«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)
ԶՂՋՈՒՄԸ ՄԵԾ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ
ԶՂՋՈՒՄԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՄԽԻԹԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԲԵՐԷ
-Ո՜վ Ռոնտա. եթէ զղջումի վիճակ մը կը ծնի իյնալէ մը ետք, եւ մարդ հոգեւոր ու մարմնաւոր խոշտանգում կը զգայ, ատիկա կը նշանակէ, որ այդ զղջումը ճիշդ չէ՞:
-Ատիկա առաջին օրուան համար արադարացում մը կրնայ ըլլալ: Սակայն, իրական զղջում ըլլալու պարագային, տխրութիւնն ու ներքին ցաւը աստուածային մխի-թարութեան ճանապարհը կը պատրաստեն:
-Ճի՛շդ է, սակայն իր մեղքը չի՛ մոռնար:
-Այո՛, ան չի՛ մոռնար զայն: Կը տխրի՝ որով կը մխիթարուի, ինքզինք կ՚ապտակէ սխալի մը համար, զոր գործեց, որով Աստուծմէ ուրախութիւն կը ստանայ: Սա՛ է զղջումը, որ աստուածային մխիթարութիւն կը բերէ:
ԽԱՒԱՐԻ ՍԵՒ ՈՒԺԵՐԸ
«Խաւարի սեւ ուժերը զօրութենէ զուրկ են: Սակայն, մարդիկ, Աստուծմէ հեռանալով կը զօրացնեն զանոնք, քանի որ այդպիսով սատանային իրաւունքներ կու տան»
ԿԱԽԱՐԴՈՒԹԻՒՆ
Յաճախ խօսած եմ ձեզի դրախտին, հրեշտակներուն եւ սուրբերուն մասին, իսկ հիմա ձեզի քիչ մը սատանաներուն եւ դժոխքին մասին, փորձ մը կատարելով՝ ճանչնալու [մեր] թշնամին:
Օր մը, Թիպէթէն կախարդ մը եկաւ խուցս եւ իր կեանքի մասին շա՜տ բաներ պատմեց ինծի: Այս երիտասարդին հայրը զինք դրած էր՝ երբ տակաւին երեք տարեկան էր երեսուն կախարդներու մօտ, որպէսզի անոնցմէ սորվէ անոնց արհեստը: Տասնմէկերորդ աստիճանին հասած է, որ բարձրագոյն աստիճանէն մէկ աստիճան ցած է: Տասնվեց տարեկանին Թիպէթէն տեղափոխուած է Շուէտ, իր հօրը տեսնելու համար: Այնտեղ, պատահական կերպով հանդիպած է ուղղափառ քահանայի մը հետ եւ փափաքած է խօսիլ անոր:
Ոչինչ իմացած է այդ ուղղափառ քահանայի ինչութեան մասին. նստած են խօսելու: Երիտասարդը մի քանի կախարդական բաներ ըրած է, ատով ուզելով ցոյց տալ իր ուժը: Գլխաւոր սատանաներէն մէկուն կան-չած է, որու անունը Մինա է ու ըսած է անոր.
-Ջուր կ՚ուզեմ:
Անմիջապէս խոհանոցէն բաժակ մը բարձրացած է եւ ինքնիրեն գացած է դէպի ծորակը, որ ինքնիրեն բացուած է, բաժակը ջուրով լեցուած է եւ ապա անդրանցնելով փակ ապակիէ տարածքը՝ մտած է սենեակ ու յառաջացած է դէպի երիտասարդը, որ վերցնելով բաժակը առած ու խմած է բաժակին մէջ եղած ջուրը:
Ապա, երիտասարդը քահանային ցոյց տուած է ամբողջ տիեզերքը, աստղերն ու երկինքը սենեակին մթնոլորտին մէջ: Իր կախարդական արարքներով կը փորձէր աստիճանաբար տասնմէկերորդ աստիճանին հասնիլ: Քահանային հարցուց, թէ ի՞նչ կը մտածէ կամ ի՞նչ կարծիքի է այս բաներու մասին:
-Պատրաստ էի, -ըսաւ-, սպաննել այդ քահանան, եթէ հայհոյէր ու անարգէր սատանային:
Սակայն, այդ քահանան լուռ մնաց:
Անդ ատեն այդ երիտասարդը հարցուցած է անոր.
