ՏՔԹ. ՎԱՉԷ ՎԱՍԻԼԵԱՆ. «ՉԷԻՆՔ ԿՐՆԱՐ ԱՆՏԱՐԲԵՐ ՄՆԱԼ «ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ» ԿՈՉ-ՀՌՉԱԿՈՒՄԻՆ»

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ֆրեզնօ քաղաքի Բժիշկներու միութիւնը դէպի Լիբանան բժշկական-առողջապահական նեցուկ ցուցաբերելու կոչուած կարեւոր առաքելութիւն մը իրականացուց։ Բժիշկներու խումբին մաս կազմեց նաեւ տքթ. Վաչէ Վասիլեան, որու հետ հեռակայ դրութեամբ կատարեցինք հարցազրոյց մը, որուն սղագրութիւնը կարդալ ստորեւ։

*

-Ի՞նչ էր պատճառը, որ որոշեցիք հանդէս գալ Հայաստանէն ետք նոր նախաձեռնութեամբ մը, որուն կիզակէտը լիբանանահայութիւնն էր իր զանազան խաւերով:

-Այս տարի, ինչպէս գիտէք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը «Սփիւռքի տարի» հռչակեց: Մենք այդ կոչը լսելով չէինք կրնար անտարբեր մնալ: Եղած էր Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումը եւ դժբախտաբար վնասուեցան հայահոծ շրջանները, հետեւաբար որոշեցինք անպայման Պէյրութ այցելել։ Այս առաքելութեան անդամներս՝ ղեկավարութեամբ Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանին, միշտ եղած ենք կողմնակից գործնականին: Ճիշդ է, շատ յօդուածներ գրուեցան եւ գումարներ հաւաքուեցան յաջակցութիւն Լիբանանին, բայց մենք ուզեցինք անձամբ երթալ եւ մեր ծառայութիւնը մատուցել եւ ցաւը կիսել Լիբանանի մեր հայրենակիցներուն հետ: Լիբանանը իր լաւ օրերուն բոլոր սփիւռքին հասած է, ինչպէս կրնանք մոռնալ եւ ձեռնածալ նստիլ ի տես այսօրուան ծանր դրութեան։

-Ի՞նչ էր բնոյթը այդ օժանդակութիւններուն, ի՞նչ կը պարունակէին օժանդակութեան ծրարները եւ ո՞ր խաւերուն տրուեցան:

-Նախքան մեր մեկնիլը՝ կապուեցանք Պէյրութ, իմանալու համար, թէ ի՞նչ են իսկական կարիքները։ Այստեղ պէտք է յիշել, որ այս բոլորը եղաւ հովանաւորութեամբ հայկական երեսփոխանական գրասենեակին, որու միջոցով մեզի օժանդակեց տքթ. Էլի Թաշճեան: Մեզի ըսուեցաւ, որ ամենէն շատ դեղօրայք պէտք է: Հետեւաբար օժանդակութեան մեծ մասը դեղօրայք էր՝ ցաւազերծիչներ, հակապիոթիքներ, ճնշման, շաքարախտի, սրտի դեղահատներ, նաեւ քսուկներ, քովիտը բուժելու դեղեր: Մօտաւորապէս 1 թոն դեղօրայք էր: Անոնք պզտիկ յատուկ տուփերու մէջ տեղաւորուեցան եւ վրան գրուեցաւ նուէր՝ Ֆրեզնոյի հայկական գաղութին կողմէ: Նաեւ կային ատամնաբուժական դեղեր, փոքր սարքաւորումներ, անզգայացուցիչ ասեղներ, որ ընդհանրապէս անգտանելի էր Լիբանանի մէջ: Գիտէինք, որ Պուրճ Համուտի Լիբանանահայ օգնութեան խաչի (ԼՕԽ) «Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոն»ը փոքր վիրահատարան մը կայ, հետեւաբար վիրակապեր, նշտրակներ, կարելիք մանր գործիքներն ալ տարած էինք:

Օժանդակութիւնը կը պարունակէր նաեւ մօտաւորապէս 15 հատ շտապ օգնութեան անհրաժեշտ պայուսակ, որու մէջ կայ ամէն ինչ, որ հարկաւոր է առաջին օգնութիւն ցոյց տալու: Ամէն կեդրոն, որ այցելեցինք տուինք անկէ: Իսկ օժանդակութիւններու ամենէն մեծ բաժինը բաշխուեցաւ Պուրճ Համուտին, ԼՕԽ-ին, Կարմիր խաչի դարմանատան եւ «Արաքսի Պուլղուրճան կեդրոն»ին: Երկրորդ մեծ բաժինը գնաց Այնճար, որովհետեւ խոստացած էինք, որ այնտեղ ալ պիտի այցելենք: Մօտաւորապէս 7 մեծ ճամպրուկ: Ի դէպ ըսեմ, որ մեր հետ բերած էինք ընդհանուր 29 ճամպրուկ դեղ: Բաժին հանեցինք նաեւ Հայ Կաթողիկէ համայնքին պատկանող «Նարեկ» դարմանատան: Անձամբ այցելեցինք Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Ահրամճեան» դարմանատուն եւ օժանդակութիւն տուինք: Բաժին հանեցինք Ճինիշեան հիմնարկի, «Գարակէօզեան» դարմանատան: Ինչպէս նաեւ բաժին ելաւ AUB հիւանդանոցին, որուն հետ կապուած էինք իմ տիկնոջ՝ տքթ. Կարինէ Լեփեճեանի միջոցաւ, որովհետեւ ինք հոն ուսանած է: Հիւանդանոցէն մեզմէ Inhale-ներ եւ անզգայացուցիչ Lidocaine ուզած էին, որոնք Պերճ Աբգարեանի դասաւորութեամբ ապահովուեցան, եւ այդ օր յանձնումի հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղաւ Լիբանանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Տորոթի Ս. Շէյա:

Առաքելութեան բժիշկները այդ կարճ ժամանակին մէջ քննեցին հարիւրաւոր հիւանդներ, եւ իւրաքանչիւր հիւանդին դեղ կը տրամադրուէր մեր բժիշկներու ձեռամբ:

-Դուք որպէս օժանդակողներու խումբ գտնուեցաք Լիբանանի զանազան շրջաններու մէջ եւ օժանդակութիւններ բաշխեցիք: Ի՞նչ էին տպաւորութիւնները, ի՞նչ արձագանգ գտաւ ձեր առաքելութիւնը լիբանանահայերու կողմէ եւ ինչպիսի՞ն էր անոնց մօտեցումը:

-Արձագանգը կը կարծեմ, որ բաւական մեծ էր ու դրական: Պէտք է ըսել, ինչ որ տեսայ Լիբանանի մէջ՝ գնահատանք, երախտագիտութիւն եւ յարգանք։ Եւ անշուշտ ժողովուրդն ալ շատ ուրախ էր, Պուրճ Համուտի դարմանատունէն ներս տարբեր շարժում մը կար: Միւս դարմանատուներն ալ որ այցելեցինք, ըլլայ «Նարեկ»ը կամ Բարեգործականինը, բոլորն ալ բարձր գնահատեցին, որ հեռաւոր Ամերիկայէն եկած ենք ձեռք մեկնելու իրենց եւ բաժնելու ու զգալու իրենց ցաւը: Լրատուամիջոցներն ալ՝ «Ազդակ»ը կամ «Վանայ ձայն»ը լայնօրէն անդրադարձան մեր խումբի աշխատանքներուն: Զգալի էր նոյնը երբ բարձրացանք Այնճար, օդը բաւական աննպաստ էր, բայց իրենց ջերմագին ընդունելութիւնը, մոռցնել տուաւ եղանակի ցրտութիւնը: Հակառակ անձրեւին, բոլորը դուրսը կը սպասէին մեզի, այնքան ջերմ էր ընդունելութիւնը: Մէկ օր մնացինք Այնճարի մէջ եւ բաւական հիւանդներ ընդունեցինք։

-Արդեօք ձեր ցուցաբերած օժանդակութիւնը եւ ծառայութիւնները ինչ-որ ձեւով վէրք մը բուժեցին կամ բեռ մը թեթեւցուցին լիբանանահայութեան մօտ: Ապագային կը պատրաստուի՞ք նոր ծրագիրներով մեկնիլ Լիբանան:

-Կը կարծենք, որ մեծ բեռ մը որոշ չափով կրցանք թեթեւցնել: Մեր բժիշկները բաւական օգտակար եղան: Կային դէպքեր, որ սխալ բուժումներ նշանակուած էին, բժիշկները կրցան դիւրութեամբ ախտորոշել հիւանդութիւնները: Հիւանդներ կային որոնք ի վիճակի չէին փոքր վիրահատական գործողութիւններու ենթարկուելու, մեր բժիշկ՝ Վան Պօղոսեանը, որ նշանաւոր վիրահատ է, օրական 30-40 այդպիսի վիրահատական միջամտութիւններ կ՚ընէր արտակարգ ձեւով:

Բժիշկ Խաչիկեան մէկ օր գնաց իր մանկութեան դպրոցը՝ «Շամլեան Թաթիկեան» վարժարանը, ուր քննեց մօտաւորապէս 30 հիւանդ եւ պէտք եղած դեղերը տուաւ:

Չմոռցանք նաեւ Ժպէյլի «Թռչնոց բոյն»ի մեր երեխաները: Մէկ օր, տիկինս՝ Կարինէն որպէս մանկաբոյժ գնաց այնտեղ եւ երեխաները ստուգեց:

Բժիշկներ՝ Խաչիկեան եւ Քուշիկեան, որոնք ներքին հիւանդութիւններու մասնագէտներ են, «Պուլղուրճեան կեդրոն»ին մէջ մեր աշխատանքէն ետք, բարձրացան դպրեվանք եւ քննեցին սաները։

Մենք ընդամէնը մէկ շաբաթ մնացինք Պէյրութի մէջ: Վերջին օրը յատկացուած էր, որ ես դպրեվանքի սաներուն ատամները քննէի ու բուժէի:

Անշուշտ կրկին անգամ պիտի երթանք Լիբանան եւ թուականը որոշուած է: Եթէ Տէրը կամենայ յառաջիկայ տարի, նոյնպէս Պէյրութ պիտի մեկնինք։ Շատ հաւանական երկու շաբաթով այս անգամ: Պերճ Աբգարեան հիմակուընէ կը ծրագրէ, որ ինչպէս կարելի է առաւելագոյն արդիւնաւէտ աշխատանք կատարել:

Ի միջի այլոց որոշուած է նաեւ Հայաստան գալու թուականը եւ յառաջիկայ 23 սեպտեմբերին պիտի հասնինք հայրենիք, ծառայելու մեր ժողովուրդին:

-Դուք լիբանանահայ էք եւ ներգրաւուած էք ազգային կեանքի մէջ: Շատեր այն պատկերացումը ունին, որ լիբանանահայութեան ամուր մնալը կարեւոր է ո՛չ միայն Մերձաւոր Արեւելքի, այլ նաեւ՝ ամբողջ հայութեան համար: Ի՞նչ է ձեր տեսակէտը այդ առումով: Ինչո՞վ կը շեշտադրէք լիբանանահայութեան կարեւորութիւնը, ի՞նչ կրնաք ըսել այդ մասին:

-Լիբանանը սիրտն է հայկական գաղութներուն: Ես Լիբանանի մէջ մեծցած եմ եւ ի մասնաւորի Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ, հպարտ եմ լիբանանցիութեամբս, հպարտ եմ, որ մեծցած եմ Պուրճ Համուտ, ուր սորված եմ ազգասիրութիւն եւ հայրենասիրութիւն: Ես հոն էի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ, Պուրճ Համուտի մէջ տեսայ իսկական մարդասիրութիւնը, երբ թաղի պահապան տղաքը ռումբերուն տակ տունէ տուն բնակիչներուն հաց կը բաժնէին: Այնտեղ սորված եմ ծառայասիրութիւնը: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին Պուրճ Համուտ մնաց հայութեան անառիկ բերդը, պահեց հայկականութիւնը շնորհիւ մեր տղոց զոհողութիւններուն, նոյնիսկ անոնց արեան գնով, փառք ու պատիւ բոլորին: Ճիշդ է, հիմա փոխուած է, այդ առաջուայ փառքի օրերը չկան, բայց Պուրճ Համուտը կը մնայ Պուրճ Համուտ, իսկ Լիբանանը կը մնայ Լիբանան, միւս գաղութներու կողքին ըլլայ Սուրիա կամ Իրաք: Նոյնպէս Այնճարը, հոն է մեր արժանապատուութիւնը, հոն մարդիկ 80-82 տարիէ ի վեր կը պահեն մշակոյթը, աւանդութիւնները, սովորութիւնները, կը յարգեն նահատակները, նախնիները ու կը յիշեն զանոնք:

-Ի՞նչ կրնաք աւելցնել ձեր խօսքերուն վրայ:

-Ես կը հաւատամ, որ պէտք է աւելի կազմակերպուինք, մեր քաղաքական ղեկավարները իրենց եսը պէտք է մէկդի դնեն եւ միասին նետուին յանուն հաւաքական գործին։ Աշխարհի որեւէ անկիւնի մէջ հայ մը պէտք չէ այս վիճակին հասնի, ինչ որ հասած է Լիբանանի հայ ժողովուրդը կամ Սուրիոյ կամ նոյնիսկ հայրենիքի: Այս ամէնը կը կարօտի ճիշդ կազմակերպուելու եւ այդ գործը կատարող ճիշդ անձերու, որոնք ունենան հայրենասիրական ոգի, մարդասիրական ու ծառայելու հոգի: Եւ այդպիսով ո՛չ մէկ հայ ո՛չ մէկ տեղ խեղճ կը մնայ:

Աշխարհի չորս կողմը սփռուած հայեր կան, որոնք պատրաստ են օգնելու, բայց պէտք է ձեւեր որոնել անոնց մօտենալու: Յաճախ կրկնած ենք, թէ այս առաքելութիւնը ո՛չ մէկ քաղաքական, ո՛չ մէկ կուսակցական շերտաւորում ունի: Մեզի նեցուկ կանգնողը Ֆրեզնոյի հայկական գաղութն է, իր բոլոր կազմակերպութիւններով ու անհատներով, որոնց երախտապարտ ենք: Ամէն մէկը իր կարողութեան սահմաններուն մէջ նուիրատուութիւն կ՚ընէ եւ գումարը կը հաւաքուի: 

Տարիներ առաջ երբ հայ ժողովուրդը մահ ու կենաց պայքար կը մղէր, կ՚երգուէր «ով որ քաջ է ինչ կը սպասէ, արդէն ժամանակն է, թող գայ»։ Հիմա ալ երբ հայրենիքը, Լիբանանը եւ միւս գաղութները ճգնաժամային օրերու առջեւ կանգնած են, կ՚ըսենք. ան որ կարող է ինչ կը սպասէ, հիմա ժամանակն է շարժելու, աշխատելու եւ ծառայելու:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Ապրիլ 9, 2022