ԹԱՏՐՈՆԸ

-Ի՞նչ կ՚ուզէք ներկայացնել Նոր տարուան առթիւ:

Հարցումը կ՚ուղղուի շաբաթօրեակի ուղեկիցներէն՝ մասնակիցներուն, մօտ քսան մանուկ եւ պատանի.

-Թատրո՛ն...

Կը պատասխանեն գրեթէ միասնաբար:

-Լաւ, կարծես բոլորդ համաձայն էք թատրոնին: Եկէ՛ք նիւթը որոշենք:

... Եւ իւրաքանչիւրէն բառ մը, նախադասութիւն մը, դերակատարի մը մասին միտք մը կը գրուին էջին վրայ, ապա հինգական անդամներով խումբերու կը վերածուին եւ կը սկսի մշակման աշխատանքը: Իւրաքանչիւր խումբին մաս մը կը տրուի՝ սկիզբը, աւարտը, ընթացքը, խօսքերը, եւ խանդավառութիւնն ու հաճոյքը կը պտտին խումբերուն մէջ ստեղծելով աշխատանքային ճոխ պահեր, մղելով խումբերը ստեղծագործութեան եւ շուտով թատրոնին սեւագիրը պատրաստ կ՚ըլլայ:

Իւրաքանչիւրը իր առօրեայով, սիրած երեւոյթներով կը հիւսէ կերպար մը կամ միտք մը: Միտքերը կը միախառնուին, հակառակները վէճով մը կը միանան, կ՚ընդվզին ալ երբեմն յանգելու համար խումբին կողմէ ընդունուածով:

Նոր տարուան նիւթը մանուկներուն համար ընդհանրապէս կ՚առընչուի հրաշքի, ներողամտութեան, բարիքի, նուէրներու, պարիկներու հետ: Հեքիաթային կապ մըն է, որ աւանդաբար կը շարունակուի սերունդէ սերունդ բոլոր ազգերուն մէջ: Հինին աւարտը եւ նորին սկիզբը, մաքուր սկիզբ մը, ուր քէնն ու ատելութիւնը, ոխն ու զայրոյթը տեղ չունին, որոնց բացակայութեամբ է որ հրաշքը պիտի կատարուի:

Թատրոնը պատրաստ է արդէն, իսկ դերերը.

-Ես կ՚ուզեմ մայրը ըլլալ,- կ՚ըսէ աղջնակ մը:

-Ես կ՚ուզեմ գիտունիկ զաւակը ըլլալ, որ գիտնականներու մասին գիտելիքներ կու տայ,- կ՚ըսէ ապագայ գիտնականը:

-Ես կ՚ուզեմ հաշմանդամ հայրը ըլլալ, որ շատ խօսք չունի, բայց աղուոր դեր է, 2020-ի պատերազմին մասնակցած եւ հաշմանդամ եղած է,- կ՚ըսէ հայրենասէրը:

-Ես կ՚ուզեմ հրաշքներուն հաւատացող մեծ մայրիկը ըլլալ,- կ՚ըսէ հեքիաթասէրը:

-Ես ամենափոքր զաւակը ըլլա՞մ,- կ՚ըսէ ամենէն մննիկը:

-Ես կարդալ չեմ գիտեր, բայց կրնամ մի քանի բառ գոց սորվիլ,- կ՚ըսէ փոքրիկը:

-Իսկ ես՝ բարի պարիկը,- կ՚ըսէ հրաշասէրը:

-Հապա ո՞վ կ՚ուզէ գործատէրը ըլլալ:

Կը հարցնէ ուղեկից մը: Ձայն-ձուն չ՚ելլեր: Քիչ ետք, հոնկէ մասնակից մը, ցած ձայնով կը համաձայնի գործատիրոջ դերը ստանձնել:

Մերժուած է չարը բոլորէն, նոյնիսկ եթէ ժամանակաւոր դեր մըն է, անցողիկ պահ մը, բայց դրոշմ մը կը թողու ի վերջոյ կամ չար պահեր ապրելու ստիպողականութիւն մը կ՚ընդգրկէ, ապրելու նոյնիսկ դերը կարդալով միայն, որ բաւարար է զգալու չարին ազդեցութիւնը շրջանակին մէջ:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2022