը: Ուրեմն նման պատճառով եւ կամ պատճառներով մեր վէճերը ոխի եւ քէնի վերածելը, անկասկած որ տկարամտութեան արդիւնք էին: Պարզապէս չար նախանձ:  Մեր աչքերը փակելով՝ մեր դիմացինին սխալները կ՚ուզենք տեսնել: Ծիծաղելի ու նոյնքան ալ՝ ցաւալի:

Բայց... չէ որ բոլորս ալ հայեր էնք: Այո՛, հայ ենք եւ տաքարիւն՝ յատկապէս թունդ իրարու հանդէպ, եւ ո՛չ թէ հակառակորդին...:  Այսքան կռիւէ, զոհերէ, սխրանքներէ ետք, տեսանելի են, որ տակաւին շօշափելի ու զգալի տագնապներ կան հայ կեանքին մէջ: Ու դժբախտաբար մինչեւ հիմա չենք անդրադառնար այս իրականութեան: Մենք իրարու հետ խօսիլ չենք գիտեր: Կորսնցուցած ենք մեր կենցաղավարութեան տարրական կէտերը: Որովհետեւ բոլորս ալ կ՚ապրինք առանց զիրար հասկնալու: Փոխանակ նորագոյն պատմութեան հետ քայլ պահելու, անոր կողքին ընթանալու, մնացած ենք շուարած ու լճացած անոր մէջ: Միայն յանցաւոր փնտռելով կ՚ապրինք եւ երբ պարզ ու անմեղ մատնանշում մը կատարելու ըլլանք, շուտով կը թշնամանանք: Նայեցէ՛ք...ա՜լ ուր հասած ենք:

Իսկ հիմա, եթէ տարբեր եւ վախազդու երկիւղ մը կար, այդ մէկը մօտիկ կամ հեռու մեր ապագայի անստուգութիւնն էր: Ահա ճիշդ ասոր «երեսէն» պատմութեան ընթացքին շատ բան կորսնցուցած ենք: Անհասկացողութիւն եւ անհանդորժողութիւն կամաց-կամաց մեծնալով՝ ոխի վերածուած են: Ահա մեր «նոր» եւ օտարացած նկարագիրը:

Ընդունինք կամ ոչ, ներկայ աշխարհի մե՛ր հաւաքականութեան մէջ, կոտորակումները ընթացքի մէջ են՝ շատ անգամ առանց առարկայական պատճառի։ Հաւանաբար մեր մասնակի եւ անբաւարար աշխատանքներու ծնունդ են: Չեմ գիտեր... դո՛ւք ըսէք:

Թէեւ քիչ մը ուշ, սակայն պայման է, որ սրբագրենք մեր այդ սխալը եւ մեր ազգային ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք մեր գոյութեան հիմնաքարը հանդիսացող գործերուն վրայ, միաժամանակ քայլ պահելով ընկերութեան հոլովոյթին հետ: Այլ խօսքով՝ մեր պետականաշինութեան լծուինք: Կայուն եւ յարգալի: Այսպէս, եթէ անգամի մը համար հանդարտ եւ անշահախնդիր նայինք մեր շուրջը, արդէն ամէն բան հասկցած կ՚ըլլանք: Այս օրերուն պայման է, որ նախ փնտռենք մեր մտքերու խաղաղութիւնը եւ ապա ունենանք համահայկական եւ ազգային մտածողութիւն: Ճիշդ է, որ նաեւ կրնանք տարբեր տեսակէտներ ունենալ, սակայն տարբեր տեսակէտներու կողքին չմոռնանք, որ ունինք ընդհանուր մէկ նպատակ, որ մեզ բոլորս կը միաւորէ ու մեզ կը գօտեպնդէ: Ան՝ մեր հայրենիքի ամրապնդումն է: Հզօր եւ անկախ ու ազատ Հայաստանի մը ներկայութիւնը: Մեզի ա՛յս է պէտք, միակամ հայ սփիւռքի կողքին:

Իրականութիւնը իբրեւ յանձնառութիւն պէտք է վերցնել, միշտ ըսած ենք: Այսինքն պատրաստ ըլլանք յանձն առնելու: Վէճերն ու թիւրիմացութիւնները, անհասկացողութիւններն ու տարբեր կարծիքներ յայտնելը շատ պիտի պատահին: Ընտանիքներէ, ժողովասրահներէ եւ ամէն տեղ...: Մարդկային են: Բնական: Կարեւորը մեր իրարու միջեւ ստեղծուած յարաբերութեան ամրութիւնն է ու հարազատութիւնը, լայնասրտութիւնը, լայնախոհութիւնը, փոխադարձ հասկացողութիւնն ու յարգանքը եւ մանաւանդ ներողամտութեան ոգին:

Յաճախ մենք մեր մէջ կը սրտդողինք ու մենք մեր մէջ ալ կը յուսահատինք... լուծում կը փնտռենք... ու... չկայ... լուծումը բացակայ է... քանի որ լուծում ապահովող զարկերակը չկայ... ղեկավարութիւնը չկայ, հաւաքական կամքը չկայ, տեսիլքը չկայ...:

Չկայ ու չկայ...: Սակայն այնպէս կ՚երեւի, թէ կայ միայն երկպառակտում:

Ամէն անգամ ցաւոտ եւ վշտահար սրտով այս տողերովս յայտնած եմ այս բոլորը՝ եւ աւելցուցած եմ, որ յանուն մեր երկրի լուսաւոր ու պայծառ ապագային, կարեւորը, մեր համերաշխ ապրիլն է, մեր նման վէճերուն վերջ տալն է եւ մեր ղեկավարներուն ազգային մտածելակերպին ու գործալակերպին հետ միատեղ:

Քիչ մը լայնախոհութիւն եւ քիչ մըն ալ շրջահայեացութիւն՝ արդէն բաւարար են...:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

bedig43@aol.com

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2021