ՅԻՇԵԼՈՎ՝ ԿԱՐԱՊԵՆՑԸ

Յակոբ Կարապենց (Կարապետեան - 1925-1994) ամերիկահայ գրականութեան մէջ սիրելի ներկայութիւն մը: Նրբաճաշակ, վաւերական արձակագիր, հրապարագիր, մտաւորական եւ սիրելի վիպագիրը, որուն լեզուն իր կեանքի արտացոլումն է, հարազատ եւ արդար: Ինքն էր, որ իր նորաշունչ գրիչովը հայ գրականութեան մոլորակը հարստացուց իր հարուստ եւ ինքնատիպ արձակով. Այսպէս՝ «Անծանօթ Հոգիներ», «Կարթագենի դուստրը» (վէպ), «Նոր եշխարհի հին սերմացաններ», «Միջնարար», «Ադամի վիրքը» (վէպ), «Ամերիկեան շուրջպար», «Երկու աշխարհ», «Մի սարդ ու մի երկիր», «Մտորումներ», «Պատմուածքներ», «Երկեր անկատար եւ այլ պատմուածքներ»:

Գիտեմ, որ յիշողութիւնս տակաւին զիս չի դաւաճաներ: Ու յանկարծ անձնական կեանքի յիշատակներ իրերայաջորդ եւ ինքնածին կ՚արթննան: Համեստօրէն ըսելով, քանի մը առիթներով հանդիպած եւ երկար-բարակ հետը զրուցած եմ՝ մտերմիկ: Անոր համար հիմա յիշատակներս ոտքի ելած են, որոնք կը ստիպեն, որ կրկին ապաւինիմ թուղթիս եւ գրիչիս:

Ու գիտէ՛ք, ի՜նչ լաւ է, երբ կեանքիդ ընթացքին կը հանդիպիս նման «մեծերու»: Բախտաւորութիւն եւ երջանկութիւն: Այդ օրերուն ինք «Ամերիկայի Ձայն»ի հայերէն բաժնի գլխաւոր պատասխանատուն էր: Հաստատապէս լուրջ պաշտամունք է իմ այս բաժինս, որ խիտ տողերու սահմաններէն ներս կամաց-կամաց սկսած եմ տեղաւորել, որովհետեւ կը հաւատամ, որ ազգային, գրական, մշակութային գետնի վրայ երկարամեայ ծառայութիւն ունեցող վաստակաշատ անձերը յիշելն ու արժեւորելը անհրաժեշտութիւն է:

Ապա աւելցնեմ, որ խօսիլ Կարապենցի մասին, կը նշանակէ խօսիլ ամերիկահայ գրականութեան մասին ալ: Կար ժամանակ, որ այս օտար հողին վրայ, հայ գրականութեան նուիրեալներու սերունդ մը կ՚ապրէր, օրինակելի, նոյնքան ալ պատմական, որոնք իրենց արժանավայել տեղը գրաւեցին մեր ազգային եւ մշակութային երկնակամարին վրայ:

Ինծի համար Կարապենց, հաճելի խօսակից եւ սիրելի ներկայութիւն մը ըլլալով հանդերձ, նաեւ խիզախ եւ ուրոյն մտածողութեամբ արժանիք մըն ալ էր, որ իր աղուոր անկեղծութեամբ եւ պարզութեամբ մեր գրական կեանքը արժեւորեց: Իր բոլոր գործերը, արդար վկայութիւններ են իր այդ տարած աշխատանքին: Մնայուն հետք մը՝ ամերիկահայ մեր գրականութեան մէջ: Ու ամէն անգամ երբ հանդիպիմ իր հարուստ արձակին, զմայլանք մը կը ծնի մտքիս մէջ: Կը վերանորոգէ ապրումներս: Անոր համար, իր գրիչը քաղած է համակրանքս: Հաճոյք է անդրադառնալ իր մասին:

Երբ կը խօսէր, խաղաղ նայուածք մը ունէր, որ յուշ կը պատմէր: Համակրանք կը ստեղծէր: Իբրեւ հայ գրող՝ ան մտահոգ էր մեր լեզուի ճակատագրով: Պաշտամունք ունէր հանդէպ մեր գիրին ու գրականութեան: Ստեղծագործ իրականութիւն:

Յիշատակելի են իր բանալի բառերը, որոնք ժամանակակից մարդը յուզող հաւաքական ներաշխարհ մը կը ստեղծեն լսողին կամ կարդացողին հաւասարապէս: Նոյն այդ բառերով էր, որ ինք հայ մտքին նոր ակօսներ բացաւ: Յիշեցուց, թէ մարդիկ կը գազանանան, երբ ձեռք առնեն ղեկը: Խօսելով իր ապրած այս երկրի գրական կեանքին՝ ան կը հաստատէր, որ հոս «դժուարին ու ծանր պայմանների տակ գրականութիւն կը փորձուի»: Եւ տակաւին՝ «Ամերիկայի մէջ դժուարը, ժամանակ գտնելն էր, որովհետեւ գրական աշխատանք մը տանելու համար, պէտք էր գտնել խաղաղութիւնը այն ճամբուն եւ տէրը ըլլալ ժամանակին»:

Շեշտը դնելով ներկայ հայ մարդուն՝ կը յիշեցնէր, թէ «հայ է» եւ թէ հոս, «ամէն ինչ ոչնչանում է, մնում է հայրենիքը»: Ուստի իրեն համար, «ով որ իրեն հայ կը նկատէ, ուրեմն հայ է», իսկ գալով սփիւռքին, իրեն համար «մեռնող ու մահուան դէմ սուրը ճօճող հաւաքականութիւն մըն էր»: Զինք միշտ տանջած էր այն իրականութիւնը: Մտահոգ էր, որովհետեւ «Ամերիկեան հողին վրայ, ազգային պարտաւորութիւններն ալ քայլ առ քայլ կուլ գացող սերունդներուն նման կը կորսուէին»: Առաւել՝ «գրելը պայքարելու նման բան մըն է» ու «հայրենիքի կարօտը թռչուն չէ, որ բռնես եւ վանդակես», անոր համար հայուն «սկիզբն ու վերջը իր հայրենիքն է»:

Ահա նման պատկերաւոր խօսքեր՝ իրապաշտ գրողի իր նոր բառերով, հայ ըլլալու եւ հայ մնալու գաղափարը ջատագովող միատեղ:

Կարդացէ՛ք, Կարապենցը, սփիւռքահայ գրողի յատուկ այս տիպարին ստեղծագործութիւնները, եւ պիտի հաստատէ՛ք, որ ան իր այս եւ նման խորհրդածութիւնները թուղթին յանձնած էր ծափահարելի աշխուժութեամբ, տակաւին 21 տարեկան հասակին եւ այս ձեւով գտած իր տեղը՝ մնայուն եւ արժանաւոր: Ան նախ մեզի ժպտաց հայ մամուլի էջերէն ու իր յատուկ գրականութեամբ եւ մանաւանդ ժամանակակից քրտինքով, ու ճակաբաց ու անվարան մուտք գործեց մեր ներկայ գրականութեան մէջ: Աղուոր եւ ազնիւ մուտք մը այս կալուածէն ներս, որ ընթերցողին կը թելադրէ անպայման թերթատել իր էջերը: Իւրաքանչիւր ընթերցողի մտքին մէջ արձագանգ կը ձգէ: Մէկ խօսքով՝ հարուստ վաստակ մը, որ նոր յաւելում արձանագրեց հաստատապէս: Իր գրականութիւնը յատուկ արժանիքներ ցոյց կու տայ նրբաճաշակ եւ վաւերական անցումներով, ներքին կշռոյթով, սահուն ոճով, բնական եւ բաբախուն, եւ որոնց շնորհիւ իր «գիծը» հաստատ կերպով եւ համոզումով գծեց, սիրոյ եւ խոնարհումի զգացումներով, տքնաջան եւ հեւքով:

Օրինակ մը վերցնելով, յիշեմ «Նոր աշխարհի հին սերմնացանները»:

Իրեն համար այս «սերմնացանները կորցրել են իրենց երազները, կարօտը խեղդումն է: Խեղճ են եւ միայնակ եւ փնտռում են այն ինչ որ լքել են»: Մէկ խօսքով, ամերիկեան կեանքի տարեգիր՝ պատմուածքներու շարքով, ուր կայ ո՛չ թէ հացի խնդիր, այլ՝ ինքնահաստատման եւ յիղողութեան: Հոս է, որ կ՚ապրին հին յուշերը, լեզուն, կենցաղն ու յիշողութիւնը, սովորութիւնն ու պատկանելիութիւնը:

Պարզապէս բոլոր հատորները կեանքի եւ մտքի հետքեր են անոնց համար, որոնք կ՚ապրին կեանքը միտքով եւ հոգիով: Իսկ «Ադամի գիրքը», ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ժողովուրդի մը ճակատագիրը: Գաղթական հայուն, որ իր ինքնութիւնը կ՚ուզէ պահել: Ադամը մեր գիտցած սփիւռքացած հայու պատկերն է, զայրոյթի մը աղաղակը, ուր նաեւ հերոսները կը գիտակցին, որ չեն կրնար յաջողիլ վերակառուցել աշխարհը: Գալով իր թեմային, մեր գրականութեան մէջ նոր չէ: Թումանեան կը յիշեցնէ: Յաճախ Համաստեղին կը մօտենայ: Ահարոնեանի լռութիւնը կը պատկերէ իր ազնիւ եւ հայ գրողի գրիչով:

Իր բոլոր տողերը ազգայինի կողքին համամարդկային տիպարով, հայու մշտնջենական երազով եւ կարօտով՝ եւ հայրենիքի կարօտով լեցուած են: Ահա թէ ինչպէ՞ս շնորհիւ իր ճիգին, պրպտումներուն եւ համբերութեան մեր արդի գրականութեան նոր արժանիքներ բերաւ, հմայքի եւ գրական գեղեցկութեան կողքին:

Ըսած են, թէ մարդկային բոլոր ստեղծագործութիւնները յարատեւ պայքարի արդիւնք եղած են եւ անոր համար է, որ մարդոց կեանքը արժեւորած են: Ճիշդ են:

Իմ կարգիս սիրած եմ ու կը սիրեմ խանդավառուիլ նման արժէքներով, որովհետեւ ուժ եւ թափ կու տան մտքիդ ու հոգիիդ: Լաւապէս ըմբռնելով կեանքի եւ մանաւանդ հասարակութեան ելեւէջները, հայ միտքի ու ջիղի, ստեղծումի եւ կերտումի արժէքները եւ անոնց մեր դարաւոր մշակոյթի գոյատեւման ապահովումը, երազի ու գեղեցկութեան փնտռտուքներու, իր ան գրութիւններով հայ գրականութեան մոլորակը հարստացուց նորահունչ եւ հաղորդակից իր ոճովը:

Իր էջերը ընթերցող մը հաստատապէս պիտի նկատէ, թէ վիպագրի տողերուն մէջ խորք ու ջիղ կայ: Կայ նաեւ արժէքներու որակաւորում ոճի եւ երեւակայութեան խորութիւն եւ վերլուծութիւն: Այս բոլորը անկասկած, որ ձրի բարենիշներ չեն իր վաստակին եւ աշխատանքին:

Հաստատապէս ինքնատիպ արձակագիր մըն է։ Մեծ գրագէտ մը, որ ոչ միայն կը տագնապի հայութիւնը յուզող հարցերով, այլեւ մտահոգ է մեր լեզուին ճակատագիրով: Իւրայատուկ նկարագիր կայ իր տողերուն մէջ: Հեռու սովորական չափանիշներէ: Կտրուկ եւ հզօր ոճ:

Միշտ արթուն եւ կենդանի: Միշտ անկեղծ շեշտով: Զգայուն եւ արտայայտելու ընդունակ: Լաւ խմոր: Յղացման նորութիւն եւ նրբութիւն: Լեզուական ներդաշնակութեամբ եւ նոր ու կորովի հոսանքով: Իր տաղանդին հիմնական գիծը վարպետ նկարագրող, հիւթեղ եւ ճկուն լեզու է՝ գեղարուեստական կարողութիւններով հարուստ:

Ահա հոգիով եւ գերազանցօրէն հայ գրողը: Վերլուծող եւ պատկերաւոր: Դիտելու եւ վերլուծելու տաղանդով եւ հարազատ պատկերներով վարպետ նկարագրողը: Կ՚արտայայտէ իւրայատուկ ձեւով դատելու ճշգրիտ առաքելութեամբ սովորական եւ ընթացիկ եզրակացութիւններէ վեր, համարձակ ու անշահախնդիր ակնոցով: Մէկ խօսքով, օտար միջավայրի մէջ տագնապող հայ գրողն է: Ունի ներքին հոգածութիւն: Ազգային ալեկոծութիւններով եւ երազանքներով:

Իր տողերը միշտ դիմաւորած եմ խանդավառութեամբ:

Հայ գրականութիւնը միշտ իր ճամբան շարունակած է՝ հետեւելով հայեցի մեր դիմագիծին, մեր ժառանգած արեան բաբախումին: Կարապենցի մօտ կայ գիծը, որովհետեւ ան ունի նաեւ որոշ համոզումներ իր ազգին ու մարդկութիւնը հետաքրքրող եւ տագնապեցնող հարցերու մասին:

Կարապենց.- Հայ գրական հայ հողին նետուած տունկ մը, ինքնատիպ ճարտարութեամբ:

Տակաւին շատ բան կայ գրելիք իր մասին: Իր յիշատակը կ՚ապրի մտածումներուս մէջ, ու համեստօրէն կը խոնարհիմ արդի ամերիկահայ արձակը նոր հանգրուանի բերած այս գրողի յիշատակին առջեւ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 9, 2021