ՈՂՋԱԽՈՀՈՒԹԻՒՆ

«Ող­ջա­խո­հու­թիւն» կը նշա­նա­կէ՝ հա­մա-լը­րու­մը ի­մա­ցա­կա­նու­թեան եւ բա­նա­կա­նու­թեան մար­դուն մէջ։ Ա­ւե­լի նեղ ու յա­տուկ ի­մաս­տով, կը նշա­նա­կէ՝ ժուժ­կա­լու­թիւն, չա­փա­ւո­րու­թիւն։ Ող­ջա­խո­հու­թիւ­նը իր հետ կը բե­րէ անձ­նա­կան ինք­նա­տի­րու­մի վար­ժու­թիւն՝ ինք­նա­ճա­նա­չու­թիւն եւ ինք­նա­զուսպ կա­րե­նալ ըլ­լա­լու ա­ռա­քի­նու­թիւն եւ ազնուու­թիւն։

Ար­դա­րեւ ող­ջա­խո­հու­թիւ­նը կ՚ա­ճի ու կը զար­գա­նայ ինք­նա­ճա­նա­չու­թեամբ։ Ինք­նա­ճա­նա­չու­մը ինչ­պէս ող­ջա­խո­հու­թեան, նաեւ հիմ­նա­քարն է մարդ­կա­յին ա­մէն կա­տա­րեալ ա­ռա­քի­նու­թեան զար­գաց­ման։ Ան կը բազ­մաց­նէ, կը ճո­խաց­նէ նիւ­թա­կան բա­րիք­նե­րը եւ կը դնէ զա­նոնք ի սպաս ան­ձին եւ ա­նոր ա­զա­տու­թեան։ Կը նուա­զեց­նէ թշուա­ռու­թիւ­նը, անձ­նա­սի­րու­թիւ­նը, ինք­նա­մո­լու­թիւ­նը եւ ա­մէն տե­սակ շա­հա­գոր­ծու­մը։ Ան կ՚ա­ճեց­նէ մշա­կու­թա­յին ինք­նու­թիւն­նե­րու յար­գան­քը եւ մտադ­րու­թիւ­նը դէ­պի վե­րա­ցա­կա­նու­թիւն։ Ող­ջա­խոհ ըլ­լալ, այս ի­մաս­տով կը նշա­նա­կէ՝ ինք­նա­ճա­նա­չու­թիւն ու­նե­նալ, չա­փա­ւոր ըլ­լալ եւ զուսպ մնալ։ Ժո­ղովր­դա­կան «չա­փա­ւո­րու­թիւ­նը կէս Աս­տուած է» խօս­քէն հե­տեւց­նե­լով՝ կա­րե­լի է կրկնել, թէ ող­ջա­խո­հու­թիւ­նը «աս­տուա­ծան­ման» ըլ­լալ կը նշա­նա­կէ։ Ող­ջա­խո­հու­թիւ­նը ի­մաս­տու­թիւն է նաեւ։

Ե­կէ՛ք, սի­րե­լի­ներ, ան­գամ մըն ալ միա­սին տես­նենք, թէ՝ Սուրբ Գիր­քը ի՛նչ կ՚ը­սէ ող­ջա­խո­հու­թեան մա­սին։

Հին Կտա­կա­րա­նի մէջ կը տես­նենք, թէ ող­ջա­խո­հու­թիւ­նը կը հասկ­ցուի որ­պէս հա­մալ­րու­մը սե­ռա­կա­նու­թեան մար­դուն մէջ։ Ուս­տի Տա­սը Պա­տուի­րան­նե­րուն մէջ յի­շուած է՝ «շնու­թիւն մի՛ ը­ներ» (Ե­ԼԻՑ Ի 14)։ Իսկ Ա­ռա­կա­խօ­սը ը­սած է. «Քու զօ­րու­թիւնդ կի­նե­րուն մի՛ տար, ո՛չ ալ քու ճամ­բա­ներդ՝ թա­գա­ւոր­ներ բնա­ջինջ ը­նող­նե­րուն» (Ա­ՌԱԿ. ԼԱ 3)։ Ար­դեօք հասկ­նալ պէտք է, թէ ող­ջա­խո­հու­թիւ­նը կ՚ար­մա­տա­ւո­րուի սե­ռա­կա­նու­թեա՞ն մէջ։ Ար­դի հո­գե­բա­նա­կան սկզբունք­նե­րու ծի­լե­րը կամ ծի­նե­րը Հին Կտա­կա­րա­նի այս խօս­քե­րուն մէջ պէտք է փնտռո՞­ւի։ Ար­դա­րեւ կ՚ար­ժէ այս մա­սին ան­ջատ մաս­նա­գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը կա­տա­րել…։ Մենք վե­րա­դառ­նանք մեր սահ­ման­նե­րուն եւ շա­րու­նա­կենք կար­դալ Սուրբ Գիր­քը՝ թէ ի՛նչ կ՚ը­սէ ող­ջա­խո­հու­թեան մա­սին.

«Հա­պա թուղթ մը գրել ա­նոնց՝ որ ետ կե­նան կուռ­քե­րու պղծու­թիւն­նե­րէն եւ պոռն­կու­թե­նէ ու խեղ­դուա­ծէ եւ ա­րիւ­նէ» (ԳՈՐԾՔ. ԺԵ 20)։­

Ուս­տի Նոր Կտա­կա­րա­նի մէջ կը տես­նենք, որ ող­ջա­խո­հու­թիւ­նը միայն սե­ռա­յին մո­լո­րու­թիւն­նե­րու մա­սին չէ, այլ՝ բո­լոր միւս մո­լու­թիւն­նե­րէ հե­ռու մնա­լու, ա­նոնց­մէ խու­սա­փե­լու եւ պահ­պա­նուե­լու մի­ջոց մը ըլ­լալ ըն­դու­նուած կ՚ե­րե­ւի։

Եւ դար­ձեալ Ա­ռա­քեա­լը կ՚ը­սէ. «Որ­պէս­զի ցո­րեկ ա­տեն՝ պար­կեշ­տու­թեամբ պտը­տինք, ո՛չ թէ ա­նա­ռա­կու­թիւն­նե­րով ու գի­նո­վու­թիւն­նե­րով եւ ոչ թէ խառ­նակ ան­կո­ղին­նե­րով ու պղծու­թիւն­նե­րով եւ ոչ թէ հա­կա­ռա­կու­թիւն­նե­րով ու նա­խան­ձով…» (ՀՌՈՄ. ԺԳ 13), եւ շա­րու­նա­կե­լով ցոյց կու տայ ող­ջա­խո­հու­թեան ճամ­բան. «Հա­պա ձեր վրայ հա­գէք Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սը ու խնամք մի՛ տա­նիք մարմ­նին՝ ցան­կու­թիւն­նե­րու հա­մար» (ՀՌՈՄ. ԺԳ 14)։ Կ­՚ե­րե­ւի՝ ող­ջա­խո­հու­թիւ­նը «վա­հա՛ն» մըն է, որ մարդս կը պաշտ­պա­նէ ա­մէն մո­լու­թեան ու մո­լո­րու­թեան դէմ եւ կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ բա­նա­կան բա­րիին, ճշմա­րի­տին։ Մե­րօ­րեայ կեան­քին մէջ ող­ջա­խո­հու­թիւն է՝ հա­ւա­տա­րիմ ըլ­լալ որ­դի-ծնող, ա­մուս­նա­կան, ըն­տա­նե­կան, ըն­կե­րա­յին կեան­քի կա­պե­րուն, խնամք տա­նիլ այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն դէ­պի լաւ մշակ­ման, պահ­պան­ման եւ աճ­ման։ Ար­դա­րեւ ան­ձին եւ ըն­կե­րու­թեան մարդ­կա­յին եւ բա­րո­յա­կան-հո­գե­կան բա­րի­քը սեր­տօ­րէն կապուած է ըն­տա­նե­կան եւ ա­մուս­նա­կան հա­սա­րա­կու­թեան քա­ջա­ռող­ջու­թեան։ Եւ այդ քա­ջա­ռող­ջու­թիւ­նը ա­պա­հո­վող ազ­դակն է՝ ող­ջա­խո­հու­թիւ­նը։ Ող­ջա­խոհ մար­դը ե­թէ ո՛չ կա­տա­րեալ, բայց գրե­թէ ան­թե­րի, զօ­րա­ւոր մարդ է։

Ող­ջա­խո­հու­թիւ­նը, այս ի­մաս­տով, կը նշա­նա­կէ՝ մար­դուն ներ­քին միու­թիւ­նը իր մարմ-­նա­ւոր եւ հո­գե­ւոր էու­թեան մէջ։ Ող­ջա­խո­հու­թեան ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը ու­րեմն իր մէջ կը բո­վան­դա­կէ ան­ձին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը, ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը շնորհ­նե­րուն։

Ող­ջա­խոհ ան­ձը գի­տէ իր մէջ պա­հել ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը կեան­քի եւ սի­րոյ ու­ժե­րուն, ո­րոնք զե­տե­ղուած են իր մէջ։ Այս «ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւն»ը կ՚ա­պա­հո­վէ ներ­քին միու­թիւ­նը ան­ձին, կը հա­կա­ռա­կի զայն վի­րա­ւո­րող եւ ա­նոր վնաս հասց­նող ա­մէն վե­րա­բեր­մուն­քի։ Ող­ջա­խո­հու­թիւ­նը՝ այս ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը կը հա­մը­նթա­նայ «ժուժ­կա­լու­թեան» բա­րո­յա­կան ա­ռա­քի­նու­թեան հետ՝ որ կը ձգտի մարդ­կա­յին զգայ­նա­կա­նու­թեան կիր­քե­րը եւ ա­խոր­ժակ­նե­րը ի­մա­ցա­կա­նու­թեամբ թրծե­լու, եւ հասց­նե­լու իր բարձ­րա­գոյն մա­կար­դա­կին։

Ինք­նա­գի­տակ­ցու­թիւ­նը՝ ո­րուն հե­տե­ւանքն է ինք­նա­տի­րա­ցու­մը, ինք­նազս­պու­թիւ­նը եր­կար յա­րա­տե­ւու­թեան աշ­խա­տանք մըն է։ Պէտք չէ՛ եր­բեք կար­ծել, թէ զայն կա­րե­լի է ձեռք ձգել մի ան­գամ ընդ միշտ։ Պա­հան­ջուած ճի­գը կեան­քի բո­լոր տա­րիք­նե­րուն՝ վերսկ­սուած ճիգ մը կ՚են­թադ­րէ եւ այդ ճի­գը կրնայ ա՛լ ա­ւե­լի սաստ­կա­նայ ո­րոշ շրջան­նե­րու մէջ, ինչ­պէս անձ­նա­կա­նու­թեան կազ­մա­ւոր­ման շրջա­նին՝ մա­նու­կին եւ պա­տա­նիին մէջ։

Ող­ջա­խո­հու­թիւ­նը «ա­ճու­մի օ­րէնք»ներ ու­նի՝ ո­րոնք կ՚անց­նին ան­կա­տա­րու­թե­նէն եւ շատ յա­ճախ «մեղք»ով դրոշ­մուած հանգրուան­նե­րէ։ Ող­ջա­խո­հու­թիւ­նը կը ներ­կա­յաց­նէ նկրտում մը գե­րա­զան­ցօ­րէն անձ­նա­կան, ան կ՚են­թադ­րէ նաեւ մշա­կու­թա­յին ճիգ մը, քա­նի որ ան­ձին կա­տա­րե­լու­թեան եւ նոյ­նինքն ըն­կե­րու­թեան բար­գա­ւա­ճու­մին մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նի «փո­խա­դարձ ներ­քին կա­խեա­լու­թիւն» մը։ Ող­ջա­խո­հու­թիւ­նը կ՚են­թադ­րէ յար­գան­քը ան­ձին ի­րա­ւունք­նե­րուն եւ յատ­կա­պէ՛ս ի­րա­ւունքն ստա­նա­լու գի­տու­թիւն եւ կրթու­թի՛ւն՝ ո­րոնք յար­գեն բա­րո­յա­կան եւ հո­գե­ւոր եզ­րե­րը մարդ­կա­յին կեան­քին։

Ող­ջա­խո­հու­թիւ­նը բա­րո­յա­կան ա­ռա­քի­նու­թիւն մըն է. ան նաեւ պար­գեւն է Աս­տու­ծոյ՝ «շնորհք» է. պտուղ է հո­գե­կան գոր­ծին։ Սուրբ Հո­գին մկրտու­թեան ջու­րէն վերս­տին ծնած մար­դուն շնորհ­քը կու տայ նման­նե­րու Քրիս­տո­սի անբ­ծու­թեան։ Ող­ջա­խո­հու­թեան ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը կը ծաղ­կի, կ՚ա­ճի բա­րե­կա­մու­թեան մէջ։ Ող­ջա­խո­հու­թիւ­նը խոս­տում է ան­մա­հու­թեա՛ն։

Սուրբ Բար­սեղ Կե­սա­րա­ցիի «Նա­յիր քեզ» քա­րո­զը կար­ծեմ ա­մե­նայս­տակ բա­ցատ­րու­թիւնն է ող­ջա­խո­հու­թեան։ Եւ ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քը կը պա­հան­ջէ՝ ինք­նա­ճա­նա­չու­թիւն, չա­փա­ւո­րու­թիւն, եւ ա­սոր հա­մար «Նա­յիր քեզ» հե­տե­ւե­լով Ս. Բար­սեղ Կե­սա­րա­ցիի…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 13, 2015, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2015