ԾԱՅՐԱՅԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐԱՆՔԸ

Հայաստանի քաղաքական եւ իրաւական կեանքի յայտնի դէմքերէն մին է Աւետիք Իշխանեան, որ գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ որպէս իրաւապաշտպան եւ մտաւորական։ Երկրի իրադարձութիւններուն շուրջ իր հետ ունեցանք հարցազրոյց մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

-Վերջին օրերուն յայտնի դարձաւ, որ իշխանութիւնը կ՚ուզէ վերահսկել Հայաստանի մամուլը զանազան միջոցներով եւ հիմա յղումի «վերահսկողութեան» մասին սկսած է խօսիլ։ Որպէս իրաւապաշտպան՝ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս նոր վիճակը:

-Նախ գնահատական մը տամ հայկական մամուլին: Հայաստանի մէջ՝ որքան ալ խօսինք, որ ժողովրդավարութեան մակարդակը ցած եղած է, բայց, իր բոլոր սահմանափակումներով հանդերձ, խօսքի ազատութիւնը բաւական լաւ մակարդակ մը ունեցած է: Ճիշդ է, հանրային հեռուստատեսութեան՝ «Հ1»ով շատ քիչ պատահած է, որ տարբեր կարծիքներ հնչեն, բայց, ընդդիմադիր կամ հասարակական որեւէ գործիչ կարողացած է իր խօսքը տեղ հասցնել: Բայց, լրագրողներու եւ խմբագիրներու մասնագիտական մակարդակը բաւարար չէ։ Շատ քիչ են այն լրագրողներն ու խմբագիրները, որոնք ունին մսսնագիտական բարձր չափանիշներ, որովհետեւ անոնք մեծամասնութեամբ քաղաքականապէս կողմնորոշուած են եւ շատ յաճախ թերթերը լեցուած են զուտ քաղաքական քարոզչութեամբ։ Մեր մամուլը ստայօդ եւ կիսաճշմարիտ եղած է:

Երկրորդ՝ 2018-ին, իշխանութեան գլուխ եկան մարդիկ, «Հայկական Ժամանակ» թերթի խմբագրի գլխաւորութեամբ: Եթէ յետադարձ հայեացքով մը նայինք, թէ ինչպիսի՞ն էր այդ օրաթերթը, ապա կը տեսնենք, թէ անկէ աւելի սուտ լուրեր տարածած թերթ Հայաստանի մէջ երբեւիցէ չէ եղած: Հաւաստի լուրեր կան, թէ ան (գլխաւոր խմբագիրը) վարկաբեկիչ լուրեր կը պատրաստէր զանազան գործարարներու մասին եւ գումարի դիմաց չէր հրատարակեր զանոնք: Ուրիշ օրինակ մը՝ 2000-ական թուականներու սկիզբներուն «Հայկական Ժամանակ» թերթի առաջին էջին վրայ տպագրուեցան վերջին տարիներուն մահացած հայ քաղաքական գործիչներու նկարները, «անոնց, որոնց սպաննած են Հայաստանի իշխանութիւնները» հրապարակումով։ Եւ անոնց մէջ կային սրտի կաթուածէ մահացած կուսակցութիւններու ղեկավարներ: Եթէ նոյն տրամաբանութեամբ աշխատին այսօրուայ լրագրողները, որոնք համեմատաբար աւելի բարեխիղճ են, պէտք է անցեալ երկուքուկէս տարուայ մէջ մահացածները՝ սկսեալ բանտի մէջ հացադուլէ մահացածներէ կամ ինքնասպան գործիչներէ, քորոնաժահրի համավարակի զոհերէ, մինչեւ պատերազմի հազարաւոր զոհերը, ապա անոնք բոլորը պէտք է ներկայացուին՝ որպէս «իշխանութեան կողմէ սպաննուածներ»։ Այսպիսի իշխանութիւն, ամբողջ իր քարոզչամիջոցներով, թէ՛ թերթերով եւ թէ համացանցով, դարձեալ կեղծիք կը տարածէ եւ այդ միջոցներով ալ կը պահէ իշխանութիւնը: Եւ յանկարծ հիմա ան կ՚ուզէ սահմանափակել լրատուամիջոցներու ազատութիւնը: Սա կը նշանակէ, թէ որեւէ կարծիք որեւէ մէկը եթէ յայտնէ, ներկայացնելով զայն աղբիւրը չնշուած լրատուութիւն, ապա բերանը պիտի փակեն: Արդարեւ, Հայաստան իրաւական պետութիւն մը չէ, օրէնքներն ու արդարադատութիւնը մէկ մարդու ձեռքին մէջ է, հետեւաբար որեւէ իրեն համար տհաճ լրատուական միջոց կրնայ փակուիլ։ Այս է իշխանութեան ցանկութիւնը։ Ի վերջոյ իշխանութիւնն ու գլխաւոր իշխանաւորը կը սարսափին քննադատութենէ, նաեւ ճշմարտութենէ:

-Ի՞նչ է ձեր կարծիքը Հայաստանի քաղաքական գործընթացներուն վերաբերեալ: 9 նոյեմբերի համաձայնագրի ստորագրումէն ետք, մենք՝ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ կը զգայինք, որ Փաշինեան մօտ օրէն պիտի հրաժարի։ Ան կարծես կամուկացի մէջ էր մինչեւ Մոսկուա երթալը, իսկ այդ այցէն ետք նկատուեցաւ rebranding (վերսկիզբ) մը եւ նոր ձեւափոխում մը: Ի՞նչն էր, որ արգիլեց իր հեռանալու գործընթացը:

-Ռուսաստանի կապակցութեամբ պէտք է նկատի առնել, որ երկրի ղեկավար մը անձամբ երբեք վատ բաներ չի խօսիր այլ երկրի մը ղեկավարի մասին: Գիտենք՝ Ռուսաստան ինչ տեսակի երկիր մըն է։ Այնտեղ իրենց պետական հեռատեսիլով խօսող քաղաքագէտները երբեք չեն կրնար արտայայտել այնպիսի բաներ, որոնք կը հակասեն Քրեմլինի մօտեցումներուն։ Եւ երբ տեսնենք, թէ անոնց վերաբերմունքը Հայաստանի վարչապետին նկատմամբ խիստ բացասական է, ուրեմն, սա ցոյց կու տայ Ռուսաստանի ղեկավարի վերաբերմունքը Հայաստանի վարչապետին նկատմամբ: Սա բնական է այն առումով, որ Հայաստան, ըստ էութեան, պայմանագրութիւններով Ռուսաստանի դաշնակիցն է։ Բայց այս երկուքուկէս տարիներուն այս իշխանութեան ղեկավարը ամէն ճիգ ըրաւ, որպէսզի Հայաստան ուղղակիօրէն թշնամանայ Ռուսաստանի հետ:

Իսկ ինչ կը վերաբերի այլ երկիրներու ղեկավարներուն, ես համոզուած եմ, թէ անոնք արհամարհանքով կը վերաբերին մեր վարչապետին, որովհետեւ թէ՛ կրթական եւ թէ դիւանագիտական մակարդակով շատ ցած դիրքերու վրայ է։ Իսկ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ ան ո՛չ միայն արհամարհուած է, այլ՝ ծաղրի առարկայ դարձուած:

Ողջ աշխարհի համար զարմանալի է, թէ ինչպէ՛ս այսպիսի վարչապետ մը կը շարունակէ մնալ իշխանութեան գլուխ: Փաստօրէն, մեր հասարակութիւնը համակերպուեցաւ պարտութեան։ Ճիշդ է, շատ են բողոքողները, որոնք կը հասկնան պատահածը եւ կը գիտակցին, թէ ի՛նչ կը սպասէ մեզի, բայց, զանգուած չի հաւաքուիր: Որեւէ երկրի ղեկավար այսպիսի խայտառակութենէ մը յետոյ պէտք է կա՛մ ինքնասպան ըլլար, կա՛մ կամովին հեռանար եւ կամ ժողովուրդի ցասումը այնպէս մը պէտք է ըլլար, որ զինք հեռացնէր:

-Մեր հասարակութիւնը 2018 թուականին արագօրէն հաւաքուեցաւ եւ անհատական ատելութեան հիման վրայ փողոց իջաւ՝ պահանջելով Սերժ Սարգսեանի հեռացումը: Մինչ այսօր հող կորսնցուցինք, մարդկային զոհեր տուինք, նաեւ անգնահատելի արժէքներ, բայց, հասարակութիւնը կրաւորական դիրք ունի: Ի՞նչ է պատճառը:

-Հայաստանի մէջ կայ շատ զարգացած քաղաքացիական հասարակութիւն, որ մանրադիտակով կը հետեւէր նախորդ շրջանի իշխանութիւններու վրիպումներուն, անվստահութիւն կար իշխանութիւններուն դէմ եւ այս բոլորը յաճախ յայտարարութիւններով կամ բողոքի հաւաքներով կ՚արտայայտուէին:

Ես չեմ արդարացներ հասարակութիւնը այսօր, բայց, յիշեմ, որ 2018 թուականին այսօրուայ վարչապետին կը հետեւէր ընդամէնը 20 հոգի, նոյնիսկ Երեւանի մէջ մեծ զանգուած մը չէր հաւաքուած: Ան անօրինական քայլեր առաւ եւ ապօրինի կերպով մտաւ պետական ռատիոյի շէնքը եւ իր նօսրաթիւ համախոհներուն հետ խռովութիւններ հրահրեց։ Ապա շրջապատեց Ֆրանսայի հրապարակը, ինչ որ նոյնպէս անօրինական քայլ մըն էր ու դարձեալ անհետեւանք մը-նաց: Այս պարագային հասարակութիւնը, դժգոհ ըլլալով իշխանութիւններէն եւ յատկապէս՝ Սերժ Սարգսեանի իր ժամկէտը երկարացնելու ագահութենէն, առաջին՝ երբ տեսաւ թէ վտանգ չկայ, սկսաւ աւելնալ եւ երկրորդ՝ մարդիկ նոյնիսկ եթէ կողմնակից չէին յեղափոխականներուն, չէին ուզեր ետ մնալ ամբոխէն: Հանրապետական կուսակցութիւնը Ծաղկաձորի մէջ ըրաւ այն նիստը, որով Սերժ Սարգսեանը առաջադրեց՝ որպէս վարչապետի թեկնածու։ Եւ այդ քայլը թարգմանուեցաւ՝ որպէս վախի արտայայտութիւն եւ այդ մէկը աւելի դրդեց հասարակութիւնը: Եթէ Սարգսեանի փոխարէն առաջադրուէր այլ գործիչ մը՝ օրինակ Կարէն Կարապետեանը, որ դրական կերպար մըն էր, ես վստահ եմ, թէ այսօրուայ վարչապետի ետեւէն այդ 20 հոգիէն աւելի մարդ չէր երթար: Եթէ ռատիօտուն մտնելէ ետք ձերբակալուէր իր աջակիցներուն հետ, շարժումը կը դադրէր: Եւ երբ ներկայ իշխանամէտները կը համեմատեն 2018-ի հաւաքուած ժողովուրդը այսօրուայ բողոքողներուն հետ, ապա մոլորութեան մէջ կը ձգեն հասարակութիւնը։ Արդարեւ, այն բռնութիւնները, զորս այսօր կը կիրարկեն ոստիկանութիւնը ցուցարարներու դէմ՝ բերման ենթարկել, գործեր յարուցել եւ այլն, եթէ ասոնց մէկ տոկոսը տեղի ունենար 2018-ին, կը հաւաստիացնեմ, թէ այդքան մարդ չէր հաւաքուեր, իսկ այսօրուայ բողոքողները, հակառակ ձերբակալութիւններուն, կը շարունակէին իրենց բողոքը:

-Ղարաբաղի պատերազմէն յետոյ, նոյնիսկ եթէ ընդունինք, որ ծրագրուած պատերազմ մը չէր, նոր Կովկասի մը դիմաց կը կանգնինք: Երկու նախագահները՝ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ կը խօսին խաղաղ նոր Կովկասի մը մասին՝ մանաւանդ, որ մենք պատրաստ չենք նոր որեւէ իրավիճակի: Դուք ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք: Ըստ ձեզի, դէպի ո՞ւր կ՚երթանք:

-Ցաւօք, այս պարտութենէն ետք Հայաստանը՝ որպէս ինքնուրոյն պետութիւն, որպէս միջազգային իրաւունքի գործօն, այլեւս գոյութիւն չունի: Հայաստանի հարցերը կը լուծեն Ռուսաստան, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան: Այսինքն, մեր պաշտպանութեան յոյսը դրած ենք Ռուսաստանի վրայ: Իսկ ինչ կը վերաբերի թրքական խօսքերուն, ապա ես չեմ հաւատար անոնց անկեղծութեան: Այսօրուայ Ռուսաստան-Թուրքիա այս պայմանական սիրավէպը երկու կողմերուն տեսակէտէ ալ պարտադրուած է: Մէկ կողմէ Ռուսաստան արեւմտեան երկիրներու պատժամիջոցներու շատ ուժեղ ճնշման տակ է, իսկ միւս կողմէ՝ Թուրքիա առիթէն օգտուելով շանթաժի կ՚ենթարկէ արեւմտեան երկիրները՝ Ռուսաստանի հետ «սիրախաղ» ընելով: Կը համարեմ, թէ ասիկա Ռուսաստանի կողմէն «ստիպողական սիրախաղ» մըն է: Կովկասի մէջ կայ ներքին սուր հակամարտութիւն եւ Ռուսաստան, կը շեշտեմ, ստիպուած զիջումներ կ՚ընէ Թուրքիոյ առջեւ: Ես համոզուած եմ, որ եթէ չըլլային արեւմտեան ճնշումները Ռուսաստանի դէմ, ապա Թուրքիա ոտքը չէր դներ Կովկաս:

-Ձեր տեսակէտով, եթէ իշխանափոխութիւն իրականացուի Հայաստանի մէջ, ապա ի՞նչ նոր վիճակ պիտի ստանան Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները: Հայաստան, հաւանական իշխանափոխութենէն վերջ, ի՞նչ գործօններ պիտի ունենայ դիմակայելու համար Թուրքիոյ սպառնալիքներուն:

-Ցաւօք, մեր քաղաքական միտքը վերջին առնուազն 12 տարիներու ընթացքին, եղած է երկու ծայրայեղութիւններու արանքը՝ ի մասնաւորի Ռուսաստանի հետ կապուած: Կա՛մ հպատակիլ Ռուսաստանին, համարելով զայն մեր փրկիչը եւ այդ պարագային դառնալ Ռուսաստանի համար մանրադրամ, որ կրնայ մեզ օգտագործել իր շահերէն ելլելով եւ կամ թշնամանալ Ռուսաստանի դէմ, ինչ որ կործանարար է: Մենք չենք կրցած Ռուսաստանի հետ յարաբերուիլ արժանապատուօրէն։ Անշուշտ Ռուսաստան շատ հզօր երկիր մըն է, բայց, հնարաւոր է արժանապատուօրէն համագործակցիլ՝ որպէս իրական դաշնակից եւ վստահելի գործընկեր: Իսկ երկու ներկայացուցած տարբերակներս՝ հպատակութիւնն ու թշնամութիւնը, վստահելի գործընկերոջ տպաւորութիւն չեն ձգեր: Հիմա չեմ ուզեր գնահատական տալ նախորդ իշխանութիւններուն, բայց ներկայ իշխանութիւնը թշնամացաւ Ռուսաստանի դէմ։ Մեծ վտանգ կայ, որ իշխանափոխութենէ ետք, յաջորդ իշխանութիւնը հակառակ ուղղութեամբ երթայ, թերեւս ստիպուած կամ այդ հոգեբանութեամբ տարուած, ինչ որ նոյնպէս վտանգաւոր է: Կա՞յ արդեօք Հայաստանի մէջ այնպիսի քաղաքական ուժ մը, որ տեսնէ երրորդ ճանապարհ մը. այս է լուծումը: Այդ քաղաքականութիւնը պէտք է այնպէս ըլլայ, որ ունենաս արժանապատիւ ու վստահելի գործընկերոջ կարգավիճակ եւ ամրապնդես դաշնակցային յարաբերութիւնները: Այդ պարագային թուրք-ատրպէյճանական վտանգը էապէս կը նուազի՝ մինչեւ բացառուիլը: Այդ ընթացքին պէտք է օգտուիլ իրավիճակէն եւ հզօր երկիր կառուցել ու լուրջ ուշադրութիւն դարձնել բանակին, որովհետեւ յայտնի չէ, թէ աշխարհաքաղաքական գործընթացները ի՞նչ ուղղութիւն կ՚ունենան ապագային: Բայց եթէ երկրիդ իշխանութիւնը եւ պատգամաւորները դասալիքներ են, ապա անիմաստ է խօսիլ հզօր երկրի մը մասին։ Ուրեմն յոյսդ պիտի դնես միայն հովանաւորիդ վրայ, բայց, չես կրնար երաշխիք ունենալ, թէ այդ հովանաւորի աջակցութիւնը յաւերժամնայ է:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2021