ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԶ.

«Լա՛ւ գիտցէք, թէ դուք պիտի լաք ու ողբաք, բայց աշխարհը պիտի ուրախանայ» (Յհ 16.20):

Անոնց տրտմութեան մասին կը գուշակէ, որ չարչարանքներու ժամին զանոնք պիտի պահէր, քանի որ երբ եկան ձերբակալելու Տէրը, անոնք ձգեցին զԻնք եւ վախի պատճառով փախան, բայց թէ ո՞րն է աշխարհը, որ պիտի ուրախանայ. այստեղ աշխարհ հրեաներուն կ՚ըսէ, որովհետեւ քահանայապետներն ու իշխանները կը նախանձէին Յիսուսէն, քանի որ անոնց մեծարանքն ու պատիւը նուազած էր ժողովուրդին մէջ, եւ ռամիկ ժողովուրդը այսպիսի երկիւղով զարհուրած էր, որովհետեւ կը կարծէին, եթէ հռոմայեցիները լսեն Ասոր համբաւը, թէ թագաւոր է եւ Հրէաստանի մէջ ծնած է, այլեւս չեն հնազանդիր մեզի, այն ատեն զօրքերով կը յարձակին մեր վրայ ու կը գերեվարեն մեր աշխարհը եւ սուրով կը մաշեն մեզ, բայց երբ զԻնք խաչեցին, քահանաներն ու ժողովուրդը ուրախացան, թէ գերութենէն փրկուեցանք:

«Դուք պիտի տրտմիք, բայց ձեր տրտմութիւնը ուրախութեան պիտի փոխուի» (Յհ 16.20):

Երբ յարութիւն առնեմ, կ՚ըսէ, հրեաները, որոնք ուրախացան, պիտի տրտմին յաւիտենական տրտմութեամբ, որովհետեւ Աստուածասպաններ պիտի երեւին, իսկ դուք, որ կարճ ժամանակ մը տրտմեցաք, յաւիտեան պիտի ուրախանաք:

«Կին մը երբ պիտի ծնի՝ ցաւ կը քաշէ, քանի ծննդաբերութեան  ժամանակը հասած է» (Յհ 16.21):

Կ՚ուզէ սովորական օրինակի միջոցով զանոնք հաւաստի գիտուններ դարձնէ, որովհետեւ ինչպէս կնոջ երկունքը տրտմութիւն է, սակայն մանուկի ծնելու ուրախութենէն ցաւը չի յիշեր, այդպէս ալ թէեւ նեղութիւններն ու տառապանքը կը հասնին ձեզի, սակայն երբ հանդերձեալին Ինծի հետ թագաւորէք, ուրախութենէն տրտմութիւնը պիտի չյիշէք: Երկրորդ. քանի որ կը խրատէ մեզի, թէ երբ բարեգործութիւն կը ձեռնարկենք, թէեւ նեղութիւններն ու տառապանքը խիստ են, սակայն այն ատեն կ՚ուրախանանք, երբ հանդերձեալին մէջ առաքինութեամբ կը ծնինք անմահութեան եւ մշտնջենաւոր ուրախութեան:

Դարձեալ, ինչո՞ւ համար կնոջ օրինակով կ՚առակէ. նախ՝ որովհետեւ կինը խիստ գթոտ է: Երկրորդ. քանի որ ինչպէս կինը երկունքով կը ծնի մանուկը, այդպէս ալ առաքեալները, որոնք եկեղեցւոյ խորհուրդը ունէին, հաւատացեալները չարչարանքներու երկունքով ծնան՝ աւազանի մկրտութեամբ յաւիտենական ուրախութեան համար: 

«Այդ օրը այլեւս Ինծի բան պիտի չհարցնէք» (Յհ 16.23):

Այստեղ օր ըսելով Հոգիին գալուստը կ՚ըսէ, որովհետեւ այնպէս պիտի զօրացնէ զանոնք, որ այլեւս երբեք կարիք չունին որեւէ բան հարցնելու:

«Այս բաները պատկերաւոր բացատրութիւններով  ըսի ձեզի: Բայց ժամանակ պիտի գայ, երբ այլեւս պատկերաւոր ձեւով պիտի չխօսիմ» (Յհ 16.25):

Այն կ՚ըսէ, որ յարութենէն ետք կը խօսէր անոնց Արքայութեան մասին:

«Հօրմէն ելայ եւ աշխարհ եկայ եւ այժմ կը ձգեմ աշխարհը եւ Հօրը կ՚երթամ» (Յհ 16.28):

