ԱՄԷՆ ԻՆՉ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԻ՞ՆՔ
«Հայաստան կը մեռնի բայց պիտի շարունակէ ապրիլ։ Այն քիչ արիւնը որ ունի շատ արժէքաւոր է եւ որ ծնունդ պիտի տայ հերոսական նոր սերունդի մը։ Ազգ մը որ չ՚ուզեր մեռնիլ պիտի չմեռնի», Անաթոլ Ֆրանս, գրող-հրապարակագիր, Նոպէլեան գրականութեան մրցանակիր, 1916։
Դիմատետրի էջ-հաշիւ չունիմ բայց կը հետեւիմ անոր բովանդակութեան տիկնոջս անձնական էջին միջոցաւ։ Յատկապէս արցախեան քառասուն եւ չորս օրերու պատերազմէն ետք, դիմատետրի էջերու վրայ կը հեղեղուին յօդուածներ, վերլուծումներ, անձնական տպաւորութիւններ, յուզումնախառն տրամադրութիւններ, պոռթկումներ եւ անմակարդակ ու գռեհիկ արտայայտութիւններ։ Այս արտայայտութիւնները որեւէ ձեւով չեն օգներ մեր ներկայ օրերու դժբախտ իրավիճակներուն պատշաճ լուծում եւ սփոփանք շնորհելու։
Ասկէ առաջ արդէն յիշեցի։
Արցախեան պատերազմը եւ անոր յաջորդած նոյեմբեր 9-ի տխրահռչակ համաձայնագիրը մեծ աղէտ մըն է։ Մեր ազգային ապահովութիւնը խախտած է եւ Հայաստան-Արցախ հայրենիքներու գոյավիճակները դրած բախտորոշ իրողութիւններու առաջ։ Պատերազմին պարտուած ենք տալով մարդկային եւ հողային մեծ կորուստներ ու տակաւին ժողովուրդին՝ Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք, կրած հոգեբանական մեծ ճնշուածութիւնը։ Այս բոլորին վրայ եթէ աւելցնենք դիմատետրի էջերու վրայ արտայայտուած պոռթկում-տխրութիւն-յուսահատութիւն եւ վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ ու զիրար մասնատելու միտումները, երեւի բոլորս պիտի ըսենք. «Ամէն ինչ կորսնցուցած ենք»։
Ճիշդ է որ ներկայի իրավիճակը դժուար է եւ մտահոգիչ, բայց կայ կարեւոր հարցում մը, որ իւրաքանչիւրս պէտք է մտածէ անոր մասին, ընկալէ ու տակաւին պատասխաններ որոնէ- «Արդեօք ամէն ինչ կորսնցուցի՞նք»։
Արցախը այսօր վիրաւոր է եւ անոր հողատարածքներուն մէկ կարեւոր մասը բռնագրաւուած։ Բայց կայ տակաւին մօտաւորապէս երեք հազար քառակուսի քիլօմեթր հողատարածք, որ կը գտնուի Արցախի հանրապետութեան տիրապետութեան տակ։
Պահրէյնի թագաւորութիւնը, Արաբական ծոցի տարածքաշրջանին մէջ, ունի իր ներքին քաղաքացիական ու միջհամայնքային հարցերը եւ անհամաձայնութիւնները։ Բայց ան կրցած է իր ներքին տարակարծութիւնները հակակշռել եւ կազմակերպել իր երկիրը այնպիսի ռազմավարութեամբ մը, ուր տնտեսական, մշակութային եւ ընկերային բնագաւառներուն մէջ յարատեւ յառաջխաղաց կ՚արձանագրէ։ Ան այսօր դարձած է շրջանի դրամատնային կարեւոր կեդրոն մը։ Իւրաքանչիւր այցելութեանս ընթացքին աւելիով կը տեսնեմ, թէ ինչքան կը կազմակերպուի այս երկիրը եւ պետականութիւնը կը գօտեպնդուի։ Պահրէյնի հողատարա՞ծքը։ Եօթը հարիւր ութսուն քառակուսի քիլօմեթր, ուր կ՚ապրի աւելի քան մէկ միլիոն եօթը հարիւր հազար բնակչութիւն։
Մալթա նոյնքան խօսեցնել կու տայ իր մասին։ Այս եւրոպական կղզին ունի երեք հարիւր տասնըվեց քառակուսի քիլօմեթր տարածութիւն եւ աւելի քան հինգ հարիւր հազար բնակչութիւն։
