ՀԱԼԷՊԻ ԽՈՆԱՐՀՆԵՐԷՆ. ՀԱՅԵՐԷՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՄԵԾ ՍԻՐԱՀԱՐ՝ ԿԱԶՄԱՐԱՐ ԱՄՄՕ ԹԱԴԷՈՍԸ
Այդ օր դարձեալ գիրքերուս հետ էի: Կը փորձէի փոշիները մաքրել, ապա՝ կարգով կրկին անգամ շարել: Հաճելի զբաղում: Վերյիշումներու առիթ: Ինքնածին, միաժամանակ մեծ ցանկութիւն մը ունէի վերապրելու: Թէեւ այս բոլորը ժամեր տեւեցին, սակայն մտովի միշտ անոնց ճակատագրով ալ մտահոգուած մնացած էի: Այդ վայրկեանին կարծես ոչ միայն հին ու պարզ իրականութեան հետ դէմ դիմաց կեցած էի, այլ նաեւ միակ ականատեսը դարձած՝ անոր դաժանութեան, որ կը խոցէր երազներս: Սակայն եւ այնպէս հակառակ անոր, որ անոնց ապագան պղտորած էր ուրախութիւնս, գիրքերու հանդէպ ունեցած սէրս միշտ պահած էր իր պայծառութիւնը: Ճիշդ էր, մտահոգութիւն էր, անդարմանելի եւ սարսափելի, բայց… Անոր համար էր, որ կրկին անգամ կեանքը անօրինակ թուեցաւ: Տեսակ մը՝ կծու եւ անհամ: Մեզմէ ետք ո՞վ պիտի շարունակէ աւանդը, կը կրկնէի մտովի: Ինքնաբերաբար յուսահատեցայ:
Գրադարանս ու գիրքերս: Մինչեւ այսօր կը հաւատամ, որ ինծի համար անոնք տակաւին չպատմուած հեքիաթներ ունէին, նոյնիսկ խորհուրդներ՝ կապուած անցեալիս հետ որոնք իրենց հետ, կը բերէին երանաւէտ ու նաեւ հեշտալի խաղաղութիւնը, դպրոցական եւ մանաւանդ պատանեկութեան տարիներու անփոխարինելի պահերուն: Եւ ամէն անգամ, որ գրադարանիս դիմաց կենայի, կը կարծէի, որ գիրքերս իրենց կարօտի գոյնով եւ տրամադրութեամբ հետս կը խօսէին: Ու ես այդ վայրկեանին երազ ունեցող մարդոց նման՝ գրադարանիս առջեւ անձս կը փնտռէի: Պարզ, ինքնատիպ, մաքուր, անմեղ եւ նահապետական: Բարդ զգացում:
Անկեղծօրէն ըսելով, այդ օր, այդ պահը նաեւ կը յուշէր, որ այդ բոլոր կոկիկ ու կազմուած գիրքերս, որոնք տարիներ առաջ տեսակաւոր դժուարութիւններով ծննդավայրէս հետս բերած էի, բոլորին կողքերը «ձեռքի գործն» էին մեր հայրենակից կազմարար Ամմօ Թադէոսին:
Յանկարծ անհանգիստ ջիղ մը սկսած էր մէջս շարժիլ՝ մտքիս մէջ պահ մնացած ցանկութեան նման: Հին յուշերս, որոնք սիրտս կը տրոփէին, անոնց հետ կամաց կամաց մարդկային դիմագիծ մըն ալ սկսած էր յայտնուիլ: Եւ ահա ինքը՝ կազմարար ամմոն: Իսկապէս, որ պահը մտերմութիւն ալ կը յուշէր:
Սակայն ո՞վ էր այս մարդը: Արդեօք մանկութեանս տարիներուն հայկական Սալիպէ թաղի մեր բակի հինգ դրացիներէս մէ՞կն էր, թէ ոչ՝ մեր ընտանիքին եւ յատկապէս ողորմած հօրս սրտակից հայրենակիցը, կամ՝ Հալէպի ՀՄԸՄ-ի շարքերուն արձանագրուած առաջին սկաուտն ու եւ ապա նոյն այդ միութեան տարիներ ետք ու տարիներով անոր առաջին աքելան եւ, աւելին, Հալէպի Հոգետունէն դէպի Քառասուն Մանկանց եկեղեցին տանող ճամբու խաչմերուկին տախտակէ մէկ փեղկանոց խանութ ունեցող աւելի քան կէս դարու կազմարարը: Հաստատօրէն՝ հանրածանօթ կազմարար Թադէոս Թիւթելեանը: Աւելի՛ն. զինք ճանչցողներուս համար՝ մարդկային նկարագրի ամենէն մաքուր գիծերու տէրը:
