ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Յա­ճախ կը խօ­սինք ա­մուս­նու­թեան մա­սին, սա­կայն պէտք է բնա­կան նկա­տուի այս, քա­նի որ ա­մուս­նու­թիւ­նը ան­բա­ժան մէկ տարրն է կեան­քին, եւ մեր ա­ռօ­րեա­յին մէջ միշտ կը դի­մա­ւո­րուինք այս գա­ղա­փա­րով։

Ա­մուս­նու­թեամբ կազ­մուած ըն­տա­նի­քը՝ ըն­կե­րու­թեան հիմն է, եւ քա­նի որ ըն­կե­րա­յին կեան­քը անհ­րա­ժեշտ է ան­հա­տա­կան կեան­քին գո­յա­պահ­պան­ման ու գո­յա­տեւ­ման հա­մար, ու­րեմն ա­մուս­նու­թիւ­նը միշտ հա­մըն­թաց է կեան­քին։ Եւ ու­րեմն բնա­կան է խօ­սիլ յա­ճախ ա­մուս­նու­թեան մա­սին։

Ա­մուս­նու­թիւ­նը որ­քան հա­մըն­թաց է կեան­քի ի­րա­կա­նու­թեան, նոյն­քան ան­խու­սա­փե­լի ե­րե­ւոյթ մըն է նաեւ ա­մուս­նա­լու­ծու­թիւ­նը, քա­նի որ կեան­քի մէջ ա­մէն դրա­կան ե­րե­ւոյթ ու­նի իր մէկ ժխտա­կա՛­նը։

Ուս­տի թէ՛ ա­մուս­նու­թեան եւ թէ ա­մուս­նա­լուծ­ման մա­սին պէ՛տք է քրիս­տո­նէա­կան մօ­տե­ցում ու­նե­նանք, քա­նի որ մկրտու­թեամբ, ըն­դու­նած ենք քրիս­տո­նէու­թեան բո­լոր ու­սու­ցում­նե­րը։

Յի­սուս բա­ցա­յայտ կեր­պով կը պար­զէ իր վար­դա­պե­տու­թիւ­նը այս հար­ցին նկատ­մամբ։

Ա­մուս­նա­լուծ­ման մա­սին Մով­սէ­սի Օ­րէն­քը կ՚ը­սէ.

«Ե­թէ մէ­կը կին մը առ­նէ եւ ա­մուս­նա­նայ եւ ա­նոր վրայ ա­նար­գու­թեան բան մը գտնէ եւ այդ պատ­ճա­ռով ա­նի­կա իր աչ­քին հա­մար ան­հա­ճոյ ըլ­լայ՝ այն ա­տեն ա­նոր ար­ձակ­ման թուղթ մը թող գրէ ու ա­նոր ձեռ­քը տայ եւ իր տու­նէն ճամ­բէ» (Բ. Օ­ՐԻՆ. ԻԴ 1)։­

Այս օ­րէն­քին մէջ խնդրոյ ա­ռար­կայ ե­ղո­ղը՝ կնոջ վրայ «ա­նար­գու­թեան հան­գա­մանք» գտնե­լու պա­րա­գան է՝ որ հիմք ու փաստ պի­տի ըլ­լայ այր-մար­դուն՝ իր կի­նը ար­ձա­կե­լու հա­մար։ Եւ յա­ճախ տա­րա­կու­սան­քի ա­ռիթ կու տար այդ «ա­նար­գու­թեան հան­գա­մանք»ը՝ թէ ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է սահ­մա­նել զայն։

Եւ այս վէ­ճի ար­դիւնքն էր, որ փա­րի­սե­ցի­ներ դի­մե­ցին Յի­սու­սի՝ որ­պէս կա­րող, հմուտ, հռչա­կա­ւոր վար­դա­պետ։ Ան­շուշտ կա­րե­լի է խոր­հիլ, թէ փա­րի­սե­ցի­ներ ո՛չ թէ ճշմար­տու­թիւ­նը սոր­վե­լու, այլ Յի­սու­սը փոր­ձե­լու յե­տին նպա­տա­կով կրնա­յին շար­ժած ըլ­լալ, ինչ­պէս սո­վո­րու­թիւն ու­նէին…։

Բայց ի՛նչ որ ալ ըլ­լայ նպա­տա­կը, այդ հար­ցու­մը ա­ռիթ մըն էր Յի­սու­սի՝ որ ան­գամ մը եւս պար­զէ եւ ու­սու­ցա­նէ իր վար­դա­պե­տու­թիւ­նը։

Յի­սուս ան­շուշտ ու­րիշ ա­ռիթ­նե­րով ալ իր վար­դա­պե­տու­թիւ­նը կրկնած էր։ Լե­րան քա­րո­զին մէջ Ան ը­սաւ. «Ա­մէն մարդ, որ իր կնոջ ար­ձակ­ման թուղթ կու տայ ա­ռանց պոռն­կու­թեան պատ­ճա­ռի, ան է որ զայն ան­բա­րո­յա­կա­նու­թեան կը մղէ, եւ ով որ ար­ձա­կուա­ծը առ­նէ, կ՚ամ­բա­րո­յա­կա­նայ» (ՄԱՏԹ. Ե 31-32)։ Ուս­տի Յի­սուս կը սահ­մա­նէ ու կը բա­ցա­յայ­տէ «ա­նար­գու­թիւն»ը՝ «պոռն­կու­թեան» պա­րա­գա­յով։ Եւ կ՚ազ­րա­կաց­նէ, ը­սե­լով. «Արդ, ի՛նչ որ Աս­տուած միա­ցուց, մարդ թող չբաժ­նէ՛» (ՄԱՐԿ. Ժ 9)։

­Սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը այս մա­սին։ Եր­կու անձ՝ այր-մարդ եւ կին-մարդ, երբ կը խոս­տա­նան միա­նալ մին­չեւ ի­րենց կեան­քին վեր­ջը այս աշ­խար­հի վրայ, ա­պա ու­րեմն կա­րե­լի՞ է, որ ա­նոնք բաժ­նուին, վերջ տան այդ սրբա­զան միու­թեան չնչին, ան­կա­րե­ւոր պատ­ճառ­նե­րով, ե­թէ ո՛չ միայն ան­հա­ւա­տար­մու­թեան պա­րա­գա­յին՝ որ կը ներ­կա­յա­նայ պոռ­նու­կու­թեան պա­րա­գա­յին, ի՛նչ որ հի­մէն կը քան­դէ միու­թիւ­նը։ Ուս­տի եւ ա­մուս­նու­թեան միու­թիւ­նը՝ որ փո­խա­դարձ հա­ւա­տար­մու­թեան խոս­տու­մի վրայ հաս­տա­տուած է, եւ ո­րուն շա­ղա­խը սէ՛րն է, պէտք է ա­մուր պա­հուի ի գին ա­մէն զի­ջու­մի, ա­մէն զո­հո­ղու­թեան։ Ա­մուս­նու­թեամբ հաս­տա­տուած միու­թեան կա­րե­ւոր ազ­դակ­ներն են՝ հան­դուր­ժո­ղու­թիւ­նը, համ­բե­րու­թիւ­նը, նե­րո­ղամ­տու­թիւ­նը եւ եր­ջան­կու­թիւ­նը…։

Հոս մի­ջան­կեալ խորհր­դա­ծու­թիւն մը ը­նենք։

Ե­թէ հա­ւա­տար­մու­թեան պա­կա­սով ար­տօ­նուած է ա­մուս­նա­լու­ծու­մը, ա­պա ու­րեմն, ին­չո՞ւ մա­հուամբ վեր­ջա­նայ, քա­նի որ ա­նոր ա­մուր հի­մե­րէն մէկն է սէ­րը։ Աս­տուած սէ՛ր է, եւ ու­րեմն սէ­րը մշտնջե­նա­ւոր է եւ ան­մա՛հ, եւ քա­նի որ սէ­րը ան­մահ է, ա­նոր վրայ եւ ա­նով հաս­տա­տուած ա­մուս­նու­թեան սրբա­զան միու­թիւնն ալ պէտք չէ՞ որ ան­վերջ ըլ­լայ՝ մշտնջե­նա­ւոր եւ ա­նայ­լայ­լե­լի՛, գո­նէ այն­քան ա­տեն որ ա­մու­սին­նե­րէն մին՝ այր-մար­դը կամ կին-մար­դը կեն­դա­նի է այս աշ­խար­հի վրայ։

Պար­զա­պէս տե­սա­կէտ մը՝ որ հիմ­նուած է ան­մահ ու ան­վերջ սի­րոյ հաս­տատ փա՛ս­տին վրայ։

Հոս կա­րե­լի է խոր­հիլ սա հար­ցին վրայ՝ թէ հա­ւա­տար­մու­թի՞ւ­նը կը ստեղ­ծէ սէ­րը, թէ՝ սէ­րը։ Մեր հա­մեստ կար­ծի­քով՝ հո՛ն ուր սէր կայ, հոն ա­մէն ինչ, ա­մէն ա­ռա­քի­նու­թիւն, ա­մէն ար­ժէք, ա­մէն զօ­րու­թիւն եւ ա­մէն լիու­թիւն կայ, ու­րեմն ա­մուս­նա­կան սրբա­զան միու­թեան սկզբնա­կէտն է սէ՛­րը, քա­նի որ Աս­տուած է ա­մէն բա­նի ա­րա­րի­չը, եւ Աս­տուած սէ՛ր է (Ա. ՅՈՎՀՆ. Դ 7-16)։ Եւ ե­թէ ա­մուս­նու­թեան եւ ա­մուս­նա­լուծ­ման ի­րո­ղու­թեան մօ­տե­նանք այս տե­սան­կիւ­նէն՝ պի­տի հա­մո­զուինք, թէ ա­մուս­նու­թիւ­նը ո՜ր­քան սրբա­զան միու­թիւն մըն է, եւ թէ ա­մուս­նա­լու­ծու­մը՝ ո՜ր­քան հա­կա­ռակ իր ի­մաս­տին ու էու­թեան։ Շի­նուա­ծը քան­դել հա­կա­ռակ չէ՞ բնու­թեան՝ որ միշտ կը կա­ռու­ցա­նէ, միշտ կը վե­րա­նո­րո­գէ ա­մէն ինչ, ա­մէն իր եւ ի­րո­ղու­թիւն…։

Ա­մուս­նու­թիւ­նը, ար­դա­րեւ կեան­քի ա­մե­նէն կա­րե­ւոր երկ­րորդ դէպքն է։ Ծնուն­դը, մա­հը, եւ այս եր­կու­քին մէջ­տե­ղը ա­մուս­նու­թիւ­նը։ Ծնուն­դը պա­տա­հա­կան է, իսկ մա­հը ան­խու­սա­փե­լի՛։ Բայց եր­կուքն ալ ան­փո­փո­խե­լի են եւ յա­ջոր­դա­կան, կեր­պով մը՝ հաս­տատ, մին սկիզբ, իսկ միւ­սը՝ վախ­ճա՛ն։

Ու­րեմն կա­րե­լի է խոր­հիլ, թէ այս ըն­թաց­քին մէջ ա­մուս­նու­թիւնն ալ հաս­տատ եւ ան­փո­փո­խե­լի ըլ­լա­լու է, որ­պէս­զի ծնուն­դը կա­պուի մա­հուան։

Կեան­քի ըն­թաց­քին, ե­լե­ւէջ­ներ, վե­րի­վայ­րում­ներ կը խան­գա­րեն ա­նոր բնու­թիւ­նը, բնա­կա­նու­թիւ­նը, մինչ­դեռ ծնունդ եւ մահ պէտք է միա­նայ ու­ղիղ, շի­տակ եւ յստակ գի­ծով մը. կեան­քը այս կը պա­հան­ջէ՝ ու­ղիղ ապ­րիլ, շի­տակ գոր­ծել եւ թէ՝ յստակ, յայտ­նի ըլ­լալ…։ Ուս­տի ծնունդ եւ մահ, այս եր­կու ծայ­րե­րը պէտք է ա­մուր կա­պե­րով միա­նան ի­րա­րու։ Եւ կեան­քը ապ­րիլ այս կը նշա­նա­կէ։ Ու­րեմն հա­ւա­տա­րիմ մնալ կո­չու­մին եւ խոս­տու­մին՝ չշե­ղի՛լ «ծնունդ-մահ» գի­ծէն եւ կեան­քի ըն­թաց­քը ա­ւար­տել ա­ռանց զի­ջում ու­նե­նա­լու մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թե­նէն, չվի­րա­ւո­րել զայն, բարձր բռնել մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։

Եւ այս տրուպ գրի­չը հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով Ա­ւե­տա­րա­նա­կան վար­դա­պե­տու­թեան՝ այս­պէս կը հասկ­նայ ա­մուս­նու­թեան բարձր խոր­հուր­դը եւ ըստ այնմ կը մօ­տե­նայ ա­մուս­նա­լուծ­ման գա­ղա­փա­րին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 25, 2015, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Յունուար 14, 2016