Նոյնն է պարագան Լիւքսեմպուրկի։ Վերջինս ունի երկու հազար հինգ հարիւր ութսուն քառակուսի քիլօմեթր հողատարածք եւ վեց հարիւր հազար բնակիչ։ Լիւքսեմպուրկ ոչ միայն Եւրոպական Միութեան անդամ է, այլ նաեւ դրամատնային ու զբօսաշրջութեան մարզերու մէջ մեծապէս զարգացած երկիր։
Վերադառնանք Արցախ եւ իր ներկայ վիրաւոր վիճակին։
Ի՞նչ կարելի է չընել երեք հազար քառակուսի քիլօմեթր տարածութեամբ երկրի մը մէջ եւ հարիւր յիսուն հազար բնակչութեամբ։ Ճիշդ է, թէ իւրաքանչիւր երկրի պայմանները իրենց իւրայատուկ ազդեցութիւնը ունին անոր կեանքի գործընթացին եւ ձեւաւորման մէջ, բայց կարելի է սորվիլ ուրիշներու փորձէն եւ փորձառութենէն։
Նախ յստակեցնենք հետեւեալը։
Հող եւ հողատարածք կորսնցնելը շատ ցաւալի է եւ ասոր մասին ոչ մէկ տարակարծութիւն։ Թէ յուզուած ենք, բարկացած ու ազգային մեր արժանապատուութիւնը ոտնակոխուած, այս բոլորի մասին ոչ մէկ տարակուսանք։ Հողը ինքնութիւն է եւ անոր վրայ ապրող ժողովուրդին համար հպարտութեան եւ ապահովութեան ներշնչում։ Հողը մարդուն կու տայ կեանքի արժէք եւ այդ արժէքին հետ ապրելու գրաւական։ Ասոր համար է, որ անհրաժեշտ է հողը պահել եւ անոր տիրութիւն ընել։ Այս ոչ միայն Հայաստանի եւ Արցախի հայուն համար, բայց նաեւ աշխարհատարած սփիւռքահայուն։ Որպէս հայ ժողովուրդ երբ այսօր կորսնցուցինք հող-հողատարածք, այս կը նշանակէ, թէ կորսնցուցինք մեր կեանքերուն մէջ եւ անոր համար Արժէքը։ Բայց արդեօք ամէն ինչ կորսնցուցի՞նք։
Իւրաքանչիւր Հայաստան այցելութեանս միշտ ալ առիթը ունեցած եմ հարց տալու հայրենակիցներու Սովետական Հայաստանի ժամանակաշրջանին մասին։ Ընդհանրապէս ստացած եմ հետեւեալ միանշանակ պատասխանները. «Սովետի օրերը ունէին իրենց բլուսները եւ մինուսները»։
Եթէ քննական եւ առարկայական մօտեցումով ուզենք վեր առնել երրորդ հանրապետութեան եւ անոր երեսուն տարիներու իրավիճակը, պէտք է հարց տալ. «Ո՞րքան կրցանք պահել եւ շինել պետականութիւնը, որ ժառանգեցինք սովետական համակարգէն»։ Երեւի շատ յաջողութիւններ չկրցանք ձեռք բերել պետականաշինութեան մէջ։ Այս ունէր-ունի իր արտաքին բայց նոյնքան ազդեցիկ կերպով ներքին տուեալներ։
Շահան Գանտահարեան՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի պատասխանատու տնօրէն եւ խմբագիր, իր 18 դեկտեմբերի 2020-ի խմբագրականի մէջ կը գրէ. «Ստեփանակերտը ազդարարեց արմատական փոփոխութիւններու մեկնակէտերը»՝ շատ դիպուկ ակնարկութիւն մը յետպատերազմի Արցախի իրողական վիճակին մասին։ «Հիմա արդէն ունինք այն ինչ որ ունինք»։
«Այն ինչ որ ունինք»։
Այս իրավիճակէն մեկնելով՝ կ՚արժէ ծրագրել եւ կազմակերպել մեր պետական ռազմավարութեան արտաքին եւ ներքին լծակները։ Արցախի պարագային այդ պիտի նշանակէ երեք հազար քառակուսի քիլօմեթր հողային տարածք իր հարիւր յիսուն հազար բնակչութեամբ։ Հայաստանի համար՝ իր մօտաւորապէս երեսուն հազար քառակուսի քիլօմեթր հողային տարածքի ամբողջութեամբ եւ մօտաւորապէս երեք միլիոն բնակչութեամբ։ Ու տակաւին սփիւռքը իր երեւի եօթը միլիոն մարդկային ներուժով եւ պահանջատիրութեամբ։
Ամէն ինչ կորսնցուցի՞նք։ Ո՜չ։