Ահա թէ ով էր ինք: Ծնած էր Խարբերդ բերդաքաղաքի հարաւը գտնուող Տաւրոս եւ Անդիտաւրոս լեռներուն մէջ, Մացառ եւ Հազար Պապա լեռներու լանջին գտնուող հարիւր տուն հաշուող Ծովք գիւղին մէջ: Ու հպարտօրէն կը պատմէր բոլորին՝ ըսելով. «Հարուստ էինք. ունէինք մէկ ջաղացք, երկու այգի եւ բրինձի երկու դաշտ եւ ութ արտ: Մեծհայրս գիւղի միակ եկեղեցւոյ միակ քահանան էր, իսկ հայրս ալ գիւղի վարժարանի թէ՛ միակ վարժապետը, թէ՛ միակ տիրացուն եւ թէ՛ թաղականը»:
Ու հազարաւոր հայ տղոց նման, պապերու երկիրը պարտադրաբար ձգելով իր մանկութիւնը, ապրիլեան եղեռնը ճաշակելով ու հօրմէ որբացած՝ մօրը հետ անցած էր Միզիրէէն Մալաթիա, անկէ Տիգրանակերտ եւ Ճարապլուս, ու վերջապէս հաստատուած էր Հալէպ ու քանի մը տարի ետք՝ կազմատուն մը «բացած»:
Այս բոլորին մասին խօսած պահուն խաղաղ նայուածք մը կը նետէր զինք մտիկ ընողին վրայ, որ միաժամանակ համակրանք ալ կ՚արտայայտէր: Ըսելու, պատմելու եւ խօսելու իր ոճէն զինք լսողը պիտի կարծէր, որ ան այդ օրերու երկրորդական վարժարանի մը շրջանաւարտներէն մէկը եղած ըլլալու էր:
Իր երկրին մէջ ինք հարուստի զաւակ էր, ու իր աստուածները տակաւին ողջ էին, կ՚ապրէին, կը շնչէին, իր վերադարձին կը սպասէին: Ինք այս բոլորին կը հաւատար: Իսկ հոս ալ ան կը պատկանէր նուիրեալներու այն հոյլին, որոնք աշխարհի ցեխէն վեր էին միշտ:
Բարակ ու նիհար մարմնով, երեսին վրայ գանկ եւ աչքեր ունէր միայն, իսկ դէմքին միշտ անուշ ժպիտ մը: Ինք լաւատեղեակ էր, որ իր ճակատագիրը իր ժողովուրդի պատմութիւնն ալ էր: Իր անցեալը թէեւ ողբալիօրէն թանձր էր, սակայն հոն մահ չկար:
Իմաստուն խօսքերուն հետ խառնուած ձայնը հանդարտ անկեղծութիւն ալ կը փոխանցէր: Թէեւ լսողութիւնը ծանր էր, սակայն հաճելի խօսակից ալ էր: Սրտակից, խոհակից եւ խորհրդակից: Իրեն հետ հանդիպումը միշտ մտերմութիւն կը յուշէր:
Ինք լոկ պարզ կազմարար մը չէր: Իր կազմած բոլորը գիրքերը յաճախորդին յանձնելէ առաջ նախ անպայման ինք պիտի կարդար, որովհետեւ իր մօտ մեծ գուրգուրանքի եւ նոյնիսկ պաշտամունքի առարկայ էր հայ գիրքը: Իրեն համար լոյս էր հայ գիրքը, ու լոյսի պաշտամունքը խորթ չէր հայ մարդուն համար: Իր արեան մէջ կը կրէր իր անցեալն ու ներկան: Սիրտը կը տրոփէր հայ ժողովուրդի առօրեային հետ: Կը տագնապէր, կը մտահոգուէր, կը խանդավառուէր եւ սակայն երբեք չէր յուսահատեր: Անոր համար զինք շքանշաններով պատուած էին, տարիներ ետք: Անոր համար մեր լեզուին եւ մշակոյթին պաշտամունքով սնուցանեց իր զաւակները:
Կազմարարութեան առաջին իսկ տարիներէն սկսած՝ իր խանութը ինքնաբերաբար վերածուած էր ժողովատեղիի: Թերթօններով, խաւաքարտերով, խէժերու անհամ «բոյրով» եւ թուղթերով խճողուած խանութը հին ու նոր հրատարակուած գիրքերու քննարկումներու վայր մըն ալ էր: Մէկ խօսքով, հայ մտքերու քննարկման համեստ կեդրոն մը, ուր ինքնակոչ կը հաւաքուէին գրասէրներ, մշակութասէրներ, նոյնիսկ խմբագիրներ՝ իր գրական զրոյցներու «բռնուելու» հաճոյքէն մեկնած:
Իսկ հիմա, գրադարանիս դիմաց, անգամ մը եւս զինք տեսնելու, վիճելու, հասկնալու, համոզելու, քննելու եւ դատելու ցանկութիւններ կը ծնէին մէջս:
Հաճելի եւ նոյնքան ալ՝ հպարտալի:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հարթակ
- 11/30/2024