Ելլել երբ լսես, մի՛ կարծեր Հօրմէն բաժնուիլ ու աշխարհ գալ, այլ՝ ինչպէս միտքի մէջինը ձայնի միջոցով յառաջ կու գայ, սակայն անկէ անբաժանելի է, ապա ուրեմն Հօրմէն ելլել ու գալը՝ գալու երեւոյթը կ՚ըսէ մկրտութեան, իսկ ձգել աշխարհն ու Հօր մօտ երթալը, այն կ՚ըսէ, թէ բնութիւնը, որ զգեցաւ, տարաւ ու Հօր աջ կողմը նստեցուց, եւ ինչպէս նախապէս, անտեսանելի եղաւ մեր մէջէն:

ԳԼՈՒԽ ԺԷ.

«Յիսուս այս խօսքերը վերջացնելէ ետք աչքերը երկինք բարձրացուց» (Յհ 17.1):

Երբ խօսքով սորվեցուց, թէ՝ «քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի» (Յհ 16.33), հիմա կ՚ուզէ գործով կատարել, քանի որ խօսքով ըսելը դիւրին է, իսկ կատարելը մեծագոյն նեղութիւն է, ինչպէս Ինք ըսաւ. «Ով որ գործադրէ եւ ուսուցանէ, ան մեծ պիտի կոչուի» (տե՛ս Մտ 5.19), եւ մեզի կ՚ուսուցանէ, երբ նեղութիւններու մէջ իյնանք, Աստուծոյ օգնութիւնը խնդրել եւ ոչ թէ մարդու ապաւինիլ: Իսկ թէ գիտութիւն ունէր Ան աղօթելէն, քանի որ Ինք Աստուած էր, այս է, որպէսզի ուսուցանէ զանոնք, որովհետեւ այս բանը Ղազարոսին մօտ ալ ըրաւ, կ՚աղօթէ Հօր ժողովուրդին համար, որ չորս կողմն էր, կը կատարեմ, որպէսզի հաւատան, թէ Դուն ղրկեցիր զիս:

«Դուն Անոր իշխանութիւն տուիր ամբողջ մարդկութեան [մարմիններուն] վրայ, որպէսզի յաւիտենական կեանք տայ բոլոր անոնց՝ որ Իրեն տուիր» (Յհ 17.2):

Այս խօսքը կը կանխաբանէ հեթանոսներուն հաւատալուն, որպէսզի ցուցնէ, թէ Հայրն ալ կը կամենայ փրկութիւնը, ո՛չ միայն հրեաներուն, այլ նաեւ՝ հեթանոսներուն, ատոր համար յարութենէն ետք Ան անոնց ըսաւ. «Գացէ՛ք եւ մկրտեցէք բոլոր ժողովուրդները [հեթանոսները]» (հմմտ. Մտ 28.19), որովհետեւ նախքան խաչելութիւնը հրեաները կը գարշէին հեթանոսներէն, եթէ մէկը անոնց մօտ երթար, չէին ընդուներ զայն իրենց ժողովարանէն ներս: Եւ յայտնի է Պետրոսէն, որ գնաց Կոռնելիոսին եւ անոր ընտանիքը մկրտեց, ատկէ ետք առաքեալները չէին ընդուներ զինք իրենց մէջ, մինչեւ որ պատմեց անոնց ափսէին տեսիլքը, եւ ապա միայն համարձակեցան երթալ հեթանոսներուն եւ քարոզել այնտեղ (հմմտ. Գրծ 10-11.18): Եւ ասիկա ո՛չ միայն հրեաներուն [սովորութիւնն] էր խտրութիւն դնել հեթանոսներուն, այլ՝ Ինք Տէրն ալ աշակերտներուն պատուիրեց. «Մի՛ երթաք հեթանոսներուն շրջանները» (Մտ 10.5):

Բայց թէ ի՞նչ է ամբողջ մարդկութեան վրայ իշխանութիւնը. նախ՝ որովհետեւ առաքեալները, որոնք Անոր մարմինն էին եւ անդամ՝ Անոր անդամներէն, Աստուծոյ իշխանութիւնը բոլոր մարդոց քարոզել, ոչ միայն հրեաներուն, այլեւ՝ հեթանոսներուն: Երկրորդ. քանի որ այն մարմինը որ Բանին հետ միաւորուեցաւ, այնպիսի իշխանութիւն ստացաւ բոլոր մարմիններուն վրայ, ինչպէս Աստուած՝ կարող եւ զօրաւոր ամէն ինչի մէջ:

