ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Զ.

ԹԷ ՅՈՒԴԱՅԻՆ ՍԱՏԱՆԱՅ ԿՈՉԵՑ

Խօսք. «Չէ՞ որ Ես էի որ ձեզ՝ տասներկուքդ ընտրեցի. բայց ձեզմէ մէկը սատանայ է» (Յհ 6.70):

Մեկնութիւն. Այստեղ վեց հարցում կ՚ըլլայ.

Առաջին. նախ եթէ Աստուծոյ նախապէս ընտրածենրէն ոչ ոք կը կորսուի, Յուդան ինչպէ՞ս կորուստի մատնուեցաւ:

Պատասխան. Վարդապետները կ՚ըսեն, թէ այստեղ ընտրութիւնը ըստ առաքելութեան կ՚ըսէ եւ ո՛չ թէ յաւիտենական կեանքին համար, քանի որ անոնցմէ մէկը կորուստի մատնուեցաւ եւ յաւիտենական կեանքին չհասաւ:

Երկրորդ հարցում. Յուդան ինչպէ՞ս սատանայ է:

Պատասխան. Կ՚ըսեմ չորսով. նախ՝ ո՛չ թէ բնութեամբ սատանայ էր, այլ՝ սատանայի կամքին հետեւումով: Երկրորդ՝ որովհետեւ Տէրը սպաննելուն համախոհ եղաւ: Երրորդ՝ ինչպէս սատանան զԱստուած չարախօսեց, այդպէս ալ Յուդան: Չորրորդ՝ սատանան երկնայինները խռովեցուց, իսկ Յուդան՝ երկնայիններն ու առաքելաներուն խումբերը, այդ պատճառով երկինքի ու երկրի միջեւ խեղդուեցաւ, եւ քանի որ Տիրոջ բերանը համբուրեց, անոր բերանը չապականեցաւ, այլ՝ փորը, ուրկէ չար խորհուրդը ելաւ:

Երրորդ հարցում. Ինչպէ՞ս է, որ թէ Յուդային եւ թէ Պետրոսին կոչեց՝ ըսելով. «Ետիս գնա՛, սատանայ» (Մտ 16.23: Մր 8.33):

Պատասխան. Կ՚ըսենք, թէ իրարու նման չեն, եւ երեք բանէ յայտնի է. նախ՝ թէ Պետրոս կամքին հակառակ եղաւ, իսկ Յուդան՝ Քրիստոսի կեանքին: Երկրորդ՝ որովհետեւ Պետրոս կը յօժարէր Քրիստոսի չմեռնելուն, իսկ Յուդան՝ մահուան մատնեց: Երրորդ՝ Պետրոսը Քրիստոսի հանդէպ ունեցած սէրէն հակառակեցաւ, իսկ Յուդան՝ զՔրիստոս ատելուն:

Չորրորդ հարցում. Յուդան եթէ չար է, Քրիստոս ինչո՞ւ համար ընտրեց զինք:

Պատասխան. Ոմանք կ՚ըսեն, թէ Քրիստոս կանուխէն տեսաւ, թէ անոր չարութեամբ մարդոց օգուտ պիտի ըլլար, քանի որ ան Քրիստոսին մահուան մատնեց, որով մարդկային ցեղը փրկուեցաւ: Ուրիշներ կ՚ըսեն, թէ նախապէս բարի էր, սակայ ետքէն չարացաւ արծաթասիրութեան ախտով:

Հինգերորդ հարցում. Ինչո՞ւ համար սատանայ կոչեղ:

Պատասխան. Որովհետեւ երբ բոլոր առաքեալներուն բարի եւ լաւ ցոյց տուաւ Պետրոսին, այստեղ Յուդային վատութեան համար չորս պատճառով ըսաւ. նախ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ խորհրդագէտ է, որով հաւատացին, թէ Աստուած է: Երկրորդ՝ զգաստացուց Յուդան, թէ ան չզղջաց: Երրորդ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ կամաւորաբար խաչին եկաւ, քանի որ նախապէս գիտնալով չանգիտացաւ: Չորրորդ՝ որպէսզի մեզի սորվեցնէ, թէ աչք փակելով մարդու վատութիւնը չծածկենք, այլ՝ ճշմարտութեամբ յանդիմանել, ինչպէս Իմաստունը կ՚ըսէ. «Սիրելի է մարդը, եւ սիրելի՝ ճշմարտութիւնը: Իսկ երկու սիրելիներէն նամանաւանդ սիրելի է ճշմարտութիւնը»: Մարգարէն ալ կ՚ըսէ. «Վա՜յ անոր, որ չարին բարի եւ բարիին չար կ՚ըսէ» (տե՛ս Ես 5.20), եւ այլն:

Վեցերորդ հարցում. Անունով չյանդիմանեց Յուդային:

Պատասխան. Նախ՝ որպէսզի չհամարձակի ինչպէս վատ մարդոց սովորութիւնն է, մեղքը յայտնելուն աւելի յանդգնի: Երկրորդ՝ որպէսզի աշակերտները չատեն եւ անոր մատնութեան պատճառ չըլլայ, ինչպէս յայտնի է Մեկնիչէդ1:

Խօսք. «Սիմոնեան Յուդային համար կ՚ըսէր» (տե՛ս Յհ 6.71):

Մեկնութիւն. Այս մեկնութիւնը Յովհաննէսինն է, որ Քրիստոս խօսքը յայտնեց: Եւ տե՛ս Յուդայի անուան ստուգութեան, եւ հօր՝ Սիմոնին ու վայրին, որ Երուսաղէմի մօտիկ է, եւ խումբը, որ տասներկուքէն էր, յայտնապէս գրեց: Ասկէ ոմանք կ՚ըսեն, թէ սատանան հրեշտակներու ներքին դասէն ինկաւ, ու Տէրը անոնց համար տասներկու գունդեր ըսաւ, իսկ այստեղ տասներկուքէն մէկը ըսաւ սատանայ ու չարացած, որ մեզ եւս փրկէ Քրիստոս սատանայի պատրանքներու չարութենէն: Ամէն:

ԳԼՈՒԽ Է.

ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ԳԼՈՒԽՆ Է ԸՍՏ ԿԱՐԳԻ ԵՒ ԵՐԿՐՈՐԴԸ՝ ԸՍՏ ՀԱՏՈՐԻ ՏԻՐՈՋ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Ասկէ ետք Յիսուս կը շրջէր» (Յհ 7.1):

Մեկնութիւն. Նախապէս Աւետարանիչը ճառեց մեր կենդանութեան ու սնունդին մասին, որ Քրիստոսէ ունինք, այստեղ կը ճառէ ուսուցման եւ վարդապետութեան մասին: Եւ նախ գիտելի է, որ եօթներորդ պատճառը, որ եթէ Քրիստոս Աստուած է, այստեղ կը դնէ. սոյնպէս որ եթէ մէկը Աստուծոյ կը հաւասարի բարի վարդապետութեամբ, այդպիսին Աստուած է, իսկ Քրիստոս սոյնպէս կը հաւասարի Աստուծոյ, հետեւաբար Քրիստոս Աստուած է, իսկ Աստուծոյ հաւասար ըլլալը Քրիստոսի վարդապետութիւնը չորս կերպով կը ցուցնէ. նախ՝ հրեաներու սքանչացումին համար, որոնք կ՚ըսէին. «Ինչպէ՞ս Գիրքը գիտէ, որովհետեւ երբեք չէ ուսանած զայն»: Երկրորդ, Իր վարդապետութեան ծննդեամբ, ինչպէս կ՚ըսէ. «Իմ վարդապետութիւնս չէ, այլ՝ Հօր, որ զիս ուղարկեց» (Յհ 7.16), եւ այլ բազմաթիւ [օրինակներ]: Երրորդ՝ օրէնքներու մեկնութեամբ, որ կը ցուցնէր, թէ շաբաթ օրով ինչ գործ կրնային ընել, եւ ինչ՝ ոչ: Չորրորդ՝ պահակներուն վկայութեամբ, որոնք կ՚ըսէին. «Այս մարդուն պէս խօսող երբեք չենք տեսած» (Յհ 7.46), եւ առաջինին համար այստեղ կ՚ըսէ:

Դարձեալ գիտելի է, թէ նախ ցոյց կու տայ Քրիստոսի վարդապետութեան պատշաճաւոր տեղը, որն է Երուսաղէմը: Երկրորդ՝ այս յայտնութեան պատճառը կու տայ, երբ կ՚ըսէ. «Տօնակատարութեան ատեն հրեաները կը փնտռէին զԻնք» (Յհ 7.11): Երրորդ՝ վարդապետութեան յայտնութիւնը կու տայ, երբ կ՚ըսէ. «Յիսուս պատասխանեց անոնց. Իմ վարդապետութիւնս չէ» (Յհ 7.16):

Առաջինին համար գիտելի է, թէ Քրիստոսի վարդապետութեան պատշաճ վայրը Երուսաղէմն էր. նախ՝ որովհետեւ Հրէաստանի մայրաքաղաքն էր, երկրորդ՝ որովհետեւ տօնին ատեն բոլորը այնտեղ հաւաքուած էին, այդ պատճառով Իր եղբայրները կ՚աղաչէին, որպէսզի այնտեղ երթայ ու յայտնէ վարդապետութիւնը, այդ պատճառով կ՚ըսէ.

Խօսք. «Ասկէ ետք Յիսուս Գալիլիայի մէջ կը շրջէր» (Յհ 7.1):

Մեկնութիւն. Գիտելի է, թէ Քրիստոս չորս պատճառով չէր շրջեր Հրէաստանի մէջ. նախ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ ճշմարտապէս ունի մարդկութիւնը եւ մարդկային տկարութիւնը: Երկրորդ՝ որովհետեւ Իր չարչարանքներուն ժամանակը տակաւին չէր հասած: Երրորդ՝ որպէսզի մեզի խոնարհութեան օրինակ տայ, հալածանքներուն տեղ տալու համար: Չորրորդ՝ որպէսզի ցուցնէ, թէ երբեմն պէտք է փախչիլ, նոյնիսկ եթէ կատարեալ մէկը ըլլայ, քանի որ եթէ չարչարանքէն օգուտ չկայ, այլ՝ հաւատքի ու աստուածապաշտութեան խափանում, այդ ատեն պէտք է փախչիլ:

Ապա, ցոյց կու տայ ժամանակը.

ՏԱՂԱՒԱՐԱՀԱՐԱՑ

Խօսք. «Եւ մօտիկ էր հրեաներուն Տաղաւարահարաց տօնը» (Յհ 7.2):

Մեկնութիւն. Այս տօնը քառասուն տարիներու յիշատակին համար կը կատարուէր, որ անապատին մէջ անցուցին, այդ պատճառով տուներէն դուրս կու գային եւ տաղաւարներ կը շինէին ուռիներէ եւ այլ բաներէ, ու եօթ օր տաղաւարին մէջ կը բնակէին եւ այնտեղ կ՚ուտէին:Այս տօնը կը կատարուէր սեպտեմբեր քսանեօթին, Թշրինի տասին, քաւութեան տօնին սկիզբը, անապատին մէջ որթագործութեան համար, եւ ապա Տաղաւարահարաց տօնը ամսին տասնհինգերորդ [օրը] մինչեւ նոյն ամսին քսաներկուքը: Իսկ առաջին օրը եւ վերջինը հանդիսաւորապէս կը կատարէին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 68

Վաղարշապատ


1 Նանա:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2020