ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԵՒ ԻՐԱՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
«Իրաւունք» բառը՝ լատինական «Jus», շատ նշանակութիւններ ունի, անոնց մէջ առաջնակարգն է եւ գլխաւորը, այն որ կը պատկանի մէկուն՝ անհատին, իրաւաբանական անձին, հասարակութեան, քաղաքին, եւ այլն։ Այս է «իրաւունք»ին նիւթական ըմբռնումը։ Իսկ վերացական կամ գաղափարական իմաստով, իբրեւ գիտութիւն մը՝ կը խօսի որեւէ նիւթական իրաւունքի, այսինքն նիւթական պատկանելիութեան մը վրայ։ Այս առումով «քաղաքական իրաւունք». «Jus Civile» կը նշանակէ՝ մարդուն, իբրեւ քաղաքացիի մը, պատկանած իրաւունքները։ Իսկ երկրորդ առումով՝ ան կը նշանակէ այն գիտութիւնը՝ որ կը խօսի քաղաքացիական այդ տեսակ բոլոր իրաւունքներու վրայ։ Եւ այս երկրոդ իմաստով ան բաւական կը մօտենայ մեր «իրաւաբանութիւն» բառին՝ որ կը նշանակէ գիտութիւն, որ կը խօսի առհասարակ իրաւունքի վրայ։
Լատինական միւս բառը՝ «canonicum». «canonique» կը ծագի յունական «canon». կանոն բառէն, որ ունի զանազան նշանակութիւն։ Նախապէս ան կը նշանակէր՝ լար, քանոն կամ առհասարակ որեւէ գործիք, որով կը գծուի թուաբանական-երկրաչափական ուղիղ գիծը կամ մակերեւոյթը։ Եւ հայ մատենագիրներ հիանալի նրբութեամբ որոշած են յունական բառի այդ նշանակութիւնները խտացնել միայն մէկ բառի տառի մը՝ «քանոն» կամ «կանոն»։
Աւելի վերջին շրջաններուն «canon» բառը ստացաւ ուրիշ նշանակութիւններ. զոր օրինակ՝ կարգ, սահման, կանոն, «regula», եւ այլն։
Քրիստոնէութեան ժամանակ ան ստացաւ երկու նոր նշանակութիւն. մին՝ աւելի ընդարձակ իմաստով, իբրեւ առհասարակ «եղանակ», «ձեւ», «ապրելակերպ» քրիստոնէական կեանքի, միւսը՝ աւելի նեղ իմաստով, իբրեւ եկեղեցական օրէնք կամ եկեղեցական ժողովներու եւ հայրապետներու սահմանադրութիւններ, վճիռներ եւ որոշումներ՝ եկեղեցիի բարեկարգութեան, վարչութեան, դատավարութեան եւ ընդհանրապէս կառավարութեան միւս մասերու վերաբերութեամբ. մէկ խօսքով՝ յատկապէ՛ս. «կանոն»։ Այդ իսկ՝ վերջին իմաստով կը գործածուի «կանոն» բառը եկեղեցական ժողովներու, սահմանադրութիւններու մէջ, որպէս եւ բոլոր լեզուներու մէջ։
Բայց այս կողմէն բոլորովին զատ է յունական «dogma» բառէն՝ բոլոր լեզուներով։
Եւ այս բառով կ՚անուանուին նոյն ժողովներու եւ հայրապետներու որոշումները եւ վարդապետութիւնները կրօնի եւ դաւանութեան մասին։
Ուրեմն, «կանոն»ը իր վերջին իմաստով բոլորովին համապատասխան է յունական «նօմօս» կամ լատիներէն «Lex», «Loi» բառին՝ որ աշխարհական օրէնսդրութեան մէջ կը նշանակէ՝ «օրէնք»։ Եւ այս պատճառով, «կանոն»ը երբեմն կը կոչուի՝ «կանոնական օրէնք»։