Սակայն հիմա, հարցնենք հերձուածողներուն, թէ ո՞ր ժամին Բանը իշխանութիւնը ստացաւ: Կ՚ըսեն՝ խաչելութենէն ետք: Եթէ խաչելութենէն ետք է, ինչպէ՞ս կրնաս ըսել զԻնք թէ՛ ամբողջին [վրայ իշխանութիւն ունի] եւ թէ Արարիչ է, եւ ինչպէ՞ս Իր արարածին վրայ իշխանութիւն չունի: Եւ որովհետեւ անցեալին [մէկը] կ՚ապրեցնէր եւ ուրիշ մը կը պատժէր, ինչպէս Աբրահամին կ՚ըսէ. «Իմ ծառայէս՝ Աբրահամէն, ծածուկ բան պիտի չպահեմ» (հմմտ. Ծն 18.17), եւ Սոդոմը այրեց, արդարեւ ինչ որ ունէր, կորուստի՞ մատնեց. քաւ լիցի, այլ այս է իշխանութիւն տալը, որ վերը ըսինք, իսկ թէ ինչո՞ւ բոլոր մարմիններուն [ամբողջ մարդկութեան] կ՚ըսէ, երբ բոլորը չէին հաւատար, արեգակը ո՛չ թէ մեզի համար էր [միայն], քանի որ չլուսաւորուեցան, այլ՝ անոնց, որոնք կամաւորաբար փակեցին իրենց աչքերը՝ զայն չտեսնելու համար:

«Եւ յաւիտենական կեանքը Քեզ ճանչնա՛լն է՝ որպէս ճշմարիտ միակ Աստուած եւ ճանչնալ Յիսուս Քրիստոսը՝ որ Դուն ղրկեցիր» (Յհ 17.3):

Բազմաթիւ անգամներ յաւիտենական կեանքին մասին ըսուած էր, բայց ի՞նչ էր այդ կեանքը, չէ՛ր ուսուցուած: Այժմ յայտնապէս կ՚ուսուցանէ, թէ այս է. «Որ ճանչնան Քեզ ճշմարիտ Աստուած, եւ ճանչնալ Յիսուս Քրիստոսը որ Դուն ղրկեցիր». բայց այստեղ չարափառները կ՚ըսեն, թէ Ինք՝ Որդին, վկայեց զԻնք [Հօրը] միայն որպէս Ճշմարիտ Հայր Աստուած, թէ ասիկա այսպէս է, որու մասին Պօղոս կ՚ըսէ. «Յաւիտենական Թագաւորին, անեղծին եւ աներեւոյթին, միակ Աստուծոյն» (տե՛ս Ա. Տմ 1.17): Եւ դարձեալ՝ միայն թագաւորներու Թագաւորին, որ միայն ունի անմահութիւնը, ապա Որդին անեղ կամ թագաւոր չէ եւ կամ անմատոյց լոյսին մէջ բնակող, ըստ քու կարծածիդ, ապա ուրեմն, կը զրկես զինք այս բոլոր բաներէն:  Ասիկա այս միտքով միայն ըսաւ ճշմարիտ, որովհետեւ աստուածներ կային, որ աստուած անուանուած էին, սակայն իսկապէս աստուած չէին, այլ՝ դեւեր եւ մարդոց ձեռագործ, ինչ բանի պատճառով կ՚ըսէ. «Դուն ես միայն ճշմարիտ Աստուած»:

Տակաւին, երեք պատճառով մենք պէտք է իմանանք զայն, որ կ՚ըսէ. «Ճանչնան Քեզ որպէս ճշմարիտ միակ Աստուած» (Յհ 17.3). նախ՝ ըստ Աստուածութեանդ կ՚ըսէ, որ մեր հասարակներուս Դուն ես միակ ճշմարիտ Աստուած: Երկրորդ. Քեզ միայն, ըսելով՝ Հօր համար կ՚ըսէ, իսկ ճշմարիտ՝ Հոգիին, եւ Յիսուս Քրիստոսը՝ որ Դուն ղրկեցիր, Որդիին համար կ՚ըսէ: Երրորդ. քանի որ ինչպէս Որդիին ճշմարտութիւն եւ կեանք կ՚ըսուի, սոյնպէս Հոգիին ալ ճշմարտութիւն կ՚ըսէ, որ Հօրմէն կ՚ելլէ, այսպիսի ճշմարիտ Որդիին ու Հոգիին կ՚ըսուին՝ Դուն ես Միակ Հայր:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 140

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Փետրուար 8, 2022