ԱՂՕԹՔԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Յա­ճախ խօ­սե­ցանք ա­ղօթ­քի մա­սին այս սիւ­նակ­նե­րուն մէջ, բայց երբ ա­մէն օր կ՚ա­ղօ­թենք, եւ պէ՛տք է ա­ղօ­թենք, քա­նի որ ա­մէն օր «նո՛ր օր» մըն է կեան­քի մէջ, ու­րեմն ան­պա­տե­հու­թիւն չենք նկա­տեր ա­մէն ա­ռի­թով խօ­սիլ ա­ղօթ­քի մա­սին, յի­շել ա­ղօթ­քի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ 

«Թէ պարտ է յա­մե­նայն ժամ կալ նո­ցա յա­ղօթս, եւ մի՛ ձանձ­րա­նալ»։ Այս խօս­քե­րը ցոյց կու տայ ա­ղօթ­քին կեր­պը՝ թէ ան պէտք է յա­րա­տե՛ւ ըլ­լայ բայց ո՛չ եր­բեք շա­տա­խօս։ Ար­դա­րեւ, պէտք է զա­նա­զա­նել՝ յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը եւ ա­նի­մաստ կրկնու­թիւ­նը, անն­պա­տակ եւ ձանձ­րա­ցու­ցիչ երկ­րոր­դու­թիւն­նե­րը։ 

Ուս­տի ա­ղօթ­քը կրկնել չէ՛ ան­գամ մը ըսուա­ծը։ 

Նրբե­րանգ մը կայ յա­րա­տե­ւու­թեան եւ կրկնու­թեան մէջ, կա­րե­ւո­րը՝ ա­ղօթ­քի ա­տեն անդ­րա­դառ­նալն է այդ նրբե­րան­գին։ Ուս­տի, մաս­նա­ւոր խնամք եւ ու­շադ­րու­թիւն պէտք է ըն­ծա­յել ա­ղօթ­քի յա­րա­տե­ւու­թեան մա­սին։ Այս կա­րե­լի է ար­տա­յայ­տել՝ «ա­ղօթ­քի ո­գիի մշա­կու­թիւն» կամ «ա­ղօթ­քի վար­ժու­թիւն» մակ­դիր­նե­րով։ 

Սի­րե­լի ազ­նիւ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ, վստա՛հ եմ, որ ա­մէն օր գո­նէ եր­կու ան­գամ կ՚ա­ղօ­թես, ըն­դու­նե­լի ըլ­լայ ա­ղօթքդ։ Բայց դուն, սի­րե­լի բա­րե­կա՛մ, ի՞նչ գա­ղա­փար ու­նիս, ի՞նչ կար­ծիք, ի՞նչ խոր­հուրդ՝ ա­ղօթ­քի եւ մա­նա­ւա՛նդ յա­րա­տեւ ա­ղօթ­քի մա­սին։ 

Ո­մանք թե­րեւս կ՚ը­սեն, թէ ի՛նչ է ա­ղօթ­քը, ա­ղօթ­քով կա­րե­լի՞ է փո­խել բնու­թեան կարգն ու սար­քը եւ մեր ու­զա­ծին պէս կար­գա­ւո­րել զա­նոնք…։

Իսկ ու­րիշ­ներ թե­րեւս խոր­հին՝ ա­ղօթք ե­ւայլն նա­խա­պա­շա­րեալ գլուխ­նե­րու յա­տուկ բա­ներ են, ար­դիա­կան եւ լու­սա­միտ մար­դիկ չեն ա­ղօ­թեր։ Ի՞նչ եւ ո՞վ է «ար­դիա­կան»ը եւ «լու­սա­միտ»ը, ի­րենք ալ չեն գի­տեր՝ հո­սան­քէ մը տա­րուած, ան­գի­տա­կից կեր­պով կը խօ­սին…։

Բա­րե­բախ­տա­բար, սի­րե­լի ազ­նիւ ըն­թեր­ցող բա­րե­կա՛մ, դուն ա­նոնց ո՛չ ը­սա­ծը եւ ոչ ալ խոր­հա­ծը կ՚ըն­դու­նիս, դուն իս­կա­կան ար­դիա­կան մը, լու­սա­միտ եւ ա­զա­տա­միտ մըն ես, բա­րե­բախ­տա­բար…։ Ե­թէ այդ­պէս ըլ­լար, սա պա­հուս այս տո­ղե­րը կար­դա­ցած պի­տի չըլ­լա­յիր։ 

Ուս­տի ա­ղօթ­քը՝ խո­րը թա­փան­ցել, բարձ ըլ­լալ եւ կա­րե­նալ տա­րա­ծուիլ է, հե­ռուն տես­նել, վե՛ր նա­յիլ, սահ­ման­նե­րը անց­նի՛լ է։ Ա­ղօ­թո­ղը, ար­դա­րեւ ինք­զինք լու­սա­միտ եւ ար­դիա­կան հա­մա­րող­նե­րու չտե­սա­ծը կը տես­նէ, ա­նոնց չհա­սած­նե­րուն կը հաս­նի եւ վեր­ջա­պէս ա­նոնց լոյ­սը խա­փա­նե­լու աս­տի­ճան ճշմար­տու­թեան լոյս կը սփռէ։ Դո՛ւն իմ սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ, դուն կը սփռես այդ լոյ­սը՝ ճշմար­տու­թեան լոյ­սը. կ՚ա­ղօ­թես, կը խո­րա­նաս, կը բարձ­րա­նաս եւ ան­սահ­ման տա­րածք­նե­րու վրայ կը ծա­ւա­լիս։ Ար­դիա­կա­նը, լու­սա­մի­տը եւ ա­զա­տա­մի­տը դո՛ւն ես, քա­նի որ ան­ժա­մա­նակ ար­ժէք­նե­րու գի­տա­կից ես, ներ­կան չէ ա­մէն ինչ, հա­պա գի­տես, որ «ան­ցեալ» մը կա՛յ եւ բա­ցուած լայն հո­րի­զո­նի մը վրայ՝ ա­պա­գա՛ն…։ 

Գի­տե՞ս որ ա­մե­նէն շատ ա­ղօ­թող­նե­րը՝ ա­ղօթ­քը մեր­ժող­ներն են, քա­նի որ ա­նոնք շատ ա­ւե­լի ա­ղօթ­քի պէտ­քը ու­նին եւ ա­նոնք չեմ ա­ղօ­թեր, կ՚ը­սեն, բայց գաղտ­նօ­րէն, ծա­ծուկ, ար­ցուն­քով լե­ցուն աչ­քով կ՚ա­ղօ­թեն։ Ա­նոնք ի­րենք զի­րենք ու­րա­ցու­մի հե­րոս­ներ կը նկա­տեն, բայց ի­րա­կա­նին՝ կաս­կա­ծոտ վե­հե­րոտ­ներ են։ Նե­ղու­թեան մը պա­րա­գա­յին, դժուա­րու­թեան, ցա­ւի կամ վիշ­տի ե­թէ հան­դի­պին, ա­մե­նէն ա­ռաջ ա­նոնք ե­կե­ղե­ցի՝ ա­ղօթ­քի կը վա­զեն։ Կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը այս ցոյց կու տայ մե­զի, սի­րե­լի­նե՜ր։

Ու­րեմն ին­չո՞ւ յա­րա­տեւ չա­ղօ­թենք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 7, 2015, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2015