ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ

«Բա­րե­կա­մու­թիւն»ը իր իս­կա­կան ի­մաս­տով, մարդ­կա­յին ա­մէն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ գե­րա­դաս զգա­ցում մըն է՝ գլխա­ւո­րը, անհ­րա­ժեշ­տը եւ լրա­ցու­ցի­չը ա­նոնց։ Մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու գա­գաթ­նա­կէ՛տն է բա­րե­կա­մու­թիւ­նը, քա­նի որ ա­նոր ազ­դակ­նե­րը ո՛չ թէ նիւ­թա­կան կամ մարմ­նա­ւոր, այլ բա­րո­յա­կան բարձր ար­ժէք­ներ են՝ բա­րին, գե­ղե­ցի­կը եւ ճշմա­րի­տը։ Զոր օ­րի­նակ, երբ «ըն­կեր» կ՚ը­սենք, հոն կայ նիւ­թա­կան կապ մը՝ միա­սին ու­տե­լու, կե­րա­կու­րը բաժ­նե­լու շար­ժա­ռիթ մը, ինչ­պէս նաեւ երբ «ըն­տա­նիք» կ՚ը­սենք, հոն ալ կայ նիւ­թա­կան կամ մարմ­նա­կան կապ մը՝ ա­րե­նակ­ցու­թիւն մը կամ տա­նի­քի տակ ապ­րող­նե­րու, տուն մը բաժ­նող­նե­րու «միու­թիւն» մը, յա­րա­բե­րու­թիւն մը։ Բայց բա­րե­կա­մու­թիւ­նը կազ­մող կա­պը «բա­րո­յա­կան բարձր ար­ժէք» մըն է՝ մա­նա­ւանդ «բա­րի»ի կա­մե­ցո­ղու­թիւ­նը, զգա­ցու­մը, սի­րոյ եւ ան­կեղ­ծու­թեան ազ­դա­կը եւ գի­տակ­ցու­թիւ­նը այս բո­լո­րին։

Ար­դա­րեւ բա­րիի գա­ղա­փա­րը երբ կը պակ­սի ո­րե­ւէ մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թեան մէջ՝ ան ո­րե­ւէ ար­ժէք չի ներ­կա­յաց­ներ, եւ կը մնայ միայն նիւ­թա­կան մա­կար­դա­կի վրայ։ Ուս­տի մարդ կրնայ ըն­կեր ըլ­լալ, նոյ­նիսկ նոյն ըն­տա­նի­քի ան­դամ՝ ծնողք, զա­ւակ­ներ, քոյ­րեր ու եղ­բայր­ներ, բայց կրնայ ա­նոնց մէջ պակ­սիլ բա­րիի զգա­ցու­մը։ Եւ ե­թէ կը պակ­սի բա­րին ո­րե­ւէ յա­րա­բե­րու­թեան մէջ՝ հոն կը պակ­սի ան­կեղ­ծու­թիւ­նը, նուի­րու­մի զգա­ցու­մը, զո­հե­լու ու զո­հուե­լու բարձր գա­ղա­փար­նե­րը եւ ան­շուշտ «միու­թեան» եւ «մաս­նակ­ցու­թեան», «մէ՛կ ըլ­լալ»ու գի­տակ­ցու­թի՛ւ­նը։

Գի­տակ­ցու­թիւ­նը, գի­տակ­ցօ­րէն վա­րուի­լը մարդ էա­կին ա­մե­նա­մեծ յետ­կու­թիւնն է, իր կամ­քը ա­զա­տօ­րէն գոր­ծա­ծող, դա­տող, ո­րո­շող, ընտ­րող մար­դը, ու­րեմն պէտք է, պար­տա­ւոր է գի­տակ­ցու­թեամբ շար­ժի եւ գի­տակ­ցօ­րէն գոր­ծէ։ Մէկ խօս­քով գիտ­նայ՝ թէ ի՛նչ կ՚ը­նէ։ Այս պատ­ճա­ռով, պէտք է հարց­նէ յա­ճախ. «ի՞նչ», «ին­չո՞ւ», «ինչ­պէ՞ս» հար­ցում­նե­րը ինքն ի­րեն եւ խո­րա­նայ ի­րե­րու ու ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռին, նպա­տա­կին եւ մա­նա­ւանդ ի­մաս­տին։ Ի­մաս­տա­սի­րու­թիւ­նը բնա­ծին յատ­կու­թիւն մըն է մար­դուն տրուած, ո­րուն անդ­րա­դար­ձող­ներ կը յա­ռաջ­դի­մեն կեան­քի մէջ՝ հա­կա­ռակ բո­լոր նե­ղու­թիւն­նե­րու եւ դժուա­րու­թիւն­նե­րու…։

Այս ի­մաս­տով՝ ա­րե­նա­կից ըլ­լալ, ըն­տա­նի­քի ան­դամ ըլ­լալ, պար­զա­պէս ըն­կեր ըլ­լալ՝ լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն մը մշա­կե­լու հա­մար բա­ւա­րար պէտք չէ՛ հա­մա­րուի, այլ՝ խո­րա­նա­լու է այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, ի­մաս­տին մէջ, զոր օ­րի­նակ, պէտք է փնտռել բա­րին ա­նոնց մէջ, բա­րո­յա­կա­նը, որ պի­տի հաս­տա­տէ, զօ­րաց­նէ եւ ամ­րաց­նէ ա­ւե­լի եւս ա­րե­նակ­ցա­կան կա­պը իւ­րա­քան­չիւ­րին մէջ։

Ձեռքս ու­նիմ Կի­կէ­ռո­նի «Բա­րե­կա­մու­թիւն» գիր­քը։ Հոն որ­քա՜ն գե­ղե­ցիկ կը բա­ցատ­րուի բա­րե­կա­մու­թեան էա­կա­նը։ «Բա­րե­կա­մու­թիւն»ը կ՚ը­սէ. «Մար­դոց, ի­րենց նման­նե­րուն եւ աս­տուա­ծա­յի­նի հետ ա­մէն տե­սակ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ ան­կեղ­ծու­թիւն, հա­րա­զա­տու­թիւն եւ սի­րոյ զգա­ցում­նե­րով հա­մա­ձայն­ու­թիւնն է», որ կ՚են­թադ­րէ ա­ռա­քի­նու­թիւն։ Ար­դա­րեւ ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը ա­մէն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու նա­խա­պայ­մա­նը եւ շար­ժա­ռի՛թն է։

Կի­կէ­ռոն իր «De Amicitia» (=Բա­րե­կա­մու­թիւն) գիր­քին մէջ կ՚ը­սէ նաեւ, թէ՝ բա­րե­կա­մու­թիւ­նը «ստեղ­ծող» եւ «խնա­մող» ա­ռա­քի­նու­թիւն մըն է։

Ար­դա­րեւ, երբ բա­րե­կա­մու­թիւն կ՚ը­սենք, ա­ւե­լի շատ կը մատ­նան­շենք հո­գե­ւոր ար­ժէ­քի մը՝ «բա­րի» եզ­րին, ինչ­պէս՝ «Amicitia»ին մէջ ալ «հո­գի» եզ­րը կը գե­րա­դասուի։ Ու­րեմն, ինչ որ ալ ա­նուա­նենք, կո­չենք, հա­մա­րենք յա­րա­բե­րու­թիւն մը, եւ ինչ­պէս հաս­ցէագ­րենք մեր դի­մա­ցի­նը, ե­թէ հոն կը պակ­սի «բա­րե­կա­մու­թեան» ո­գին եւ գի­տակ­ցու­թիւ­նը՝ ա­պա ու­րեմն ո՛­չինչ պի­տի ար­ժէ այդ յա­րա­բե­րու­թիւ­նը։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 22, 2015, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015