ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ Ը.
ՀԱՒԱՏՔԻ ՄԱՍԻՆ
Այստեղ կը ցուցնէ, թէ հաւատքը ներգործական զօրութիւն ունի մարդուն կատարեալ ազատութիւն տալու: Եւ քանի որ մարդը ազատ կամք ունի, որով միւս կենդանիներէն կը զանազանուի, այդ պատճառով կը սիրէ ու կ՚ընտրէ ճշմարիտ ազատութիւնը քան այլ բաներ, ինչպէս կ՚ըսէ.
Խօսք. «Եւ Յիսուս Իրեն հաւատացողներուն [հրեաներէն] կ՚ըսէր» (Յհ 8.31):
Մեկնութիւն. Քրիստոս ճանչցաւ զանոնք, որովհետեւ ոմանք անկատար էին հաւատքի մէջ, ոմանք ալ ստութեամբ ու կեղծիքով իրենք զիրենք հաւատացեալներ ցոյց կու տային, այդ պատճառով կ՚ըսէ անոնց.
Խօսք. «Եթէ հաւատարիմ մնաք Իմ ուսուցումներուս՝ ճշմարտապէս Իմ աշակերտներս եղած կ՚ըլլաք» (Յհ 8.31):
Մեկնութիւն. Այսինքն՝ մինչեւ վերջ կատարեալ հաւատքով հաստատուն մնաք խօսքերուս մէջ, զորս քարոզեցի, այդպիսիները Իմ ճշմարիտ աշակերտներս են՝ ճշմարտութիւնն ունենալ առանց ստութեան:
Չորս կերպով է ճշմարիտ հաւատքը. Նախ՝ որ ճշմարտութեան վրայ հիմնուած կ՚ըլլայ: Երկրորդ՝ որ սիրով ու գործով կ՚ըլլայ: Երրորդ՝ որ խօսքով ու սիրտով կ՚ըլլայ: Չորրորդ՝ որ միշտ ու անփոփոխ կ՚ըլլայ:
Իսկ ով որ այս չորսին հակառակ է, սուտ է եւ հաւատքով անկատար:
Խօսք. «Ճշմարտութիւնը պիտի ճանչնաք» (Յհ 8.32):
Մեկնութիւն. Այսինքն՝ ճանչնաք որ Ե՛ս Աստուծոյ Որդին ու աշխարհի Փրկիչն եմ:
Ապա կ՚ըսէ.
Խօսք. «Եւ ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յհ 8.32):
Մեկնութիւն. Այստեղ հաւատքի ճշմարտութիւնը, որ Քրիստոս քարոզեց, մեղքերու ծառայութենէն կ՚ազատէ, քանի որ այստեղ կը սկսի ճշմարիտ ազատութիւնը, իսկ հանդերձեալին մէջ կ՚ազատէ թշուառութեան ծառայութենէն, երբ բոլոր ստեղծուածները ապականութեան ծառայութենէն պիտի ազատուին, ու այն ատեն կատարելապէս ազատ պիտի ըլլանք: Դարձեալ՝ ճշմարտութիւնը Քրիստոսն է, ըստ այնմ. «Ե՛ս եմ ճշմարտութիւնը» (տե՛ս Յհ 14.6):
Չորս պատճառով Քրիստոս ճշմարտութիւնն է կ՚ըսուի. նախ՝ օրինակին դիմաց Քրիստոս ճշմարտութիւնն է: Երկրորդ՝ սը-տութեան դիմաց Քրիստոսի քարոզութեան բոլոր խօսքերն ու խոստումները ճշմարիտ են: Երրորդ՝ խաբէութեան դիմաց Քրիստոսի բոլոր գործերը, սքանչելիքներն ու փրկութիւնը ճշմարիտ են: Չորրորդ՝ ուրուականին դիմաց Քրիստոս ճշմարիտ Աստուած է մարդացեալ, եւ ո՛չ թէ առ աչօք մարմին կամ հոգի:
Դարձեալ՝ ճշմարտութիւնը չորս պատճառով կ՚ազատէ. Նախ՝ որովհետեւ արդարութեան ճշմարտութիւնը դատաստանէն կ՚ազատէ ու պատիժներէն կը փրկէ, այսինքն՝ մարմնաւոր եւ հոգեւոր դատաստաններէն: Երկրորդ՝ ճշմարիտ հաւատքը մարդուն սիրտը կը հաստատէ ծառայական երկիւղէն, ինչքան որ հաստատուն է հաւատքի մէջ: Երրորդ՝ Աստուծոյ Որդիին ճշմարտութիւնը կը յատկանայ, քանի որ Ան է Աստուծոյ Բանը, ու Ան է, որ մեզի ազատութիւնը կու տայ շնորհներու եւ սիրոյ: Չորրորդ՝ ինչպէս Քրիստոս Աստուծոյ Որդի է եւ բնութեամբ ունի ազատութիւնը, քանի որ Աստուած է եւ Տէր ժառանգութեան, նոյնպէս մեզ շնորհքով Աստուծոյ որդի կ՚ընէ, եւ ո՛չ թէ բնութեամբ, ու մասնակից Իր ժառանգութեան:
ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Գիտելի է, թէ կրկնակի է ազատութիւնը, այսինքն՝ հոգեւոր եւ մարմնաւոր, եւ կրկնակի՝ ծառայութիւնը, այսինքն՝ հոգեւոր եւ մարմնաւոր: Արդ, հոգեւոր ազատութիւն է չորս [բան], այսինքն՝ հաւատքը, արդարութիւնը, շնորհքը եւ սէրը: Իսկ հոգեւոր ծառայութիւնը ասոր հակառակ, այսպէս՝ անահաւատութիւնն ու մեղքը, հին օրէնքն ու պատիժը: Իսկ մարմնաւոր ազատութիւն է, այսինքն՝ մեծութիւն, իշխանութիւն, թագաւորութիւն, եւ այլն: Իսկ մարմնաւոր ծառայութիւնը՝ աղքատութիւն, վարձկանութիւն, գերութիւն, նախատինք եւ գերեվարութիւն: Արդարեւ, Քրիստոս հոգեւոր ազատութիւն խոստացաւ հաւատացեալներուն, իսկ հրեաները մարմնաւորը կը կամենային, ինչպէս եւ կ՚ըսեն.
Խօսք. «Մենք Աբրահամի զաւակ ենք եւ ոեւէ մէկուն ծառայ չենք եղած բնաւ» (Յհ 8.33):
Մեկնութիւն. Ազնուականութիւնը կը յիշեն ու մարմինի ազատութիւնը: Մէկը հպարտութիւն է, իսկ միւսը՝ սուտ, քանի որ չորսհարիւր տարի Եգիպտոսի մէջ ծառայ մնացին, եօթանասուն տարի Բաբելոնի, յոյներուն եւ ասորիներուն մօտ, իսկ հիմա կայսրին մօտ, ինչպէս ըսին. «Մենք կայսրէն զատ ուրիշ թագաւոր չունի՛նք» (Յհ 19.15):
Խօսք. «Ինչպէ՞ս կ՚ըսես թէ “ազատ պիտի ըլլաք”» (Յհ 8.33):
Մեկնութիւն. Քրիստոս կրկնակի բան խոստացաւ. Նախ՝ ճշմարտութեան ճանաչումը՝ ըսելով. «Պիտի ճանչնաք ճշմարտութիւնը» (Յհ 8.32): Երկրորդ՝ ազատութեան պարգեւները՝ ըսելով. «Եւ ճշմարտութիւնը պիտի ազատէ ձեզ» (Յհ 8.32), անով ցուցնելով, որ ո՛չ ճանաչումը եւ ո՛չ ալ ազատութիւնը ունին, եւ թէեւ չարագոյն է ճանաչման պակասութիւնը, քան ազատութեան պակասութիւնը, սակայն հրեաները իբրեւ մարմնաւորներ ու ամբարտաւաններ չմտահոգուեցան ճանաչման պակասութեան համար, այլ՝ միայն ազատութեան պակասութեան համար իրենք զիրենք ընդունայն ազատ ըսելով:
Խօսք. «Անոնք պատասխանեցին» (Յհ 8.33):
Մեկնութիւն. Գիտելի է, որ հրեաները պատասխանելով մէկ խօսքով ուրացան, իսկ միւսով՝ հաստատեցին, այսինքն՝ ծառայութիւնը ուրացան՝ ըսելով. «Ոեւէ մէկուն ծառայ չենք եղած», ու իրենց ազնուականութիւնը հաստատեցին՝ ըսելով. «Աբրահամի զաւակ ենք», իսկ Քրիստոս ասոր դիմաց կը ցուցնէ, թէ առաջին, որ կ՚ուրանան ծառայութիւնը, ճշմարիտ է, որովհետեւ ով որ մեղք կը գործէ, մեղքերուն ծառայ է: Երկրորդ՝ կը ցուցնէ, թէ միւսը, որ հաստատեցին, սուտ է այնտեղ, որ կ՚ըսէ. «Գիտեմ, որ Աբրահամի զաւակներ էք», եւ այլն: Իսկ անոնց մարմինի ծառայութեան համար ուշադրութիւն չդարձուց ու բան չըսաւ, որովհետեւ Քրիստոսի համար ծառայի ու ազատի խտրութիւն չկայ, ինչպէս Պօղոսը կ՚ըսէ (հմմտ. Գղ 3.28):
ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Գիտելի է, թէ ծառայութեան երեք կերպ կայ, այսինքն՝ բարի, չար ու միջակ: Արդ, բարի ծառայութիւն է արդարութեան գործերու ծառայել ու Աստուծոյ, իսկ չար է մեղքերուն ծառայել ու սատանային, այլ միջակ է մարդուն ծառայել, որովհետեւ չարերուն հետ չար է ու բարիներուն հետ՝ բարի, ատոր համար Առաքեալը կ՚ըսէ. «Ծառաներ, ձեր մարմնաւոր տէրերուն հնազանդեցէ՛ք» (Եփ 6.5):
Արդ, առաջինը, որ ծառայութիւն է, չորս յատկութիւն ունի. նախ՝ որ բարիին կը ծառայէ, չի՛ կրնար մեղքերուն ծառայել: Երկրորդ՝ որ բարիի գործակիցներուն կը ծառայէ ե՛ւ կը հնազանդի ե՛ւ կը սիրէ: Երրորդ՝ որ Աստուծոյ օրէնքներուն եւ պատուիրաններուն կը ծառայէ: Չորրորդ՝ որ յաւիտենական կեանքի հաւատքով ու յոյսով կը ծառայէ:
Իսկ երկրորդը, որ չար ծառայութիւն է, այս է, որ Տէրը կը հրամայէ.
Խօսք. «Ով որ մեղք կը գործէ՝ ծառայ է մեղքին» (Յհ 8.34):
Մեկնութիւն. Նախ՝ իւրաքանչիւր ոք, այսինքն՝ թէ՛ հրեշտակները եւ թէ՛ մարդիկը, սուրբերը կամ անսուրբերը, որոնք մեղք կը գործեն, ծառայ են մեղքերուն: Երկրորդ՝ բոլոր մեղքերուն՝ թէ՛ հոգեկան, թէ՛ մարմնական, մեծ կամ փոքր, մեղքերուն ծառայ է: Երրորդ՝ բոլորը, որոնք սիրող ու գործակից են մեղքերուն, չի՛ կրնար արդարութիւն գործել, ըստ այնմ. «Չէք կրնար Աստուծոյ ծառայել եւ մամոնային» (տե՛ս Մտ 6.24):
Այս, թէ բոլորը, նոյնպէս որոնք մեղք կը գործեն, ծառայ են մեղքերուն չորս կերպով.
Առաջին՝ ով որ մեղք կը գործէ. նախ՝ ծառայ է մեղքերու գործերուն: Երկրորդ՝ մեղքերու պատճառին, որ է սատանան: Երրորդ՝ մեղքերու գործակիցներուն: Չորրորդ՝ արբանեակներուն, որոնք մեղքերու սպասաւորներն են:
Երկրորդ՝ ով որ մեղք կը գործէ, ծառայ է նախ՝ մեղքերուն, երկրորդ՝ մահու, երրորդ՝ ապականութիւններու, չորրորդ՝ յաւիտենական տանջանքներուն:
Երրորդ՝ ով որ մեղք կը գործէ, մեղքերու ծառայ է չորս պատճառով. նախ՝ ազատ է կ՚ըսուի ան, որ իր կամքով կը շարժի, ու ծառայ է, որ ուրիշի մը հրամանով կը շարժի, իսկ ով որ մեղք կը գործէ, բանականութեան հակառակ կը շարժի, թէպէտ կամքով մեղք կը գործէ, սակայն յոյժ ծառայ է մեղքերու կամքին: Երկրորդ՝ որովհետեւ երբ մարդ մեղքերու մէջ իյնայ, մեղքերուն տակ է եւ չի՛ կրնար ինքզինք ազատել մեղքերէն, այլ միայն Քրիստոսի շնորհքով կրնայ ազատիլ: Երրորդ՝ քանի որ մեղքերու պատճառով մարդը պարտական է յաւիտենական տանջանքներուն, իսկ այս պարտականութիւնը յոյժ ծառայութիւն է: Չորրորդ՝ որովհետեւ մեղաւոր մարդը ազատ կամքով ու սիրով չի յարիր Աստուծոյ, այլ՝ բռնութեամբ եւ հարկադրուած, եւ ոչ թէ ինչպէս որդին հօր [կը յարի], այլ՝ ինչպէս ծառայ:
Չորրորդ՝ մեղքերուն կը ծառայէ չորս կերպով. նախ՝ որ Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած ազատ ու բարի բնութիւնը չարի կը դարձնէ: Երկրորդ՝ որովհետեւ սովորութեամբ այնքան մեղքերու ծառայութեան մէջ կը մտնէ, որ յետոյ եթէ կամենայ ալ, չի՛ կրնար դուրս գալ: Երրորդ՝ քանի որ մեղքը գործողին գրաւական կը դառնայ յաւիտնական տանջանքներուն, ինչպէս ղապալան պարտքի տէրերուն մօտ: Չորրորդ՝ որովհետեւ չի կրնար ինքն իր անձնիշխան կամքով ետ դառնալ, այլ՝ Աստուծոյ խրատելուն կը կարօտի ու ապա թերեւս ետ դառնայ, ըստ այնմ. «Թշուարռութենէս դարձայ [ետ կանգնեցայ], որովհետեւ փուշեր յարեցան ինծի» (տե՛ս Սղ 31.4): Իսկ հրեաները յայտնապէս մեղաւորներ էին, ապա յայտնի է՝ որ ծառաներ էին, այդ պատճառով ատկէ ետք պատիժը կը ցուցնէ, ըսելով։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 81
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 12/02/2024