ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԱՆՀԵՏԱՑՈՂ ՍՈՒԼԱԼԵԶՈՒՆ
Մարդիկ դարեր առաջ հեռաւոր վայրերէ իրարու հետ հաղորդակցելու համար գործածած են սուլոցը, որ կարգ մը վայրերու մէջ զարգանալով՝ վերածուած է սուլալեզուի (whistled language): Հեռաւոր լեռնային շրջաններու մէջ տակաւին կան այդ լեզուն գործածողներ, սակայն անոնց թիւը սկսած է նուազիլ, մանաւանդ որ արդի արհեստագիտութեան ընձեռած միջոցներու, յատկապէս՝ բջիջայիններու դարուն, սուլալեզու սորվիլ փափաքողներ քիչ պիտի ըլլան: «Պի.Պի.Սի.» կայքի յօդուածագիր Էլիոթ Սթէյն այցելած է Յունաստանի հեռաւոր Անթիա գիւղը, ուր հանդիպած է վերջին սուլողներուն:
*
Մօտաւորապէս 2500 տարի լեռնային այս գիւղին բնակիչները կը խօսէին զարմանալի լեզուով մը, որ միայն իրենք կը հասկնային: Իրենցմէ բացի ոչ ոք կը հասկնար:
Բայց մնացած են միայն վեց անձեր, որոնք կրնան այդ լեզուով «խօսիլ»:
Պահուըտած Յունաստանի Էւիա կղզիի հարաւ-արեւելեան անկիւնին մէջ, ձորերու ոլորուն լաբիւրինթոսին վերեւ, որ կը փլի դէպի Եգէական ծով, Անթիա գիւղակը կը կառչի Օչի լերան լանջերուն:
Պանդոկները եւ ճաշարանները 40 քմ. հեռու են, իսկ ընդհանրապէս գիւղը այնքան առանձնացած եւ հեռաւոր է, որ ան գոյութիւն չունի Կուկըլի քարտէսներուն վրայ:
Բայց երբ այստեղ կը ճամբորդէք, Ն.Ք. Քրիստոս գլխապտոյտ ճամբով, հսկայ ժայռային «վիշապի տան» քարէ դամբարաններու եւ խոշոր՝ կիկլոպեան քարակոթողներու առասպելական բնավայրին մէջէն, կը լսէք հրապուրիչ կնոջ մը հնագոյն երգը, որ կ՚արձագանգէ լեռներուն մէջ:
Ատիկա՝ այն պատճառով, որ հազարամեակներ շարունակ Անթիայի բնակիչները հովիտներուն մէջ իրարու հետ հաղորդակցելու համար գործածած են ուշագրաւ սուլալեզու (whistled language), որ կը յիշեցնէ թռչուններու ձայները:
Յայտնի՝ որպէս սֆիրիա, այն աշխարհի ամենէն հազուագիւտ եւ ամենէն վտանգուած լեզուներէն մէկն է. հեռաւոր տարածութեան հաղորդակցութեան խորհրդաւոր ձեւ մը, որուն մէջ ամբողջ խօսակցութիւնները, որքան ալ բարդ ըլլան, կրնան սուլուիլ:
Այսօր երկրագունդի վրայ մնացած են միայն վեց անձեր, որոնք տակաւին կրնան «խօսիլ» այս չխօսուող լեզուն:
Վերջին երկու հազարամեակներու ընթացքին միակ մարդիկը, որոնք կարողացած են հնչեցնել եւ հասկնալ սֆիրիայի գաղտնի նոթաները, այս լեռնալանջ գիւղի հովիւներն ու երկրագործներն են, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր երեխաներուն հպարտօրէն փոխանցած է խստօրէն պահպանուած աւանդութիւնը:
Բայց վերջին քանի մը տասնամեակներու ընթացքին Անթիայի բնակչութիւնը 250-էն նուազեցաւ 37-ի, եւ երբ հին սուլողները կը կորսնցնեն իրենց ակռաները, շատերը այլեւս չեն կրնար հնչել սֆիրիայի սուր նոթաներ:
Այսօր երկրագունդի վրայ մնացած են միայն վեց անձեր, որոնք տակաւին կրնան «խօսիլ» այս չխօսուող լեզուն, եւ անոնցմէ մէկը վերջերս զիս հրաւիրեց Անթիա, որպէսզի կարողանայի հանդիպիլ Յունաստանի վերջին սուլողներուն:
Երբ ես հասայ, գիւղի միակ խանութին մօտ զիս կը սպասէր 45-ամեայ երկրագործ մը՝ Եանիս Ափոսթոլու անունով:
Յունարէնով բարեւելէ ետք, ան նայեցաւ դէպի գիւղին անդունդը, լեզուն սեղմեց ակռաներուն տակ եւ սրնգաձայն մեղեդին արձակեց դէպի անդունդ:
«Կուլա՞, Ցիփա՛ս, մենք հիւր ունինք», ըսաւ ան թարգմանիչին միջոցով:
Շուտով Կուլան՝ 76-ամեայ կին մը, դուրս եկաւ լերան լանջին բարձրացած քարաշէն բնակարանէն, սուլեց՝ այս ուրախ մենահամերգը վերածելով զուգերգի:
«Է՛, ի՞նչ կը սպասես», պատասխանեց ան՝ այծի զանգերու նուագախումբի մը հնչիւններուն հետ: «Հո՛ս եկէք»:
Երբ երկու այլ գիւղացիներ կ՚իջնէին բլուրներէն՝ միանալու, մեզի հարցուց, որ ով կ՚ուզէ բան մը խմել:
Յետոյ սուլեց ճռուողիւնի շարք մը՝ դէպի խանութին բաց դուռը:
Քանի մը վայրկեան ետք խանութպան Մարիա Քեֆալասը դուրս եկաւ ձեռքերուն մէջ շիշ մը ջուր, երկու գաւաթ թէյ եւ գաւաթ մը վայրի կեռասի հիւթ՝ վիսինատա, իւրաքանչիւրը հիանալի դասաւորելով մեր դիմացի սեղանին վրայ:
Ոչ ոք կրնայ յիշել, թէ ինչպէ՛ս կամ ե՛րբ գիւղացիները այստեղ սկսան հաղորդակցելու համար գործածել սֆիրիա, որ կու գայ յունական սֆիրիզօ բառէն, որ կը նշանակէ «սուլիչ»:
Որոշ բնակիչներ կ՚ենթադրեն, որ ատիկա եկած է պարսիկ զինուորներէ, որոնք ապաստան կը փնտռէին լեռներուն մէջ, շուրջ 2500 տարի առաջ:
Միւսները կը պնդեն, որ բիւզանդական ժամանակներուն զարգացած լեզուն գաղտնի միջոց է՝ նախազգուշացնելու հակառակ գիւղերէն եւ ներխուժած ծովահէններու վտանգներէ:
Կայ նոյնիսկ համոզում, որ հին Աթէնքի մէջ անոնք Անթիայէն սուլողներ կը տեղադրէին լեռներու գագաթներուն՝ որպէս պահակախումբեր, որպէսզի անոնք կարողանան զգուշացնել կայսրութեան վրայ յարձակումի պարագային:
ՍՖԻՐԻԱՆ ԽՕՍԱԿՑԱԿԱՆ ՅՈՒՆԱՐԷՆԻ ՍՈՒԼԱԼԵԶՈՒ ՏԱՐԲԵՐԱԿՆ Է
Յատկանշական է, որ արտաքին աշխարհը սֆիրան յայտնաբերեց միայն 1969-ին, երբ Անթիայի ետեւը գտնուող լեռներուն մէջ օդանաւ մը ինկաւ:
Երբ որոնող անձնակազմը դուրս եկաւ որոնելու անհետ կորսուած օդաչուն, անոնք լսեցին, թէ ինչպէ՛ս հովիւները ձորերուն մէջ իրարու կը սուլեն, եւ մարդիկ կը հմայուին անոնց թաքուն ազդանշաններով:
Ըստ Անթիա ուղեկցող յոյն լեզուաբան Տիմիթրա Հենկենի, սֆիրիան իրականութեան մէջ խօսակցական յունարէնի սուլալեզու տարբերակ է, որուն մէջ տառերն ու վանկերը կը համապատասխանեն յստակ երանգներու եւ յաճախականութիւններու (frequencies):
