ՈՍԿԵՊԱՐԸ
Հայ ժողովուրդի ներկայ վիճակը հասկնալու համար քաղաքական լրահոսին հետեւելու կարիքը չունինք. բաւ է բանալ հայոց պատմութեան հին էջ մը եւ կարդալ... որովհետեւ ամբողջութեամբ կ՚ապրինք այն՝ ինչ ապրած ենք անցեալին եւ հակառակ ազգովի այդ բոլորին մէջէն անցնելով չենք կրցած դասեր քաղել:
Այժմ ազգովի մտահոգուած ենք Ոսկեպարի համար... գիւղ՝ որով ամբողջ ազգ մը մինչեւ օրս հետաքրքրուած չէր եւ այժմ մէկէն ի մէկ կարեւորութիւն ստացաւ. մի՛շտ ալ նոյնը եղած է մեր հայկական կեանքէն ներս. մինչեւ այսօր ո՞վ խօսած էր Ոսկեպարի մասին եւ կամ անդրադարձած անոր ունեցած կարեւորութեան մասին. չափազանցած չե՛նք ըլլար, եթէ ըսենք, որ աւելի քան չորս տարի եւ աւելի մամուլի մէջ Ոսկեպարի մասին ոչինչ կարդացած ենք, սակայն հիմա յանկարծ անդրադարձանք, որ այդ գիւղը կարեւոր է (գուցէ էր) մեզի համար: Այսօր Ոսկեպարի նման ունինք բազմաթի՜ւ գիւղեր, որոնք լքուած ու անտէր վիճակի մէջ կը գտնուին սահմանի վրայ. ինչո՞ւ համար այսօր լուռ ենք. դարձեալ կը սպասենք որ զանոնք կորսնցնելու վտանգին դէմ յանդիման գտնուի՞նք՝ որպէսզի յիշենք, որ անոնք կարեւոր են մեզի համար:
Եթէ մինչեւ օրս Ոսկեպարը մեր ուշադրութեան կեդրոնը ըլլար եւ ամէն ջանք ի գործ դրուէր այդտեղի ժողովուրդը բարօրութեան մէջ պահել, մարդկային բոլոր պէտքերով ապահովել, վստահ եղէք որ մերօրեայ վիճակին մէջ պիտի չյայտնուէր:
Այժմ պիտի կորսնցնենք Ոսկեպարը. հետեւաբար պէտք է խօսիլ Ոսկեպարի մասին, մինչեւ հերթը մէկ առ մէկ հասնի միւս գիւղերուն: Պատմականօրէն Ոսկեպար անունի ծագումը յստակ չէ, սակայն «ոսկի» անունը կը յիշէ, որ եղած է արգասաբեր շրջան մը. մեր հայրենիքը նման գիւղեր ունի. ինչպէս օրինակ՝ Ոսկեհատ, Ոսկեբակ, Ոսկեվազ եւ այլն: Պատմական աղբիւրներ կը յիշեն, թէ գիւղի ծագումը կը հասնի մինչեւ 12-րդ դար:
Հակառակ փոքր գիւղ ըլլալուն, ունի պատմամշակութային մեծ արժէք մը. անոնցմէ առաջինը տեղի գերեզմանոցն է. ուսումնասիրութիւններէն կը հասկնանք, որ այդտեղ ի թաղ դրուած են հայեր. շատ մը գերեզմանաքարեր ունին 150 տարուան հնութիւն. անոնցմէ մէկուն վրայ կը կարդանք. «Այս է տապանն Եայգանի դոյստր Խանփերվանի 1868». յօդուածին կից կը տեղադրենք գերեզմանաքարերէն մէկուն պատկերը, որ հայկական մշակոյթի մէկ մասը կը կազմէ:
Ոսկեպարի մեծագոյն հարստութիւններէն մէկը վստահաբար Ս. Աստուածածին տաճարն է, որ բազմաթիւ ուսումնասէրներ՝ ինչպէս՝ Ա. Յակոբեան, Գ. Շախկեան, Ա. Տէր-Աւետիսեան եւ ուրիշներ շինութեան թուական որպէս ընդունած են 7-րդ դար. այս եկեղեցին բացի հոգեւոր արժէքէն իր մէջ ունի նաեւ ազգային արժէք մը, որովհետեւ անոր ճամբով կարելի է տեսնել ու հասկնալ հին հայ ճարտարապետութեան մեծութիւնն ու սքանչելի աշխատանքը. պարզապէս ճարտարապետութեան գլուխ գործոց մը: Յայտնենք, որ բացի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն, Ոսկեպար ունի նաեւ այլ եկեղեցիներ, որոնք գուցէ աւելի հին թուականներու շինութիւններ ըլլան, սակայն այսօր մնացած է պարզապէս մնացորդներ: Անոնցմէ է օրինակ Գոմաձորի եկեղեցին, Ղազանչու ժամը, Խլխլան Աղբրի եկեղեցին եւ ուրիշներ: Ոսկեպարի մօտերը կը գտնուի նաեւ Ջուխտակ վանքը, որ նոյնպէս քանդուած վիճակ մը ունի, որ դարձեալ հարուստ է յուշարձաններով ու քանդակներով:
Բացի եկեղեցիներէն Ոսկեպարը ունի բերդեր ու հին կառոյցներ. ինչպէս օրինակ՝ Կորաբերդը, Կամրջակը, Ոսկեպարի հին կամուրջը, Սարուորներու յուշարձանը եւ այլն:
Սակայն արդար ըլլալու համար պէտք է ըսել, որ բացի հայկական գերեզմանոցներէն Ոսկեպարի մէջ կարելի է գտնել արաբերէնով գրուած թուրքերու տապանաքարեր եւս. մեծ հաւանականութեամբ, Ոսկեպարի մէջ թուրքեր եւ հայեր ապրած են միատեղ, սակայն գիւղին մէջ հայկական աւանդութիւնն ու հարստութիւնները շատ աւելի են՝ քան թրքականը, որ պայմանաւորուած է պարզապէս մի քանի տասնեակ գերեզմաններով:
Կը հաւատանք, որ այս գրութիւնը ընթերցողին շատ բան մը պիտի չըսէ... որովհետեւ պէտք է տեսնել վերոյիշեալ բոլոր վայրերը, հասկնալու համար, թէ ի՛նչ մեծ արժէք ունէր (ունի՛) Ոսկեպարը հայ ժողովուրդի մշակութային պատմութեան համար. նման հարստութիւն մը կորսնցնելը վստահաբար ղեկավարութեան ձախողութիւնն է, սակայն նոյնքան մեր ձախողութիւնն է, որովհետեւ մենք՝ որպէս հայ ժողովուրդ մինչեւ այսօր անտարբեր մնացած ենք նման հարստութիւններու հանդէպ. եթէ միատեղենք հայ ժողովուրդին պատկանող բոլոր ժառանգութիւնները, պիտի նկատենք, որ անցնող մի քանի տասնեակ տարիներու ընթացքին ինչքա՜ն հարստութիւններ կորսնցուցած ենք եւ կը շարունակենք կորսնցնել։ Մեր «երազած» հողերուն տիրանալու փոխարէն՝ եղածն ալ կորսնցուցած ենք, նոր դպրոցներ բանալու փոխարէն՝ եղածները կամաց կամաց սկսած ենք գոցել, նոր թերթեր հրատարակելու փոխարէն՝ կամաց կամաց սկսած ենք եղածներն ալ կորսնցնել: Շատեր կը փորձեն դրական ձեւով մօտենալ մեր ազգին. գուցէ շատերուն համար յառաջդիմութիւնն ու զարգացումը Երեւանի փողոցներուն մէջ բացուած նոր ճաշարաններն ու սրճարաններն են. սակայն կայ արժէք մը՝ աւելի վեր ու կարեւոր, որ նկատենք թէ ոչ, կը կորսնցնենք:
Սակայն լաւատեսութիւն մը կայ, որ մեր ազգը կորսնցնելէ ետք արժէքն ու կարեւորութիւնը կը զգայ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ինչո՞ւ համար թութակները կրնան «խօսիլ» իսկ ուրիշ կենդանիներ՝ ոչ:
Պատասխան. Թութակները ունին յատուկ ունակութիւն ընդօրինակելու մարդու խօսքը: Ի տարբերութիւն միւս կենդանիներուն, թութակները իրենց ուղեղին մէջ ունին կառուցուածք, որ կը կոչուի «միջուկ եւ կեղեւ», որու ճամբով կը յաջողին ընդօրինակել իրենց լսած ձայները: Այս տաղանդին կը միանայ նաեւ անոնց ճկուն ձայնային կարողութիւնը, որ առիթ կու տայ տարբեր ձայներ արտադրելու: Մինչեւ օրս հետաքրքրութիւն կը պատճառէ, թէ ինչպէ՞ս թութակները կը յաջողին ճշգրտութեամբ կրկնել մարդկային գրեթէ բոլոր խօսքն ու ձեւերը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան