ՏՔԹ. ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿՒՆ. ՅԻՇԵԼՈՎ՝ ՏՈՔԹՈՐ-ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆԸ

Տասնամեակ մը առաջ էր, երբ Երեւան մեկնելու համար, դարձեալ ծննդավայր Հալէպս կ՚այցելէի, իմ բարի բախտէս, կարողացայ բժիշկ Թորոս Թորանեանին հետ յատուկ ժամադրութեամբ մը տեսնուիլ: Կ՚ուզէի անպայման հանդիպիլ: 

Ու իբրեւ անծանօթ մը, սիրտս բառերուս մէջ բռնած, ուխտաւորի մը անկեղծութեամբ, որոշուած ժամուն, հաւատքս եւ ուրախութիւնս շալկած, գացի զինք տեսնելու: Անկեղծօրէն, առաջին անգամ ըլլալով պիտի հանդիպէի հալէպահայ նման գրողի մը: Զինք մօտէն կամ հեռուէն չէի տեսած, նոյնիսկ ծանօթ չէի իր անուան եւ իր գրիչին: Մէկ խօսքով զինք չէի ճանչնար: Ու աղմկոտ սրճարանի մը անկիւնը տեղաւորուելէ ետք, այդ երեկոյ մենք երկուքով եւ երկար խօսեցանք, քիչ մը ամէն բան: Յաճախ լռութիւններով խօսեցանք: Ինք, անհամբեր կը սպասէր, որ արդեօք ի՞նչ կամ ինչե՜ր պիտի պատմէր կամ պիտի ըսէր դիմացը նստող եւ երկար տարիներէ ի վեր ամերիկահայ դարձած, բնիկ այս հալէպցին:

Անմիջապէս, հազիւ քանի մը սովորական նախադասասութիւններ փոխանակած, իր լոյս ընծայած քանի մը հատորները բռնած, արագ մը սեղանին վրայ դնելով, ցուցամատովը հասկցուց, թէ «ասոնք» ինծի համար էին: Եւ ապա ի՛նք բացումը կատարեց մեր խօսակցութեան: Ու սկսաւ այնպէս մը խօսիլ, որ կարծես իր կեանքին կորսուած հետքերը կ՚ուզէր փնտռել: Բայց առաջին իսկ հերթին, ինծի համար ի՛նք տառապանքը շալկած ուխտաւորի մը նմանեցաւ: Կը խօսէր, կարծես թէ մեզի համար կեանքը նոր սկսած ըլլար:

Ու մենք, առանց ժամացոյցի սլաքներուն հետեւելու, անհատնում եւ հաճելի զրուցեցինք ու խօսեցանք, ահագին թուղթ վատնած եւ գրիչ մաշեցուցած այս հայուն հետ, սրտբացօրէն եւ անկեղծ: Ինք միշտ միտքը անհանգիստ, սիրտն ու հոգին անհամբեր, յաճախ այրող բառերով կը խօսէր: Կը զգայիր, որ իր այդ տարիքին, հայ հոգին տակաւին չէր յոգնած: Կը հաւատար հայու վաղուան արեւին: Ինծի համար իսկապէս, որ հարց էր, թէ ինչպէ՞ս պիտի կարենայի սողալ այս հայ մտքին մէջ: Ի՞նչ կրնայի ըսել այս հայ մարդուն, Մեսրոպեան բանակի այս կամաւոր զինուորագրեալին, որ յանուն հայ գիրին, շարունակ եւ անսակարկ, քրտինք եւ հաւատք եւ օրինակելի կորով թափած էր, որոնց իբրեւ հարազատ արդիւնք  տասնամեակներով եւ յաճախ ալ հոգեկան տառապանք հագած եւ նոյնքան ալ ճառագայթում տողերով՝ արտայայտած: Մէկը, որ իր անձն ու գործը կապած էր իր ժողովուրդին, իր հարազատ Արարատեան երկրին, իր գաղութիւն եւ իր մայրենիի գիրին, մշակոյթին եւ սրտին:

Ահա իր հատորները: Անտառ մը խօսք եւ գործ: Տոքթորը, ազնիւ «տաճարներ» կերտած իր գրիչով, իսկապէս, որ իւրօրինակ դէմք մըն էր: Ահա թէ ինչո՞ւ իր բոլոր խօսքերը, գոյն տուին մտածումներուս: Այդ երեկոյ, կարծես մենք երկուքով կը փորձէինք վերագտնել հայն ու հայութիւնը: Սրտցաւ մերձեցում մը կար, մեր ազգային բոլոր ցաւերուն:

Ինք, գրական հասունցած տաղանդ մըն էր, անկասկած: Սովորականին մէջ, անսովորը տեսնելու կարողականութեամբ՝ գրիչ մը, որ ընթերցողին մօտ իր ստեղծագործ կարողութիւններով, կ՚արթնցնէր գիտակցութիւնը: Մէկը, որ պայքարած էր «բան» մը պահելու, իր հասուն բառերու տողերով: Ու վերջապէս, հալէպահայ ներկայ իրականութեան մէջ, ամենէն վաստակաշատ մտաւորականներէն մէկը:

Ու մեր հանդիպման աւարտին, երբ բացայայտեց, թէ իմ հատորներէս ալ ստացած էր, ըսաւ քիչ մը շատ պարզ ու մտերիմ.-

-Գիրքերդ, կը խոստանամ կարդալ... կը կարդամ անպայման եւ կը խօսինք եւ կամ կը գրեմ:

Ապա անկէ ետքն ալ, կարծեմ հո՛ս, մեր մօտ, օր մը իր «տարեդարձը» հրապարակային կերպով նշեցին, եւ որուն անձնապէս ներկայ գտնուեցայ, համեստօրէն: Ու պէտք է յիշեմ, որ ան իր խոստումը կատարեց, եւ շուրջ տասը էջերու մէջ ամփոփած իր տպաւորութիւնները ինծի ուղարկեց, որուն համար օրին երախտապարտ շնորհակալութիւններս փոխանցած էի:

Իսկ հիմա, այս օրերուն, ահա իր մահուան բօթը, որ կ՚ըսէր.-

«Թորանեան ընտանիքի նահապետ, սփիւռքահայ յայտնի գրագէտ, գրականագէտ, արուեստի ու գրականութեան իւրօրինակ դեսպան, բժիշկ, շուրջ երկու տասնեակ հատորներու հեղինակ եւ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանի մետալակիր Թորոս Թորանեան՝ իր երկրային կեանքէն հրաժեշտ տուաւ 93 տարեկան հասակին»:

Թէեւ շուարած եմ, բայց ինք, իմ գիտակցութեանս առջեւ ներկայ է: Կը փորձեմ կեանքի կոչել, շարել, դասաւորել բոլոր հին ու նոր յուշերս: Կը զգամ, որ մտքիս մէջ իր յիշատակն է, որ կը շրջի տաք, նոյնքան ալ՝ մտերիմ: Ահա, հայ գրող մըն ալ կը հեռանայ, կ՚ըսեմ: Հայ գրիչ մըն ալ կը լռէ: Հայ մտքի ու հոգիի շտեմարան մըն ալ իր ստեղծագործ տիրոջմէն կը բաժնուի:

Անուններ կան, որոնք կարծես միասին կը մտածեն: Այսպէս՝ Հալէպ եւ տքթ. Թորանեան: Երբ, անկեղծօրէն մէկուն մասին կը խօսինք, մեր յիշողութիւնը մաքուր ջուրերուն մէջ նաե՛ւ կը յիշէ այն միւսն ալ: Ահա, ա՛յս էր «տոքթորը»:

Սփիւռքահայ գրականութեան մէջ բժիշկ Թորանեան հաստատապէս հայ գիրին ու գրականութեան, հայ մշակոյթի գեղեցկութեան եւ արժէքին խնկարկու հայ մըն էր: Լաւ դիտող մը: Իր սիրտը մշտական նուիրում եւ զոհաբերում եղած էր ազգին եւ անոր զաւակներուն ու հայ գիրին: Այս մէկը իր մտերիմներուն կողքին, կրնանք հաստատել բոլորս ալ:

Օտարամուտ բարքերու ներխուժումի մեր այս օրերուն, որքա՜ն կարիքը ունինք արժէքներու, որոնք նոր սերունդին կը ծանօթացնեն հայ մարդու աւանդական դիմագիծի բոլոր կողմերը։ Յստակ է, թէ մարդու մը բնութագիրը, իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, իր ստեղծած ու ձեռք ձգածն ու բերածն է: Ահա թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս, իր ստեղծագործութիւններուն ընթերցումներով կը զգաս, որ հրաշալի հոգի մը կայ անոնց մէջ, որ որոշ կորովով, նաեւ կ՚արձագանգէ մարդոց մտքերուն՝ արդարօրէն:

Հաւատացէ՛ք, բառերս պարզ եւ սովորական խօսքերու չեն նմանիր: Այս տողերը պարզապէս քաղցր ու բարի յուշ մնացած ապրումի մը սկիզբն են: Վերջին հաշուով տոքթորը, պարտքը կատարած մարդ մըն էր, որ ճակատագրի բերումով կը բաժնուէր մեզմէ, յաւիտեան: Ան իր խղճի հանդարտութեամբ, իր հետ ոչինչ կը տանէր, բայց անկասկած կը դրոշմէր յանձնառու հայու, մեծ եւ բազմավաստակ մտաւորականի եւ պարկեշտ հասարակական գործիչի անմեղ եւ յստակ պատկերը:

Մեր առաջին հանդիպման աւարտին, բժիշկ Թորանեանին մաղթած էի այնքան բարիք, որոնք իրաւունք ունին ունենալու իրեն նման բոլոր ընտրեալները:

Իսկ ա՛յս անգամ կ՚ըսեմ.- «Յիշատակն Արդարոց, Օրհնութեամբ Եղիցի»:

Յարգա՛նք, իր հարուստ վաստակին եւ բի՛ւր յարգանք՝ իր բարի յիշատակին։

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

bedig43@aol.com

Երկուշաբթի, Յունիս 7, 2021