ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ ԺԲ.
ԵՐԵՔՍՐԲԵՆԻԻՆ ՄԱՍԻՆ
Հիմա կը ցուցնէ հաւատքին պտուղը՝ ըսելով.
Խօսք. «Ես որպէս լոյս եկայ աշխարհ» (Յհ 12.46):
Մեկնութիւն. Մեկնիչդ չորս միտքով կ՚ըսէ, եւ խաւարն ալ քառապատիկ է կ՚ըսուի, այսինքն՝ անգիտութեան եւ անհաւատութեան, մեղքերու եւ դժոխքի: Եւ այս լոյսը ընդունողէն Քրիստոսի լուսաւորութիւնը այսպիսի քառապատիկ խաւարը կը վերացնէ: Եւ որպէսզի աւելիով հաւատքի բերէ, կը ցուցնէ անհաւատներուն պատիժը:
Խօսք. «Եւ եթէ մէկը լսէ խօսքերս սակայն չպահէ զանոնք» (հմմտ. Յհ 12.47):
Մեկնութիւն. լսել այստեղ մարմնական ականջով լսելը կ՚ըսուի եւ ո՛չ թէ սիրտով, եւ այդպիսի լսողը չի՛ պահեր Քրիստոսի խօսքը՝ հաւատքով, սիրով եւ գործով, ու այդպիսին Քրիստոս չի՛ դատեր, այսինքն՝ չի՛ դատապարտեր առաջին գալուստին, ինչպէս կ՚ըսէ.
Խօսք. «Որովհետեւ չեմ եկած աշխարհը դատապարտելու, այլ՝ աշխարհը փրկելու» (Յհ 12.47):
Մեկնութիւն. առաջին գալուստը կ՚ըսէ, որ մարմինին եկաւ եւ այն ատեն դատելու կամ դատապարտելու չեկաւ, այլ՝ դատուելու եւ մեռնելու: Դարձեալ՝ Ես չեմ դատեր զայն, Ոսկեբերանն ալ այնպէս կը մեկնէ, թէ՝ «Ես անոր կորուստին պատճառը չեմ, այլ՝ ինք, որ Իմ խօսքերս կ՚արհամարհէ, այդ է իր կորուստին պատճառը»:
Ապա աւելիով կը ցուցնէ այդպիսիին վնասն ու պակասութիւնը, ըսելով.
Խօսք. «Ով որ կ՚անարգէ զիս ու չ՚ընդունիր խօսքերս, կայ մէկը, որ պիտի դատէ զինք» (Յհ 12.48):
Մեկնութիւն. չհաւատալը անարգութիւն կը կոչէ, որովհետեւ Քրիստոսի չհաւատալը զԻնք իբրեւ սուտ կը ցուցնէ, որ շատ անարգութիւն է, եւ այդպիսի անարգողները ունին այն, որ պիտի դատապարտէ զիրենք, ըստ Ոսկեբերանին. «Այդպիսին ինքն իր մէջ ունի իր դատապարտութեան պատճառը, քանի որ Քրիստոսի քարոզութիւնը ըստ պատահման պատճառ է անոր դատաստանին ու դատապարտութեան, իսկ անոր մեղքը ըստ ինքեան պատճառ է անոր դատապարտութեան, իսկ Քրիստոսի քարոզութիւնը ըստ ինքեան պատճառ է եւ յայտնապէս ցուցիչ այդպիսիներուն՝ փրկութեան պատճառ չունենալնուն», այդ պատճառով կ՚ըսէ.
Խօսք. «Խօսքը, որ Ես ձեզի խօսեցայ, անիկա՛ զայն պիտի դատապարտէ վերջին օրը» (Յհ 12.48):
Մեկնութիւն. նախ՝ ինչպէս Մեկնիչդ կ՚ըսէ, թէ Հօր հետ համակամութեան խօսքը, Ան պիտի դատէ զանոնք, որոնք կ՚ըսէին, թէ Հօր հակառակ է: Դարձեալ՝ Ինքզինք կը ցուցնէ դատաւոր եւ դատապարտող, եւ ժամանակն ալ կը ցուցնէ, իսկ ուրիշներ կ՚ըսեն, թէ ինչպէս քաղաքական օրէնքին մէջ կ՚ըսուի դատապարտել գողերն ու մարդասպանները, ցուցնելով անոր արժանի ըլլալը դատաստանի ու դատապարտութեան, նոյնպէս ալ Քրիստոսի գործերն ու վարդապետութիւնը կը դատեն ու կը դատապարտեն անհաւատները, որովհետեւ զանոնք արժանի ըլլալը կը ցուցնէ դատապարտութեան:
Ետքէն պատճառը կը դնէ.
Խօսք. «Որովհետեւ Ես Ինձմէ չխօսեցայ» (Յհ 12.49):
Մեկնութիւն. Քրիստոսի այդ խօսքին համար անհաւատներուն արժանի ըլլալը կը ցուցնէ դատապարտութեան, քանի որ անխաբելի ճշմարտութենէն կ՚ելլէ, այսինքն՝ Հօր Աստուծմէ, ինչպէս որ կ՚ըսէ.
