ԶԳՈՒՇԱՆԱԼ ԲԱՐԿՈՒԹԵՆԷ

Ի՞նչ կը խոր­հիք, սի­րե­լի բա­րե­կամ­ներ, բար­կու­թեամբ օ­գուտ մը ա­պա­հո­վող մարդ կա՞յ աշ­խար­հի վրայ։ Ե­ղա՞ծ է որ բար­կա­նա­լով դատ մը շա­հող մարդ գտնուի մեր շուր­ջը։ Թե­րեւս բար­կու­թեան պատ­ճա­ռով ար­դար դա­տը ան­գամ կորսն­ցու­ցած, ա­նի­րաւ վի­ճա­կի մատ­նուած շա՜տ ի­րա­ւա­ցի մար­դիկ ե­ղած են՝ ո­րոնք զո­հուած են ի­րենց բար­կու­թեան պատ­ճա­ռով։ Ար­դա­րեւ զայ­րաց­կոտ, բար­կա­ցող մար­դիկ միշտ կորսը­ն-ցու­ցած են եւ զրկուած՝ ա­մէն բա­րի­քէ, նոյ­նիսկ ի­րենց ար­դար ի­րա­ւուն­քէն։

Բար­կու­թիւն, ցա­սում կամ զայ­րոյթ, բնա­կան զգա­ցում մը, հա­կազ­դե­ցու­թիւն մը կա­րե­լի է ըն­դու­նիլ, երբ ան իր չա­փին ու սահ­մա­նին մէջ է։ Բայց ընդ­հան­րա­պէս մարդ իր բար­կու­թեան չա­փը չի կրնար ո­րո­շել՝ չա­փը եւ սահ­մա­նը կ՚անց­նի եւ վնա­սա­կար, անբնա­կան բնոյթ մը կը ստա­նայ ա­նի­կա։ Ուս­տի մարդ պէտք է ան­տար­բե­րու­թիւն-բար­կու­թիւն եւ բար­կու­թեան չա­փա­զան­ցու­թիւ­նը զա­տէ ի­րար­մէ՝ չա­փը եւ սահ­մա­նը լա՛ւ ո­րո­շէ ա­նոնց։ Ա­նի­րա­ւու­թեան մը հան­դէպ հա­կազ­դե­ցու­թիւն ցոյց տալ՝ դիրք ո­րո­շել բնա­կան է եւ անհ­րա­ժեշտ։ Եւ ե­թէ մարդ այդ հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը ցոյց չտայ, ա­պա ու­րեմն ա­նի­կա ան­տար­բե­րու­թեան մո­լու­թեան մէջ պէտք է նկա­տել, ի՛նչ որ վնաս կը պատ­ճա­ռէ մարդ­կա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ կը փո­խէ կեան­քին բնա­կա­նոն ըն­թաց­քը։ Մարդ՝ որ­պէս բա­նա­ւոր էակ եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան տէր, պէտք է հա­կազ­դէ ա­մէն ա­նի­րա­ւու­թեան, բայց չափ ու սահ­մա­նին մէջ։

Եւ ինչ­պէս ը­սինք, ան­տար­բե­րու­թիւ­նը մո­լու­թիւն մըն է եւ վնաս կը պատ­ճա­ռէ մար­դուն՝ թէ՛ ան­հա­տա­պէս եւ թէ հա­ւա­քա­կան կեան­քի մէջ։

«Մի՛ ար­տո­րար հո­գիովդ բար­կա­նա­լու, քա­նի որ բար­կու­թիւ­նը յի­մար­նե­րուն ծո­ցին մէջ կը հանգ­չի» (ԺՈ­ՂՈՎ. Է 9)։ «Բայց ես ձե­զի կ՚ը­սեմ.- Ով որ իր եղ­բօ­րը պա­րապ տե­ղը սրդո­ղի, վշտա­նայ, դա­տաս­տա­նի պար­տա­ւոր պի­տի ըլ­լայ։ Ով որ իր եղ­բօ­րը յի­մար կ՚ը­սէ՝ ա­տեա­նին պար­տա­ւոր պի­տի ըլ­լայ։ Ով որ իր եղ­բօ­րը ան­միտ կ՚ը­սէ, գե­հե­նի կրա­կին պար­տա­ւոր պի­տի ըլ­լայ» (ՄԱՏԹ. Ե 22)։ «Սի­րե­լի­նե՜ր, վրէժխնդ­րու­թիւն մի՛ ը­նէք ձեր ան­ձե­րուն հա­մար, հա­պա բար­կու­թեան տե­ղի տուէ՛ք. վասն­զի գրուած է.- Վրէժխնդ­րու­թիւ­նը ի՛մս է, ե՛ս պի­տի հա­տու­ցա­նեմ, կ՚ը­սէ Տէ­րը։ Ուս­տի ե­թէ քու թշնա­միդ ա­նօ­թե­ցեր է՝ հաց տուր ա­նոր, քան­զի այս ը­նե­լով՝ ա­նոր գլխուն վրայ կրա­կի կայ­ծեր պի­տի դի­զես։ Չա­րէն մի՛ յաղթուիր, հա­պա բա­րիով յաղ­թէ՛ չա­րին» (ՀՌՈՄ. ԺԲ 19-21)։ Բար­կու­թեան պատ­ճա­ռած վնա­սը շա՜տ ա­ւե­լի է քան բար­կու­թեան պա­հուն, են­թա­կա­յին զգա­ցած գո­հա­ցու­մը։

Ա­ռա­քեա­լին պա­տուէ­րը՝ թէ մարդ պէտք չէ՛ յաղ­թուի չա­րէն, այլ բա­րիով պէ՛տք է յաղ­թէ չա­րին. կար­ծեմ, մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ շատ մը ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու, թշնա­մու­թիւն­նե­րու վե՛րջ տա­լու լա­ւա­գոյն մի­ջոցն է։ Եւ որ­քան «լա­ւա­գոյն», այն­քան ալ՝ դժուա­րա­գոյն…։

Պահ մը խոր­հե­ցէք, միա­սին խոր­հինք, խորհր­դա­ծենք։ Չա­րին բա­րիով փո­խա­րի­նել, չա­րին բա­րիով յաղ­թել… մարդ­կա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ, բնա­կան պայ­ման­նե­րու տակ՝ ո՜ր­քան դժուար է։

Ան­կեղծ ըլ­լանք սի­րե­լի­նե՜ր եւ քա­ջու­թիւ­նը ու­նե­նանք մեր սա պա­հուս խոր­հած­նե­րը ար­տա­յայ­տե­լու՝ քա­նի՞ հո­գի չ՚ը­սեր.- Ին­չո՞ւ ին­ծի չա­րիք ը­նո­ղին բա­րիք ը­նեմ, ե՛ս ալ ա­նոր չա­րու­թեան չա­րու­թեամբ պէտք է փո­խա­դար­ձեմ։ Մարդ­կա­յին բնու­թիւ­նը այս է, դժբախ­տա­բար, չա­րին բա­րիք­ով փո­խա­դար­ձե­լու գա­ղա­փա­րը խորթ եւ օ­տար, ան­սո­վոր կը թուի ի­րեն։

Ա­ռա­քեա­լը դար­ձեալ կ՚ը­սէ. «Արդ մարմ­նին գոր­ծե­րը յայտ­նի են, ո­րոնք են՝ թշնա­մու­թիւն­ներ, կռիւ­ներ, նա­խան­ձներ, բար­կու­թիւն­ներ, կամ հա­կա­ռա­կու­թիւն­ներ, երկ­պա­ռա­կու­թիւն­ներ, բա­ժա­նում­ներ, չար նա­յուածք­ներ, մար­դաս­պա­նու­թիւն­ներ…» (ԳԱ­ՂԱՏ. Ե 19-21)։­

Ար­դա­րեւ կիր­քը՝ որ մարմ­նին գործն է, կը գրգռէ բար­կու­թիւ­նը։ Այն որ տէ՛րն է իր զգա­ցում­նե­րուն, կիր­քին, եւ բա­նա­կա­նու­թեամբ կը շար­ժի՝ գե­րին չ՚ըլ­լար բար­կու­թեան եւ կը շա­հի իր ար­դար դա­տը։

Ա­ռա­ծը կ՚ը­սէ. «Բար­կու­թիւ­նը կու գայ եւ կը կարմ­րի աչ­քը, բար­կու­թիւ­նը կ՚անց­նի՝ կը կարմ­րի ե­րե­սը»։ Ան­շուշտ այն մար­դուն հա­մար, որ կ՚անդ­րա­դառ­նայ իր սխա­լին եւ կը զղջայ ը­րա­ծին…։

Եւ դար­ձեալ, ժո­ղովր­դա­կան ի­մաս­տա­լից խօս­քե­րէն է. «Այն որ բար­կու­թեամբ կու գայ, վնա­սով կը վե­րա­դառ­նայ»։ Եւ բար­կու­թիւ­նը ա­մե­նա­մեծ վնա­սը կը պատ­ճա­ռէ են­թա­կա­յին՝ բար­կա­ցոտ մար­դուն՝ նուա­զա­գոյն ա­նոր ա­ռող­ջու­թեան։

Ա­ռա­կա­խօ­սը կ՚ը­սէ. «Յի­մա­րը նոյն օ­րը կը յայտ­նէ իր բար­կու­թիւ­նը, բայց ա­նար­գան­քը ծած­կո­ղը խե­լա­ցի՛ է» (Ա­ՌԱԿ. ԺԲ 16)։ Ան­խո­հեմ մար­դը շուտ կը բար­կա­նայ, ա­ռանց մտա­ծե­լու ա­նոր հե­տե­ւան­քը։ Մինչ­դեռ զգա­ցում­նե­րը բա­նա­կա­նու­թեամբ սան­ձա­հա­րող մար­դը՝ զո՛ւսպ մարդ է՝ չա­փա­ւոր եւ ող­ջա­միտ մա՛րդ։ «Բա­րի խո­հե­մու­թիւ­նը շնորհք կու տայ, բայց ա­նօ­րէն­նե­րուն ճամ­բան դժուա­րին է» (Ա­ՌԱԿ. ԺԳ 15)։ «Ի­մաս­տուն­նե­րուն հետ քա­լո­ղը ի­մաս­տուն կ՚ըլ­լայ, բայց ան­միտ­նե­րուն ըն­կե­րակ­ցո­ղը չա՛ր կ՚ըլ­լայ» (Ա­ՌԱԿ. ԺԳ 20)։ Բար­կու­թիւ­նը ան­խո­հեմ­նե­րուն սո­վո­րա­կան ըն­թացքն է՝ բնու­թիւ­նը որ­մէ հե­ռու մնալ կա­րե­լի չէ ա­նոնց հա­մար, քա­նի որ ա­նոնք նկա­րագ­րով տկար են։ Մո­լու­թեան մը հե­տա­մուտ ըլ­լալ տկա­րու­թիւն չէ՞, մա­նա­ւանդ երբ մարդ կ՚անդ­րա­դառ­նայ ա­նոր վնա­սա­կար հե­տե­ւանք­նե­րուն…։

Եւ կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց չէ՞ տուած բար­կա­ցոտ­նե­րուն, թէ բար­կու­թիւ­նը վնա­սա­կար է, մո­լու­թի՛ւն մըն է։ Կար­ծեմ, ա­մէն մեղ­քի պէս, բար­կու­թիւնն ալ կար­ծե­ցեալ, գրա­ւիչ, ա­ռինք­նող քաղց­րու­թիւն մը ու­նի, որ­մէ կը տա­րուին տկար բնա­ւո­րու­թեան տէր մար­դիկ՝ բար­կու­թեան «զո՛հ»եր…։

«Քա­րը՝ ծան­րու­թիւն ու ա­ւա­զը ծանր բեռ ու­նի, բայց յի­մա­րին բար­կու­թիւ­նը եր­կու­քէն ալ ծա՛նր է» (Ա­ՌԱԿ. ԻԷ 4)։

­Բար­կու­թիւ­նը իր հետ ու­նի բազ­մա­թիւ չա­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը ծան­րա­նան մար­դուս կեան­քին վրայ եւ ան­տա­նե­լի կ՚ը­նեն զայն։ Զոր օ­րի­նակ, «չա­րա­խօ­սու­թիւն» եւ «հայ­հո­յու­թիւն», ինչ­պէս կ՚ը­սէ Ա­ռա­քեա­լը. «Բայց հի­մա մէկ­դի՛ ձգե­ցէք դուք ալ այն ա­մէ­նը՝ բարկ­ու­թիւ­նը, սրտմտու­թիւ­նը, չա­րու­թիւ­նը, հայ­հո­յու­թիւ­նը, ան­հա­մեստ խօս­քե­րը ձեր բե­րան­նե­րէն» (ԿՈ­ՂՈՍ. Գ 8)։ Նաեւ՝ հպար­տու­թիւ­նը. «Հպար­տու­թեամբ եւ բար­կու­թեամբ վա­րուող մար­դը, որ հպարտ ու յան­դուգն է՝ ծաղ­րող կը կո­չուի» (Ա­ՌԱԿ. ԻԱ 24)։ Ու­րեմն կ՚ե­րե­ւի, թէ հպար­տու­թիւն ու բար­կու­թիւն՝ եր­կունքն ալ մա­հա­ցու մե՛ղք, հա­մըն­թաց են, եւ բազ­մա­թիւ չա­րու­թիւն­նե­րու ա­ռիթ կ՚ըն­ծա­յեն։ Եւ նաեւ՝ կռիւ եւ հա­կա­ռա­կու­թիւն. «Ա­ղէ՛կ է ա­նա­պա­տը բնա­կիլ, քան թէ կռուա­զան ու բար­կա­ցոտ կնոջ հետ» (Ա­ՌԱԿ. ԻԱ 19)։ «Բար­կա­սիրտ մար­դը կռիւ կը հա­նէ եւ ցաս­կոտ մար­դը շատ յան­ցանք­ներ կը գոր­ծէ» (Ա­ՌԱԿ. ԻԹ 22)։ «Վասն­զի ե­թէ կա­թը ծե­ծես՝ կո­գի (=ա­նա­րատ՝ զուտ կա­րագ) կ՚ել­լէ, ե­թէ քի­թը ճմլես՝ ա­րիւն կ՚ել­լէ, նո՛յն­պէս ե­թէ բար­կու­թիւ­նը գրգռես՝ կռիւ կ՚ել­լէ» (Ա­ՌԱԿ. Լ 33)։ Եւ բար­կու­թիւ­նը անգ­թու­թիւն կ՚են­թադ­րէ. «Բար­կու­թիւ­նը ա­նո­ղորմ է եւ սրտմտու­թիւ­նը՝ խի՛ստ. բայց նա­խան­ձին առ­ջեւ ո՞վ կրնայ կե­նալ» (Ա­ՌԱԿ. ԻԷ 4)։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

­Սեպ­տեմ­բեր 7, 2015, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2015