«ՔԷՕԹԱՀԻԱ»ԷՆ… ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ. ՊԱԼԵԱՆՆԵՐՈՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Հայաստանի «Հանրային ռատիօ»ի «Ժամանակի վկան» հաղորդաշարի հիւրը եղած է յախճապակիի արտադրական աւանդութիւնները շարունակող Պալեան գերդաստանի կրտսեր ներկայացուցիչը՝ Սեդրակ Պալեան: Ան ներկայացուցած է աշխարհով մէկ հայկական խեցեգործութիւնը, հանրահռչակած ու տարածած, արդէն մէկ դար այդ արհեստի եւ զայն արուեստի վերածած հայկական տոհմերու պատմութիւնը եւ, մասնաւորապէս, Պալեան ընտանիքի ունեցած աւանդը՝ յախճապակիի համաշխարհային զարգացման ընդհանուր գործընթացին:

Հայկական յախճապակիի մասին պատմող հաղորդումը կը կրէր «Մնայուն արժէքներ, յարափոփոխ ժամանակներու մէջ» ենթախորագիրը:

Հաղորդաշարի հեղինակ Իրինա Բարսեղեան Կրպէյեան պատմական ակնարկով մը անդրադառնալով հայկական յախճապակիի անցած ուղիին՝ յիշեցուց, որ յախճապակիի արտադրութիւնը զարգացած էր միջնադարեան Հայաստանի մէջ: 9-րդ դարու երկրորդ կէսէն մինչեւ 11-րդ դարու երկրորդ կէսը Հայաստանի մէջ հայկական յախճապակիի զարգացման հիմնական կեդրոնը եղած էր Դուինը: 11-րդ դարու երկրորդ կէսէն մինչեւ 13-րդ դարու առաջին կէսը յախճապակիի արտադրութիւնը ծաղկում ապրած է, հիմնական կեդրոններ ունենալով Դուինն ու Անին: Յաջորդող շրջանին՝ մինչեւ 15-րդ դար, յախճապակիի տեսականին աւելի սակաւ եղած է: 14-րդ դարուն մոնղոլական տիրապետութեան հետեւանքով հայ ժողովուրդի զանգուածային արտագաղթ տեղի ունեցած էր, անեցիներու մէկ հատուածը հաստատուած էր Կուտինա (Քէօթահիա), իր հետ բերելով խեցեգործութեան արուեստի գաղտնիքներն ու աւանդութիւնները: Այդպէսով Կուտինան հռչակուած էր յախճապակիի արտադրանքով եւ այդ մենաշնորհը պահպանած՝ մինչեւ 19-րդ դարը:

Յախճապակիի արտադրութիւնը 20-րդ դարուն նոր վերելք ապրած է, շնորհիւ յախճապակիի արհեստին տիրապետած գերդաստաններու, որոնք այդ ժառանգութիւնը պահպանած եւ արուեստի վերածելու շարունակական ջանքեր գործադրած էին:

Սեդրակ Պալեան ներկայացնելով, թէ ինչպէս հայկական երեք գերդաստանները դարձան յախճապակիի արտադրական աւանդութիւններու շարունակողը մինչեւ 19-րդ դար՝ ըսաւ. «16-17-րդ դարերուն յատկապէս Իզնիքը եւ Քէօթահիան եղած են խեցեգործութեան երկու մեծ կեդրոններ: 18-րդ դարուն սկիզբը Իզնիքի կեդրոնը կամաց կամաց սկսած է խամրիլ, իսկ Քէօթահիոյ մէջ, ուր խեցեգործներու մեծամասնութիւնը (70 տոկոսը) հայեր էին, զարգացում ապրեցաւ եւ անոնց գործերէն է, որ ծնունդ առաւ հայկական յախճապակին Քէօթահիոյ մէջ: Այդ հայ ընտանիքներէն ամենէն յայտնին Աբրահամն էր եւ այն ինչ, որ կը հայկականացնէր յախճապակին՝ ընդհանրապէս աւետարանէն առնուած գծագրութիւններ էին, մեծամասնութեամբ՝ ծաղիկներ, ինչ որ Իզնիքի կրկնուող ձեւերէն քիչ մը կը շեղէր: 19-րդ դարուն, երբ Եւրոպայի մէջ արդէն բաւականին կը զարգանայ խեցեգործութիւնը, Քէօթահիան ալ կը սկսի կորսնցնել իր կարեւորութիւնը: Բայց այնտեղ կը մնան երկու-երեք ընտանիքներ, որոնք կը շարունակեն զբաղիլ խեցեգործութեամբ, մինչեւ 1919 թուականը»:

1919-1922 թուակններուն, պատերազմի շրջանին Քէօթահիոյ հայերը տեղւոյն ղեկավարի ջանքերու շնորհիւ կրցած են զերծ մնալ բռնի իսլամացումէ: Բայց, 1922-էն վերջ պայմանները փոխուած են։

Պալեան կը պատմէ, թէ ինչպէս 1919 թուականին յախճապակիի գործունէութեամբ զբաղող Յովհաննէսեան, Պալեան եւ Գարագաշեան երեք ընտանիքները Քէօթահիայէն կը հրաւիրուին Երուսաղէմ, վերանորոգման աշխատանքներ կատարելու համար: «1919-ին Երուսաղէմի մէջ, որ Բրիտանական կայսրութեան տիրապետութեան տակ էր այդ ժամանակ, Ռանըլտ Սթորզ, որ շատ հետաքրքրուած էր արեւելեան արուեստով, Լորտ Աշպիի հետ արհեստի եւ արուեստի շարժումի մը կը սկսին, այդ ծիրէն ներս, 1919-ին կը հիմնուի «Փրօ-Ճերուսալէմ սոսայըթի»ն, որուն գլխաւոր նպատակը կ՚ըլլայ վերանորոգել բոլոր շէնքերը եւ այդ արհեստն ու արուեստը վերակենդանացնել: Այս նպատակով անոնք Քէօթահիա կ՚երթան, լեզուաբան եւ խեցեգործ Դաւիթ Յովհաննէսեանը կը հրաւիրեն Երուսաղէմ, որպէսզի սկսի վերանորոգել Ոսկեայ գմբէթ մզկիթի սալիկները: Դաւիթ Յովհաննէսեան Քէօթահիայէն իր հետ կը բերէ նաեւ Նշան Պալեանը, որ իմ հօրս մեծ հայրն է, եւ Մկրտիչ Գարագաշեանը», կ՚ըսէ ան:

Նշենք, որ Մկրտիչ Գարագաշեան եղած է շատ յայտնի նկարիչ, իսկ Նշան Պալեան՝ կաւագործ: Այսպէսով երեք ընտանիքները կը հաստատուին Երուսաղէմ: Արդէն 101 տարիէ ի վեր նշեալ ընտանիքներու ժառանգները կը բնակին Երուսաղէմ եւ կը զբաղին հայկական յախճապակիի արտադրութեամբ, զարգացնելով Քէօթահիայի հայկական յախճապակիի աւանդութիւնները:

Ինչպէս կը պատմէ Սեդրակ Պալեան, 1922-ին բաժանում տեղի կ՚ունենայ, Պալեան եւ Գարագաշեան ընտանիքները կը շարունակեն գործել միասին, իսկ Յովհաննէսեանը՝ առանձին, որ սակայն 1948-ի պատերազմին կը հեռանայ Լիբանան, Պէյրութ, ուր կը մահանայ: Իսկ Պալեան եւ Գարագաշեան ընտանիքները կը շարունակեն այս գործը մինչեւ 1965: Անոնք որոշ համաձայնութեան մը հասած էին, որ Գարագաշեանները նկարչութեամբ զբաղէին, իսկ Պալեանները՝ կաւագործութեամբ, այսինքն, այն ամէն ինչ, որ կապ ունի կաւի, գոյներու, ջնարակի հետ եւ այլն: Աշխատանքի շատ յստակ բաժանում կար:

«90-ական թուականներուն մեծ հայրս՝ Սեդրակը կ՚ամուսնանայ Մարի Ալեքսանեանին՝ մեծ մօրս հետ, որ Պոզաղ համալսարանէն էր, նկարչուհի եւ շատ կ՚ուզէր, որ իր արուեստը բերէր այդ գործին՝ խեցեգործութեան, յախճապակիին, բայց մինչեւ 1965 թուականը, դժբախտաբար, կարելիութիւն չկար այդ մէկը ընելու: Միայն 1965-ին, երբ կը բաժնուին երկու ընտանիքները, Պալեան ընտանիքը կը մնայ Երուսաղէմ, իսկ Գարագաշեան ընտանիքը կ՚անցնի Վիատոլորոսա հին քաղաքը, հնարաւոր կ՚ըլլայ», կը պատմէ Սեդրակ Պալեան:

Այսպէսով, արմատներով Քէօթահիայէն սերող, բայց Մեծ եղեռնի հետեւանքով Լիոն մեծցած, 6 տարեկանին նկարել սկսած, 10 տարեկանէն դիմանկարներ ստեղծած Մարի Պալեան, որ ուսանած էր Փարիզի Գեղարուեստից ազգային բարձրագոյն դպրոցէն ներս, 1965 թուականին բեկումնային փոփոխութիւններ կը կատարէ Երուսաղէմի հայկական յախճապակիի արտադրութեան ոլորտին մէջ:

«1965-ին, երբ Մարի Պալեան կը կարողանայ իր արհեստը մտցնել գործին, Պալեան ընտանիքի գործերը կը սկսին աւելի զանազանուիլ միւսներէն: Ինչպէս որ ըսինք, Քէօթահիայի, Իզնիքի յախճապակիի գծագրութիւնները նախնական ձեւեր էին, Մկրտիչ Գարագաշեանը, Դաւիթ Յովհաննէսեանը եւ Մարի Պալեանը բոլորովին կը փոխեն ատիկա, կը սկսի շարժում երեւիլ, կեանք կու գայ յախճապակիին, կը տեսնենք, որ ծառերը, կենդանիները շարժումի մէջ են, գրեթէ կրնանք լսել թռչուններուն երգը, եղնիկներուն ձայները եւ այդ է, որ կ՚առանձնացնէ հայկական յախճապակին, իսկ Մարի Պալեանի տարբերութիւնը կ՚ըլլայ այն, որ մեծ պաստառներ կը սկսի սարքել, ամենամեծը՝ 5 մեթրով 3 մեթր է, 1000 սալիկէ կազմուծ, որ նուիրուած է Երուսաղէմի քաղաքապետարանին եւ այսօր կը գտնուի Քորէշ փողոցը», կը պատմէ Սեդրակ:

Սեդրակի համաձայն, այսօր հայկական յախճապակին Երուսաղէմի մէջ դարձած է խորհրդանիշ՝ Երուսաղէմի արհեստի ու արուեստի, սակայն Պալեան ընտանիքը յախճապակիի արտադրութիւնը ապագային ընդլայնելու համար ունի մեծ ծրագիրներ, որոնց հիմնական նշանակէտներէն է՝ Հայաստանը:

«Մենք 100 տարիէ ի վեր արդէն Երուսաղէմի մէջ կը գործենք, Յորդանանի մէջ ալ գործարան մը ունինք եւ մեր նպատակը անշուշտ Հայաստան բերելն է այդ արհեստն ու արուեստը, որովհետեւ, գիտէք, Յիսուսէն 3000 տարի առաջ Հայաստանը արդէն մեծ կեդրոն էր: Մեզի համար շատ կարեւոր է, որ հայկական յախճապակին ներկայ ըլլայ նաեւ Հայաստանի մէջ: Յատկապէս Երուսաղէմի հայկական յախճապակին է, որ կ՚ուզենք բերել Հայաստան, ուր սկսիլ արտադրութեան, բայց համաճարակի պատճառով այդ ծրագիրը յետաձգուեցաւ», ըսած է Սեդրակ:

Սեդրակ Պալեան կրտսերը նշանաւոր Պալեան ընտանիքի չորրորդ սերունդի ներկայացուցիչն է: Ան հպարտութեամբ կը կրէ իր պապի անունը, ան նաեւ արժանապատուօրէն ինքզինք կը համարէ ընտանեկան դարաւոր ժառանգութիւնը շարունակողներէն մէկը: Այժմ ան կ՚ուսանի Հայաստանի Ֆրանսական համալսարանին մէջ: Պալեան ընտանիքի կրտսեր ժառանգները, Նշան Պալեանի երեք զաւակները նպատակ ունին անպայման շարունակել ընտանեկան աւանդութիւնները եւ Հայաստանի մէջ հիմնադրել հայկական յախճապակիի արտադրութիւն:

«Անշուշտ, այս ամէն պատմութիւնը, ժառանգութիւնը մեծ պատասխանատուութիւն մըն է: Սկիզբը շատ դժուար էր մեզի համար, որովհետեւ կը զգայինք, որ մեծ բեռ կայ մեր ուսերուն վրայ, բայց մենք անշուշտ գիտակից ենք այդ պատասխանատուութեան: Ես, եղբայրս եւ քոյրս, բոլորս ալ կը գիտակցինք, որ պէտք է եւ կարեւոր է, որ պահպանենք եւ շարունակենք այս գործը եւ պիտի փորձենք եւս 100 տարի եւ 200 տարի ալ շարունակել մեր պապերու մշակութային ժառանգութիւնը», եզրափակած է Պալեան:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2020