ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆԸ

Կարգ մը խոր­հուրդ­ներ օ­րի­նակ առ­նուած են կեան­քի զա­նա­զան պա­րա­գա­նե­րէն, ո­րոնց մարդ շատ ան­գամ չ՚անդ­րադառ­նար, սո­վո­րա­կան ըն­թաց­քի մէջ կ՚ան­տե­սէ եւ էա­կա­նը միշտ կը մնայ խոր­հուրդ կամ «գաղտ­նի՛ք»։

­Մար­դիկ երբ ան­բողջ մար­մի­նով լուա­ցուին, ա­նե­նէն վերջ կը լուան նաեւ ի­րենց ոտ­քե­րը։ Ա­ռանց այդ վեր­ջին գոր­ծո­ղու­թեան լուա­ցու­մը չի կա­տա­րե­լա­գոր­ծուիր եւ ե­թէ կա­րե­լի է ը­սել՝ ամ­բողջ մարմ­նին լուա­ցու­մը նշա­նա­կու­թիւն մը չ՚ու­նե­նար։ Լո­գան­քը այս վեր­ջին գոր­ծո­ղու­թեամբ կա­տա­րուած եւ վեր­ջա­ցած կ՚ըլ­լայ։ Եւ այս պարզ, գիտ­ցուած գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ա­մէն մարդ, գրե­թէ ան­գի­տակ­ցա­բար կը կա­տա­րէ։

Ա­հա­ւա­սիկ Յի­սու­սի կա­տա­րած «ոտ­նա­լուայ»ի գոր­ծո­ղու­թեան պատ­կե­րին ի­մաս­տը այս բնա­կան, ա­մէ­նօ­րեայ եւ պարզ ա­րարքն է։ (Ոտն­լուայ կամ ոտ­նա­լուայ)։­

Ուս­տի բա­ւա­կան չէ՛ մարմ­նով ամ­բողջ մաք­րուած ըլ­լալ՝ մար­դուս ո՛տքն ալ պէտք է մա­քուր ըլ­լայ…։

Ինչ­պէս մարմ­նա­կան մաք­րու­թիւ­նը կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծուի ոտ­քի՛ն ալ մաք­րու­թեամբ, նո՛յնն է պա­րա­գան՝ հո­գե­կան ու բա­րո­յա­կան կա­տա­րե­լու­թիւն­նե­րուն հա­մար ալ։

Ընդ­հա­նուր տե­սա­րա­նը բո­լո­րո­վին կը հա­մա­կեր­պի այս ի­րո­ղու­թեան՝ թէ ա­նոր ի­մաս­տը սա է. բա­ւա­կան չէ՛ օժ­տուած ըլ­լալ զա­նա­զան հո­գե­կան ու բա­րո­յա­կան շնորհ­նե­րով, բա­ւա­կան չէ նաեւ ու­նե­նալ բազ­մա­դի­մի ա­ռա­ւե­լու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ մտա­յին պա­շար։ Ե­թէ մար­դուս ձիր­քե­րէն, ու­նե­ցած­նե­րէն կը պակ­սի «ու­րիշ­նե­րու բա­ժին հա­նել»ու յօ­ժա­րու­թիւ­նը, ե­թէ մար­դուս մէջ տկա՛ր է ու­րիշ­նե­րուն օգ­նե­լու՝ օգ­տա­կար ըլ­լա­լու, ծա­ռա­յե­լու փա­փա­քը, օ­գուտ չու­նին ո՛չ ա­ռա­ւե­լու­թիւն­ներ, ո՛չ մտա­յին պա­շար, ո՛չ շնորհ, ո՛չ տա­ղանդ, ո՛չ հա­ւատք եւ ոչ իսկ սէր։ Ուս­տի «կա­տա­րեալ» ըլ­լալ կը նշա­նա­կէ՝ գլու­խէն մին­չեւ ո՛տք նուի­րուիլ, ան­կեղծ կեր­պով ծա­ռա­յե­լու պատ­րաստ ըլ­լալ ամ­բող­ջու­թեա՛մբ։

Ե­թէ մար­դուս գլու­խը՝ միտ­քը եւ ոտ­քը՝ գոր­ծը հա­մըն­թաց չեն, այդ մէ­կուն հա­մար կա­րե­լի չէ՛ ը­սել, կա­տա­րեալ կամ ան­թե­րի եւ զօ­րա­ւոր…։

Ար­դա­րեւ կա­տա­րեալ է այն՝ որ ան­թե­րի է եւ զօ­րա­ւո՛ր։ Զօ­րա­ւոր է այն՝ ո­րուն խոր­հուր­դը, խօս­քը եւ գոր­ծը մէ՛կ է եւ հա­մա­պա­տաս­խան։ Եւ դար­ձեալ զօ­րա­ւոր է այն մար­դը՝ ո­րուն գլու­խը եւ ոտ­քը նոյն ուղ­ղու­թեամբ կը յա­ռա­ջա­նան, գլու­խը տար­բեր, ոտ­քը տար­բեր չ՚ըն­թա­նար։ Զօ­րա­ւոր է այն մար­դը՝ ո­րուն գլու­խը կը մտադ­րէ եւ ոտքն ալ այդ մտադ­րու­թեան հա­մա­ձայն՝ դէ­պի նոյն նպա­տա­կին ծա­ռա­յե­լու պատ­րա՛ստ է…։

Ար­դա­րեւ, ծա­ռա­յել կը նշա­նա­կէ ամ­բող­ջու­թեամբ նուի­րուիլ, նոյն իսկ զո­հել ա­մէն ինչ, զո­հուիլ ա­ռանց վե­րա­պա­հու­թեան։ Ու­րեմն կը տես­նուի, որ կա­րե­ւո­րը «ամ­բող­ջու­թի՛ւն»ն է, ինչ­պէս սո­վո­րա­բար կ՚ը­սուի՝ գլու­խէն մին­չեւ ոտք նուի­րուած է, մէ­կու մը հա­մար, որ ան­կեղ­ծու­թեամբ կը կա­տա­րէ իր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը։

Հոս, պահ մը կեդ­րո­նա­նանք «մաք­րու­թեան» վրայ, քա­նի որ խնդրոյ ա­ռար­կայ է լուա­ցու­մը։

Մկրտու­թիւ­նը բո­լոր մեղ­քե­րէ մաք­րու­թիւն է, եւ կը կա­տա­րուի ջու­րով։ Եւ մաք­րու­թիւ­նը, մա­նա­ւանդ ներ­քին, սրտի մաք­րու­թիւ­նը զԱս­տուած տես­նե­լու նա­խա­պայ­մա՛նն է։ Յի­սուս բա­ցա­յայ­տօ­րէն կ՚ար­տա­յայ­տէ, թէ. «Ե­րա­նի՜ ա­նոնց որ սուրբ են սրտով, քա­նի որ ա­նոնք զԱս­տուած պի­տի տես­նեն» (ՄԱՏԹ. Ե 8)։ Իսկ սրտով սուր­բե­րը, այ­սինքն մա­քուր­նե­րը ա­նոնք են՝ որ ի­րենց ի­մա­ցա­կա­նու­թիւ­նը եւ կամ­քը կրնան ներ­դաշ­նա­կել, կրնան հա­մա­գոր­ծակց­նել Աս­տու­ծոյ սրբու­թեան, այ­սինքն «մաք­րու­թեան» պա­հանջ­նե­րուն հետ, գլխա­ւո­րա­բար ե­րեք մար­զե­րու մէջ. եղ­բայ­րա­սի­րու­թեան, ող­ջա­խո­հու­թեան կամ ուղ­ղամ­տու­թեան, ճշմար­տու­թեան եւ ուղ­ղա­փառ հա­ւատ­քին։ Սա ակն­յայտ է, որ սրտին, մարմնին եւ հա­ւատ­քին մաք­րու­թեան մի­ջեւ կապ մը, զօդ մը գո­յու­թիւն ու­նի՝ ան­տե­սա­նե­լի բայց զգա­լի՛…։

Սուրբ Օ­գոս­տի­նոս, իր «Խոս­տո­վա­նու­թիւն­ներ»ուն մէջ կ՚ը­սէ, թէ՝ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ պէտք է հա­ւա­տան Հան­գա­նա­կին (Հա­ւա­տամ­քին) զատ-զատ, ա­մէն մէկ մա­սին՝ որ­պէս­զի հա­ւատ­ա­լով՝ հնա­զան­դին Աս­տու­ծոյ, հնա­զան­դե­լով՝ լա՛ւ ապ­րին, եւ լաւ ապ­րե­լով՝ մաք­րազ­տեն ի­րենց սիր­տը, եւ մաք­րազ­տե­լով ի­րենց սիր­տը՝ հասկ­նան ի­րենց հա­ւա­տա­ցա­ծը։ Ուս­տի, սրտով մա­քուր­նե­րուն խոս­տա­ցուած է տես­նել զԱս­տուած եւ դէմ առ դէմ գտնուիլ Ա­նոր հետ եւ ըլ­լալ նմա՛ն Ա­նոր։

Ու­րեմն, քա­նի որ մարմ­նի եւ հո­գիի մաք­րու­թիւ­նը ա­ռըն­չուած են ի­րա­րու, ոտք լուա­լու կա­րե­ւո­րու­թիւնն ալ կը յայտ­նուի այս ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, սիր­տը մա­քուր պա­հե­լու հա­մար մարդ մարմ­նին ամ­բող­ջու­թեամ­բը՝ գլու­խէն մին­չեւ ոտք, մա­քո՛ւր պէտք է ըլ­լայ…։

Ինչ­պէս ոտ­քե­րուն ու­ժե­ղու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ է մար­մի­նը եւ գլու­խը վե՛ր բռնե­լու հա­մար, նոյն­պէս ծա­ռա­յե­լու փա­փա­քը հար­կա­ւո՛ր է միւս բարձր յատ­կու­թիւն­նե­րը ար­ժեց­նե­լու հա­մար։

Այս հար­կա­ւո­րու­թիւ­նը, ար­դա­րեւ ծնունդ կու տայ կարգ մը ա­րարք­նե­րու՝ ո­րոնք էա­պէս փոք­րիկ զո­հո­ղու­թիւն­ներ կամ երկ­րոր­դա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ են թե­րեւս, եւ սա­կայն մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նին ա­նոնք բարձ­րա­գոյն ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը ի­րենց բո՛ւն նպա­տա­կին ծա­ռա­յեց­նե­լու հա­մար։ Զոր օ­րի­նակ, նկա­րագ­րի պար­զու­թիւ­ն, բա­րեկր­թու­թիւն, խո­հե­մու­թիւն, բա­րեա­ցա­կա­մու­թիւն, քաղց­րու­թիւն, լրջմտու­թիւն, լայ­նա­խո­հու­թիւն, ե­ւայլն։ Պահ մը խոր­հե­ցէք սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, գա­ւաթ մը ջու­րը թե­րեւս նիւ­թա­պէս շատ ար­ժէք չի ներ­կա­յաց­ներ, բայց ծա­րա­ւէ տա­ռա­պո­ղի մը հա­մար կեն­սա­կան ար­ժէք մը ու­նի։

Պզտիկ ժպիտ մը շատ կա­րե­ւոր կրնայ չնկա­տուիլ սա­կայն նե­ղու­թեան մէջ մէ­կու մը հա­մար կեա՛ն­քի ար­ժէք կրնայ ու­նե­նալ եւ փո­խել ամ­բողջ տրա­մադ­րու­թիւ­նը։ «Փոքր» կար­ծուած շա՜տ ա­րարք­ներ՝ ի­րա­կա­նին մեծ փո­փո­խու­թիւն­նե­րու ա­ռիթ կ՚ըն­ծա­յեն։

Ա­հա­ւա­սի՛կ, ոտ­քե­րու լուա­ցումն ալ թե­րեւս անն­շան, երկ­րոր­դա­կան, բայց կեն­սա­կան մեծ գո՛րծ մըն է, որ կ՚ո­րո­շէ մար­դուն ամ­բողջ ըն­թաց­քը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 24, 2015, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2015