ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐ

-Մոմերը վառեցէ՛ք, ածուխներուն վրայ առատ խունկ լեցուցէ՛ք, տէր հօր հետ երգեցէք ու կուշտ մը լացէ՛ք, որ դուք ալ հանգստանաք, հանգուցեալներուն հոգիներն ալ հանգստացնէք:

Բոլոր տաղաւարներուն այս բարձրաձայն յորդորը կը լսուէր տիկին Արաքսիին հնչիւններով, ան կ՚ընկերանար մեր գերեզմանատան այցին եւ հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին՝ «Թափեցէ՛ք հրաժեշտի արցունքները», կ՚ըսէր խորունկ շունչ մը քաշելով ու սրբելով այտէն գլորուող կաթիլները:

Յաղթանդամ, ջղոտ, խրոխտ, առնական կեցուածք մը ունէր տիկին Արաքսի. վաթսունն անց էր այն ատեն, որքան որ կը յիշեմ, առանձին կը բնակէր՝ ընտանիք, զաւակներ չունէր. ամուսինը կանուխ մահացած էր, հայրն ու մայրն ալ հողին յանձնած ըլլալու էր: Յաճախ կ՚այցելէր մեզի, մայրս կը խղճար իր մենութեան պատճառով ու ամէն ճաշէ պատառ մը իրեն կը յատկացնէր եւ տաք-տաք կը ղրկէր մեզի հետ: Մենք՝ մանուկներս, կը վիճէինք, թէ ո՞վ պիտի ըլլայ ճաշ տանողը եւ այդ օրուան քաղցր պարգեւը ստացողը:

Երբ նոր մահ պատահէր շէնքին մէջ, տիկին Արաքսին կը փութար հանգուցեալին տունը՝ սփոփելու եւ յուզումներուն փոխարէն ժպիտներ գծելու՝ «Լացը լաց կը բերէ», կ՚ըսէր ան եւ կը փորձէր հանգուցեալին հետ առընչուող քաղցր, զուարթ յուշերը վերակենդանացնել: Կը դժգոհէին յաճախ մահ ունեցողները, կ՚ուզէին մենանալ կարծես իրենց վիշտին հետ եւ ներքուստ, վստահաբար, կը մերժէին ամէն սփոփանք:

Դիւրին չէ հարկաւ նոր վէրքին ցաւը, որ ժամանակի պէտք ունի մաշկ կապելու եւ ծածկելու թաց վէրքը: Բայց եւ այնպէս տիկին Արաքսի կը շարունակէր իր առաքելութիւնը՝ «Հոգիները կը տանջուին, եթէ ձեզի այսպէս տանջուած տեսնեն», կը կրկնէր ան յաճախ եւ յուղարկաւորութենէն քառասուն օր ետք, գերեզման այցին իր յանկերգը կը լսուէր, թեւերը պարզած կ՚աղօթէր տէր հօր հետ, երկինք յառած աչքերով կարծես կը տեսնէր վերին Երուսաղէմի դռնէն ներս մտնող հոգիները:

Մենք բան չէինք հասկնար իր խօսքերէն, յաճախ անձայն կը խնդայինք մեր քիթերուն տակէն, երբեմն ալ, մեր խաղերուն ընթացքին, կը կապկէինք իր ձեւերը:

Այսօր, Մեռելոցին, լուսահոգի տիկին Արաքսին յիշողութեանս դուռը թակեց իր յորդորով, իր բարձր ձայնով, Աստուածաշունչը ձեռքին իր նստած անկիւնով: Այսօր, այս տարուան ա՛յս օրը յիշեցի զայն, այս ծանր տարուան առաջին տաղաւարին, երբ հազարաւոր ընտանիքներու ճրագներ մարած են, երբ հազարաւոր մայրերու աչքերը արցունքոտ են..., սփոփանքի բառեր չկան, իսկ արգանդին կանչը խլացնել կարելի չէ, բայց անցեալը փոխելը եւս անկարելի է:

Յիշենք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի զրոյցը հրեշտակին հետ, երբ ննջեցեալներուն առընչուող հարց կ՚ուղղէր, թէ՝

-Գացող հոգիները մնացողները կը յիշե՞ն, թէ բոլորովին կը մոռնան:

-Անպայման կը յիշեն,- պատասխանեց հրեշտակը,- եւ եթէ ապրողները անոնց անունով ողորմութիւն բաժնեն եւ Սուրբ Պատարագ մատուցեն, ապա ննջեցեալներուն հոգիներն ալ անոնց համար կ՚աղօթեն, որպէսզի Աստուած բարի օրեր պարգեւէ ու փրկէ զանազան փորձութիւններէ:   

Հանգչին խաղաղութեամբ մեր բոլոր հին ու նոր ննջեցեալներուն հոգիները:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունուար 8, 2021