-Ինչո՞ւ զարմանահրաշ գործեր ցոյց չես տար ինծի:
Քահանան պատասխանած է.
-Իմ Աստուածս, խոնարհ Աստուած է:
Ապա, փոքրիկ խաչ մը հանած է ու տուած է զայն երիտասարդին, որպէսզի իր վիզէն կախէ, ու ըսած է անոր.
-Դարձեալ գործէ կատարածներդ:
Երիտասարդը, դարձեալ գլխաւոր սատանաներէն Մինան կանչած է, սակայն, վերջինս չէ համարձակած մօտենալու անոր եւ հեռուն կանգնած սկսած է դողալ: Սատանան կանչած է, դարձեալ կանչած է, անպատասխան մնացած է՝ երբ ան խաչը տեսած է: Այն ատեն սատանան ըսած է երիտասարդին.
-Ե՛լ ու Թիպէթ վերադարձիր:
Երիտասարդը սկսած է հայհոյել սատանային ու զինք տկար որակել՝ հակառակ անոր ունեցած մե՜ծ ուժին:
Այս բոլոր պատահածներէն ետք քահանան սկսած է այդ երիտասարդին քարոզել ու սկսած է անոր խօսիլ Սուրբ վայրերուն եւ Սուրբ Լերան մասին… Երիտասարդը Շուէտը ձգած ու գացած է Երուսաղէմ, ուր Սուրբ Լոյսը տեսած է, ապա Ամերիկա ճամբորդած է, որպէսզի սատանայական բաները հերքէ՝ զորս իմացած է [սորված է]: Այս երիտասարդը լաւագոյն քարոզիչներէն մէկը եղած աստուածային բաներուն, եւ ի վերջոյ հանգրուանած է Սուրբ Լեռ:
Այս երիտասարդը փոքր տարիքէն անիրաւուած է: Աղօթեցէք անոր համար, որովհետեւ կախարդները՝ սատանաներուն օժանդակութեամբ կը պատերազմին անոր դէմ: Իմ դէմս ալ պատերազմեցան, երբ փորձեցի օգնել անոր: Քահանաները յատուկ աղօթքներ աղօթեցին անոր վրայ, անոր ձեռքերը բացուեցան եւ արիւն հոսեցաւ անոնցմէ: Ատկէ ետք շատ տանջուեցաւ սատանաներէն, որոնք անոր հետ լաւ յարաբերութեան մէջ էին, սակայն չխանգարեցին զայն, եւ ահա անոնք հիմա առանց յոգնելու կը պատերազմին անոր դէմ:
Պէտք է զգոյշ ըլլայ, քանի որ Աւետարանը կը սորվեցնէ մեզի, թէ երբ չար ոգին մարդու մը մէջէն ելլէ, «կ՚երթայ եւ կը բերէ իրմէ աւելի չար եօթը այլ ոգիներ, որոնց հետ ներս մտնելով՝ կը բնակի հոն, որով այդ մարդուն վերջը իր նախկին վիճակէն աւելի գէշ կ՚ըլլայ» (Մտ 12.45):
ԿԱԽԱՐԴՆԵՐՈՒՆ ՏԱՐԲԵՐ «ՍՐԲՈՒԹԻՒՆՆԵՐ» ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼԸ
-Որո՞նք են դիւթերը:
-Կախարդներ են, որոնք Դաւիթին սաղմոսները եւ սուրբերուն անունները կ՚օգտագործեն՝ անոնց վրայ սատանայական շողոմանքներ աւելցնելով: Արդարեւ, ինչպէս որ Աստուծոյ օգնութիւնը եւ աստուածային շնորհքները կ՚ընդունինք ու կը զգանք, երբ սաղմոսներ կ՚ըսենք, այդպէս ալ այդ կախարդները իրենց որդեգրած ճանապարհով կը հայհոյեն Աստուծոյ ու կը մերժեն աստուածային շնորհքը, որով սատանան կը կատարէ անոնց ցանկութիւնները:
Երիտասարդ մը կախարդի մը քով գացած է ու անորմէ խնդրած է որոշ բանի մը կատարումի մասին: Կախարդը անոր սաղմոսներէն հատուած մը կարդացած եւ կատարած է իր փափաքը: Կարճ ժամանակ մը ետք, երիտասարդը սկսած է տկարանալ ու թուլանալ: Ի՞նչ ըրած էր անոր հետ կախարդը: Քիչ մը չորցած միրգեր կերած էր եւ սկսած էր յիսուներորդ սաղմոսը ըսել. երբ հասած է՝ «զոհը Աստուծոյ…» նախադասութեան, չորցած միրգերը նետած է, զոհագործումը սատանային ընծայելով, որպէսզի կատարեն իր փափաքը: Աստուծոյ հայհոյեց [ուրացաւ] սաղմոսներուն միջոցով:
-Ո՜վ Ռոնտա. շատեր որոնք կախարդութեամբ կը զբաղին, խաչն ու սրբապատկերներ կը գործածեն…:
-Այո՛: Գիտեմ այդ մասին: Ասկէ պէտք է իմանաս խաբեբայութիւնը, որու ետին կը թաքնուին եւ կը խաբեն խեղճ մարդիկը, որոնք կը տեսնեն, թէ անոնք մոմեր ու սրբապատկերներ կը գործածեն, որով անոնք ի վերջոյ կը սկսին վստահիլ անոնց: Քաղաքներէն մէկու մը մէջ թուրք կին մը Սուրբ Կոյսին սրբապատկերը դրած է ժայռի մը վրայ ու ըսած է.
-Ժայռը, որ աշխարհին կ՚օգնէ:
Սուրբ Կոյս չէ՛ ըսած, այլ՝ ժայռը: Իսկ քրիստոնեաները կը խաբուին, քանի որ անոնք Աստուծոյ մօր սրբապատկերը կը տեսնեն: Ոմանք ալ այդ վայր կ՚այցելեն՝ բուժուելու մտադրութեամբ, սակայն սատանան կը թաքնուի ու կ՚ոչնչացնէ զանոնք:
Թուրք կինը երբ կ՚ըսէ.
-Ժայռը կ՚օգնէ աշխարհին:
Ապա, սատանան խորքերը կը մտնէ, որովհետեւ այդ արտայայտութեան մէջ Սուրբ Կոյսին նկատմամբ արհամարհանք կայ: Աստուծոյ շնորհքը կը հեռանայ եւ սատանայական գործերը կը սկսին, իսկ քրիստոնեաները կը շտապեն բուժում ստանալ ժայռէն, որով կը տառապին, որովհետեւ ի՞նչ օգնութիւն կարելի է ստանալ սատանայէն: Եթէ քիչ մը մտածէին, ապա պիտի ըսէին.
-Թուրք այլազգ կին է, ապա ի՞նչ գործ ունի ան Սուրբ Կոյսին սրբապատկերին հետ: Տակաւին, ի՞նչ առընչութիւն կրնայ ըլլալ այս այլազգ կնոջ եւ Աստուածամօր միջեւ:
Այդ քրիստոնեաները չե՞ն լսած այդ կնոջ ըսածը, թէ ժառն է, որ կ՚օգնէ իրենց: Ահա այստեղէն մեկնելով, մետրապոլիտը պէտք եղած քայլերը ձեռնարկէ, փրկելու համար այդ մարդիկը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 29
16 մարտ 2021, Վաղարշապատ