Քանի որ սուլուող ձայնային ալիքները կը տարբերին խօսքէն, սֆիրիայի մէջ հաղորդագրութիւնները կրնան բաց հովիտներով անցնիլ մինչեւ 4 քմ. հեռաւորութեան վրայ, կամ՝ պոռալէ շուրջ 10 անգամ աւելի հեռու:
«Որպէս աղջիկ՝ ես շատ փորձ կ՚ընէի՝ գիշերը ուշ ատեն գլուխս բարձին եւ ծածկոցներուն տակ թաղելով», յիշեց սպիտակահեր 70-ամեայ գիւղացի Զոքրաֆիօ Քալոկիրուն:
«Ես լեռներու ուղղութեամբ կը սուլէի, երբ ակռաներ ունէի: Ես շատ հպարտ էի: Հիմա ես այնքան կ՚ամչնամ: Ինծի կը մնայ միայն ուտել»:
Ուժեղ ակռաներ կամ արհեստական, տեղադրուած ակռաներ ունեցողներուն համար հաղորդակցութեան այս հնագոյն ձեւը յատկապէս օգտակար մնացած է տարիներու ընթացքին, Անթիայի նման հեռաւոր վայրի մէջ:
«Ճամբաներ, ելեկտրականութիւն եւ ջուր այս գիւղը եկան միայն երեսուն տարի առաջ, եւ դեռ բջիջային հեռաձայնի ծառայութիւն չկայ», ըսաւ Եանիս Ցիփասը՝ 50-ամեայ այծ պահող եւ Ափոսթոլուէն ետք գիւղի ամենէն երիտասարդ սուլողը:
«Մինչեւ 1997 թուականը Քուլան միակ հեռաձայնը ունէր Անթիայի մէջ, այնպէս որ, երբ ոեւէ մէկը Աթէնք կ՚երթար, անոնք կը հեռաձայնէին անոր եւ կ՚ըսէին, որ իրենք ապահով հասած են, եւ ան լուրը կը սուլէր ընտանիքին»:
Մինչ ես կը խմէի իմ վիսինատաս, Քեֆալասի դէմքը լուսաւորուեցաւ, երբ ան սկսաւ պատմել, թէ ինչպէս կարելի է սֆիրիան գործածել նաեւ այլ գիւղացիներ դարպասելու, սիրոյ խօսքեր ըսելու համար:
«Գիշեր մը մարդ մը իր ոչխարներուն հետ լեռներուն վրայ էր, երբ սկսաւ ձիւնել: Ան գիտէր, որ լեռներու խորքին մէջ տեղ մը Անթիայէն գեղեցիկ աղջիկ մը կար՝ իր այծերով: Ուրեմն ան գտաւ քարայր մը, կրակ վառեց եւ սուլեց անոր, որ գայ ու տաքնայ: Աղջիկը եկաւ, եւ այդպէս ծնողներս սիրահարեցան»:
Այսօր աշխարհի մէջ 70 սուլալեզու եւս կայ: Անոնք բոլորը գոյութիւն ունին Անթիայի պէս հեռաւոր լեռնային գիւղերու մէջ:
Ի վերջոյ, աւելի դիւրին է շրթունքդ կծկելը, քան՝ լեռներու լանջերով վեր ու վար մաքառիլը, երբ կ՚ուզես դրացիներդ գաւաթ մը ուզոյի հրաւիրել:
Այդուհանդերձ, կ՚ենթադրուի, որ սֆիրիան ոչ միայն աւելի հին եւ ամուր կառոյցով է, քան՝ բազմաթիւ այլ սուլալեզուներ, այն նոյնպէս ամենէն շատ վտանգուածն է:
Արդարեւ, ըստ Վտանգուած համաշխարհային լեզուներու «ԻՒՆԷՍՔՕ ատլաս»ի, Եւրոպայի մէջ ոչ մէկ այլ լեզու՝ սուլալեզու թէ ոչ, աւելի քիչ կենդանի խօսողներ ունի, քան՝ սֆիրիան:
«Սուլալեզուն բնոյթով արդէն շատ աւելի վտանգուած է, քան՝ խօսակցական լեզուն, որովհետեւ շատ աւելի դժուար է վերարտադրել», ըսաւ Հենկեն:
Ան աւելցուց, որ քանի տակաւին այստեղ կտրուկ բան մը չէ փոխուած, կը նախատեսէ, որ սֆիրիան անհետանայ շատ մօտիկ ապագային:
«Եւ ասիկա ողբերգութիւն է», շեշտեց ան:
Մինչ այստեղ տարեց սուլողներէն շատերը մահացած են կամ կորսնցուցած են իրենց ակռաները, աւելի երիտասարդները Աթէնք տեղափոխուած են:
Եւ այսօր Անթիայի վերջին սուլողներէն քանի մը հոգի, ինչպէս՝ Ափոսթոլուն, այլեւս գիւղին մէջ չեն ապրիր:
Սուլալեզուն արդէն շատ աւելի վտանգուած է, քան՝ խօսակցական լեզուն, որովհետեւ վերարտադրելը շատ աւելի դժուար է:
«Ես փորձեցի մնալ մինչեւ անցեալ տարի, բայց այստեղ դրամ շահելու եւ ընտանիք պահելու միջոց չկայ», ըսաւ ան՝ նայելով լքուած տուներու խումբի մը վրայ, ուր աքլորներ բարձրաձայն կը ծղրտային տանիքներու վրայ:
«Այսօր այստեղ միայն մէկ երեխայ մնացած է», հառաչեց ան:
Տասնեակ սերունդներու խստաշունչ բնավայրով շրջագայելէ ետք, սֆիրիան կրնայ երկու Եանիսներու հետ մարիլ Օչի լերան տակ գտնուող մառախլապատ խորքերուն մէջ:
Ափոսթոլուն երեխաներ չունի:
Եւ մինչ Ցիփաս յոյս ունի օր մը իր տղուն սորվեցնել Անթիայի եզակի լեզուն, ան կը բնակի մօտակայ դպրոցէն շուրջ ժամ մը հեռաւորութեան վրայ:
«Երբ ես երեխայ էի, մենք ստիպուած էինք յունարէնին հետ սֆիրիա սորվիլ գոյատեւելու համար», ըսաւ մեղմ խօսող 69-ամեայ Փանակիոտիս Ցանաւարիսը, որ Անթիայի լաւագոյն սուլողն է:
«Այն մեր կեանքի ուղին է, եւ եթէ անհետանայ, այս գիւղի մշակութային ինքնութիւնը նոյնպէս կը վերանայ»:
Այսպիսով, 2010 թուականին Ցանաւարիս ձեռնարկեց մահացող լեզուն վերակենդանացնելու որոնման՝ գիւղի փակուած, մէկ սենեակնոց դպրոցին մէջ հիմնելով Անթիայի մշակութային կազմակերպութիւնը:
Երեք տարի առաջ ան ողջունեց Հարվըրտի եւ Եէյլի համալսարաններու լեզուաբաններու խումբը՝ գալիք սերունդներու համար ձայնագրելու սուլալեզուի նոթերը:
Վերջերս ան եւ Ափոսթոլուն նկարահանուեցան վաւերագրական շարժապատկերի մը մէջ, որ ցուցադրուեցաւ Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» արուեստի թանգարանին մէջ:
Իսկ ան զիս սիրով հրաւիրեց Անթիա:
Ցանաւարիս նոյնպէս կ՚ընէր բան մը, որ նախապէս չէր լսած իր գիւղի ամուր պահպանուող աւանդութեան հետ. այլ քաղաքէ անձի մը սորվեցնել՝ ինչպէս սուլել սֆիրիան:
Եօթը տարուան դասերէ ետք Անթիայի հնագոյն լեզուի ամէենէն երիտասարդ խօսողը այժմ 31-ամեայ սուրհանդակ է, որ կը բնակի 40 քմ. հեռաւորութեան վրայ, Քարիսթոսի մէջ:
«Տարիներ շարունակ մարդիկ Անթիայի մէջ կը խօսին անհետացող լեզուի մասին,- ըսաւ Ցանաւարիս,- բայց ձեր օգնութեամբ թերեւս մենք կը կարողանանք խօսիլ գոյատեւող լեզուի մասին»:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան