ԱՆԱՊԱՏՆԵՐ ԿԱՌՈՒՑՈՂԸ
Տարիներիներ առաջ, կարծրասիրտ զինուորներ գրաւեցին գետառատ եւ դաշտառատ երկիր մը, որ ծածկուած էր կանաչ ծառերով. զինուորներուն բռնակալ հրամանատարը դարձաւ այդ երկրին թագաւորը: Ոչ մէկ արարած կը համարձակէր անոր հրահանգներէն մէկուն չհնազանդիլ:
Գիշեր մը, թագաւորը քնացած միջոցին տեսաւ, թէ երբ կը քալէր խիտ ծառերով լի պարտէզի մը մէջ, յանկարծ գլորեցաւ հսկայ ծառ մը եւ սպաննեց զինք: Սոսկումով քունէն արթնցաւ եւ իր մօտ հրաւիրեց երեք վարպետ աստղագուշակներ, պատմեց իր երազը եւ խնդրեց որ ճիշդ մեկնեն զայն:
Առաջին աստղագուշակը ըսաւ.
-Անտառներդ պիտի առատանան եւ փայտի վաճառքով երկրին հարստութիւնը պիտի բազմապատկուի:
Երկրորդ աստղագուշակը ըսաւ.
-Թշնամիներէն մէկը վստահաբար Ձեզի դէմ կախարդանք մը պատրաստած է եւ զայն թաղած ծառի մը տակ: Պէտք է անպայման փնտռել, գտնել այդ կախարդանքը եւ ոչնչացնել:
Երրորդ աստղագուշակը ըսաւ.
-Երազը մեկնելը դժուար չէ, ան զգուշացումի պատգամ մըն է, շատ յստակօրէն, առանց քօղարկելու կ՚ըսէ ինչ որ պէտք է ընել:
Թագաւորը հարցուց երրորդ աստղագուշակին.
-Եւ ի՞նչ կ՚ըսէ այդ պատգամը:
Աստղագուշակը պատասխանեց.
-Կ՚ըսէ, թէ մեր թագաւորին մահուան պատճառը այդ ծառերէն մէկը պիտի ըլլայ:
Եւ աստղագուշակը ծառերուն քով ճեմելէն զգուշացուց թագաւորին, իսկ թագաւորը, ակնթարթներ խոժոռած դէմքով մտածելէ ետք, հրահանգեց իր երկրի բոլոր ծառերը հատել եւ այրել: Հրահանգը իսկոյն կատարուեցաւ:
Ուրիշ գիշեր մը, թագաւորը քնացած պահուն տեսաւ, որ գետափին, պարտէզի մը մէջ կը քալէր, երբ ոտքը սահեցաւ եւ ինկաւ գետին մէջ, մարդիկ հաւաքուեցան գետի ափերուն եւ դիտեցին զայն խեղդուած պահուն. ոչ ոք փորձեց փրկել զայն: (Թագաւորը) արթնցաւ վրդոված եւ ջղային, պատմեց երազը այն աստղագուշակին, որուն կը վստահէր, կը հաւատար մեկնութիւններուն եւ խնդրեց մեկնել. աստղագուշակը ներողամիտ ոճով ըսաւ թագաւորին.
-Թագաւորս մօտաւոր օրերուն պիտի ենթարկուի գետի մը մէջ խեղդուելու:
Եւ ան խորհուրդ տուաւ թագաւորին բոլոր գետերէն հեռու ճեմել, իսկ թագաւորը ըսաւ.
-Բայց ես չեմ խեղդուիր գետի մը մէջ, եթէ երկիրս գետ չունենայ:
Թագաւորը հրամայեց իր երկրի բոլոր գետերը ջնջել եւ հանգստացած բազմեցաւ իր ոսկեայ գահին, քանի մահը հեռացաւ իրմէ:
Բայց իր երկիրը, մի քանի տարի անց, անապատի վերածուեցաւ եւ սաստիկ տօթն ու ծարաւը կործանեցին զայն:
Հեքիաթը քաղուած է Զաքարիա Թամէրի «Անտեսուած խորհուրդներ» (Պէյրութ, 2010) կարճ հեքիաթներու ժողովածուէն, որ կը պարունակէ 20 կարճ հեքիաթ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