ՆԻՇԷՆ ԱՒԵԼԻ ԿԱՐԵՒՈՐԸ

Մարդկային պատմութեան ընթացքին ժամանակը յաջողեցաւ փոխել գրեթէ ամէ՛ն բան։ Փոփոխութիւնները կատարուեցան շատ արագ եւ իրերայաջորդ ձեւով, սակայն այդ բոլորին մէջ կամաց զարգացողը եղաւ ուսումն ու կրթութիւնը. ո՛չ միայն հայերու պարագային, այլ համաշխարհային ձեւով մարդկութիւնը չյաջողեցաւ գտնել ու ստեղծել ձեւ մը, մեթոտ մը, որ ըլլայ տարբեր՝ քան մերօրեայ կրթութեան ձեւը, որ իր մէջ դաստիարակչական գրեթէ շատ քիչ բան ունի:

Դարեր շարունակ լսած ենք, կը լսենք ու պիտի շարունակենք լսել «սերունդներ պատրաստել» ուռուցիկ բառը, սակայն բոլորս ալ գիտենք, որ այնքան ալ առողջ վիճակ չի պարզեր մեր այդ պատրաստութեան ընթացքը. այս մէկը փաստելու համար բաւարար է գտնել հայ աշակերտ մը եւ հարցնել մէկ տարի առաջուան քննութեան հարցարանէն հարցում մը. արդիւնքը ձեզի իր պատասխանը պիտի փոխանցէ:

Ցաւ ի սիրտ, մենք դպրոցներու մէջ մեր աշակերտները «գիտուն» չենք դարձներ, որովհետեւ այնպէս ինչպէս դար մը առաջ, նոյնպէս այսօր մեր կեդրոնացումը կ՚ըլլայ դասագիրքն ու աշակերտին ստացած նիշերը: Աշակերտը Հայոց պատմութեան գիրքին մէջի տեղեկութիւները չի՛ սորվիր, որովհետեւ անոնք իր ազգին ու հայրենիքին մասին գիտութիւն են, այլ կը սորվի պարզապէս, որպէսզի լաւ նիշ մը ապահովէ եւ հետեւաբար նիշէն ետք այդ բոլորը կը դառնան անիմաստ ու անպէտք ու կը տրուին մոռացութեան: Նոյն հիւանդութիւնը կը նշմարեմ շատ մը ծնողներու մօտ, որոնք իրենց զաւակներու գիտութեամբ ու զարգացումով զբաղելու տեղ կը բաւականանան իրենց զաւակներուն նիշերը ստուգելով՝ կարծելով որ լաւ նիշը լաւ ու գիտակից զաւակ ունենալ կը նշանակէ: Մերօրեայ աշակերտները չե՛ն ձգտիր գիտութիւն ձեռք ձգել, նոր բաներ սորվիլ. անոնց համար կարեւորը գրաւորի թուղթին վրայ արձանագրուած նիշն է:

Աշակերտին այս նիշի պայքարին քով կու գայ աւելնալ ուսուցիչին դասագիրքին հետ ունեցած պայքարը. բազմաթիւ ուսուցիչներ կը հաւատան, որ տարեշրջանին հիմնական նպատակն է իր աւարտին հասցնել դասագիրքը, որովհետեւ իրենց համար ամբողջ տարուան ընթացքին քանի՞ դաս ու էջ անցնիլը աւելի կարեւոր եղած է՝ քան աշակերտին ինչ հասկնալը: Թէ՛ անցեալի եւ թէ այսօրուան աշակերտը մի՛շտ ալ կասկածի տակ դրած է իր սորվածներուն օգտակարութիւնը եւ թութակի մը պէս, մի քանի օրուան համար սորվելով փորձած է նիշ ապահովել:

Եթէ ձեր զաւակը ամիս մը առաջ սորված դասերու տեղեկութիւնները չի յիշեր, պէտք է որպէս ծնողք հարցականի տակ դնէք թէ՛ ձեր զաւկին եւ թէ դպրոցին կրթութեան հանդէպ ունեցած հասկացողութիւնը, որովհետեւ իմաստ չունի ունենալ նոր սերունդ մը՝ որ բան մը չի գիտեր, սակայն իր ձեռքը ունի բարձր նիշերով երաշխաւորուած վկայական մը: Նիշն ու վկայականը նպատակ չեն կրնար ըլլալը. դասերը սովրիլ չուզող զաւակի մը մայրը կ՚ըսէր. «Վաղը նիշերդ բարձր թող չի գայ, ես կ՚ըսեմ քեզի...». նման մթնոլորտի մէջ հասակ առնող պատանի մը վստահաբար իրեն համար աւելի կարեւորագոյն պիտի նկատէ նիշը՝ քան փոխանցուած ուսումն ու կրթութիւնը եւ երբ նի՛շն է աշակերտին վերջնակէտը, ապա փոխանցուած իւրաքանչիւր գիտութիւն դատապարտուած է մոռացութեան տրուելու:

Այս բոլորին մասին մտածելով, պէտք է յստակեցնենք, թէ մեզի համար ի՞նչ է կրթութիւն ըսուածը. ի՞նչ է դպրոցի մը նպատակը. շատ բան գիտցող ապագայ սերո՞ւնդ մը պատրաստել կամ շատ բան գիտնալու կողքին պատրաստել սերունդ մը՝ որ գիտէ ապրիլ իր արժէքներով: Պէտք է լաւապէս մաղէ անցընել մեր կրթական համակարգը եւ վերատեսութեան ենթարկել, կարենալ զտելով կարեւորը անկարեւորէն, որովհետեւ մեր դպրոցներուն մէջ այսօր շա՜տ անկարեւոր տեղեկութիւններ ու մանրամասնութիւններ «գիտելիք» անուան տակ կը փոխանցուին աշակերտին։ Օրինակի համար, կարեւոր է լսել ու գիտնալ Մովսէս Խորենացիի մասին, սակայն անկարեւոր է՛ սորվիլ, թէ ան ինչ գրած է իր «Պատասխանի թղթոյն Սահակայ» աշխատութեան յառաջաբանին մէջ եւ կամ ո՛ր թագաւորին հրամանով գրուած է այդ բոլորը. եթէ ապագային աշակերտներէն մէկը ուզէ մասնագիտանալ պատմութեան մէջ, այդ ժամանակ թող համապատասխան դասընթացքներու հետեւի, սակայն աշակերտին ինչքան ալ դպրոցական գրասեղաններու ետեւ «Պատասխանի թղթոյն Սահակայ» գիրքին անունը սորվեցնել փորձենք՝ պիտի սորվին պարզապէս գրաւորին նիշ մը ապահովելու համար եւ շաբաթ մը ետք մոռնան:

Ուսման հիմնական նպատակը ո՛չ թէ տեղեկութիւն ամբարել պէտք է ըլլայ, այլ աշակերտը ապագայ կեանքին պատրաստել եւ այդ մէկը պէտք է փնտռել Մովսէս Խորենացիի «Պատասխանի թղթոյն Սահակայ» աշխատութեան յառաջաբանէն դուրս։ Մերօրեայ կրթութիւնը որկրամոլութիւն է պարզապէս. կը փորձենք կերցնել այնքան՝ որ չկարենայ մարսել եւ փորացաւ ունենայ:

Մեր թուականէն 122 տարիներ առաջ՝ 1 մայիս 1902 թուականի «Արեւելք» թերթին մէջ Ինտրա կը գրէր. «Ամէն ոք գիտէ թէ տղաք որքա՛ն անտարբեր են ապագային մասին, զոր ըստ իրենց տենչերո՛ւն յղանալու ու հաւտալու երջանկութիւնը ունին (եթէ խորհին անոր վրայ) եւ ո՛չ թէ պարագաներուն եւ իրականութեա՛ն համեմատ անոր վրայ յոյս դնելու». այս անտարբերութեան մեղաւորները դարձեալ մենք ենք, որովհետեւ իրենց դիմաց ապագայի մտահոգութիւնն ու մարտահրաւէրները դնելու փոխարէն «նիշ» կոչուած պայքարին կը մղենք. պայքար՝ որ աշակերտները կը չարչարէ, սակայն կը դառնայ անիմաստ, որովհետեւ ապագայ կեանքին համար 10 նիշ եւ կամ 3 նիշ ստանալը կրնայ բան մը չփոխել, որովհետեւ 3 ստացողը շատ անգամ կրնայ յաղթահարել դժուարութիւններ՝ քան 10 ստացողը:

Հետեւաբար ինչքա՜ն պիտի ուզէի մեր դպորցները իրենց դռներէն դուրս դնէին «նիշ» հասկացողութիւնը, որպէսզի հայ աշակերտը իր կեդրոնացումը յատկացնէ կարեւորին եւ անկարեւոր թիւի մը համար չչարչարէ ինքզինք:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար մարդ կ՚անօթենայ:

Պատասխան. Անօթենալու երեւոյթը տեղի կ՚ունենայ հորմոններու, ջիղերու եւ հոգեբանական գործօններու միջոցով: Անօթութեան հորմոնը ազդանշան կը ղրկէ ուղեղին, որպէսզի սկսի ուտել, իսկ ճարպային բջիջները կը հաղորդեն կշտանալու զգացումը: Արեան մէջ շաքարի մակարդակը եւս վճռորոշ դեր կը խաղայ անօթենալու զգացումին մէջ, մանաւանդ երբ մարմնի մէջ շաքարի մակարդակը կը նուազի: Ջիղերու համակարգը եւս ախորժակը կարգաւորելու մէջ դեր կ՚ունենայ: Այս տարրերու միացումը կը կազմէ բարդ համակարգ, որ կ՚ապահովէ մարդոց գոյատեւման համար անհրաժեշտ սննունդը սպառելու պահանջները:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Փետրուար 13, 2024