Այսօր ունինք Արցախի ներկայ տարածքը։ Այս ունինք, որովհետեւ կայ հինգ հազար հայ նահատակ տղոց արիւնը։ Այն արիւնը որ պահեց հայուն այս հողը, որպէսզի հայը շարունակէ պահել իր Արժէքը։ Այսօր այս գերագոյն զոհողութիւնը չենք կորսնցուցած։ Ու տակաւին երեք հազար քառակուսի քիլօմեթր տարածութիւնը պէտք է պահել ու զայն ընդարձակել՝ հասնելու համար գէթ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի տարածութեան եւ աւելին։ Ու տակաւին հարիւր յիսուն հազար Արցախի ներկայ բնակչութիւնը վերա/բնակեցնելը երեք հազար քառակուսի քիլօմեթր տարածութեան մէջ անհնար բան չէ։ Պէտք է գիտակցիլ, թէ երեք հազար քառակուսի քիլօմեթր տարածութեան մէջ կրնանք հիմնել եւ ծաղկեցնել պետականութիւն, վերատիրանալ կորսնցուցած տարածքները, երաշխաւորել կեանքի ապահովութիւն եւ ձգտիլ միջազգային ճանաչումի եւ անկախութեան։
Հայաստանը պիտի անդրադառնայ, թէ իր հանրապետութեան սահմանները «կարմիր գիծ» են եւ թէ անհրաժեշտ գրաւական է զանոնք պահելը։ Այս բոլորը պահելու համար պիտ գիտակցինք, թէ պէտք է վերա/շինենք պետականութիւն՝ տարբեր ենթակառոյցներով։ Պետականութիւնը եթէ բանակն է ու զինուորական ուժը որպէս ազգային անվտանգութեան երաշխիք, բայց նաեւ դիւանագիտական կաճառ, տնտեսութիւն, ընկերային կեանք եւ աւելին։ Հայաստանը կրնայ ամրապնդել իր երկրի ռազմական, դիւանագիտական եւ մնացեալ կարողականութիւնները՝ պաշտպանելու համար իր զոյգ հայրենիքները եւ հայուն իրաւունքը։
Այս բոլորը յաջողցնելու համար հայը պէտք ունի համերաշխութեան։
Համերաշխութիւնը հիմքն է պետականաշինութեան։ Համերաշխութիւնը կրնայ սկսիլ, երբ կը բարելաւենք մեր տեղեկատուութեան աշխարհի (ներառեալ դիմատետրի) ու անոր տարբեր բնագաւառներու ոճը, լեզուն եւ հոգին։ Համերաշխութիւնը պիտի սկսի ներքին կարգով՝ հասնելու համար արտաքինին։ Արտաքին ճակատի վրայ եթէ պէտք է զօրացնել մեր ռազմական ուժը որպէս ազգային անվտանգութեան յենարան, պէտք է զօրացնենք նաեւ մեր դիւանագիտութիւնը։ Մեր պահանջատիրութիւնը եւ իրաւունքներուն պահպանումը եւ պաշտպանութիւնը մեր դիւանագիտական ռազմավարութեամբ պիտի ըլլայ։
Ֆրանսացի հեղինակը տեսաւ, թէ Հայաստան կը մեռնի։ Բայց ան նոյնքան տեսաւ եւ հաւատաց, թէ հայը պիտի ապրի, որովհետեւ ան կը գիտակցի, թէ հայը ունի քիչ մը արիւն, որ արժէքաւոր է։ Այս արիւնը պիտի ստեղծէ նոր հերոս սերունդներ, որոնք չեն ուզեր եւ չեն մեռնիր։
Հայը կորսնցուց հազարաւոր երիտասարդներ եւ հողատարածք։ Բայց ամէն ինչ չկորսնցուց։ Այն ինչ որ ունի, եթէ ներկայ հողատարածքն է, բայց նաեւ քիչ մը արիւնը։ Արիւնը որ արժէք է եւ որ հայուն պիտի տայ հերոսական նոր կեանք։ Այս արիւնը մեր հինգ հազար տղոցն է, որ խառնուած է իւրաքանչիւր հայու արեան հետ եւ միասին պիտի կերտենք նոր կեանք։
Ուր կամք կայ, հոն կայ ելք։ Հայուն կամքը ու անոր շնորհած ելքը կը կայանան, երբ պարտինք այսօր-ւայ մեր ունեցածը խարսխել ամուր պետականութեամբ։ Ամուր պետականութիւն մը, որ հայուն պիտի տայ նոր կեանք։ Այս այն նոր կեանքն է, որ պէտք է պահենք, կերտենք, շինենք եւ վերաշինենք։
Եւ որ երբեք չկորսնցնենք։
ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Քուէյթ, 2021
Հարթակ
- 12/02/2024