«ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ» ՍՈՒՏԸ

Յաճախ շատերու մօտ ճշմարտութիւնը բարձրաձայնելը որպէս ապերախտութիւն կ'որակուի, մանաւանդ եթէ քննադատողն ու քննադատուողը այսպէս կամ այնպէս աղերս ունենան իրար հետ. այս հարցին մասին առաջին անգամ սկսած եմ մտածել, երբ լիբանանահայ գրող Պօղոս Սնապեան սկսած է քննադատել իր իսկ ուսուցիչը եւ յանդգնութիւնը ունեցած է իր երիտասարդ տարիքին գրելու «Բանագող մը՝ Եղիվարդ» խորագրեալ լայնածաւալ յօդուած մը: Եղիվարդ բացայայտօրէն իր բանաստեղծութիւններուն մէջ ընդօրինակած էր Յակոբ Օշականի տողերէն շատեր՝ շատ անգամ կարմիրը վերածելով կապոյտի. շատ անգամ մինչեւ իսկ նոյնութեամբ ամբողջ բաժին մը արտագրելով:

Եղիվարդ Սնապեանի ուսուցիչն էր եւ գուցէ իր հայրենի լեզուի գիտութիւնը պարտէր Եղիվարդին. արդեօք ապերախտութի՞ւն մըն էր ճշմարտութիւնը բարձրաձայնելը:

Այս հասկացողութեան հիւանդութեամբ կը տառապի մեր ազգը։ Կը մոռնանք, որ քննադատութիւնը պայման չէ ատելութիւն նշանակէ. կրնայ ամբողջութեամբ հակառակը՝ կատարեալ սիրոյ արդիւնք ըլլալ: Պարզապէս ճշմարտութիւնը բարձրաձայնելն ու ապերախտութիւնը պէտք է յստակօրէն իրարմէ զանազանել:

Քանի մը օր առաջ նախկին եկեղեցական մը կը խօսէր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցող ոչ-քրիստոնավայել արարքներու մասին եւ կը պնդէր, թէ մեր եկեղեցին մեծապէս կարիքը ունի բարելաւման։ Շատերու կողմէ այս մէկը կը դիտուէր՝ որպէս ապերախտութիւն, որովհետեւ եկեղեցականը տարիներ շարունակ վայելած էր նոյն այդ եկեղեցւոյ հովանաւորութիւնը՝ թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ բարոյապէս: Սակայն սխալները բարձրաձայնելու մէջ ո՛չ մէկ խնդիր կը տեսնենք, որովհետեւ ճշմարտութիւնը ինչքան ալ թաքցնել փորձենք, կը շարունակէ մնալ ճշմարտութիւն, սակայն խնդիրը հետեւեալն է. ինչո՞ւ յաճախ կը սպասենք հեռանալ, որպէսզի կարենանք քննադատել ու ճշամարտութիւնները բարձրաձայնել։ Այսօր կը տեսնենք այս կամ այն հիմնարկէն կամ կուսակցութենէն հեռացած անձեր բարձրաձայն կը քննադատեն եւ միշտ սա հարցումը զիս կը տանջէ. ինչո՞ւ օրին չքննադատեցին, ինչո՞ւ սպասեցին հեռանալ ու ապա քննադատել։ Այս մէկը կարելի չէ ճշմարտութեան պատճառ կոչել, որովհետեւ այդ ճշմարտութիւնը գոյութիւն ունէր այն ժամանակ, երբ ինք հոն էր:

Կարգէն հեռացած եկեղեցականը կը խօսէր եկեղեցւոյ խոցելի կողմերուն մասին։ Բոլորս կ՚ընդունինք, որ եկեղեցին ունի խոցելի կողմեր ու սխալներ, որոնք սրբագրութեան կը կարօտին, սակայն ինչո՞ւ սպասել կարգէն հեռանալու եւ յետոյ քննադատել։ Եթէ իրապէս այդ բոլորը խոցելի կը նկատէին, չէի՞ն կրնար օրին ո՛չ թէ քարկոծելու, այլ սրբագրելու անմեղ մտադրութեամբ բարձրաձայնել այդ բոլորը։ Եթէ ո՛չ, ուրեմն այդ մէկը ճշմարտութեան բարձրաձայնումէն աւելի սեփական շահերու հետապնդում կը նշանակէ պարզապէս, որ մեր շուրջ շա՜տ նկատելի է այսօր:

