ԿԸ ՏԵՍՆԵՄ` ՀԵՌՈՒԷՆ ԵԿՈՂ ՈՒՐՈՒԱԿԱՆՍ

Կը դիտեմ, տան մը պատշգամին պէս, ինչ որ կ՚ուզեմ:
Կը տեսնեմ բարեկամներս վերցուցած գիշերուան բեռը՝ գինի մը, հաց մը...,
Մի քանի պատում եւ ձայներիզ:

Կը տեսնեմ ճայ մը եւ զինուորներ կրող մեքենաներ,
Որ կ՚երպարանափոխեն այս տարածքին ծառերը:
Կը տեսնեմ շունը դրացիիս՝ Գանատայէն մէկուկէս տարի առաջ գաղթող:

Կը սաւառնիմ անունի մը վրայ՝ Ապի Ալ-Թայյէպ Ալ-Մութանապպի.
Երգի նժոյգով Ճամբորդը՝ Տիբերիայէն Եգիպտոս:

Կը նայիմ պարսկական վարդին, 
որ կը բարձրանայ երկաթեայ պարիսպն ի վեր:
 
Կը դիտեմ, տան մը պատշգամին պէս, ինչ որ կ՚ուզեմ:

Կը հայիմ ծառի մը, որ գիշերը կը հսկէ՝ իրմէ...
Եւ կը հսկէ քունը անոնց, որոնք զիս մեռեալ կը սիրեն:

Կը տեսնեմ հովը, որ հովուն հայրենիքը կ՚որոնէ... իր մէջ:
Կը նայիմ կնոջ մը, որ կ՚արեւոտի ինքն իր մէջ:

Կը սաւառնիմ հին մարգարէներու թափօրին վրայ, 
Երբ փոկոտն կը բարձրանան դէպի Երուսաղէմ,
Ապա կը հարցնեմ.
-Արդեօք նոր մարգարէ մը ունի՞ այս նոր ժամանակը:

Կը դիտեմ, տան մը պատշգամին պէս, ինչ որ կ՚ուզեմ:

Կը նայիմ պատկերիս, երբ ինքնիրմէն կը փախչի դէպի քարէ աստիճանները, 
Ձեռքին մօրս թաշկինակը, որ հովուն մէջ կ՚երերայ.
-Ի՞նչ կը պատահէր եթէ կրկին մանկանայի, քեզի վերադառնայի... 
Եւ ինծի վերադարձար...

Կը նայիմ ձիթենիի մը ճիւղին, որ Զաքարիային պահեց:
Կը նայիմ արաբներուն լեզուէն կորսուած բառերուն:
Կը նայիմ պարսիկներուն, հռոմէացիներուն, շումերներուն... 
եւ նոր գաղթականներուն:
Կը նայիմ Թակորի փոքր հատուածներուն գաղտնիքին... 
որ կը տրորէ վայելուչ իշխանին կառքերը:

Կը նայիմ յոպոպի մը՝ յոգնած՝ թագաւորին նախատինքէն:

Կը հայիմ բնութենէն անդին...
-Ի՛նչ պիտի ըլլայ... ի՛նչ պիտի գոյանայ մոխիրէն ետք:
Հեռուէն կը տեսնեմ սոսկացած մարմինս...:

Կը դիտեմ, տան մը պատշգամին պէս, ինչ որ կ՚ուզեմ

Կը նայիմ լեզուիս հնչիւններուն՝ երկու օր անց, 
Այսքան բացակայութիւն բաւարար է:

Եւ պահ մըն ալ, որ էսքիլէս դուռը բանայ՝ խաղաղութեան:
Կարճ ճառ մը բաւարար է, որ Անթոնիոն պատերազմ հրահրէ:

Բա՛ւ է Կնոջ մը ձեռքը ձեռքիս,
Որ գրկեմ ազատութիւնս
Եւ մարմինս վերստին կենդանանայ:

Կը դիտեմ, տան մը պատշգամին պէս, ինչ որ կ՚ուզեմ:

Կը նայիմ ուրուականիս,
Որ կու գայ...
Հեռուէն:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Ապրիլ 8, 2022