Խօսք. «Այլ զիս ղրկող Հայրը Ինծի պատուիրեց ինչ որ պիտի ըսեմ եւ խօսիմ» (Յհ 12.49):
Մեկնութիւն. պատուիրեց մարդեղութեան համար կ՚ըսէ, եւ Քրիստոս պատուիրանին կատարումով չէր կրնար խոտորիլ աստուածային ճշմարտութենէն, քանի որ Քրիստոսի մարդկութիւնը միաւորուած էր Բանն Աստուծոյ, ի միութիւն բնութեան եւ ի միութիւն կամաց: Եւ Մեկնիչդ կ՚ըսէ, թէ Հօրմէն կը քաշէ վարդապետութիւնն ու բոլոր գործերը, քանի որ ինչպէս Իր էութիւնը Հօրմէն ունի, նոյնպէս ալ գիտութիւնն ու սքանչելիքները: Ասիկա կ՚ըսէ, որպէսզի Հօր հակառակ չկարծեն:
Իսկ ըսելը՝ ինչ որ պիտի ըսեմ կամ խօսիմ, չորս միտքով կը հասկցուի. նախ՝ սիրտով պիտի ըսեմ եւ լեզուով պիտի խօսիմ: Երկրորդ՝ խօսքով պիտի ըսեմ եւ գործով պիտի խօսիմ: Երրորդ՝ մեծամեծները պիտի ըսեմ եւ նուաստականները պիտի խօսիմ: Չորրորդ՝ ստորասականները պիտի ըսեմ, որ է յանձնառականը, եւ բացասականները պիտի խօսիմ, որ է հրաժարականը:
Եւ որպէսզի ոեւէ մէկը փոքր չհամարէ այս պատուէրը, այդ պատճառով կ՚ըսէ.
Խօսք. «Եւ գիտեմ որ այդ պատուէրը յաւիտենական կեանք կու տայ» (Յհ 12.50):
Մեկնութիւն. Մեկնիչիդ [Նանա] քարոզութիւնը կ՚ըսէ, որ Քրիստոսի հաւատացողներուն յաւիտենական կեանք կը պարգեւէ, իսկ ուրիշ վարդապետներ չորս կերպով կը մեկնեն. նախ՝ պատուէր կ՚ըսեն Աստուծոյ կամքը, իսկ Աստուծոյ կամքը յաւիտենական կեանք է, քանի որ նոյն է Աստուածութեան հետ, եւ Աստուծոյ էութիւնն ալ յաւիտենական կեանք է, ապա ուրեմն այդ պատուէրը յաւիտենական կեանք է ըստ յառաջիկայ ըլլալով երանելիներուն, որովհետեւ աստուածային բնութիւնը եւ կամքը, որոնք նոյնն են յառաջիկայէն երանելիներու տեսութեան, որովհետեւ Աստուածութիւնը տեսնելով երանելիներ կ՚ըլլան: Երկրորդ՝ անունով կը պատուիրէ կ՚ըսեն Որդիին անձը, որ յատկապէս Բան կ՚ըսուի, եւ Ա՛ն է յաւիտենական կեանքը ըստ էութեան եւ ըստ յառաջիկային ըլլալիք երանելիներու տեսութեան: Երրորդ կերպով կ՚ըսեն, թէ այս պատուէրը արտաքին խօսքին կամ գիրին համար է, որ Աստուծոյ կամքը կը յայտնէ, ու այս կերպով այս պատուիրանը էութեամբ յաւիտենական կեանք չէ, այլ՝ պատճառ է յաւիտենական կեանք հասցնելու, որովհետեւ փրկութեան ճանապարհը կ՚ուղղէ: Չորրորդ կերպով այստեղ պատուէրը կրնայ նշանակել պատուիրանները, իսկ այս պատուէրը, երբ գործով կը կատարուի, պատճառ է յաւիտենական կեանքի, այդ պատճառով յաւիտենական կեանք կ՚ըսուի:
Խօսք. «Ինչ որ Ես կը խօսիմ՝ Հօրս Ինծի ըսածն է, որ կը խօսիմ» (Յհ 12.50):
Մեկնութիւն. նախ՝ կը ցուցնէ, թէ այս պատուէրը ուղիղ եւ ճշմարիտ է: Երկրորդ՝ կը ցուցնէ, թէ Հօր եւ Իմ խօսքս նոյնն է: Երրորդ՝ թէ կամքս մէ՛կ է Հօր կամքին հետ՝ մարդոց փրկութեան համար: Սակայն ըստ ուրիշ վարդապետներու այստեղ կը հարցուի, ինչպէս այս գլուխին մէջ ըսուեցաւ, թէ իշխաններէն ոմանք՝ Քրիստոսի հաւատացած, զՔրիստոս յայտնապէս չեն խոստովանիր՝ փարիսեցիներէն վախնալուն պատճառով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 127
Վաղարշապատ