Ենթադրենք, թէ Սերոբը կամ Սահակը կուսակցութեան մը անդամ են եւ ամէն բան հեզասահ կ՚ընթանայ։ Անոնցմէ ո՛չ մէկ քննադատութիւն կը լսես։ Անոնց համար ամէ՛ն բան տեղին է եւ խոցելի ո՛չ մէկ բան գոյութիւն ունի։ Յանկարծ անոնց միջեւ խնդիր մը կը ծագի եւ Սերոբը կամ Սահակը կը հեռացուի նշեալ կուսակցութենէն։ Հիմա արդէն առիթն է լսելու Սերոբն ու Սահակը, որովհետեւ հիմա անոնք «ճշամարտութիւն» խորագրին տակ պիտի սկսին քննադատել եւ կուսակցութեան խոցելի կողմերը բարձրաձայնել:

Այս մէկը քննադատութիւն անուան տակ պարզապէս ցեխարձակումներ են եւ անոնց ետին առողջ ո՛չ մէկ երեւոյթ գոյութիւն ունի, որովհետեւ իրապէս ճշմարտութեան համար պայքարող մը, սխալներն ու անարդարութիւնները չհանդուրժող մը պէտք չունի ճշմարտութիւնը բարձրաձայնելու համար հեռանալը սպասելու, որովհետեւ սրբագրութիւնները պէտք է կատարել այն ժամանակ, երբ ինք հոն է: Այսօր մեր հանրային կեանքը լեցուն է նման քննադատներով, որոնք «սրբագրութիւն» անուան տակ պարզապէս կը փորձեն արատաւորել՝ առանց սրբագրելու:

Քաջութիւն կը պահանջէ խօսիլ ու սխալները բարձրաձայնել, երբ հո՛ն կը գտնուիս, որովհետեւ միայն այդպէսով կրնաս այդ սխալը վերացնել։ Հեռուէն սխալներուն մասին խօսիլը ո՛չ մէկ իմաստ ունի: Եթէ այսօր ԺԱՄԱՆԱԿ թերթին կ՚աշխատակցիմ ու ո՛չ մէկ բողոք ունիմ, կը նշանակէ բողոք պիտի չունենամ նաեւ ապագային, երբ թերթը որոշէ գրութիւններս չհրատարակել։ Իսկ նման պարագայէ մը ետք բարձրաձայնելը պարզապէս «քննադատութիւն» եւ «սրբագրութիւն» անուան տակ ցեխարձակում պիտի ըլլայ:

Այս հիւանդութենէն կը տառապի նաեւ մեր քաղաքական կեանքը։ Երբ սեփական շահը ապահով է, ո՛չ մէկ բողոք ու գանգատ, սակայն վա՜յ թէ խաթարուի այդ շահերը. հո՛ն է, որ հրապարակ դուրս կու գայ իւրաքանչիւրին իսկական գոյնը:

Այս երեւոյթը մեր ներքին կեանքը վտանգելէ բացի ուրիշ բանի մը չի ծառայեր։ Իրականութեան մէջ քննադատութիւնը առողջ եւ դրական երեւոյթ մըն է, սակայն մենք՝ հայերս յաջողած ենք այդ մէկը թշնամութեան վերածել եւ քննադատութեան մէջ հասարակութեան եւ ազգին շահը հետապնդելու փոխարէն շուն ու կատուի կռիւի վերածել այդ մէկը:

Մեր խնդրանքն է, որ իւրաքանչիւր անձ եթէ ունի քննադատելի երեւոյթ մը, թող քննադատէ այն ժամանակ, երբ նշեալ հաստատութեան կամ կուսակցութեան մէջ կը գտնուի, որովհետեւ հեռուէն խօսիլը սրբագրութեան ո՛չ մէկ նշոյլ կ՚ընդգրկէ եւ իրապէս քա՛ջ է այն մարդը, որ իր անձնական շահերը վտանգելու գնով նոյնիսկ կը բարձրաձայնէ իր տեսած սխալները, հասարակութեան եւ ազգին շահը գերադասելով սեփական շահերէն:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞ւր է աշխարհի ամենէն տաք շրջանը:

Պատասխան. Աշխարհի պատմութեան մէջ ամենէն տաք շրջանը Իրանի Լութ անապատն է։ 2005 թուականին այդ վայրին տաքութիւնը հասաւ է մինչեւ 70.7 աստիճանի: Ամենէն տաք շրջաններէն մէկը կարելի է նկատել Գալիֆորնիոյ «Մահուան հովիտ»ը եւ Չինաստանի Սենցզեան շրջանը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Փետրուար 10, 2024