ՅԻՇԵԼՈՎ՝ ԱՆԻԾԵԱԼ 9-Ը ՆՈՅԵՄԲԵՐԸ

Տեսանելի է: Ուրախ չենք, որովհետեւ... անէ՛ծք չար սատանային... ազգովին տխուր ենք:

Նախապէս ամէն առիթներով այս մասին խօսած եւ արտայայտած եմ: Բացառութիւններու մասին չէ խօսքս: Թերեւս, շատերու նման դուք ալ նկատած էք, թէ երկար ամիսներէ ի վեր բոլորիս դէմքերուն վրայ չորցած է ժպիտ ըսուածը: Չկայ: Բոլորս ալ տխուր ենք: Որո՞ւ որ հանդիպիս, նոյն պատասխանը կը ստանաս:

-Ինչպէ՞ս խնդամ: Ի՞նչ բանի համար ուրախանամ: Չե՞ս տեսներ...:

Ու ամէն բան բացայայտ է: Ազգային իրավիճակ, Արցախի վերջին պատերազմ, պարտութիւն, հազարաւոր զոհեր եւ կորուստներ, գերիներ, հայրենի ներքին եւ արտաքին հարցեր, հայրենիքի հողերու վրայ օտար զինուորներու ներկայութիւն, սփիւռքեան հին ու նոր ճգնաժամեր, հայու նախանձ եւ անիմաստ վէճեր, ընտանեկան մթնոլորտ, ամուսնալուծում, օտար ամուսնութիւն... մնացեալը, դուք շարունակեցէ՛ք:

Այս բոլոր հարցերը «մաշեցուցած» են հայու մեր ներաշխարհը:

Ըսէ՛ք, ինչպէ՞ս ուրախանալ:

Եթէ հետեւիք աշխարհի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային դէպքերուն, արդէն պիտի համոզուիք այս տողերուն: Նաեւ ըսեմ, որ համայն աշխարհն ալ տխուր է:

Ուրեմն, ինչո՞ւ զարմանալ, երբ մեզմէ որեւէ մէկուն դէմքին վրայ ժպիտ չենք նկատեր: Արդէն ժպիտ ըսուածը անցեալ տարուան նոյեմբեր 9-էն ի վեր չորցած կամ սրբուած է մեր բառարաններէն, ըլլանք՝ ծնողք, զաւակ, ուսուցիչ, տնօրէն, ընթերցող, խմբագիր, առաջնորդ, ղեկավար, զօրավար, բանակ, զինուոր, գնդապետ, կուսակցական, կամ միութենական գործիչ:

Ու որքան ալ փորձեմ արդարանալ եւ պատասխանով մը համոզուիլ՝ նոյն եզրակացութեան կը յանգիմ: Որովհետեւ..., մեր մօտ կայ լուռ տառապանք մը, որ չի խաղաղիր: Ցաւի գրուած եւ անգիր երգ մը: Եթէ փորձենք քիչ մը աւելի խորանալ կը տեսնենք, որ այս ժպիտ ըսուածին չքացման եւ տխուր իրավիճակի գլխաւոր պատճառը մեր անմխիթար կացութիւնն է: Պարտուած ազգ ենք: Գիտենք: Ահա մեր կեանքի ներկայ երեսը: Յուսահատութիւնն ու յուսախաբութիւնը գողցած եւ մեզմէ հեռացուցած են մեր ուրախութիւնները: Ներքին ու արտաքին զանազան պատճառներով բաժնուած ենք կեանքի մեր հաճելի ընկերակիցէն՝ ժպիտէն։ Նորութիւն չէ: Նայեցէ՛ք ձեր չորս կողմը: Տխուր է սփիւռքահայը: Տխուր է հայրենիքի ու Արցախի մեր ժողովուրդը: Տխուր է մեր բանակն ու հայրենի հողը: Մէկ խօսքով, տխուր է աշխարհի հայը:

Մեր ուղեղները, ի տես ներկայ ներքին եւ արտաքին «իրարանցումներուն», կարծես միայն տխրութիւն կ՚արտադրեն ու մեզ դէպի յուսալքութիւն կ՚առաջնորդեն: Ճգնաժամ մըն է, որ կ՚ապրինք: Ճիշդ է: Ուրախութիւնը, երազի մը մէջ կորսուած երանելի փափաք մը դարձած է: Ամէն վայրկեան եւ ամէն տեղ, կաթիլ մը տրտմութիւն, պատառ մը ճիչ: Գոյժ: Մահ: Կորուստ: Մտահոգութիւն եւ հառաչանք:

Այսպէս, քորոնաժահր, առաւել՝ հայրենիքի եւ սփիւռքի ներկայ իրավիճակ..., հայու անհանդորժողութիւն..., հայու անվստահութիւն..., հայու փառամոլութիւն..., հայու կորուստ..., աթոռապայքար... եւ մասամբ նորին:

Հոգեկան անկում է այս մէկը: Չենք անդրադառնար: Դժբախտաբար:

Անոր համար, երբ մարդոց հետ կը խօսիս, կը գտնես թաքնուած խորութիւնը կեանքին ու անոր ընկերացող վիշտերուն: Կը զգաս, որ մարդիկ հետդ կը խօսին, բայց անոնց ձայնը ուրիշ բան կ՚ըսէ:

Տարիէ մը ի վեր, տխրութեան ծանր եւ թանձր ամպերը նստած են մեր բոլորի հոգիներուն, սրտերուն եւ ուղեղներուն վրայ: Ու այս տխրութիւն ըսուածը բազմաշեշտ ալ է: Այսպէս, առողջութիւն..., ֆիզիքական եւ նիւթական կորուստ..., մահ եւ աւեր..., խաղաղութիւն..., հայրենի հողի եւ կալուածի կորուստ..., գործի ձախողութիւն...: Եւ տակաւին շատ մը «տեսակաւոր» այլ պատճառներ:

Ահա թէ ինչո՞ւ համայն հայութիւնը ուրախ չէ:

Կը կրկնեմ.- բոլորով տխուր ենք: Չենք կրնար այս մէկը ուրանալ: Չենք կրնար մեր տխրութիւնը թաքցնել: Բայց, ըսէ՛ք խնդրեմ, ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պէտք է ուրախ ըլլայ կամ ժպտի: Բժի՞շկը հիւանդին, թէ՞, հիւանդը բժիշկին: Զաւակ կորսնցուցած ծնողքը, երկրի ղեկավարին, թէ՛, հակառակը: Զինուորը, իր հրամանատարի՞ն: Պարզ քաղաքացին, երկրի կառավարութեա՞ն... իր պատգամաւորի՞ն..., իր նախարարի՞ն...: Եւ տակաւին...:

Ինչպէ՞ս կարելի է տխրութեան այս մշուշը հայ մարդոց հոգիներէն դուրս բերել: Ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ նման «ծանր» ու անտանելի ներկայ այս անօրինակ մթնոլորտը «շոգիացնել» մանաւանդ հայրենի եւ սփիւռքեան երկինքներէն: Ո՞վ կը մտածէ այս մասին:

Ամէն անգամ եւ առիթով կը կրկնենք, որ մեր ապրած դարը արագավազ է ու ամէն տեղ այս է իրականութիւնը: Այս է նաեւ մեր ապրած դարու չգրուած օրէնքն ու կարգը:

Ու կը հաւատանք, որ ձերբազատուելու համար այս անօրինակ կացութենէն, անմիջական կարիքը ունինք արժէքներու, որոնք մեզ պիտի առաջնորդեն դէպի հայ կեանքի դրական կողմերը եւ նոր դիմագիծ պիտի տան մեր բոլոր օրերուն: Այլ խօսքով՝ նոր հաւատք եւ նոր երազ: Այս մէկուն համար, նախապայման է մենք զմեզ աւելի մօտիկէն ճանչնանք: Հեռու մնանք օտարամուտ սնապարծութենէն ու հին ու նոր անձնական «հաշիւներէն»: Վերջապէս՝ ազգովին «խելքի» գանք: Անիմաստ է դէպքեր թուարկել:

Ա՜լ այս բոլորը, իրապէս որ կրկնելէն յոգնեցանք: Բոլորս, քաջածանօթ ենք: Գոց գիտենք: Գոց սորվեցանք:

Դարերու մեր երազանքն էր, լուսաւոր Հայաստան մը կառուցելը: Ա՛յս էր, որ մեզ միշտ ուրախ պիտի պահէր: Իսկ եթէ անպայման կ՚ուզենք ուրախ ապրիլ, կարեւոր է, որ միասնաբար եւ համախմբուած, Հայաստանը «բերենք» մեր հայու հոգիներէն ներս: Կարեւորը հայ կեանքի մեր շրջագիծը գտնելն է:

Ու հաւատացէ՛ք, մեր ժողովուրդը ա՛յդ կը սպասէ:

Կարեւորը, մե՛ր ինքնութեան խարիսխը պահելն է, Եռաբլուրին հանգչող, հազարաւոր զոհուած տղոց հոգիներուն առջեւ: Մէկ խօսքով, ըլլանք ամբողջովին ա՛յն, ինչ որ իսկապէս պէտք է, որ ըլլայինք:

Ի՞նչն է մեր ամենամեծ թշնամին: Պարզեմ: Ամենամեծ թշնամին ո՛չ թէ մեր անմխիթար կացութիւնն է, այլ յուսահատութիւնը եւ մեր կորսնցուցած վստահութիւնը:

Ահա, ինչո՞ւ ուրախ չենք: Ահա, ինչո՞ւ տխուր ենք:

Մնացեալը դուք գիտէ՛ք... մեղքը ձեր վիզը:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2021