Յուստինիանոս կայսրը, իրարմէ զատելու եւ չշփոթելու նպատակով՝ եկեղեցական օրէնքը, այսինքն՝ կանոնը աշխարհական օրէնքէն, իր օրէնսդրութեան մէջ գործածած է երկու տարբեր անուանումներ։ Եւ ուրեմն, «Jus Canonicum» կը նշանակէ իսկապէս «կանոնական իրաւունք» կամ «իրաւաբանութիւն», այսինքն՝ այնպիսի գիտութիւն, որ կը խօսի յատկապէս եկեղեցական կանոններու վրայ։
Բայց այս իմաստով սոյն անունը չ՚ամփոփեր իր մէջ այն բոլոր սահմանները եւ ընդարձակութիւնը, ամբողջ բովանդակութիւնը, որ ունի ինքն գիտութիւնը, քանի որ բացի զուտ եկեղեցական օրէնսդրութենէ՝ կանոններէ, սահմանադրութիւններէ, եւ այլն, կա՛յ եւս աշխարհական օրէնսդրութեան մէջ մաս մը, որ կը վերաբերի անմիջական եկեղեցիի եւ հետեւաբար գիտութեան։
Պատմութեան մէջ նկատուած է պարագաներու՝ ուր միացած են եկեղեցական օրէնքներ աշխարհական օրէնքներու եւ փոխադարձաբար անշուշտ։ Այսպիսի օրէնքներ, արդարեւ, կը կոչուին «Nomocanon» բոլոր լեզուներով, որ կազմուած է երկու յունական բառերէ՝ «նօմօս» եւ «կանոն»։ Ուստի, «nomos» կը նշանակէ յատկապէս աշխարհական օրէնք՝ հրատարակուած մարմնաւոր իշխանութենէ, իսկ «canon»՝ եկեղեցական օրէնք կամ կանոն՝ հրատարակուած հոգեւոր կամ եկեղեցական իշխանութենէ։
Ուրեմն՝ «նօմօկանոն» բառ առ բառ կը նշանակէ «օրէնք-կանոն», այնսինք՝ այնպիսի օրէնսգիրք, որուն մէջ ժողվուած են եկեղեցական կանոնները եւ աշխարհական օրէնքները։
Նօմօկանոններու մէջ երեւելին է՝ 885 թուականին Կ. Պոլսոյ Փոտ պատրիարքի կազմածը։
Արեւմտեան Եկեղեցին ունի ընդարձակ եկեղեցական օրէնսգիրք մը, որ կը կոչուի «Corpus juris canonici», որուն մէջ ամփոփուած են եկեղեցական իշխանութեան բոլոր իրաւաբանական կանոնները, սահմանադրութիւնները եւ որոշումները եկեղեցիի եւ անոր անդամներուն, այնսինք՝ հաւատացեալներուն թէ՛ հոգեւոր, թէ՛ աշխարհական կեանքի վերաբերեալ։ Ահա այդ ընդարձակ Օրէնսգիրքի կամ Կանոնագիրքի քննութիւնը, ուսումնասիրութիւնը եւ հետազօտութիւնը նոյնպէս կը կազմէ առանձին եւ բաւական ճիւղ մը եկեղեցական իրաւաբանութեան, որ ճիւղը նեղ առումով կը կոչուի նոյնպէս «Jus canonicum»։
Եկեղեցական իրաւաբանութեան միւս անունը. «Jus Ecclesiasticum», աւելի գոհացուցիչ է, եթէ նկատի առնուի իր ընդարձակ իմաստով, որովհետեւ աւելի լա՛ւ կ՚ամփոփէ իր մէջ գիտութեան ամբողջութիւնը։
«Jus canonicum» եւ «Jus Ecclesiasticum» գործածութիւն ստացած են գիտութեան մէջ իբրեւ յատուկ անուն միայն ԺԲ. դարէն սկսեալ։ Աւելի առաջ կը գործածուէր «Canon statuta», «forma», «disciplina» բառերը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